Երկրին մէջ բաւական մեծ լարում ստեղծած եւ Բագրատ Սրբազանի առաջնորդութիւնը վայելող «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը կարծէք թէ կամաց-կամաց կը մարի։
Ճիշդ է, որ իր վերջերս տրուած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Բագրատ Սրբազանը կը հերքէր շարժումի մարումին մասին եղած բոլոր մակարդակի ենթադրութիւնները եւ լուրերը, սակայն գետնի վրայ առկայ իրավիճակը մեզի առնուազն կը յուշէ, որ գալիք առնուազն երկու ամիսներուն նոյն շարժումը, կամ որեւէ այլ շարժում պիտի չկարողանայ համաժողովրդային ցասումի նոր ալիք մը ձեւաւորել։
Պատճառները շատ են ի հարկէ, սակայն այդ մասին կարելի է խօսիլ այլ առիթով։
Միւս կողմէ եւ անդրադառնալով Հայաստանի իշխանութիւններու ընդհանուր վարքին եւ ներկայացուցած ներուժին, ապա աւելի քան յստակ է արդէն, որ իշխանութիւնները չունին առաջուայ բարձր վարկանիշը, ու ատկէ զատ ալ կ’ապրին մշտական մտավախութիւններու ուրուականով։
Այս վիճակն է անշուշտ, որ կրնայ աւելիով բարդացնել անոնց գործը ու տեղ մըն ալ մղելու զիրենք, որ աւելի մեծ ու աւելի անսրբագրելի սխալներու յորձանուտին մէջ իյնան։
Այս բոլորի լոյսին ներքոյ հարկ է անշուշտ անգամ մը եւս դիտարկել, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած կամ յետագային ալ տեղի ունենալիք դէպքերը անմիջական կապով մը կապուած են արտաքին երեւելի կամ աներեւոյթ ազդակներու հետ, որոնց ընդհանուր խորագիրը, ընդհանուր դիտակէտը կամ դիտարանը իր նեղ պատուհանով կը նայի Արեւելք-Արեւմուտք ընթացող մեծ պայքարին, որ կարծէք այս ժամանակներու դադար մը ունենալու, կամ դադար մը առնելու տրամադրութեան տակ չէ։
Ռուսները, որոնք կը շարունակեն առ երեւոյթ վստահիլ Նիկոլ Փաշինեանին, միւս կողմէ խորապէս դժգոհ են զինք «պաշարած» գործիչներու մեծամասնութիւնէն, որոնք, դարձեալ ըստ ռուսական տրամաբանութեան ամէն ճիգ գործի կը լծեն, որպէսզի Հայաստանը մտնէ արեւմտեան ճամբար։
Իր կարգին արեւմտեան պլոքը, որ բաւական համահունչ, տրամաբանուած եւ մանաւանդ հետեւողական կերպով կը դիտարկէ Հայաստանի վերջին զարգացումները, կարծէք ունի այն ներքին համոզումը, որ գալիք փուլերուն Հայաստանը պիտի կարողանայ փոխարինել Վրաստանը եւ դառնայ իսկական եւ լիարժէք գործընկեր։ Հոս է նաեւ, որ կը ծագի մեծ հարցադրումը, որ արդեօք Արեւմուտքը եւ մանաւանդ Միացեալ Նահանգները, իրողապէս պիտի հասնի Հայաստանի պէտքերուն, կամ թէ ստեղծուած «բարեկամութիւն»ը պարզապէս պիտի շահագործէ գործի դնելու Ռուսաստանը աւելիով «անկիւնի բերել»ու իր ծրագիրները։ Ու այս պարագան է, որ առաւելաբար մեծ ռիսքերու նոր դուռ մը կը բանայ հաշուի առնելով անշուշտ Հայաստանի տնտեսական կախուածութիւնը Ռուսաստանէն, կամ անոր տնտեսական արբանեակ համարուող՝ ԵԱՏՄ-էն։
Հետաքննական լրագրութեան մը փաստացի տուեալներու կարիք չզգացուիր, եթէ ճշգրիտ ձեւով դիտարկենք Հայաստանի այսօրուան տնտեսական համապատկերը, ուր բոլորին համար ալ պարզէն աւելի պարզ է, որ մինչեւ այս պահը Հայաստանի եկամուտներու մեծ տոկոսը կը հասնի Մոսկուայէն, կամ անոր բարեկամ ու «արբանեակ» երկիրներէն։
Ու այս տուեալները ճիշդ վերլուծելէ ետք, դէպի Արեւմուտք եղող ցանկացած փորձ աւելի քան, որեւէ ժամանակ կրնայ համարուիլ իրական «անձնասպանութիւն» մը։
Տակաւին չեմ խօսիր Հայաստանի մեծագոյն խնդրին՝ անվտանգութեան մասին, որուն դիմաց շատ-շատեր լիարժէքօրէն վստահ են, որ Արեւմտեան պլոքը, բացի զսպումի մեխանիզմներ կ’կիրառելէ պատրաստ չէ, ոչ մէկ քայլ իրականութիւն դարձնելու։
Այս բոլորի լոյսի ներքոյ վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ հրապարակ նետուեցաւ Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու ծրագիր մը, որուն նախաձեռնութիւնը վերցուցած քաղաքական ուժերը առաջարկ կատարեցին, այդ գործընթացը առաջ տանիլ հանրաքուէի ճամբով։
Առաւելաբար տնտեսական հանրոյթ հանդիսացող Եւրոպական Միութեան մաս կազմելը բնականաբար դրական կարելի է համարել, սակայն նոյն առումով այդ մարմնին Հայաստանի անդամակցութիւնը ի զօրու չէ լուծելու մեր երկրին առջեւ ծառացած անվտանգային խնդիրները։
Այս բոլորէն անդին, աւելի քան յստակ է արդէն, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք զարգացումները կապուած պիտի ըլլան Ռուս-ուքրանական ճակատին վրայ եղող զարգացումներով, որոնք ըստ երեւոյթին շատ ալ հեռու չեն վերջնական հանգուցալուծման մը փուլէն։
Վերջնական լուծումը անշուշտ պիտի ըլլայ մէկ կողմի մը յաղթանակով, իսկ այդ յաղթանակի բացակայութեան պայմաններուն, եթէ կողմերը աւելի խելամիտ ըլլան պիտի գտնուին «ոսկեայ միջին» եզր մը, որ վստահօրէն աւելիով պիտի զօրացնէ Ռուսաստանի ներկայ վիճակը։
Այս բոլորը անշուշտ կարճաժամկէտ լուծումներու մեծ պրիսմակին կը պատկանին, իսկ Հայաստանի ապագան ապահովելու եւ անոր անվտանգութիւնը հզօր սիւներով ամրացնելու միակ ճանապարհը ներքին կայունութիւնն է, որմէ ալ պիտի բխին հզօր բանակ եւ հզօր երկիր մը կերտելու հիմնադրոյթները, որոնք ներկայ փուլին համարեայ թէ չկան, իսկ գալիք փուլը կրնայ ներքին բիւրեղացման փուլ մը ըլլալ, եթէ ի հարկէ նոր եւ որակեալ ընդդիմութեան մը առաջին ծիծեռնակները ՝երեւելի դառնան։
Ամէն պարագայի օրերս Հայաստանի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին ուշագրաւ յօդուած մը նկատեցի («Ռատար.ամ» կայքին մէջ), որ կը կրէր հայրենի լրագրող՝ Արման Գալոյեանի ստորագրութիւնը, եւ որուն շահեկանութեան համար (զայն արեւմտահայերէնի վերածելով) կը ներկայացնեմ ստորեւ՝
«Հասարակական-քաղաքական շրջանակներուն մէջ նոր խօսոյթ սկսած է ձեւաւորուիլ, այս անգամ՝ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամութեան թեկնածու դառնալու մասին։ Հիմա այս թեման բուռն կերպով կը քննարկուի հայաստանեան փորձագիտական ու քաղաքական շրջանակներուն մէջ:
Փորձագէտներու կողմէ քարոզչութիւն ծաւալելու առումով յարմար թեմա է։ Նախ՝ նոր է ու մօտիկ մարդոց սրտին։ Մանաւանդ ռուսական կողմի ու ՀԱՊԿ-ի՝ Հայաստանի հանդէպ ստանձնած պարտաւորութիւնները չկատարելու պարունակին մէջ դէպի ԵՄ ձգտումներու մասին խօսակցութիւնները կրնան «գրաւել» մարդոց սիրտերը։
Սակայն որքան այս թեման գրաւիչ կը թուի խօսքով, նոյնքան ալ անիրատեսական՝ գործնական առումով։ Իսկ անիրատեսական է թէկուզ այն պատճառով, որ ԵՄ ոչ միայն քաղաքական ընտրութեան հարց է, այլեւ՝ առաջին հերթին տնտեսական միաւոր։ Ըստ այդմ, քանի դեռ Հայաստան կը շարունակէ անդամակցիլ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ), ԵՄ թեկնածութեան կարգավիճակի մասին խօսիլն անիմաստ է։
Իսկ ԵԱՏՄ-էն դուրս գալ Հայաստանը չի պատրաստուիր, յամենայն դէպս՝ խօսակցութիւններ չկան այդ մասին։ Ընդհակառակը, Հայաստան պաշտօնապէս բազմիցս յայտարարած է, որ կը շարունակէ խորացնել յարաբերութիւնները ԵԱՏՄ-ի հետ՝ իր հերթին սատարելով ընդհանուր ուժանիւթի շուկայի ձեւաւորման գաղափարը, եւ պարբերաբար պնդելով անոր իրականացման անհրաժեշտութիւնը։ Հայաստան կը շարունակէ հետամուտ ըլլալ ԵԱՏՄ միասնական թուային տարածքի զարգացման համակարգային միջավայրի հարցով, ԵԱՏՄ համակրուած տեղեկատուական համակարգէն թուային հարթակի փոխգործակցութեան հարցով եւ այսպէս շարունակ։ Ու միեւնոյն ժամանակ հայաստանեան ամենաբարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէն պարբերաբար կը հնչեն յայտարարութիւններ, թէ ՀՀ չի պատրաստուիր դուրս ելլել ԵԱՏՄ-էն։ Ու ընդհանրապէս, Հայաստան պետութեան առաջին դէմքի մակարդակով յայտարարած է, թէ արտաքին քաղաքական ուղղութեան փոփոխութիւն չի պատրաստուիր իրականացնել։
Ալ չենք խօսիր այն մասին, որ առանց անոր ալ այսօրուան լարուած աշխարհաքաղաքական իրողութիւններու պարագային ԵՄ անդամութեան թեկնածու դառնալու՝ Հայաստանի հնարաւոր յայտն ինչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ։ Բաւական է պահ մը արձանագրել Ռուսիոյ Դաշնութենէն Հայաստանի տնտեսութեան կախուածութեան մակարդակը, եւ պատկերացնել, թէ ինչ հետեւանքներ կրնան ունենալ կտրուկ շարժերը։
Նաեւ ԵՄ անդամութեան թեկնածու դառնալը չի նշանակեր ըլլալ ԵՄ անդամ. թեկնածութեան յայտ ներկայացնելուն կը յաջորդէ տեւական գործընթացք, բանակցութիւններու ու պարտաւորութիւններու կատարման լուրջ շղթայ մը, որ երաշխաւորուած չէ, որ կ’աւարտի յաջողութեամբ։ Եւ յետոյ, եթէ կը յիշէք՝ Հայաստան Եւրոպական Միութեան միանալու փորձ ըրաւ մինչեւ 2013-ի Սեպտեմբերը, բայց յետոյ մէկ գիշերուան մէջ դարձաւ Մաքսային միութեան անդամ։ Աւելի ուշ ստորագրուեցաւ ԵՄ-ի հետ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը (CEPA), առանց տնտեսական մասի, տնտեսական բաղադրիչի։ Այն ժամանակ կը քննարկուէր «Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտրային տարածքի (DCFTA)» միանալու համաձայնագիրը, որ վերջին պահուն Սերժ Սարգսեանի իշխանութիւնը հրաժարեցաւ ստորագրելէ։ Հետաքրքիր է՝ առանց ԵՄ-ի չափանիշներուն մօտենալու, ԵԱՏՄ անդամի կարգավիճակով արդեօ՞ք հնարաւոր է ԵՄ անդամութեան թեկնածու ըլլալ, ինչպէս օրինակ Վրաստանն է 2023 թուականէն ի վեր, քանի մը տասնամեակ ալ՝ Թուրքիան։
Այս ամէնուն չէինք անդրադառնար, եթէ վտանգ չտեսնէինք, որ հասարակական-քաղաքական ու փորձագիտական շրջանակները նոր լիցք ստացած են՝ ձեւաւորելու հանրային անիրական լայն տրամադրութիւններ։ Այնպէս, ինչպէս ժամանակին կը պնդէին, որ Ռուսիան է Հայաստանի երաշխաւորը, իսկ յետոյ արագօրէն փոխեցին խօսոյթը եւ Ֆրանսային կը վերագրէին ԼՂ անկախութեան ճանաչման քաղաքականութիւնը, այնուհետեւ Հայաստանն ալ կը հռչակուի ՆԱԹՕ-ի նոր կեդրոնակայան։ Իսկ ամէնէն վտանգաւորը այստեղ այն կրնայ ըլլալ, որ մարդոց մօտ կեղծ սպասելիքներ ձեւաւորուին, որուն յաջորդէ հիասթափութեան եւ անտարբերութեան ալիքը»։
Սագօ Արեան