«Բարի Զատիկ» 

Պատրաստ ենք Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին։

Բարութեամբ, խաղաղութեամբ, հաւատք, սէր ու յոյսով ակաղձուն պէտք է կարենալ հասնիլ այս Յարութեան։

Չեմ երկմտիր։

Արդէն այդպէս ենք բոլորս։

Խաղաղ ենք։

Ապահով ենք մեր տուներէն հեռու, մեր մէջ ապրող ու մէջը ապրած մեր քաղաքներուն միջեւ պառակտուած՝ աւելի հարթ են մեր ճամբաները, մեզի չե՛ն նմանիր հոնտեղի փոշոտ ծառերն ու շինծու ծաղիկները։ Կարկատուած չեն մեր յուշերը, աւելի պայծառ են մեր միտքերը, մեր սիրտերուն մէջինը միշտ յայտնելնուս համար աւելի քիչ են մեր հառաչանքներն ու դողացող ձեռքերը, աւելի քիչ են մեր թաքուն արցունքներն ու աւելի զուարթ են մեր մանուկները։

Ամուր ենք։

Ամրոցներու պէս են պահակներով ու տեսախցիկներով պաշտպանուած մեր շէնքերը. Դուռ-դրացի, խոհանոցէն ելած հոտի ուտելիքէն եկող-գացող ամաններ, աստիճանին վրայ տեսնուող Զատկուան կարկանդակներու ափսէներ, բաց դուռ-պատուհաններ, լուացք փռած ատեն զրուցող մամաներ, օճառաբոյր սաւաններ, վարդի օշարակներ ու բարձի երեսներուն ծայրերը «խարճ» հիւսող մեծ մայրեր չկան. Զիրար չեն ճանչնար հոն բնակողները։

Հոն ենք, ուր պէ՛տք է ըլլանք։

Առանձին չենք ձգեր մեր զաւակները։ Գիտենք գծած ատեն անոնց մրմնջած եղանակները. չենք պատռեր այդ նկարները։ Կը գնահատենք. չենք մոռնար անոնց հանդէսները։ Քաջ կը մնանք անոնց դիմաց. կը հասկնանք անոնց վախերը։ Աղօթել կը սորվեցնենք, որ կատարենք իրենց խնդրածները։ Ճիշդ կամ սխալ՝ ապաւէնն ենք մենք անոնց, յենարան ալ չունեցանք՝ չենք գոցեր մեր թեւերը։

Հաւատարիմ ենք։

Չենք լքեր մեր ընկերները։ Բոլորը բարի են լայն դռներէն ներս. նեղութեան մէջ չեն չարանար մեր սրտերը։ Մեր ազատ պահերուն չէ՛, մեզ փնտռած ատեններուն կը գտնեն մեր ընկերները։ Գիտենք անոնց ցաւերը, մղձաւանջներն ու լռութիւնները։ Նոյնն են մեր խարխափումները։

Պատրաստ ենք Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան։

Պատրաստ են մաս-մաքուր, չգործածուած մեր խիղճերը։

Չկան Աստուծոյ ստեղծած աշխարհը քանդող, նոյն Աստուծոյ ստեղծած մարդուն հնարած ռումբերը, հրթիռները, ԱԹՍ-երը, ցանցերն ու ծրագիրները։

Մարդասէր ենք։

Պատերազմներ, զոհեր, սառնարանին մէջ դրուած դիակներ, պարպուած քաղաքներ, ծակ առաստաղներ, ցրուած ընտանիքներ, պայթած կամուրջներ, միլիոնաւոր տուն-տեղ ձգած փախստականներ, դպրոց երթալու համար ականներու վրայ քալողներ, նետուած ինքնաշարժներու ծակած անիւներով պատրաստուած օրօրոցներ ու ցեխին մէջ քարով ֆութպոլ խաղցող հերոս տղաներ չկան։

Այս ամէնուն վերեւը, երկնքին մէջ պարող ագռաւներ ալ չկան.

Վարն են մեր ագռաւները։

Խաղաղ ու կապոյտ են մեր երկինքները։

Ղեկավարուող են մեր ժահրերը։

Անձրեւ-արեւ պէտք չունին այլեւս մեր ծիածանները։

Մրցունակ են մեր արձանները։

Իլոն Մասքը կը ճանչնան. breakին կաւիճով գծուած «գիծ» չեն խաղար մեր մանուկները։

Արդար ենք։

Սեւ, ճերմակ, դեղին, արեւելք, արեւմուտք, առաջին ու երրորդ աշխարհ չկայ մեզի համար. Հաւասար են միջազգային բարձրագոյն ատեաններուն վրայ արձանագրուած անձեռնմխելի մեր իրաւունքները եւ նո՛յն նախանձախնդրութեամբ կը դատենք բոլորիս գլխուն եկած աղէտները։

Այսքան բարիք բաւարար չէ՞ մեզ յուսադրելու։

Լիայոյս ենք։

Պիտի վերաքաղենք պատուիրանները։

Պիտի անհետանան բանտերը։

Պիտի իյնան դիմակները։

Պիտի չծախուին ու վերադառնան հողերը։

Պիտի չբացուին միջանցքները։

Շահագործում չկայ. Պիտի չգնուին ձայները։

Բնականաբար՝ պիտի չմոռնանք Սաղմոսները։

Պիտի շարունակուին ուղերձները, յայտարարութիւններն ու դատապարտումները։

Պիտի չնօսրանան գաղութները։

Պիտի չգոցուին դպրոցները։

Organic electroներուն օրինակով՝ ետ պիտի ծաղկին արմատները։

Հայերէն տառերով ու թերեւս ալ բարբառներով պիտի գրենք բոլորս։

Աւելի փայլուն, շարժուն ու հաւանաբար խօսուն պիտի ըլլան տօնական մեր սթիքըրները։

Շուտով գրուածին պատասխանը ընտրելու առիթ ալ պիտի չունենանք. յարմար պատասխանները մեզմէ լաւ պիտի գիտնան մեր խելքը աշխատցնողները։

Հեռաձայնի կարիք պիտի չըլլայ. 4D ակնոցով մեր շուրջը պիտի տեսնենք ֆիլթըրացուած մեր նկարները։

Happy Easterին փոխարէն «Բարի Զատիկ» պիտի ըսեն automatically իրար զարնող Զատկուան եռագոյն հաւկիթները….

 

Սեւան Սեմէրճեան

Գահիրէ