Բռնատիրութեամբ եւ հարստութեամբ նախապաշարուած բռնապետը. Էրտողանի 12 խայտառակութիւնները…

Յարութ Սասունեան

Իւ­րա­քան­չիւր անց­նող օր­ուան հետ, Թուրք­իոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նը ալ աւե­լի բռ­նա­կալ կը դառ­նայ: Ընդ­դի­մա­դիր քր­տա­մէտ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան թր­քա­կան խորհր­դա­րա­նի 11 ան­դամ­նե­րու ձեր­բա­կա­լու­թիւնը վեր­ջինն է Էր­տո­ղա­նի բըռ­նա­պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եր­կար շա­րա­նին մէջ:

Փեն­թա­կո­նի նախ­կին պաշ­տօն­եայ եւ «Ամե­րիկ­եան Ձեռ­նե­րէ­ցութ­եան Հիմ­նարկ»ի գի­տաշ­խա­տող Մայ­քըլ Ռու­պին, անց­եալ շա­բաթ, ջախ­ջա­խիչ նիւթ մը հրա­պա­րա­կած էր Էր­տո­ղա­նի մա­սին` թուար­կե­լով անոր խայ­տա­ռակ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն քա­նի մը հա­տը…

Ամ­փո­փե­լով` ձեր ու­շադ­րութ­եան կը ներ­կա­յաց­նեմ Ռու­պի­նի ծա­ւա­լուն յօդ­ուա­ծը, որ տե­ղադըր­ուած էր «Նիւզ­ուիք»ի եւ­րո­պա­կան հրա­տա­րա­կու­թեան կայ­քին մէջ` «Տաս­ներ­կու հարց, որ թուրք լրագ­րող­նե­րը չեն հա­մար­ձա­կիր տա­լու» խո­րա­գի­րով:

1.      Ինչ­պէ՞ս Էր­տո­ղա­նը դար­ձաւ միլ­ի­ա­ռա­տէր:

Էր­տո­ղա­նը մեծ­ցած է աղ­քատ ըն­տա­նի­քի մը մէջ` մին­չեւ Պոլ­սոյ քա­ղա­քա­պետ դառ­նա­լը, երբ բա­խում ու­նե­ցաւ փտա­ծու­թիւնը հե­տաքն­նող 13 պաշտօնեաներու հետ: 2004 թուա­կա­նին, երբ ան Թուրք­իոյ վար­չա­պետն էր, Ան­գա­րա­յի մէջ ԱՄՆ դես­պա­նա­տու­նը Ուա­շինկ­թըն ու­ղար­կած հե­ռա­գի­րի մը մէջ կը գրէր, որ «ան առնո­ւազն ութ դրա­մատ­նա­յին հա­շիւ­ներ ու­նի Զուի­ցեր­իոյ մէջ»: Բա­ցի այդ, գաղտ­նի հե­ռա­խօ­սա­յին ձայ­նագ­րու­թիւն­նե­րէն բա­ցա­յայտ­ուե­ցան անոր հրա­հանգ­նե­րը` «գրե­թէ մէկ միլ­ի­առ տո­լար կան­խիկ գու­մար վերց­նե­լու մա­սին: Էր­տո­ղան օգ­տա­գոր­ծեց իր ազ­դե­ցու­թիւնը դա­տա­րան­նե­րու վրայ` դա­տը չեղ­եալ յայ­տա­րա­րե­լու եւ ձեր­բա­կա­լե­լու այն դա­տա­խազ­ներն ու դա­տա­ւոր­նե­րը, որոնք կը ձգ­տէ­ին հե­տա­մուտ ըլ­լալ ատոր»:

2.      Ո՞ւր է Էր­տո­ղա­նի հա­մալ­սա­րա­նա­կան վկա­յա­կա­նը:

Էր­տո­ղան կը պն­դէ, որ 1981-ին աւար­տած է Պոլ­սոյ Մար­մա­րա­յի հա­մալ­սա­րա­նը: Հնա­րա­ւոր է, որ անոր վկա­յա­կա­նը կեղծ­ուած է: «Քա­ռամ­եայ բարձ­րա­գոյն կր­թու­թիւնը պար­տա­դիր նա­խա­պայ­ման է նա­խա­գահ ըլ­լա­լու հա­մար: Եթէ Էր­տո­ղան կը ստէ վկա­յա­կա­նի գծով, արդ­եօք ան կր­նա՞յ մնալ իբ­րեւ նա­խա­գահ»:

3.      Արդ­եօք կա՞յ մէկ այլ պատ­մու­թիւն` յե­ղաշրջ­ման փոր­ձի ետին:

Էր­տո­ղան աշ­խա­տան­քէ արձա-կեց եւ բան­տար­կեց իր հա­զա­րա­ւոր քա­ղա­քա­կան հա­կա­ռա­կորդ­նե­րը, զա­նոնք մե­ղադ­րե­լով Ֆե­թհուլ­լահ Կիւ­լէ­նի հե­տե­ւորդ­նե­րը ըլ­լա­լու յանցանքով, որ իբր եղած է Յու­լիս 15-ի յե­ղաշրջ­ման կազ­մա­կեր­պի­չը, ինչ որ թուրք նա­խա­գա­հը ան­ուա­նեց «պար­գեւ Աս­տու­ծոյ կող­մէ»:

4.      Եթէ կայ FETO, կա՞յ արդ­եօք ETO:

Էր­տո­ղան Կիւ­լէ­նի շար­ժու­մը կ՛ան­ուա­նէ «Ֆե­թուլ­լիս­տա­կան ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն (FETO)…. Եթէ թոյ­լատ­րե­լի է խօ­սիլ FETO-ի մա­սին իբ­րեւ ահա­բեկ­չա­կան խում­բի, արդ­եօք հա­ւա­սա­րա­պէս ըն­դու­նե­լի՞ կ՛ըլ­լայ յի­շա­տա­կել «Էր­տո­ղա­նա­մէտ­նե­րու ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն»ը (ETO)»:

5.      Եթէ Կիւ­լէն ահա­բե­կիչ է, ապա ին­չո՞ւ Էր­տո­ղա­նը կ՛աշ­խա­տէր անոր հետ մին­չեւ 2013 թուա­կա­նը:

Կիւ­լէն եւ Էր­տո­ղան գրե­թէ մի­եւ­նոյն կրօ­նա­կան փի­լի­սո­փա­յա­կան սկզ­բունք­նե­րը դաւանող­ներն էին մին­չեւ 2013 թուա­կա­նի իրենց բա­ժա­նու­մը: Ին­չո՞ւ այժմ Կիւ­լէն «ահա­բե­կիչ» կը հա­մար­ուի:

6.      Ին­չո՞ւ կը հա­ղոր­դեն Քր­տա­կան Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Կու­սակ­ցութ­եան (PKK) յար­ձա­կում­նե­րուն մա­սին, բայց ոչ ՏԱ­ՀԵՇ-ի:

«Երբ PKK-ն կամ քր­տա­կան ծայ­րա­յե­ղա­կան խում­բե­րը կը յար­ձա­կին, ատոնք օրեր շա­րու­նակ Թուրք­իոյ մէջ գե­րիշ­խող խո­րա­գիր­ներ են, քա­նի որ հե­տաքն­նու­թիւնը կը շա­րու­նակ­ուի, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կ՛ան­ուա­նեն կաս­կած­եալ­նե­րը եւ այլն… Սա­կայն երբ ՏԱ­ՀԵ­Շը կը յար­ձա­կի, Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թիւնը կ՛ար­գի­լէ հրա­պա­րա­կում­նե­րը հե­տաքն­նութ­եան մա­սին»:

7.      Ին­չո՞ւ Թուրք­իոյ հե­տա­խու­զու­թիւնը կ՛օգ­նէ «Նուս­րա ճա­կատ»ին եւ ՏԱ­ՀԵՇ-ին:

«Ան­հեր­քե­լի փաս­տեր կան այն մա­սին, որ թէ՛ «Նուս­րա ճա­կատ»ը` «Ալ Քա­յի­տա»ի սուր­ի­ա­կան թե­ւը, թէ՛ ՏԱ­ՀԵՇ-ը Թուրք­իոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն ստա­ցած են զէնք, աջակ­ցու­թիւն եւ սար­քա­ւո­րում­ներ: Երբ լրագ­րող­նե­րը բա­ցա­յայ­տե­ցին այս պատ­մու­թիւնը եւ լու­սան­կար­չա­կան ապա­ցոյց­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին, Էր­տո­ղա­նի պա­տաս­խա­նը եղաւ` լու­րը հրա­պա­րա­կած թեր­թի խմ­բա­գի­րին ձեր­բա­կա­լու­մը: Նոյն կեր­պով, երբ թուրք զի­նուոր­նե­րը կանգ­նե­ցու­ցին զէն­քի առա­քու­մը դէ­պի Սուր­իա, Էր­տո­ղան հրա­մա­յեց ձեր­բա­կա­լել ոչ թէ մաք­սա­նենգ­նե­րը, այլ զի­նուոր­նե­րը…»:

8.      Արդ­եօք թո՞ւրք մա­հա­պարտ­նե­րու ջո­կատ մը կանգ­նած էր Փա­րի­զի սպա­նու­թիւն­նե­րուն ետին:

«2013-ին մար­դաս­պան­ներ մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կե­ցին երեք քիւրտ գոր­ծի­չ, Փա­րի­զի իրենց գրա­սեն­եա­կին մէջ: Անոնք երեքն ալ PKK-ի ան­դամ­ներ էին… Ֆրան­սա­յի մէջ ձեր­բա­կալ­ուած Օմար Կիւ­նէ­յը 32-ամ­եայ թուրք մըն էր, որ Ֆրան­սա տե­ղա­փոխ­ուած է 9 տա­րե­կա­նին: Սպա­նու­թե­նէն ետք կա­տար­ուած հե­ռա­խօ­սա­զանգ­ե­րու ստու­գու­մէն պարզ­ուած էր, որ ան կր­կին հե­ռա­ձայ­նած է Թուրք­իոյ հե­տա­խու­զա­կան ծա­ռա­յու­թեան գոր­ծա­կալ­նե­րուն…»:

9.      Ին­չո՞ւ Էր­տո­ղան իր փե­սա­յին նշա­նա­կած է քա­րիւ­ղա­յին տըն­տե­սու­թեան նա­խա­րար:

«էր­տո­ղա­նի 37-ամ­եայ փե­սան` Պա­րաթ Ալ­պայ­րա­քը, դար­ձած է Թուրք­իոյ ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար 24 Նո­յեմ­բեր 2015-ին: Արդ­եօք ա՞ն էր ամե­նա­բարձր որա­կա­ւո­րում ու­նե­ցո­ղը, թէ՞ այլ գոր­ծօն­ներ դեր խաղ­ցած են»:

10.  Կր­նա՞նք խօ­սիլ Էր­տո­ղա­նի կա­պե­րուն մա­սին:

Էր­տո­ղա­նի մտե­րիմ ըն­կեր, սէ­ուտ­եան գոր­ծա­րար Եա­սին ալ Քա­տին, ըստ ԱՄՆ գան­ձա­տան բա­ժան­մուն­քին, «մե­ղադր­ուած է «Ալ Քա­յի­տա»ի առաջ­նորդ Ու­սա­մա Պըն Լա­տե­նի հետ մին­չեւ 2014 թուա­կան ու­նե­ցած կա­պե­րուն համար»: Էր­տո­ղան յա­մա­ռօ­րէն յայ­տա­րա­րած է.«Ես կը ճանչ­նամ պա­րոն Քա­տին: Ես կը հա­ւա­տամ անոր, ինչ­պէս ես ին­ծի: Հնա­րա­ւոր չէ, որ պա­րոն Քա­տին կապ­ուած ըլ­լայ որե­ւէ ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պութ­եան հետ կամ աջակ­ցի անոնց­մէ որե­ւէ մէ­կուն»: Էր­տո­ղան մտե­րիմ է նա­եւ աֆ­ղանս­տան­ցի Կիւլ­պետ­տին Հեք­մա­թ­եա­րի հետ, որ «կա­պեր ու­նի «Թա­լի­պան»ի եւ «Ալ Քա­յի­տա»ի հետ»: Միւս ըն­կե­րը` Խա­լիտ Մաշ­հա­լը («Հա­մաս» խմ­բա­ւոր­ման զին­ուորական առաջ­նորդ), Թուրք­իա ժա­մա­նած էր իբ­րեւ Էր­տո­ղա­նի անձ­նա­կան հիւր…

11.  Ի՞նչ գոր­ծարք կն­քած էր Փու­թի­նի հետ:

Էր­տո­ղան ու Փու­թին վեր­ջերս խա­ղա­ղու­թիւն կն­քե­լէ ետք, հա­մա­ձայ­նու­թեան եկան կա­զա­մու­ղի ծրա­գի­րին շուրջ եւ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­ցին Թուրք­իոյ կող­մէ ռու­սա­կան հր­թի­ռա­յին հա­մա­կար­գի ձեռք­բեր­ման վե­րա­բեր­եալ: Եղա՞ծ են արդ­եօք այլ գաղտ­նի հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ:

12.  Ին­չո՞վ պայ­մա­նա­ւոր­ուած է դա­տա­րա­նի կող­մէ «Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում» կու­սակ­ցու­թեան փակ­ման մեր­ժու­մը:

2008-ին Թուրք­իոյ սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նը շատ մօտ էր Էր­տո­ղա­նի իշ­խող կու­սակ­ցու­թեան լու­ծար­ման: Սա­կայն, վեր­ջին պա­հուն, դա­տա­ւոր­նե­րէն մէ­կը փո­խեց իր քուէն: Հաւաստի աղբիւրներ կը պնդեն, որ «գոր­ծա­րար մը, որ եր­կար ժա­մա­նակ հե­տապն­դում­նե­րու կ՛են­թարկ­ուէր Էր­տո­ղա­նի կող­մէ, գու­մար փո­խան­ցած է այդ դա­տա­ւո­րի հաշ­ուե­հա­մա­րին քու­է­ար­կու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս առաջ»:

Նո­յեմ­բեր 6-ին, Պոլ­սոյ մէջ դոկ­տո­րի պատ­ուա­ւոր կո­չում ստա­նա­լու արա­րո­ղու­թեան ժա­մա­նակ, Էր­տո­ղան հպար­տօ­րէն յայ­տա­րա­րեց.- «Հոգս չէ, որ ին­ծի բռ­նա­տէր կամ այ­դօ­րի­նակ ու­րիշ բան կո­չեն. մէկ ական­ջէ կը մտ­նէ, միւ­սէն կ՛ել­լէ»:

 

Յարութ Սասունեան