Վերջերս, համացանցի վրայ արեւմտահայերէնի պահպանման մասին գրութիւն մը ուշադրութիւնս գրաւեց. նիւթը յղողը լիբանանահայ ծանօթ լեզուագէտ բժ. Արմենակ Եղիայեանն էր, որուն լեզուագիտական յօդուածներուն կարեւորութեամբ կը հետեւիմ: Գրութիւնը կարդալէ ետք, համակարծիք ըլլալով յարգելի մտաւորականին, ջանացի իմ ալ մտածումներս թուղթին յանձնել վերոյիշեալ նիւթին կապակցութեամբ:
Վերջին տարիներուն, աւելի ճիշդ` Սուրիոյ պատերազմի վեցամեայ տարիներուն առընթեր, հոս ու հոն գումարուած գիտաժողովներուն, ժողովներուն ու հանդիպում-հարցազրոյցներուն մեծամասնութեան գլխաւոր նիւթը մէյ մը Սուրիոյ պատերազմն է, մէյ մըն ալ արեւմտահայերէնի պահպանման հարցը:
Շատ մելան հոսեցաւ, թէպէտ այլեւս մելան գործածող չմնաց, շատ ալ խօսք յեղուեցաւ այս երկու հրատապ հարցերու քննարկման ի խնդիր: Պատերազմի հարցն ու անկէ բխող տարատեսակ խնդիրները մէկ կողմ ձգենք ու խօսինք արեւմտահայերէնի պահպանման հարցին մասին, աւելի ճիշդ` արեւմտահայերէնի ճգնաժամին ու զայն փրկելու ի խնդիր առաջարկուած միջոցներուն մասին:
Ընդհանրապէս կ՛առաջարկուի, որ Սփիւռքի մէջ օգտագործուող լեզուին պահապանը ըլլայ Հայաստանը, քանի Սփիւռքը անկայուն է, իսկ Հայրենիքը կայացած պետականութիւն է: Առաջարկը որքան ալ տրամաբանական ըլլայ, ցանկատեսութեամբ, փափաքելով, կամ պետական, պաշտօնական որոշումով լուծուելիք հարց չէ:
Բացատրութիւնս կանխեմ ու ըսեմ, որ սփիւռքահայու խօսակցական լեզուն անհնար է Հայաստանի մէջ պահել, գրականութիւնը` այո՛ կարելի է, իսկ լեզուն, մեր գրաբարին նման կը պահպանուի միայն որոշ անձերու եւ որոշ նպատակներու ծառայելու համար եւ ոչ ամէնօրեայ խօսակցութեանց ճամբով: Ո՞վ պիտի օգտագործէ արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ եւ ինչո՞ւ, սուրիահայե՞րը, որ հաստատուած են այստեղ, բայց անոնք արդէն ընտելացած են տեղական լեզուին եւ կը փորձեն իւրացնել ու մերուիլ տեղացիներուն մէջ:
Թերեւս անհատ լեզուաբաններ, իրենց ուսումնասիրութեանց համար, թերեւս թատրոններ, արեւմտահայ թատերգութեանց պարագային, գուցէ նաեւ ձայնասփիւռն ու հեռատեսիլը, եթէ արեւմտահայերէնով շաբաթական յայտագիր մը ունենան իրենց ծրագրին մէջ, բայց ոչ ժողովուրդը: Գրողներն ու խօսողները ունին արդէն արմատացած իրենց լեզուական տարբերակները, զորս փոխել անհնար է:
Գալով արեւմտահայերէնին, ապա զայն պահողները պիտի ըլլան սփիւռքահայ գրողներն ու մամուլը, այնքան ատեն, որ Սփիւռք կայ եւ Սփիւռքի մէջ դպրոցներ կան, գրող եւ կարդացող կայ:
Հայրենի «Ազգ» շաբաթաթերթը ունի եւ յաճախ կը հիւրընկալէ արեւմտահայերէնով եւ Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ սիւնակագիր-յօդուածագիրներ, երանի հայաստանեան ուրիշ թերթեր եւ լրատուամիջոցներ ալ հետեւին անոր օրինակին: Արեւմտահայերէնը պահպանելու կարեւոր քայլ մը չէ՞ ասիկա: Թող դպրոցներուն մէջ ալ շաբաթական գոնէ մէկ պահ յատկացնեն, որպէսզի աշակերտին աւելի մատչելի դառնայ արեւմտահայ գրականութիւնը:
Եթէ կայ ցանկութիւն, միջոցներ չեն պակսիր:
Յակոբ Միքայէլեան