ԲԱՅՑ, Ե՞ՐԲ

Քան­տինսկիի նկար­նե­րը տե­սա՞ծ էք, անոնց­մէ ոմանց մէջ դարձ­դար­ձիկ, գա­լա­րուող, իրար անցած, իրար հա­տող, իրա­րու փաթ­թուող գու­նա­ւոր գի­ծե­րու եւ տա­րածք­նե­րու այն­պի­սի խճո­ղում մը կայ, որ ոչ միայն ան­հասկ­նա­լի ու ան­մեկ­նե­լի կը դարձ­նեն նկա­րը, այլեւ շփո­թեց­նող, գլխապըտոյտ պատ­ճա­ռող քա­ոս մը կը յի­շեց­նեն:

Ընտ­րե­ցէք անոնց­մէ ամե­նա­բար­դը եւ տա­կը գրե­ցէք «ՍՈՒՐ­ԻԱ» ու պի­տի տես­նէք, թէ ինչ­պէ՛ս մարդիկ պի­տի հի­ա­նան անոր նոր ան­ուա­նա­կո­չու­մը կար­դա­լով ու այդ ար­ուես­տի գոր­ծին ար­ժէ­քը մէկ ան­գա­մէն պի­տի տաս­նա­պատկ­ուի. նոյ­նիսկ հե­ղի­նա­կը, եթէ ողջ ըլ­լար, պի­տի գնա­հա­տէր անոր մկր­տու­թիւնը նոր ու դի­պուկ անու­նով:

Նոյ­նը կր­նաք ընել Ար­շիլ Կորքիի կամ Մի­րո­յի կամ Տալիի կամ վե­րա­ցա­կան ու ան­հե­թեթ դպ­րո­ցի որե­ւէ նկա­րի պա­րա­գա­յին, այն­քան ատեն, որ ձեր տե­սա­ծէն բան չէք հասկ­նար, այլ կը զգաք, կ՛ազդ­ուիք, աւե­լի ճիշդ կ՛ըլ­լայ ըսել` կը ցնց­ուիք:

Այս ար­դի նկար­չու­թեան տի­տան­նե­րուն գոր­ծե­րը գնորդ կ՛ու­նե­նան, նոր անու­նով կո­չենք զա­նոնք, կամ ոչ, սա­կայն Սուր­ի­ան եթէ նկա­րի վե­րա­ծենք, գնորդ կ՛ու­նե­նա՞յ:

Ո՞վ, ի՞նչ պի­տի ընէ արիւն ու կրակ, աւեր-փլա­տակ, ճիչ ու աղա­ղակ, գլ­խատ մար­մին­ներ, խաչուած տղա­ներ, հր­կիզ­ուած կոյ­սեր պա­րու­նա­կող նկար մը: Ո՞վ իր տան պա­տէն պի­տի կա­խէ սրտ­խառ­նուք պատ­ճա­ռող այս­պի­սի նկար: Ո՞ր թան­գա­րանն ու ցու­ցաս­րա­հը պի­տի ցու­ցադ­րէ զայն: Սպա­նա­կան քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մը նկա­րագ­րող Փի­քա­սո­յի «Guernica»ն, շատ  նսեմ կը մնայ «Սուր­իա»ի կող­քին:

Օրի­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն, մեծ պե­տու­թիւն­ներ, տա­րա­տե­սակ ազ­գու­թիւն­ներ, կրօն­ներ, համայնքներ, աղանդ­ներ, ընդ­դի­մա­դիր, իշ­խա­նա­մէտ, բա­րե­խառն, ծայ­րա­յեղ, դրա­մա­տի­րա­կան, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, պա­տա­նի, տա­րեց, մօ­րու­քով, ան­մօ­րուք, լեց­ուեր են Սուր­իա ու իրար անցեր: Երկ­րին քար­տէ­զը ամէն ժամ են­թա­կայ է փո­փո­խու­թեան, ըստ «եկուոր­նե­րու» տեղաշարժին ու գրաւ­եալ կամ «ազա­տագր­եալ» տա­րածք­նե­րուն:

ՄԱԿ-ը իր եօ­թա­նա­սուն տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին այս­պի­սի գոր­դեան հան­գոյցի չէր հան­դի­պած: Մեծ պե­տու­թիւն­նե­րը իրենց ամ­բողջ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին Սուր­իոյ աւա­զախ­րու­մին նման բան չէ­ին  տե­սած ու նե­ղը ին­կած, դուրս գա­լու կա­րե­լիու­թե­նէն ճա­րա­հատ` անել կա­ցութ­եան մատն­ուած:

Քսա­նեւ­մէ­կե­րորդ դա­րու յատ­կա­նիշն է երե­ւի բր­տու­թեան, դա­ժա­նու­թեան այս ցու­նա­մին, ուր գեղե­ցիկն ու բա­րին այ­լեւս տեղ չու­նին. բա­րին պի­տի ոչն­չաց­նեն, գե­ղե­ցի­կը սպան­նեն ու տեղ բանան նո­րին մե­ծու­թիւն Չա­րին:

Բայց պայ­քա­րը չա­րին ու բարի­ին մի­ջեւ, դեռ չէ աւար­տած: Կ՛ան­գի­տա­նանք, թէ ին­չո՛վ յղի են գալիք օրե­րը: Պայ­մա՞ն է, որ հեք­ի­աթ ըլ­լայ որ բա­րին յաղ­թէ:

Այս­պէս է տի­ե­զեր­քի հա­մա­չափ օրէն­քը, դրա­կանն ու ժխ­տա­կա­նը մի­ա­սին կը պա­հեն հաւասարակշ­ռու­թիւնը բնու­թեան. լոյսն ու խա­ւա­րը, տաքն ու պա­ղը, քաղցրն ու լե­ղին, ծանրն ու թե­թե­ւը, ճեր­մակն ու սե­ւը, բա­րին ու չա­րը մի­ա­տեղ կը գոր­ծեն ու իրար­մով պայ­մա­նա­ւոր­ուած են: Սա­կայն Սուր­իոյ պա­րա­գա­յին չա­փա­նի­շե­րը կար­ծես խախ­տած են ու չա­րին տի­րոյ­թը բա­ւա­կան եր­կա­րե­ցաւ, եթէ քիչ մըն ալ այս­պէս շա­րու­նակ­ուի, վախ կայ, որ աշ­խար­հը ամ­բողջ քանդ­ուի ու խա­ւա­րը  տի­րէ:

Մենք մեր հա­ւատ­քը չենք կորսն­ցու­ցած. գի­տենք որ գի­շե­րուան պի­տի յա­ջոր­դէ լու­սա­բա­ցը, բայց ե՞րբ:

Յակոբ Միքայէլեան