Յատուկ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի ընթերցողներուն համար՝ հարցումներուն կը պատասխանէ Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականի հայկական էջերու խմբագիր՝ Բագրատ Էսդուգեան
Պրն. Էսդուգեան, Թուրքիան անցուց ընտրական կարեւոր փուլը դանդաղօրէն վերադարձաւ բնականոն հուն։ Ուշագրաւը նոր դէմքերով կառավարութեան կազմութիւնն էր։ Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները այսօր Թուրքիոյ մէջ առկայ ընդհանուր իրավիճակով։
Նախարարներէն ոմանք իսկապէս այլեւս ձանձրոյթ կը պատճառէին. կրնամ նշել ներքին գործոց նախարարը, արդարադատութեան նախարարը, արտաքին գործոց նախարարը եւ տակաւին ուրիշներ, որոնք հիմա այլեւս պաշտօնի վրայ չեն։ Եկողները տակաւին չենք գիտեր, թէ ինչպիսի ազդեցութիւն պիտի ունենան։ Մեզի հետաքրքրող նիւթերու մէջ, այսինքն՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու շրջագծով, կայ պետական քաղաքականութիւն մը, որ կապ չունի, օրինակ համար նոր կառավարութեան թեմային հետ։ Նախարարները գուցէ իրենց վարքով աւելի տարբեր երեւոյթներ ցոլացնեն, բայց ինչ որ ըլլայ, անոնք պիտի կիրառեն պետական քաղաքականութիւն մը, որուն ուղղութիւն տուողը երկրի նախագահն է։ Գիտենք, որ երկրին նախագահը տակաւին նոյնն է եւ երրորդ անգամ ըլլալով կը շարունակէ պահել նախագահի իր պաշտօնը։ Հետեւաբար, շատ մեծ ակնկալութիւններ չունենալով հանդերձ, ուրախ ենք այս պաշտօնափոխութենէն, քանի որ ինչպէս ըսի, միւսները տխուր համբաւ մը թողուցին եւ ապագային ալ լաւ ձեւով պիտի չյիշուին, իրենց սխալ եւ ամբարտաւան վարմունքին եւ ելոյթներուն պատճառով։
Քաղաքական գետնի վրայ ի՞նչ զարգացումներ կը կ’ակնկալէք։
Ուրեմն, մէկ կողմէ նոր կառավարութիւն ձեւաւորուեցաւ, խորհրդարանը ունեցաւ նոր նախագահ։ Այս բոլորին կողքին, պարտինք նշել, որ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան, այսինքն՝ «Ժողովրդահանրապետական» (CHP) » մէջ ներքին ալեկոծում մը կայ, քանի որ ներկուսակցական որոշ խմբակներ, սկսած են հաշիւներ որոնել, հաշիւներ տեսնել։ Կուսակցութեան նախագահ՝ Քէմալ Քըլըչտարօղլուին դէմ իշխանափոխութեան փորձ մը կայ ընդդիմադիր գլխաւոր կուսակցութենէն ներս։ Մեզի համար կարեւոր կուսակցութիւն մըն է «Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութիւնը»,
“HDP”-ն, որ ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ ուրիշ կուսակցութեան մը անունով, որովհետեւ իր դէմ տակաւին կը շարունակուին արգելքներն ու սպառնալիքները։ Այս կուսակցութենէն ներս ալ որոշ ալեկոծումներ կան։ Դաշինքները, որոնք ընտրութեան ժամանակ կազմուած էին, մինչեւ երբ պիտի շարունակուին, այդ մէկն ալ խնդիր մըն է։ Այս բոլորը միասին կը զբաղեցնեն ներքին քաղաքական դաշտը։
Գալով տնտեսութեան, որեւէ յառաջընթաց կամ զարգացում կը տեսնէ՞ք։
Տնտեսութեան մասին խօսելով, ըսենք, որ ընտրութենէն անմիջապէս ետք յայտնուեցան սղաճի երեւոյթներ, ինչ որ արդէն կը սպասուէր։ Սղաճին ազդակներէն մէկն ալ եղաւ թրքական լիրայի արժեզրկումը, որ քանի մը օրերու ընթացքին 7 տոկոսով իր արժէքը կորսնցուց։ Աղէտի գօտիին մէջ, ելեկտրական հոսանքի սպառման գանձումները դադրած էին, հիմա այդ շրջաններուն համար ալ փողեր կը պահանջեն եւ սպառողները մեծ գումարներ պիտի վճարեն։ Վառելանիւթի՝ պէնզինի սակը նաեւ բարձրացաւ։ Արդէն տնտեսական ճգնաժամի մը մէջ էինք, լուրջ սղաճի մէջ էինք եւ այդ սղաճը կարծես ա՛լ աւելի թափ պիտի ստանայ։ Այստեղ կարեւոր գործօն մըն է ելեւմտական նախարարի փոփոխութիւնը։ Ան շատ յանդուգն ելոյթ մը ունեցաւ եւ ըսաւ, որ պիտի չգործադրէ անտրամաբանական եղանակներ եւ պիտի կիրառէ դրամի շուկայի պահանջած տրամադրութիւններու համաձայն վարուելակերպ։ Այս խօսքը ինքնին արդէն քննադատութիւն մըն էր, մեղադրանք մըն էր նախագահ Էրտողանին, որ մօտ անցեալին յաճախ հանդէս կու գար ըսելով, որ Թուրքիան մահմետական հաւատք ունեցող երկիր է եւ տոկոսով գումար ստանալը մեղք կը համարուի, հետեւաբար վարկերը, տոկոսները պիտի նուազին։ Այդ որոշումը ինքնին սղաճի պատճառ դարձաւ։
Ժողովուրդը գո՞հ է ընտրութեան արդիւնքէն։
Ժողովուրդին մօտաւորապէս կէսին համար ընտրութեան արդիւնքները հիասթափութիւն մը եղան, որովհետեւ ակնկալութիւնները բաւական տարբեր էին։ Շատերը համոզուած էին, որ այս ընտրութիւններուն հետեւանքով իշխանափոխութիւն պիտի ըլլայ, նոյնիսկ աւարտին պիտի հասնի Էրտողանի իշխանութեան շրջանը, բայց այդպէս չեղաւ, եւ հիմա բոլորովին անկայուն վիճակ մը կայ։ Շատեր մտահոգ են, որ Էրտողան, այս հանգրուանին ա՛լ աւելի կրօնամէտ քաղաքականութիւն մը պիտի վարէ, ա՛լ աւելի լարուածութիւններէն եւ ժողովուրդի պառակտումներէն յոյսեր պիտի քաղէ եւ այդ ուղղութեամբ պիտի աշխատի։ Անշուշտ այս բոլորը ենթադրութիւններ են, որոնք սակայն ունին իրենց հիմքերը՝ տուեալները։ Յառաջիկայ ամիսներուն տեսնենք, թէ ինչ պիտի ըլլայ երկրին ընդհանուր վիճակը։ Ամէնէն կարեւոր խնդիրը քաղբանտարկեալներու խնդիրն է, որոնք յոյս ունէին, որ իշխանափոխութիւն ըլլալու պարագային անպարտ կը հռչակուին եւ ազատ կ’արձակուին։ Իսկ Էրտողան իր քարոզարշաւին մէջ ըսաւ, որ որքան ատեն, որ ինք իշխանութեան գլուխն է, անոնք դուրս չեն կրնար ելլել։ Երբ Էրտողան այս յայտարարութիւնը կատարեց, Եւրոպայի Միութեան մարդու իրաւունքներու ատեանը որոշ անուններ թուելով ըսաւ, որ անոնք իսկոյն պէտք է անպարտ հռչակուին եւ ազատ արձակուին, որովհետեւ իրենց դէմ յարուցուած մեղադրանքները շինծու եւ արհեստական են։ ԵՄ ատեանը շեշտեց նաեւ, որ եթէ այդ բանտարկեալները դուրս չգան, Սեպտեմբերին պիտի ստիպուին նոր միջոցներու դիմելու։ Յառաջիկայ ամիսները հետաքրքրական զարգացումներով յղի են, ըստ երեւոյթին։
Շատ խօսուեցաւ Հաքքան Ֆիտանի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկը ստանձնելու մասին։ Ինչպէ՞ս կը մեկնէք այդ մէկը։
Հաքքան Ֆիտան, երեսփոխանական նախորդ ընտրութիւններուն փորձած էր իր թեկնածութիւնը առաջադրել։ Այդ մէկը կանխեց նախագահ Էրտողանը, իբրեւ պատրուակ ըսելով, թէ ան իր բոլոր գաղտնիքներէն տեղեակ է եւ չի թողուր, որ պատգամաւոր ըլլայ։ Հաքքան Ֆիտան նախապէս ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետն էր՝ «իսթիխպարաթ»։ Անցեալին, երբ Թուրքիա հ’ուզէր Սուրիոյ խնդիրներուն ներթափանցել, միջամուխ ըլլալ, Հաքքան Ֆիտան յստակօրէն ըսած էր հետեւեալը. «Այդ մէկը դժուար բան մը չէ։ Մենք այդտեղ մարդիկ ունինք, անոնց միջոցաւ քանի մը ռումբ կ’արձակենք Սուրիայէն դէպի Թուրքիա եւ այդ մէկը պատճառ կ’ըլլայ, որպէսզի սահմանը անցնինք եւ միջամտենք»։ Այդ քանի մը ռումբը արձակելու կարիքը չունեցաւ։ Ճիշդ է, որ Թուրքիոյ սահմանամերձ կարգ մը շրջաններ ռմբակոծուեցան, բայց Թուրքիա արդէն նախքան այդ թափանցած էր սահմանէն ներս եւ արար աշխարհին յայտարարած էր, որ մինչեւ երեսուն քիլոմեթր տարածք պիտի գրաւէ, իբրեւ իր անվտանգութեան երաշխիքը, հակառակ որ դիմացէն որեւէ սպառնալիք գոյութիւն չունէր։ Զարմանալիօրէն Թուրքիոյ հարեւան երկիր ներխուժելը ընդունելի գտնուեցաւ թէ՛ ԱՄՆ-ի, թէ՛ ԵՄ-ի շրջանակներուն կողմէ։ Այսինքն՝ կայսերապաշտ գերտէրութիւնները զօրավիգ կանգնեցան Էրտողանին ի թշնամութիւն Սուրիոյ այսօրուան վարչակարգին։ Ժամանակի ընթացքին, սակայն անոնց քաղաքականութիւնը փոխուեցաւ, երբ կարելի չեղաւ Ասատի իշխանութիւնը տապալել, անոնք փորձեցին շփման տարբեր եղանակներ օգտագործել։ Յիշենք, որ Թուրքիա ալ փորձեց երկխօսութիւն հաստատել Սուրիոյ հետ, բայց Ասատ ըսաւ. «Նախ զօրքդ կը քաշես իմ երկրէս, յետոյ կրնանք խօսիլ»։ Այսպիսի դժուար կացութիւն մը կայ։ Չենք գիտեր, թէ Էրտողան ինչ ճկուն ռազմավարութեամբ այս բոլորը պիտի յաղթահարէ։ Արդեօք պիտի յաջողի՞ առանց իր զօրքը ետ քաշելու, երկխօսութեամբ եղանակ մը գտնել Սուրիոյ նախագահին հետ։
Ձեր՝ վերջին խմբագրականը բաւական անյոյս շեշտեր ունէր իր մէջ, յատկապէս Հայ-թրքական առանցքէն դիտուած։ Միւս կողմէն, կը նկատենք, որ «Նեմեսիս» գործողութեան արձանին տեղադրման խնդիրը կարծէք դուրս եկած է Հայ-թրքական օրակարգէն։ Այդ մէկը ինչ որ չափով յոյս կը ներշնչէ՞ ձեզի։
«Նեմեսիս»ի խնդիրը Թուրքիոյ կողմէ շահագործուած արհեստական խնդիր մըն էր, որովհետեւ, ըստ իս Հայաստանի արդար իրաւունքն է իր հերոսները փառաբանելը։ «Նեմեսիս»ի գործիչները երբեք ահաբեկիչներ չեմ տեսներ, ինչ որ Թուրքիոյ մէջ այդպէս կը տեսնուին։ Անոնք, մարդկութեան դէմ յանցանք գործած արիւնարբու ոճրագործներուն հետ հաշիւ մաքրած գործիչներ են։ Այս իմաստով, Թուրքիոյ անհանգստութիւնը ընդունելի անհանգստութիւն մը չէ։ Մնաց, որ Թուրքիոյ մէջ տակաւին կը շարունակուին Թալաթ փաշայի, Էնվէր փաշայի նման անուններ փառաբանելը եւ զանոնք հերոսներ համարելը, հետեւաբար շատ բնական հակազդեցութիւն է, որ Հայաստանը՝ անոնց հետ հաշիւ մաքրողները պիտի փառաբանէ, զանոնք պիտի հերոսացնէ։ Չաուշօղլուն փորձեց շահագործել «Նեմեսիս»ի պատրուակը, բայց իր ակնկալած արդիւնքը չգոյացաւ։
Սագօ Արեան