«Արեւմուտքի նպատակը Ռուսական զօրքերու հարաւային Կովկասէն հեռացումը». Ստեփան Դանիէլեան

Ինչպէս աշխարհի տարբեր «թէժ կէտեր»ուն մէջ նոյնպէս Հարաւային Կովկասի պարագային մեծ սպասողականութիւն մը կայ։ Այդ սպասողականութիւնը անշուշտ կապուած է Ուքրանիոյ «խնդրին» հանգուցալուծման, կամ առնուազն պատերազմի դադրեցումին հետ։

Շատեր ակնարկութիւններ ըրին ու տակաւին ալ կ՚ընեն, որ Հարաւային Կովկասի մէջ հակառակ անոր որ Ռուսաստանը կը շարունակէ ազդեցիկ ուժ մը հանդիսանալ, բայց եւ այնպէս առաջուան ուժականութիւնը չունի։

Այդ մարդիկ սակայն, կամ չեն ուզեր տեսնել, կամ ալ կոյր կը ձեւանան հասկնալու կամ դիտարկելու համար, որ առանց Մոսկուայի կամքին  «ինչ որ տերեւ» կը շարժի այս տարածքներուն մէջ։

Այս մօտեցումը աւելիով հիմք եւ իմաստ կը ստանայ, եթէ հաշուի առնենք այն փաստը, որ հակառակ կարգ մը դիպուածներուն Անգարա շարունակեց ու կը շարունակէ «հաւատարիմ» մըն ալ իր մարտավարութեան եւ առանձինն չթողնել Ռուսաստանը։ Ճիշդ է, որ Անգարայի համար տեղ մը «կարմիր գիծեր» գոյութիւն ունին կապուած ՆԱԹՕ-ի անդամութեան, հետեւաբար նաեւ գործակցութեան կամ ամերիկեան կողմին ձեռքը նոր տեսակի «գաւազան» մը դառնալուն, բայց բացայայտ է, որ Մոսկուա-Անգարա համագործակցութիւնը, միշտ հիմնուելով մարտավարական շահերու վրայ, այսօր յետ Ուքրանական զարգացումներուն դարձած է աւելի ամուր եւ աւելի կայուն։

Ու այս բոլորին մէջ հարկ է մեզի հայերուս, ճիշդ ընկալել «մոմէնթոմ»ը, ճիշդ գնահատական տալ վիճակներուն ու առաջ նայիլ միայն ու միայն հայ-ռուսական յարաբերութիւններու պատուհանէն։ Երբ Արցախի բարձրաստիճան պատասխանատուներ կը խօսին այն մասին, որ Արցախը այսօր մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց է, երեխան անգամ կը հասկնայ, որ Արցախի անվտանգութեան գլխաւոր, չըսելու համար միակ երաշխաւորը Ռուսաստանն է։

 

Ամէն պարագայի այս բոլորը աւելիով «մարսելու» նպատակով, օրերս յատուկ «Ապագայ»ի ընթերցողներուն համար հարցազրոյց մ’ունեցայ հայրենի քաղաքական վերլուծաբան ՝ Ստեփան Դանիէլեանին հետ։

Հարցազրոյցը ստորեւ՝

 

 -Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի ներ-քաղաքական իրավիճակը։

Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը գնահատելու համար պէտք է հետեւիլ Արցախի խնդրի շուրջ ծաւալող իրադարձութիւններուն: Յիշենք, որ ընդդիմութիւնը փողոց դուրս եկաւ, երբ Փաշինեանը յայտարարեց, որ պէտք է իջեցնել Արցախի կարգավիճակի նշաձողը,եւ ասիկա պէտք էր հասկանալ, որ կառավարութիւնը կը պատրաստուի Արցախը ընդունիլ կամ ճանչնալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Ատրպէյճանը այդ հարցին մէջ վերջնագիր կը ներկայացնէ Հայաստանին և կը սպառնայ, զայն չընդունելու պարագային, վերսկսիլ ռազմական գործողութիւնները: Այս է ընդդիմութեան փողոց դուրս գալու դրդապատճառը, թոյլ չտալ, որ նման փաստաթուղթ Հայաստանը ստորագրէ: ԵՄ եւ Ռուսաստանի զուգահեռ ձևաչափերու մէջ ընթացող բանակցութիւններու մէջ, ուր տարբեր օրակարգեր կան, Հայաստանի կառավարութիւնը՝ ընդդիմութեան բողոքի ցոյցերը կրնայ օգտագործել բանակցութիւնները ձգձգելու համար:

 

-Մօտիկ անցեալին, անդրադառնալով Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, գրառում կատարած էիք նշելով որ այդ խոշոր տագնապը հասած է Հարաւային Կովկաս։ Տակաւին այդ կարծիքին է՞ք։ Ի՞նչ կ՝ուզէիք ըսել այդ գրառումով, կարելի՞ է արդեօք փակագիծերը բանալ։

Կը կարծեմ, որ այստեղ ամէն ինչ պարզ պէտք է ըլլայ: Ռուսաստանը Արեւմուտքի հետ առճակատման մէջ կը գտնուի եւ այդ առճակատումը կ՝արտայայտուի բոլոր ճակատներու վրայ,այստեղ Ուքրանիան միմիայն թատերաբեմերէն մէկն է: Պատահական չէ, որ Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ մրցակցութիւն սկսած է Արցախի հարցի մեղմացման համար, եւ սոյն հարթակին վրայ պիտի ընթանան այդ բանակցութիւնները: Արեւմուտքին համար կարեւոր է, որ Արցախի խնդիրը վերջնականապէս լուծուի՝ զայն թողելով Ատրպէյճանի կազմին մէջ, որպէսզի ռուսական զօրքերը լքեն Հարաւային Կովկասը։ Ռուսաստանին համար կարեւոր է մնալ Հարաւային Կովկասի մէջ, իր հարաւային սահմանները ապահովելու համար թրքական ազդեցութենէն: Այս առումով վտանգ կայ, որ այդ մրցակցութիւնը թէժ բնոյթ ստանայ, բան մը, որ ձեռնտու պիտի ըլլայ

Արեւմուտքին Ռուսաստանի դէմ երկրորդ ճակատ մը բանալու համար, այս անգամ արդէն Թուրքիոյ միջոցով: Այս մէկը նկատի ունէի:

 

-Ի՞նչ է ձեր գնահատականը Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան հետ կապուած. Մեծ սպառնալիքներ կը տեսնէ՞ք, մտահոգ է՞ք այդ ուղղութեամբ։

Մեզի համար պէտք է պարզ ըլլայ, որ Հայաստանն այլեւս Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը չէ, եւ նոյնիսկ Հայաստանի տարածքային անվտանգութիւնն իսկ չի կրնար ապահովել: Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահներ են ու հոն ոչ թէ Հայաստանի, այլ Ռուսաստանի շահերը կը սպասարկուին: Այլեւս Արցախի անվտանգութիւնը Ռուսաստանի քաղաքական ու ռազմական տիրութեան մէջ են ու Ռուսաստանն է այդ հարցի մէջ որոշում կայացնողը: Այսպիսով, Արցախի անվտանգութիւնն արդէն իսկ Ռուսաստանի քաղաքականութեամբ կ՝որոշուի, իսկ Գրեմլինի տեսակէտները յայտնող փորձագէտները կը հաւաստեն, որ անոնք պատրաստ չեն լքել Հարաւային կովկասը: Մօտաւորապէս նոյնը կարելի է ըսել Հայաստանի պահով:

 

-Ձեր գրառումներուն հետեւողները շատ յստակօրէն գիտեն, որ դուք կողմ չէք այս իշխանութիւններուն, այլ ընդհակառակը , շատ խոցելի կը համարէք անոնց գործունէութիւնը։ Այդ առումով , կը կարծէ՞ք որ անոնց դիրքերը կը թուլանա՞ն։ Եթէ այո՝ այսինքն սա պիտի ազդէ քաղաքական գալիք գործընթացքներու վրայ։

Այս իշխանութիւններու դիրքերը թոյլ են, սակայն թոյլ են նաև ընդդիմութեան դիրքերը: Նախ, հասկնալի չէ, թէ որոնք են ընդդիմութեան ցոյցերու կազմակերպիչները, հրապարակի վրայ տարբեր ուժեր ներկայ են, յայտնի չէ, թէ որոնք են որոշումներ կայացնողները, եւ կառավարութեան հրաժարականէն յետոյ, որոնք են իշխանութեան գալ ուզողները եւ ի վերջոյ ինչ օրակարգ ունին բոլորը յուզող հարցերուն հետ կապուած, եթէ գան իշխանութեան:Վիճակը բարդ է նաեւ արտաքին ուժերուն համար, որոնք մինչեւ այս պահը չեն գիտեր, թէ մօտիկ ապագային որ կողմին, կամ որ ուժին հետ պիտի համագործակցին։

 

-Ռուս-Ուքրանական տագնապին մասին.ի՞նչ կը կարծէք, ինչպիսի՞ ելք պիտի ունենայ այս պատերազմը, զորս կը հանգեցնէ նոր աշխարհակարգի ստեղծման։ Ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք եւ ի վերջոյ ինչպէ՞ս կը գնահատէք Ռուսաստանի ընդհանուր դիրքերը։

Չափազանց դժուար հարցում մըն է, որ կու տաք։ Հիմա աշխարհի մէջ շատեր կը ցանկան այդ հարցումին պատասխանը ունենալ: Որքան որ ես կը հասկանամ, որոշ ժամանակ յետոյ կարելի է ինչ-որ միջանկեալ լուծում մը գտնուի։ Ռուսաստանը իրեն կը միացնէ Ուքրանիայէն որոշ տարածքներ, որոնք Արեւմուտքը չի ճանչնար ու իրավիճակը երկար ժամանակով կը սառեցուի։ Սակայն ակնյայտ է, որ աշխարհի անվտանգային համակարգը խաթարուած է եւ նոր անվտանգային համակարգ մը երկար ժամանակ պիտի չձեւաւորուի եւ կրնան ստեղծուիլ միջանկեալ պայմանաւորուածութիւններ: Այդ միջանկեալ պայմանաւորուածութիւնները կ՝ազդեն ոչ միայն Ուքրանիոյ կամ Եւրոպայի վրայ, այլ նաեւ աշխարհի տարբեր տարածքներու(շրջաններու) խնդիրներուն վրայ:

 

-Եթէ Ռուսաստանը իր դիրքերը ամրացնէ, ապա այդ իրավիճակը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել Հայաստանի վրայ։

Դժուար է ըսել, թէ ինչ կը նշանակէ Ռուսաստանի դիրքերու ամրապնդումը: Անհասկնալի է, թէ սպասուող տնտեսական ու պարէնի ճգնաժամը ինչ ազդեցութիւն կ՝ունենայ աշխարհակարգի վրայ։ Անհասկնալի է, թէ եթէ ԱՄՆ-ու մէջ ֆինանսական-տնտեսական ճգնաժամ սկսի,անիկա ինչպէս կ՝անդրադառնայ աշխարհի վրայ: Ռուսաստանը երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուի պատժամիջոցներու տակ, սակայն ունի ուժեղ կողմ՝ այն ալ իր հումքային ու սննդային պաշարներն են: Ռուսաստանի դիրքերու ամրապնդման պարագային,անոր ազդեցութիւնը կը մեծնայ նաեւ մեր տարածաշրջանին վրայ ու ան կը գործէ իր շահերէն մեկնելով։

 

 

 Սագօ Արեան