«Գանատա կայք հաստատելու առիթը պէտք չէ վերածել նորաձեւութեան, «Մոտա»ի հետեւելու հեւքոտ ճիգի, աւելին` արկածախնդրական ծրագիրի մը»
Սուրիոյ տագնապի առթած անկայունութիւնը, իր մեծ անդրադարձը ունեցաւ հայկական կազմակերպ գաղութին վրայ, շատերուն մղելով, որ գաղթեն կամ ծրագրեն գաղթել հարեւան երկիրներ կամ աւելի հեռաւոր ափեր, այս պարագային արեւմտեան երկիրներ:
Խորհրդածութիւններուս առանցքը պիտի չըլլայ, իրաւացիութիւնը քննել նմանօրինակ ճակատագրական քայլի մը ու անոր անդրադարձը Սուրիոյ գաղութային իրավիճակին վրայ: Այդ մէկը կարելի պիտի ըլլայ քննել առանձին յօդուածով մը:
Պիտի զանց առնեմ իմ մտածումներուս մէջէն նաեւ բոլոր այն վարկածները, որոնք կը շօշափեն ուղղորդուած գաղթ կազմակերպելու կարելիութիւնները կամ գաղթականներ հիւրընկալող երկիրներու միջեւ բաղդատականներ ընելը եւ պիտի կեդրոնանամ առաւելաբար Գանատան որպէս ընտրանք եւ կարելիութիւն տեսնելու շատերու բաղձանքին, եւ կամ արդէն ի՛սկ իրականացած ընտրութեան վրայ:
Գանատայի կառավարութեան գաղթականներ ընդունելու այս օրերու երեւոյթը, պատերազմական եւ քաղաքական անկայունութենէ տառապող երկիրներէ, նորութիւն մը չէ, ոչ ալ յատուկ միջոցառում: Պարագայաբար, տարիներու վրայ երկարած, Գանատան իր իրերայաջորդ կառավարութիւններով 100% միջոցներով ընդունած է գաղթականներ` Սոմալիայէն, Վիէթնամէն, Սերելանքայէն, Պոսնիայէն, Եգիպտոսէն, Լիբանանէն եւ զանազան երկիրներէ:
Այս օրերու գանատական կառավարութեան կիրառած Սուրիայէն գաղթականներ ընդունելու միջոցները կը բաժնուին հիմնական երկու ենթաբաժանումներու: Մին ուղղակի կառավարութեան խնամատարութիւնը եւ նիւթական հոգածութիւնը վայելող գաղթականներն են, միւսը` անձնական երաշխաւորութեամբ գաղթականներու շերտը, որոնք կ՛երաշխաւորուին գանատական կազմակերպութիւններու եւ անհատ քաղաքացիներու փոխադարձ պայմանաւորուածութեամբ:
Երկրորդի պարագային, երաշխաւորող կողմը պատասխանատու կը մնայ եկուոր գաղթականին հանդէպ լման մէկ տարի, իրեն մատուցելով ծառայութիւններ, որոնք կը հեշտացնեն իր կայքը Գանատայի տարածքին: Հետեւաբար երաշխաւորող կողմերու դերակատարութիւնը շատ կենսական է եւ երբեմն ճակատագրական ու երբե՛ք «ձեւական» չէ, ինչպէս շատե՜ր կը կարծեն:
Այս ձեւաչափերով Գանատա հասնող հայորդիները, մեծ մասամբ կը վայելեն իրենց հարազատներու, հարեւաններու, բարեկամներու եւ հայկական հաստատութիւններու ու եկեղեցիներու նեցուկը, որ երբեմն սահմանափակ չափերով կը ներկայանայ համեմատած նոր եկուորներու ծով կարիքներուն:
Պէտք է ընդգծել, որ գանատական կառավարութեան ընձեռած գաղթի պայմաններու «առատաձեռնութիւնը», որ իր ձեւին մէջ «կակուղ» եւ կամ աւելի ճիշդ է ըսել «թոյլ» կը ներկայանայ, պատճառ կը հանդիսանայ, որ շատեր առաւել քաջալերուին այս «արկածախընդրութեան» դիմելու համար, կորսնցընելիք բան չունենալու հոգեբանութեամբ: Իրաւացի կը թուին ըլլալ նմանօրինակ մտածողները, որովհետեւ իրօք` Հալէպէն Պէյրութ երթեւեկը աւելի արկածախնդրութիւն եւ նիւթական պարտաւորութիւն կ՛ենթադրէ, քան Գանատա հասնիլը: Երեւակայեցէ՛ք, որքա՜ն ուշագրաւ եւ քաշողական առիթ կը թուի ըլլալ առաջարկ մը, ուր զերօ ամ. տոլար ծախսով, ընտանեկան բոլոր պարագաներովդ կրնաս հասնիլ երկիր մը, ուր ժամանած վայրկեանէդ սկսեալ քեզ պիտի շնորհուի լիիրաւ քաղաքացիի կարգավիճակ, բժըշկական լման հոգատարութիւն` ի հարկին, ուսումնական ձրի ծառայութիւններ եւ նոյնիսկ կարգ մը պարագաներու դեռատի զաւակներուն նիւթական կոկիկ օժանդակութիւն:
Շատեր ճամբայ կ՛ելլեն պատերազմական թէժ մթնոլորտէն հեռանալու դիտաւորութեամբ, ապաստանելով աւելի ապահով երկինքի մը տակ, ուր իրենց զաւակներուն պիտի սպասէ աւելի ձեռնտու պայմաններ համեմատած իրենց տեսած 5 տարիներու վրայ երկարած աննախանձելի կեանքին: Ոմանք ալ` Աւետեաց Երկրի մէջ El Dorado գտնելու չփախցուելիք առիթին փաթթուելու սին հեռանկարով կը հասնին այս ափունքը: Բայց ի՜նչ ալ ըլլան սպասումներն ու յոյզերը եւ գաղթի այլազան մեկնակէտերը, պէտք է ուշադիր ըլլալ, որ գաղթի որոշումը չվերածուի արկածախընդրական մէկ քայլի կամ «Լաւագոյն տղոց օտար ափերուն բախտ որոնելու» ոդիսականի:
Արեւմտեան երկիրներու մէջ կենցաղային պայմաններու շռայլութիւնը շատ ուշագրաւ երեւոյթ է, ուր ջուրն ու ելեկտրականութիւնը չեն ընդհատուիր, ապահովական-պատերազմական տագնապ գոյութիւն չունի, սակայն գոյ են կենցաղային, բնակարանային, կլիմայի, մշակութային այնպիսի ծանր պայմաններ, որոնց կարելի պիտի ըլլայ հանդուրժել ու տանելի դարձընել, քանի մը անհրաժեշտ նախադրեալներ ապահովելու պարագային միայն: Արդ,
1- Գաղթող ընտանիքը կամ անհատը պէտք է ունենայ բաւարար չափի նիւթական խնայողութիւն, որ կ՛երաշխաւորէ իր կեցաղային անհըրաժեշտ կարիքներու բաւարարումը առաջին ամիսներու ընթացքին:
2- Տեղական լեզուի քաջածանօթ ըլլալը, կրնայ մեղմացնել մշակութային ցնցումը (culture shock): Մշակութային ցնցումը իր ծանր անդադարձը կ՛ունենայ նոր գաղթականի հոգեկան վիճակին վրայ, ծնունդ տալով տուայտող ներաշխարհի, զինք մղելով իր անձի կարողականութեան հանդէպ անվըստահութեան, ենթական մատնելով անճրկած իրավիճակներու: Այս տիպի դժուարութեան տեսակը նուազագոյնն է կա՛մ Լիբանանի կա՛մ Հայաստանի մէջ հաստատուողներու պարագային, տրուած ըլլալով որ արաբական եւ հայկական մշակութային եւ կենցաղային պայմանները շատ ալ հեռու չեն սուրիահայուն վարժութիւններէն ու սովորութիւններէն` ի մասնաւորի լեզուի պարագան:
3- Զինք ընդունող ու առաջին ամիսներու անհրաժեշտ կարիքներուն ցուցմունք ու նեցուկ կանգնող մօտիկ պարագայի մը ներկայութիւնը, որուն երբեմն պիտի սահմանուի` երաշխաւոր կողմի դերակատարութիւն հասկացողութիւնը:
Ի տես գանատական իրականութեան այս օրերու զարգացումներուն ու գետնի վրայ պարզուող կացութեան, դէմ յանդիման կը գտնուինք հետեւեալ պատկերներուն:
Պատկեր առաջին- Բնակարանի փնտռտուք:
Metropolitan քաղաքներու մէջ, ինչպիսիք են Թորոնթօն կամ Մոն-թրէալը, տուն վարձելը ունի իր նախապայմանները, սկսած սենեակներու թիւէն, որ պէտք է համընկնի ընտանեկան անդամներու թիւին: Երկրորդ` պէտք է ունենաս կայուն, մնայուն գործ, որ տանտէրը ունենայ այն ապաւէնը, թէ դուն ապահով յաճախորդ ես: Կամ ալ, պէտք է ունենաս երաշխաւոր, որ կըրնայ ստորագրել խնդրոյ առարկայ անձին փոխարէն` ներկայացնելով բաւարար ելեւմուտի ապաւէնի փաստաթուղթ: Ասոնց վրայ պէտք է գումարել կարգ մը իրաւացի նախասիրութիւններ, ուր եկուոր հայորդիները կը փափաքին տուն ունենալ հայկական եկեղեցիներու եւ ակումբներու մերձակայ շրջանի մէջ` վայելելու ջերմութիւնը այդ հաստատութիւններուն ու պահելու այն գողտրիկ վաղեմի հալէպեան վարժութիւնը ազգային հաստատութիւն-հայորդի մտերմիկ անքակտելի կապին:
Պատկեր երկրորդ- Ուսումնական հաստատութեան փնտռտուք:
Վարժարանը պէտք է ըլլայ վարձած տանդ մերձակայ, որպէսզի աշխատող ծնողքը առիթը ունենայ դեռատի զաւակը հասցնելով` արագ մը ուղղուելու գործի: Պատահած է, որ բոլոր պետական վարժարանները, որոնք կը գտնուին հայութեամբ հոծ շրջաններու մէջ, օրէնքով սահմանուած աշակերտներու առաւելագոյն թիւը ապահոված ըլլալով, մերժած են ընդունիլ նորեկները: Ծնողներ հարկադրաբար դիմած են աւելի հեռաւոր վայրերու մէջ գտնուող վարժարաններ, որոնք թէ՛ հեռաւորութեան իմաստով, թէ՛ ուսումնական մակարդակով այդքան ալ նախանձելի չեն:
Հայկական վարժարանները նոյնանման կացութեան մատնուեցան, ուր պատասխանատու մարմիններ եւ դպրոցի տնօրէնութիւններ իրենց առաւելագոյնը ըրին պարփակելու համար առաւելագոյն չափով սուրիահայ նոր աշակերտներ` յատկացնելով նիւթական ուշագրաւ նպաստներ: Սակայն տեղի եւ դասարաններու թիւի սահմանափակումի օրէնքները պարտադրեցին, որ յաւելեալ նոր դիմողներու փափաքին չընդառաջուի:
Պատկեր Երրորդ – Գործի կարելիութիւններ:
Փափաքելի է, որ գաղթողը նախօրօք պատկեր մը ունենայ Գանատայի գործի եւ արհեստներու կարելիութիւններուն մասին: Այդ մէկը կարելի է իրականացնել բարեկամներէ հաւաքուած տեղեկութիւններով, եւ աւելի վաւերականը` համացանցի ճամբով կատարուած գործի եւ արհեստներու որոնումով, ուր աւելի լայն տեղեկութիւններ քաղելով ու շօշափելով տեղական շուկայի պէտքերը, կարելի պիտի ըլլայ ուղղորդել առնուելիք քայլերը գետնի վրայ: Արդ, կարելի է պատրաստել CV (Resume), եւ դիմել տուեալ հաստատութիւններուն նախքան Գանատա հասնիլը:
Գանատայի տարածքին ի գործ դրուած, բոլոր հայ ազգային գաղութային ճիգերը, ըլլան անոնք միութենական կամ կրօնական, նոյնիսկ անհատական նախաձեռնութիւնները ի մտի ունին, բոլոր եկուորներուն, անխտի՛ր, բարւոք ու պատուաբեր կեանքի նոր ընթացքը հեշտացնել:
Գոյացած աննպաստ պայմաններուն առընթեր, գանատական կառավարութեան կողմէ պարտադրըւած ու իրականացուած սեղմ ժամկէտով հոծ թիւով եկուորներ պարփակելու պարագան ստեղծեց կրկնակի դժուարութիւններ: Գաղութային ուժերու լարումով ու փոխադարձ համագործակցութեամբ, նոր ժամանած հայորդիներու ու ազգային կառոյցներու ջանքերով, միասնական ճիգերով կը փորձուի մեղմացնել ստեղծուած անհամար խոչընդոտները ու հնարաւորինս կարգաւորել հաւանական դժուարութիւնները:
Վերջապէս, հասկնալով ու յարգելով հանդերձ բոլոր եկուորներուն պարագաները, պէտք է ընդգծել, թէ Գանատա կայք հաստատելու առիթը պէտք չէ վերածել նորաձեւութեան, «Մոտա»ի հետեւելու հեւքոտ ճիգի, աւելին` արկածախնդրական ծրագիրի մը: Նոր բացուելիք հորիզոնները, եթէ չզուգորդուին չափուած-ձեւուած նուազագոյն պայմաններու գոյաւորումով, կայանալիք նախաձեռնութիւնը կրնայ շատ արագ վերածուիլ ձախաւերութեան` յուսախափութեան մատնելով ամբողջ ընտանիքի մը երազները:
Անձրեւէն փախչելով կարկուտի բռնուելու իրավիճակին չմատնուելու համար, մնալով հեռու աւազախրման մը հաւանական իրավիճակներէ, գաղթել փափաքողները, հարկաւոր է որ շատ հանդարտ կըշռոյթով դիմեն նման քայլերու, ապահովելով նուազագոյն առարկայական կռուանները, որոնք մասամբ միայն կ՛երաշխաւորեն իրենց հեզասահ կեցութիւնը Նոր Աշխարհի տարածքին:
Ժան Հալլաճեան