Արցախը վտանգի տակ. Պաքու նոր սադրանքի կ’երթա՞յ

Վերջին շաբաթներուն որոշակի «հանգիստ» իրավիճակէ մը ետք Պաքու վերստին վերադարձած է սպառնալիքներու լեզուին։

Մինչ այդ մենք նկատեցինք, որ Ալիեւ «հեզ ու խաղաղ» կերպով հետեւեցաւ Թուրքիան հարուածած երկրաշարժէն ետք ստեղծուած իրադրութեան ու հաւանաբար այդ պատճառով ալ փորձեց «խաղաղ» ու ոչ առանցքային դրոյթներով հետեւիլ ընթացող գործընթացներուն։

Այստեղ անշուշտ շատ կարեւոր է նշել, որ նոյնիսկ այդ փուլին միջազգային հանրութիւնը շատ մօտէն կը հետեւէր եղածներուն ու նաեւ ճնշումներու որոշ «տոզա» մը ի գործ դնելով Պաքուին կ’ուզէր համոզել, որ ղարաբաղեան հիմնահարցը ու նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան թնճուկը կարելի պիտի ըլլայ լուծել միայն ու միայն խաղաղութեան ճանապարհով։

Այս արդէն մեր ետին գտնուող փուլ մըն է, եւ այն ինչ որ այսօր կը կատարուի բացայայտօրէն մեզի կը յուշէ, որ Պաքուի համար շատ ալ կարեւոր չեն, ոչ Թուրքիոյ վերապահութիւնները, ոչ ալ Մոսկուայի կողմէ գործի դրուած հաւանական միջամտութիւնները։ Հոս անշուշտ կայ, գոյութիւն ունի երկու հիմնական վարկած, որուն առաջինը կը խօսի այն մասին, որ Թուրքիան եւ անոր ղեկավար Ռ.Թ. Էրտողանը չի բացառուիր, որ օգտուի ստեղծուած վիճակէն ու այդ առումով ալ «վերապահութիւն» խաղալով «կանաչ լոյս» մը տրամադրէ Պաքուին։ Երկրորդ հաւանական վարկածն այն է, որ Մոսկուա պատրուակ դարձնելով Ուքրանիոյ ճակատին վրայ իր ունեցած «բազմազբաղ» վիճակը այս անգամ լռելեան «կանաչ լոյս» մը տայ Պաքուին, որպէսզի երթայ ռազմական ընտրանքներու։

Այս երկու վարկածները բացառուած չեն ու ասոնց վրայ պէտք է աւելցնել անշուշտ այն մեծ տպաւորութիւնը ըստ որուն, Մոսկուա դժգոհ է պաշտօնական Երեւանի տեսակէտներէն ու հաւանական առիթ մը կը փնտռէ ծունկի բերելու Վարչապետ Փաշինեանի ու անոր համախոհներուն իշխանութիւնը։

Այս է արտաքին ճակատի մեծ հանրապատկերը ու այս բոլորին կողքին Պաքու, որուն համար հին-նոր խնդիրը կը շարունակէ մնալ «Զանգեզուրի միջանցք»ը ստանալու դրոյթը այս անգամ իր թնդանօթի փողերը դարձուց դէպի Արցախ ու նաեւ դարձեալ սկսաւ խօսիլ «Արցախը մաս է Ատրպէյճանին» մօտեցումով, որն ինքնին բոլոր առումներով անընդունելի է հայոց համար։

Ասոր կողքին Ալիեւի վարչամեքենան, բաւական խորամանկ մօտեցում մը որդեգրելով այս անգամ Ստեփանակերտի իշխանութիւնները հրաւիրեց Պաքու բանակցութեանց համար, անշուշտ քաջ գիտնալով, որ Ստեփանակերտ պիտի մերժէ այդ առաջարկը, որմէ ետք ալ Պաքու այդ «մերժում»ը պիտի ծախէ արար-աշխարհին ու յայտարարէ, որ Արցախ կը մերժէ ուղղակի բանակցութիւններ վարել Ատրպէյճանի հետ։

Այս բոլորը դիտարկելէ ետք հարկ է նշել, որ չի բացառուիր, որ Պաքու ռազմական ընտրանքի մը երթայ ու այդպիսով ալ ոչ միայն փակել բանակցութիւններու դուռը այլ բռնի ուժով հասնիլ իր ուզածին, որ Արցախի հայաթափումն է։

Ամէն պարագային յառաջիկայ օրերը այս առումով պիտի ըլլան բաւականին վճռորոշ օրեր եւ մինչ ամբողջական տեսարանին պարզուիլը, «ԱՊԱԳԱՅ»-ի ընթերցողներուս պիտի առաջարկեմ կարդալ հայրենի քաղաքագէտ Սուրէն Սուրէնեանցի տեսակէտները կապուած վերջին զարգացումներուն:

 

Սուրէնեանց մասնաւորապէս կը գրէ՝

Իրականութեան մէջ Պաքու շատ խորամանկ ու սադրիչ քայլ առած է։ Հասկնալի է, որ նման իրավիճակի մէջ թէ՛ վայրի ընտրութիւնը եւ թէ՛ բանակցութիւններու օրակարգը այնպիսին են, որ ենթադրաբար պաշտօնական Ստեփանակերտը պէտք է հրաժարի։ Կը կարծեմ՝ թէ այդ հաշուարկով է, որ Պաքու այդ առաջարկն ըրած է, որպէսզի Ստեփանակերտի հնարաւոր հրաժարման պարագային միջազգային հանրութեան ցոյց տայ, թէ ինչքան կառուցողական են իրենք եւ ինչպիսի ապակառուցողական դիրքորոշում ունի Ստեփանակերտը։

Այստեղ ինծի այլ բան կը հետաքրքրէ, հանդիպման վայրն ու օրակարգն այդքան էական չեն, որովհետեւ կրնան ըսել՝ մեր պատկերացումներն են, այդպէս շարադրած ենք։ Եթէ հանդիպումը տեղի ունենայ Պաքուի մէջ, միջազգային ներգրաւուածութեան հիմնարկը պիտի բացակայի, այսինքն՝ միջնորդ կոչուածը կամ այն երկիրը, որ պէտք է երաշխաւոր կանգնի, եւ այդ այլ զարգացում կ’ենթադրէ։

Հիմա գանք Ստեփանակերտի հնարաւոր արձագանգին։ Կոպիտ մերժումը ճիշդ չեմ համարեր։ Ի հարկէ պէտք է մեծ հաշուով մերժել, բայց առաջարկել այլընտրանքային բովանդակութիւն։ Այսինքն՝ ճիշդ կ’ըլլայ, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը ներկայացնէ իր պատկերացումները բանակցային բովանդակութեան եւ բանակցային ձեւաչափի մասին ու անպայման շեշտէ, որ իրենք երբեք չեն հրաժարիր որեւէ վայրի մէջ բանակցելէ, բայց նաեւ կը կարեւորեն միջազգային մեքենականութիւններու (մէքանիզմի) առկայութիւնը։ Այսպիսի բովանդակութեամբ պատասխան կ’ակնկալեմ, որովհետեւ չոր մերժումը վախնամ չհասկցուի ոչ միայն Պաքուի, այլ նաեւ միջազգային հանրութեան կողմէ։

Միւս կողմէ կը նկատենք նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Հիքմաթ Հաճիեւ յայտարարութիւն մը կատարելով ըսած է, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան տագնապի լուծման համար ամերիկեան ծրագիր մը գոյութիւն չունի։ Ես մանրամասն ծանօթ եմ այդ յայտարարութեան եւ այո՛ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը բաւական կարծր է։ Ցաւօք սրտի՝ հայկական դիւանագիտութիւնը Փրակայի մէջ կոպիտ սայթաքում թոյլատրած է, որմէ Պաքու շատ հմտօրէն կ’օգտուի։ Փրակայի մէջ Նիկոլ Փաշինեան համաձայնած է ճանչնալու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, չպահանջելով փաստաթուղթային որեւէ երաշխիք Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջազգային մեքենականութիւններու վերաբերեալ։ Այսինքն՝ մենք բաւարարած ենք Պաքուի օրակարգը, Ալիեւ Փրակայէն ստացած է այն, ինչ ինք կ’ուզէր, իսկ Երեւան ոչինչ ստացած է՝ իր ըրած զիջման դիմաց։ Ասկէ այսօր հմտօրէն կ’օգտուին Պաքուի կառավարիչները՝ Ալիեւէն սկսեալ մինչեւ Հաճիեւ, որ աշխատակազմին շատ կարեւոր դերակատարն է։ Ցաւօք սրտի՝ Ատրպէյճան հաշուարկած է, որ միջազգային հակազդեցութեան պիտի չհանդիպի, Արցախի հարցով միջազգային ձայները շատ թոյլ են։ Ռուսիոյ այդ պէտք է առաւելապէս այն պատճառով, որ այնտեղ շարունակէ ներկայութիւն ունենալ։ Իսկ միջազգային միւս խաղացողներուն համար Արցախի հարց, որպէս առանձին հարց այլեւս գոյութիւն չունի, անիկա հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու լուսանցքը գտնուող ինչ որ հարց է։ Ասկէ Պաքուն կը փորձէ առաւելագոյն ձեւով օգտուիլ եւ իր օրակարգն առաջ տանիլ։ Շատ կարեւոր է, որ Երեւան ու Ստեփանակերտ կարողանան դիւանագիտական ճանապարհով հակազդել անոր։ Արդեօ՞ք Նիկոլ Փաշինեան պիտի կարողանայ սրբագրել Փրակայի մէջ թոյլատրած իր սխալը, ես չեմ կրնար կանխատեսել։ Իշխանութեան մօտիկ չեմ եւ չեմ գիտեր, թէ ինչ միջոցներ ունին իրենց սխալները սրբագրելու համար։

Կ’երեւի առաջին գործիչը եղած եմ, որ պատերազմէն յետոյ յայտարարած եմ ու հիմա ալ նոյն կարծիքին եմ, որ այո՛ Արցախի անկախութեան օրակարգը մնացած է 44-օրեայ պատերազմի փլատակներուն տակ։ Հիմա տեղին չէ քննարկել Արցախի անկախութեան հեռանկարի հարց։ Այս հարցով մենք աշխարհին մէջ չունինք դաշնակիցներ։ Աշխարհին մէջ չկայ գէթ մէկ երկիր՝ սկսեալ Ռուսիայէն, մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, որոնք պատրաստ են աջակցիլ այդ օրակարգին։ Կայ այլ խնդիր։ Շատ կարեւոր է, որ մենք կարողանանք Ստեփանակերտ-Պաքու երկխօսութեան միջազգային մեքենականութիւններու միջոցով հասնիլ Արցախի քաղաքական ինքնավարութեան ու անվտանգութեան երաշխիքներու։ Միանգամայն իրատեսական կը համարեմ այս, եթէ կարողանանք ճիշդ դիւանագիտութիւն վարել։ Սակայն այսօրուան սահմանած նշաձողի պայմաններով, ցաւօք սրտի, անոր ալ չենք կրնար հասնիլ։ Ինչպէս ես կը քննադատեմ Պաքուի  առաւելապաշտական մօտեցումները եւ այն կը համարեմ անտրամաբանական դիրքորոշում, նոյն ձեւով ալ Ստեփանակերտի մէջ պէտք է հասկնան, որ առաւելապաշտական օրակարգը որեւէ տեղ չի տանիր։ Կրնայ ստեղծուիլ պատային վիճակ, իսկ ցանկացած պատային վիճակ կը նշանակէ նոր պատերազմի վտանգ, իսկ նոր պատերազմի վտանգը ուղիղ ճանապարհ է Արցախի հայաթափութեան համար։ Բան մը ի նկատի ունենանք՝ ինչու՞ Ստեփանակերտի մէջ չեն հաշուարկեր, որ Պաքուն միտումնաւոր է նման առաջարկներ ընելու, որպէսզի անոնց մերժման պարագային դիմէ կոշտ գործողութիւններու, ինչպէս եւ խոստացած է։

 

Սագօ Արեան