Շատ արագ զարգացումներու ականատես կ’ըլլանք։
Ատրպէյճան «նոր որակ»-ի սադրանքի դիմելով ամբողջապէս կը փակէ Արցախը Հայաստանին կապող Հաակարի կամուրջը ու այնտեղ սահմանային անցակէտ կ’ամրացնէ։
Աւելի անդին երթալով կը տեղադրուի ցուցանակ, որ «բարի գալուստ» կը մաղթէ «Ատրպէյճանեան հողեր» մտնողներուն։ Փաստօրէն կը գուժուի համընդհանուր մահը 2020 թուականի 10 Նոյեմբերին կնքուած եռակողմ համաձայնութեան, որուն կարեւորագոյն հիմնակէտերէն մին յատկացուած էր Լաչինի միջանցքին։ Այս բոլորը անշուշտ կը կատարուին ռուս խաղաղապահներու «սառն» հայեացքին ներքոյ, որմէ ետք ալ Մոսկուա ձեւացնելով, որ մտահոգ է, կամ իր սրտովը չէ տեղի ունեցածը տուն կը կանչէ իր խաղաղապահներու ղեկավար-զօրավարը, ու զայն կը փոխարինէ ուրիշով մը։ Ժամանակը կը նեղնայ, Արցախի տագնապը արագօրէն կը հասնի ձագարի ծայրը եւ հայաթափութեան իսկական վտանգը ուրուականի պէս կը պտըտի մեր բոլորի ուղեղներուն մէջ։
Հիմա ինչ, Արցախը պիտի կորսնցնե՞նք, կամ ինչ ամենաթողութեամբ Պաքու արար աշխարհին առջեւ կը կարողանայ այս բոլորը կատարել ու նաեւ ձեռնոց նետել վիրաւոր արցախցիներուն ըսելով, որ «անոնք որ այստեղ պիտի ապրին պարտաւոր են Ատրպէյճանի քաղաքացիներ դառնալ», բացատրելով նաեւ, որ բոլոր անոնք, որ համաձայն չեն այս տեսակէտին հանգիստ կրնան հեռանալ իրենց պապենական ու դարաւոր հողերէն։ Միւս կողմէ եւրոպական, բոլորիս շատ յայտնի կեցուածքներն են, որոնք ոչ մէկ կերպ իրականութիւնէն բան կրնան փոխել, այլ միայն սիրալիր եւ բարեացակամ զգացումներու գոլորշի մը կը ստեղծեն, որ շուտով պիտի վերածուի բամպակեայ ամպի մը եւ հեռանայ մեր ափերէն։
Այս բոլորին զուգահեռ ուշագրաւ եւ բաւականին նոր որակի յայտարարութիւններ կը հնչեն Միացեալ Նահանգներուն կողմէ, որոնք նոյնպէս անիմաստ կրնան դառնալ եթէ չուղեկցուին գործնական քայլերով։ Պատկերը բաւական խառն ու մշուշոտ է ու նաեւ խոցելի ռուսական կողմին համար, որուն խօսքին արժանապատւութիւնը այսօր յայտնուած է մեծ փորձաքարի մը դիմաց։
Ի վերջոյ ինչու այս մօտեցումը եւ յանուն ինչ շահերու, երբ նոյն Ռուսաստանը կը համարուէր Արցախցիներու անվտանգութեան թիւ մէկ երաշխաւորը։ Ինչ կը վերաբերի պաշտօնական Երեւանին, որ կը տանի բաւականին զուսպ ու նաեւ հնարաւորութիւններ չունեցողի հասկնալի խաղաոճ մը, ապա ան նաեւ կանգնած է ներքին խլրտումներու վտանգին առջեւ, պայմանաւ, որ անոնք, որոնք քաղաքական գետինը շարժելու ներուժ ունին, ունենան նաեւ «կանաչ լոյս» մը ինչ որ պահու ոտքի կանգնելու եւ իրավիճակը ի նպաստ Արցախին ու ապա Հայաստանին փոխելու։
Այդ ներուժը կա՞յ, կամ արդեօք Հայաստանի հասարակութիւնը պատրաստ եւ ընդունակ պիտի ըլլայ, որ քաղաքական դաշտին մէջ իրենց տեղն ու դիրքը մինչեւ այս պահը պահպանած «նախկիններ»-ը վերադառնան ռէալ դաշտ։ Լաւ հարցում է տուածս, որուն պատասխանը կը շարունակէ մնալ ոչ։
Հայաստանի հասարակութիւնը այսօր ալ ընդունակ չէ, որ անցեալ ժամանակներուն Հայաստանը «պահած» ուժերը վերադառնան իշխանութեան, հետեւաբար նաեւ այս փուլին անհնար է, օրինական կամ նոյնիսկ բողոքի ալիքի մը ճանապարհով ինչ որ իրավիճակ մը փոխել Երեւանի մէջ։
Միւս կողմէ անշուշտ կայ համահայկական մեծ ափսոսանք, եթէ հաշուի առնենք մեր այսօրուան ընդհանուր դրութիւնը ու անոր դիմաց ալ առկայ եւ երեւելի ու հազար ու մէկ երկսայրի սուրերով իրարմէ պառակտուած ընդհանուր պատկերը։
Պարզապէս ցաւ եւ ափսոսանք, որուն հետ ալ հաւասարազօր կերպով ու ամէն պահու աճ կը գրանցեն Արցախը հայաթափման տանելու իրական սպառնալիքները։
Վերջին խաղաքարտը անշուշտ Մոսկուային մօտ է, որ սակայն մինչեւ այս պահը կը շարունակէ գործել ընդդէմ իր խոստումներուն եւ կամ նոյնիսկ իր շահերուն, որուն համար ալ գուցէ կրնայ ստանալ աւելին քան մենք կրնանք պատկերացնել, կամ ալ վերջնականօրէն կորսնցնել Հարաւային Կովկասի իր վերջին յենակն ու «ոտքի տեղը» …։
Ի դէպ արցախեան վերջին զարգացումներէն առաջ քաղաքագէտ Վահրամ Աթանէսեան ուշագրաւ դիտարկումներ կատարած է «Առաջին լրատուական»-ին, որուն կարեւոր հատուածներն ալ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնեմ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի ընթերցողներու ուշադրութեան։
Օրեր առաջ Արցախի նախագահը հրաւիրած էր Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստի եւ իր խօսքին մէջ նշած է. «Մեր խնդիրն է սթափ գնահատել ստեղծուած իրավիճակի ողջ բարդութիւնը ու պատասխանատուութեան աստիճանը, վերագնահատել եղած ամբողջ ներուժն ու հնարաւոր նոր վտանգներու զսպող «մեքանիզմ»ները եւ կատարել անհրաժեշտ հետեւութիւններ ու գործողութիւններ։ Պաշտօնական Ստեփանակերտը սթափ եւ ներուժի հաշուարկման վրայ հիմնուած եւ շա՜տ պատասխանատու դիրքորոշում պէտք էր յստակացներ արդէն իսկ 11 Նոյեմբեր 2020-ին։ Անցեալ տարուայ Օգոստոսի առաջին օրերուն Խծաբերդին, Հին Թաղերուն, Փառուխ-Քարագլուխին մէջ դէպքերու սաստկացումէն եւ անոր դիմաց Ատրպէյճանի անպատժելիութենէն մօտ երկուքուկէս տարի ետք՝ ես չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ սթափութեան մասին է խօսքը։ Մեր պարագային, կարծեմ մէկ անգամ կ’առաջարկեն։ Ես ուրախ կ’ըլլայի, եթէ Ստեփանակերտը կամք, վճռականութիւն եւ կարողութիւն ունենար՝ Պաքուի հետ լայն օրակարգով երկխօսութիւն սկսելու։ Ցաւօք, այդ միայն ցանկութիւն է։
Միւս կողմէ, երբ ոմանց կը թուի, թէ Ատրպէյճանը պիտի համաձայնի, որ ԼՂ-ի շփման գիծի ամէն մեթրի վրայ խաղաղապահ ռուս մը կանգնի, ան կա՛մ «եութոպիսթ» է, կա՛մ ալ հանրային մեր պատկերացումները խեղաթիւրման կ’ենթարկէ։ Հարց է նաեւ, թէ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմող Ռուսաստանը լրացուցիչ զօրախումբ հաւաքագրելու, զինելու, հանդերձաւորելու հնարաւորութիւն ունի՞։ Խնդիրը քաղաքական հարթութեան մէջ է։ Ատրպէյճանը կը յարգէ՞ ՌԴ խաղաղապահ առաքելութիւնը։ Իմ կարծիքովս՝ ոչ։ Եթէ այստեղ քսան հազար ռուս խաղաղապահ ալ կանգնի, էականօրէն քիչ բան կը փոխուի, քանի, որ Ատրպէյճանը գիտէ, որ Ռուսաստանը կանխարգիլող, նոյնիսկ պատժիչ լիազօրութիւններ չունի։
Ի վերջոյ Ատրպէյճանը մէկ նպատակ կը հետապնդէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ ամբողջական, միայն ի՛ր սահմանադրութեամբ եւ ազգային օրէնսդրութեամբ «կարգաւորուող» վերահսկողութեան հասնիլ։ Պիտի չիրականանայ, քանի որ կարելի չէ ուղտը նստիլ եւ կուզեկուզ շրջիլ։ Մեր «քաղաքագիտական վերլուծութիւնները» իրականութիւնը չեն կրնար փոխել։ Պէտք է հակակշիռներ գտնել։
Սագօ Արեան