Շատ բարդ փուլ կը մտնէ Արցախը։ Չեմ գրեր Արցախեան խնդիրը, կամ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, որովհետեւ եթէ տուեալները ճիշդ շարադրելու նայիմ, ապա յստակ պիտի դառնայ, որ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը կազմող անցեալի յենակէտերը (առնուազն հայկական տեսակէտէն դիտուած) այսօր չկան։
Տխուր է անշուշտ, որ ինչպէս տարբեր փուլերու, այսօր եւս Արցախը «կը շահագործուի» Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ, որպէս «վառելանիւթ» եւ այդ կը կատարուի անխնայ կերպով բոլոր կողմերուն կողմէ, բայց առաւելաբար Հայաստանի ընդդիմութեան կողմէ։
Այս մօտեցումն ի հարկէ «բարի վարուց» վկայագիր մը չպէտք է համարել տրուած՝Հայաստանի հիմակուայ իշխանութիւններուն, որ նաեւ Արցախի ուղղութեամբ ալ գործած են անասելի ու յաճախ ալ անսրբագրելի համարուող մեծ ու փոքր մեղքեր։
Կարելի չէ այս Արցախի մասին խօսիլ առանց հաշուի առնելու շրջանային ու նաեւ միջազգային մեծ պատկերը, որուն մէջ գոյացած կարգ մը խնդիրներ կերպով մը վառելանիւթ դարձան, պատերազմէն ետք ալ իր աւարտին, կամ հանգուցալուծումին չհասած Հարաւային Կովկասի հիմնահարցերուն։
Արցախի հակամարտութիւնը երկար տարիներու կեանք ունի, ու յստակ է նաեւ, որ այս առումով նոյնինքն միջազգային հանրութիւնը, կամ մեր շրջանին մէջ իրենց խօսքն ու կշիռը ունեցող տէրութիւնները կ’ուզեն վայրկեան առաջ փակել հակամարտութեան էջը եւ ճանապարհ բանալ լուծումներու նոր ենթափուլի մը։
Այստեղ է նաեւ, որ պէտք է, ոչ միայն ընկալումով հաշուի նստիլ մեր իշխանութիւններուն եւ մասնաւորապէս Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ առաջ քաշուած թէզերուն հետ, այլ նաեւ պարտաւոր ենք քիչ մը ետեւ երթալով վկայակոչել այն պատմական փաստարկները, դրոյթները կամ կեցուածքները, որոնք մեզի համար օգտակարութիւն մը պիտի մատուցեն հասկնալու համար, թէ «միջազգային հանրութիւն» կոչուած հասարակարգը իրողապէս ի՞նչ կը մտածէ Արցախի մասին։
Աւելիով շեշտադրելու համար, ըսեմ, որ եթէ մինչ այդ մեզի համար Արցախը սուրբ հող է ու հայրենիք, ապա կոյր ու անտես պիտի համարուինք մենք բոլորս, եթէ չտեսնենք, թէ նոյն վերը իմ կողմէ նշած «միջազգային հանրութիւն»ը ինչ կը խորհի Արցախի մասին։
Մեզմէ շատեր, նոյնիսկ այս տիպի ձեւակերպումները անընդունելի կրնան համարել, բայց այդ մօտեցումները ոչ մէկ բան կը փոխեն այսօր առկայ ընդհանուր դրոյթներէն։
Ու եթէ այս մտածումներով առաջնորդուինք, ապա անպայման պիտի հասկնանք, որ Արցախի շուրջ տեղի ունեցած պատերազմը երկար տարիներու կուտակումի հետեւանք է։ Հետեւանք, որուն մէջ մեղաւորութիւն ունին բոլոր-բոլորը։
Երկար տարիներու բարդ բանակցութիւնները, «հայկական անզիջողութեան» կամ «ոչ մի թիզ հող»ականութեան մօտեցում, անպարտելի բանակ ունենալու առնուազն ոչ ուղիղ խօսք ասոնց կողքին եւ մանաւանդ թշնամի Ատրպէյճանի եւ անոր բոլոր մակարդակի կարողականութեանց հանդէպ ծաղր պարունակող մօտեցումներ։
Այս բոլորը կան ի հարկէ ու ասոնց վրայ բարդուող հայկական կողմի մեծ պարտութիւն, որ կը դառնար հիմք այն մօտեցումներու առաջ քշման, որոնց մասին ապահովաբար անցնող տարիներու իշխանութեան գլուխ եղած վերնախաւի գործիչները շատ լաւ գիտէին։
Այսքանը ըսելէ ետք ուրեմն եւ հաշուի առնելով այսօրուան իրականութիւնը տեղ մը նաեւ հաշուի պէտք է նստինք այն հիմնարար մօտեցումին հետ, որ այսօր Արցախի շուրջ գոյաւորուած իրավիճակին մէջ կան մեծ հաշիւներ ու շահեր։
Ատրպէյճանը պիտի ըլլայ մեծագոյն օգտուող առաջ տարուելիք գործընթացներէն, բայց Պաքու առանձինն չէ այդ բոլորին մէջ։
Կայ արեւելք-արեւմուտք մեծ պայքար, որուն փոքր մանրամասնութիւնները տեսանելի են մեզի համար, բայց իրականութեան մէջ կայ ճանապարհներու, շահերու, նաւթամուղ ուղիներու մեծ շահերու բախում եւ միւս կողմէ ալ համարկում։
Եթէ այդ շահերու մէկ ծայրը կը հասնի մինչեւ Մոսկուա, ապա այդ ուղիին միւս կողմին վրայ կան Եւրոպական Միութիւնը, Իրանն ու յատկապէս Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան։
Մինչ Թուրքիան կարողացած է իր շահերու տեսակէտէն համալրացումներ կատարել Ռուսիոյ հետ, անդին ԱՄՆ եւ Եւրոպական Միութեան երկիրները դէմ են մարմին ստացած ու հետզհետէ կարծրացող պայմանաւորուածութիւններուն։
Ու այս դրութեան մէջ, այսքան մեծ խաղացողներու կողքին հարց տանք, ինչ պիտի կարողանայ ընել փոքրիկ Հայաստանը, իր մեծ խնդիրներով, թուլացած ռազմական ուժով, ներ-քաղաքական շփոթահար վիճակով կամ աւելին ըսեմ մարդագրական խոցելի պատկերով։
Պատասխանը պիտի թողում ընթերցողի դատին, հաւատալով, որ միայն տրամաբանուած ընկալումներով է, որ կարելի է հարթել առկայ խնդիրները ու նաեւ մեծ ճիգեր գործի դնել պահելու ու պահպանելու համար այսօրուան վիրաւոր Հայաստանը։
Սա անշուշտ չի նշանակեր, որ Արցախեան խնդիրը վերջնականօրէն «թաղուած» է, բայց կը նշանակէ, որ մենք, որպէս հայկական կողմ շատ ընելիքներ չունինք լուծում բերելու ու պահպանելու իր ներկայութեամբ, գաղափարական հիմքով ու ռազմաքաղաքական յենարաններով մեծ հանդիսացող Արցախը։
Արցախը, որն ունի պատմական ենթափորձ, երկար դարերու մաքառման ոգի ու նաեւ հայ ժողովուրդի սլացքին մէջ ոգի եւ աւիւն ներարկող իրական հիմք, այսօր կը սպասէ իր ճակատագրի գոյաւորման։
Ճակատագիր, որուն համար իրենք արցախցիք պէտք է լուծումներ որոնեն ու վստահօրէն այս փուլին համար, իրենց կողմէ հրապարակ նետուած իսկական լուծումները կրնան դառնալ փրկութեան լաստանիւներ, եթէ առկայ մեղքերը աւելիով չբարդացնելու կամ պաշտօնական Երեւանէն իրական լուծումներու մասին ակնկալութիւններ չունենան հասկնալով ի հարկէ, որ այս փուլին Հայաստանն անկարող է ապահովել Արցախի անվտանգութիւնը։
Իսկ թէ ինչ են այդ լուծումներու իսկական դրոյթները, ապա այդ պարագային հարկ է նայիլ մեր պատմութեան, ու հասկնալ, որ փուլերուն եւ մանաւանդ որոնք կարողացած են պահպանել Արցախի գոյութիւնն ու անոր հայկական անխաթար դիմագիծը։
Այստեղ հարկ կը համարեմ նշել, որ հազիւ այս յօդուածը իր աւարտին կը տանէի հրապարակ ելաւ Արցախի Ազգային Ժողովին կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուած յայտարարութիւն մը, որուն մէջ արցախցի պատգամաւորները կը դիմէին Հայաստանի ժողովուրդին, Արցախի բնակչութեան ու նաեւ ողջ հայութեան դէմ դնելու ՀՀ վարչապետ Փաշինեանին ու չեղեալ համարելու, չընդունելու անոր խօսքերը, որոնք աւելի վաղ լսելի դարձած էին Փաշինեանի կողմէ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Փաշինեան այդտեղ Հայաստանի պատրաստակամութիւնը կը յայտնէր ճանչնալու Ատրպէյճանի այսօրուան տարածքը, ընդ որում այդ տարածքին մէջ պիտի ըլլար այսօրուան Արցախը։
Այս յայտարարութիւնը գուցէ նորութիւն մը չէր, բայց այդ խօսքերուն այս փուլին յատկապէս լսելի դառնալը նոր մտահոգութիւններու, վախերու եւ սոսկումի առիթ կը դառնային։ Թէկուզեւ մինչեւ այս նիւթի աւարտը Հայաստանի հասարակութիւնը այդ խօսքերը լսելով փողոց չէ իջած, սակայն չի բացառուիր, որ յառաջիկային ներ-քաղաքական ցնցումներու դիմաց կանգնինք։
Բարդ է Արցախի վիճակը ու ինչպէս վերը նշեցի, ամենակարեւոր ու ամենակենսական «գաղտնաբառ»ը Արցախեան հիմնահարցի լուծման կը գտնուի Արցախի ժողովուրդին ձեռքը, որն այս փուլին պարտաւոր է ըսել ու նաեւ հիմնաւորել իր ըսելիքներն ու խնդրի լուծման եղանակները, միշտ հաշուի առնելով, թէ Հայաստանն ինչ վիճակի մէջ կը գտնուի այս ժամանակներուն, իսկ թէ ինչու այս վիճակներուն մէջ կը գտնուինք ազգովին, ապա այդ բոլորովին այլ յօդուածի թեմա է։
Սագօ Արեան