Գարիկ Միսակեան. «Կապանի մէջ Իրանի հիւպատոսարանի բացումը ուղերձ է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նկրտումներուն դէմ»

Կարեւոր զարգացումներու ականատես կը դառնանք տարբեր «ճակատ»ներու վրայ։ Անշուշտ գերակշռող օրակարգը Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած դրութիւնն է, որ օրերս մտաւ բեկումնային փուլ, նաեւ այն պատճառով, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վ. Փութին ճանչցաւ Տոնպաս շրջանի Տոնէցքի եւ Լուկանսքի ինքնակոչ հանրապետութեանց անկախութիւնը։

Հարկ է յիշեցնել, որ Փութինի այս քայլէն առաջ ալ աշխարհի ուշադրութիւնը դարձեալ այդ հատուածներուն վրայ էր, մանաւանդ որ «Արեւմտեան Պլոք»ը առիթ չէր փախցներ յայտարարելու կամ նոյնիսկ աշխարհը «համոզելու» որ Ռուսաստան շուտով ռազմական գործողութիւն մը պիտի իրականացնէ եւ ներխուժէ Քիեւ։

Տեղեկատուական դաշտին մէջ գոյացած «պատերազմ»ը հեռու չէ, որ մէկ գիշերուայ մէջ վերածուին ռազմական ընդհարումներու, սակայն փաստ է, որ Ուքրանիոյ տագնապին վերաբերեալ կան որոշակի «կարմիր գիծեր», որոնք պիտի յարգուին հիմնական կողմերուն կողմէ։

Ամէն պարագայի նոյնպէս կարեւոր եւ ուշագրաւ զարգացումներ տեղի կ’ունենան կապուած իրանեան թղթածրարին։

Թէ ինչքանով Իրան մօտ է համաձայնութիւն կնքելու փուլէն, այս առումով ինչ դրական իրավիճակներու սպասել, բայց մանաւանդ ինչպէս կարող ենք գնահատել Իրան-Հայաստան բարեկամական եւ բարի դրացիական յարաբերութիւններու ընդհանուր պատկերը։

Այս հարցումներուն շեշտակի պատասխաններ ստանալու եւ «ԱՊԱԳԱՅ»ի ընթերցողները իրավիճակին մասին աւելի յստակ պատկերացում մը տալու նպատակով, օրերս զրուցեցի հայրենի հմուտ իրանագէտ Գարիկ Միսակեանին հետ.

Ստորեւ հարցազրոյցը՝

-Պրն. Միսակեան ամբողջ աշխարհը ակնդէտ կերպով կը հետեւի Իրան-ԱՄՆ բանակցութիւններուն: Ձեր կարծիքով ի՞նչ են յաջողութեան առիթները:

Դատելով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Արեւմուտքի յայտարարութիւնները եւ այն հանգամանքէն, որ կողմերը հրապարակային ցանկութիւններ կը յայտնեն բանակցային գործընթացը աւարտին հասցնելու վերաբերեալ, կարելի է ենթադրել, որ բանակցային գործընթացի յաջողութեան հասնելու առիթները մեծ են։ Բանակցային գործընթացի նոր շրջանի նախաշեմին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար՝ Հիւսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեան յայտարարած է, որ Իրան կը շտապէ աւարտին հասցնելու բանակցային գործընթացը եւ հասնիլ դրական արդիւնքի։ Միւս կողմէ ԱՄՆ, չնայած ցանկութիւն կը յայտնէ բանակցային գործընթացը աւարտին հասցնելու վերաբերեալ, բայց կը ցանկայ նոր պայմանագրին մէջ ներառել նաեւ Իրանի հրթիռային եւ ԱԹՍ-ներու հետ կապուած ռազմական ծրագիրները՝ զանոնք որակելով որպէս սպառնալիք տարածաշրջանի համար։ Սա կրնայ խանգարել վերջնական դրական արդիւնքը, քանի որ Իրանի համար հրթիռային ծրագիրը կը համարուի կարմիր գիծ, որու սահմանափակումներու վերաբերեալ որեւէ քննարկում կը բացառուի։ Իր հերթին Իրան բանակցային գործընթացով կը պահանջէ ԱՄՆ-էն Թեհրանի նկատմամբ կիրառուած պատժամիջոցներու վերջնական չեղարկում, ինչպէս նաեւ կը ցանկայ մշակել գործիքակազմ, որ թոյլ չի տար ԱՄՆ-ին միակողմանիօրէն դուրս ելլել համաձայնագրէն, ինչ որ եղաւ Տանըլտ Թրամփի ժամանակ։ Այս առաւելապաշտական պահանջները կրնան խանգարել բանակցային գործընթացի վերջնական արդիւնքը, եթէ կողմերը փոխադարձ զիջումներու չերթան։

 

– Մենք նաեւ գիտենք, որ բանակցութեանց յաջողութեան պարագային նոր իրավիճակ մը պիտի ստեղծուի տարածաշրջանին մէջ։ Ի՞նչ կ’ակնկալէք այդ առումով։

Եթէ բանակցային գործընթացը յաջողութեան հասնի եւ չեղեալ համարուի Իրանի նկատմամբ կիրառուած ԱՄՆ-ի պատժամիջոցներու մեծ մասը, ուրեմն սա պիտի յանգեցնէ իրանական տնտեսութեան զգալի աճին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ Թեհրանի դիրքերու աննախադէպ ուժեղացման։ Թուրքիոյ տնտեսական ճգնաժամի ֆոնին, եթէ Իրան կարողանայ համաձայնութեան հասնիլ Արեւմուտքի հետ, ուրեմն կրնայ տարածաշրջանի մէջ գերակայ դիրքեր գրաւել, ինչով ալ պայմանաւորուած է նաեւ Իսրայէլի եւ Պարսից ծոցի արաբական պետութիւններու մերձեցման գործընթացը։ Պահպանելով հրթիռային ծրագիրը՝ Իրան նաեւ պիտի դառնայ տարածաշրջանի ամենակարող ռազմական տէրութիւններէն մէկը։

– Պարսից Ծոցի երկիրներ-Իրան յարաբերութիւնները կը շարունակեն մնալ լարուած։ Չնայած ասոր, կան տեղեկութիւններ, որ Թեհրան-Ռիատ գաղտնի բանակցութիւններ կը վարեն Պաղտատի մէջ։ Արդեօ՞ք հասած է ժամանակը այս կողմերուն միջեւ փոխհամաձայնութեան։ Ինչ կը մտածէք այդ մասին։

Իրանի եւ Պարսից ծոցի երկիրներու յարաբերութիւններու լարուածութիւնը հիմնականին մէջ պայմանաւորուած է այդ տարածաշրջանի արաբական պետութիւններու եւ Իսրայէլի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին հետ, ինչ որ Իրանի կողմէ կը դիտարկուի, որպէս անմիջական սպառնալիք։ Եթէ նախապէս Իրան իր ազդեցութեան տակ գտնուող տարբեր ուժերու միջոցով «շրջափակած» էր Իսրայէլը, ապա ներկայ պահուն կ’ընթանայ հակառակ գործընթաց եւ Իսրայէլ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Պարսից ծոցի պետութիւններու կողմէ կը շրջափակէ Իրանը՝ լուծելով իրեն համար աշխարհաքաղաքական կարեւոր խնդիր։ Ինչ կը վերաբերի Իրան-Սէուտական Արաբիա բանակցութիւններուն, կամ հնարաւոր յարաբերութիւններու կարգաւորման, այստեղ կարծիքները տարբեր են։ Որոշ ժամանակ առաջ երկու կողմերէն ալ կը լսուէին դրական ազդակներ այս պետութիւններու յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ։ Իրան նաեւ կը փորձէ օգտագործել Սէուտական Արաբիոյ Պարսից ծոցի արաբական միւս պետութիւններու մրցակցութիւնը, այդպիսով որոշակի դրական միջավայր ստեղծելու համար։ Ներկայ պահուն, սակայն, խօսիլ այս պետութիւններու յարաբերութիւններու լիարժէք վերականգման մասին վաղ է, քանի որ այս գործընթացին վրայ մեծ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Իրան-Արեւմուտք բանակցութիւններու արդիւնքը։

 

– Իրան նաեւ ունի աշխարհաքաղաքական «թեւեր», խօսքը Լիբանանի «Հեզպուլլահ»ի, Եմէնի «Հուսիթ»ներուն ու նաեւ Իրաքի «Հաշտ շապհի»ին մասին է։ Այդ առումով Իրան զիջումներ տալու տեղ ունի՞ , եթէ ըսենք կայանայ ինչ որ համաձայնութիւն Պարսից Ծոցի երկիրներուն հետ։

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ հետեւելով «ճնշուած շիիթներ»ուն օժանդակելու սկզբունքին,    կարողացած է տարածաշրջանին մէջ ձեր նշած կազմակերպութիւններու միջոցով իր ազդեցութիւնը մեծցնել եւ գործնականօրէն ռազմական բախումները զգալիօրէն հեռացնել սեփական սահմաններէն։ Իրանի քաղաքական վերնախաւը, իր կրօնական գաղափարախօսութենէն ելլելով, երբ ինքզինք եւ Իրանի Հոգեւոր առաջնորդը կը համարէ բոլոր շիիթներու առաջնորդը, չի կրնար դադրեցնել հովանաւորումը այս կազմակերպութիւններուն։ Միւս կողմէ Իրան վերոնշեալ բոլոր կազմակերպութիւնները կը դիտարկէ որպէս աշխատող գործիքակազմ տարածաշրջանին մէջ իր ազդեցութեան տարածման, Արաբական եւ այլ պետութիւնները ճնշման տակ պահելու եւ զիջումներ կորզելու համար։ Ընդհակառակը այն պարագային երբ Իսրայէլը կը մեծցնէ իր ազդեցութիւնը Իրանի սահմաններուն, Թեհրան որպէս այդպիսին չունի այլընտրանք եւ այս կազմակերպութիւններու միջոցով կը փորձէ պայքարիլ նաեւ իսրայէլեան ազդեցութեան դէմ։ Պատահական չէ, որ Իրանի նախկին Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Ժաուատ Զարիֆ յայտնի հարցազրոյցին, որ արտահոսքի միջոցով յայտնուած էր համացանցի մէջ, կը նշէ, որ Իրանեան բանակի «Քուտս» յատուկ ստորաբաժանման ղեկավար՝ Քասէմ Սուլեյմանին ժամանակին անձնական զրոյցի ատեն իրեն ըսած է, որ Սէուտական Արաբիան երկար տարիներ դեռ չի կրնար լուծել Հուսիներու հետ կապուած խնդիրը, իսկ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրնայ այս խմբաւորումը օգտագործել որպէս լծակ Սէուտական Արաբիոյ հետ բանակցութիւններուն դրական զիջումներ ստանալու համար։

 

– Խօսելով Հայաստան-Իրան յարաբերութեանց մասին եւ մասնաւորապէս շեշտադրելով յետ պատերազմեան իրականութիւնը, այսօր ինչպէս կը գնահատէք Հայաստանի բարեկամ հարեւանին առած կեցուածքները։

Յետպատերազմեան շրջանի Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու մասին խօսելով նախ պէտք է նշել, որ սկզբնական շրջանին այդ յարաբերութիւններուն մէջ կը նկատուէր յարաշարժ գործընթաց, կ’իրականացուէին յաճախակի փոխայցելութիւններ, երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ բազմաթիւ յայտարարութիւններ կը կատարուէին, ինչպէս նաեւ կը խօսուէր Հիւսիս-հարաւ տարանցման միջանցքի շինարարական աշխատանքները որքան հնարաւոր է արագ աւարտին հասցնելու մասին։ Սակայն ներկայ պահուն Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններուն մէջ կարծես կը նկատուի որոշակի դադար, ինչ որ կրնայ կապուած ըլլալ նաեւ այդ յարաբերութիւններուն մէջ յստակ օրակարգի բացակայութեան հետ։ Իրան տարբեր մակարդակներով կը յայտարարէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորութեան մասին, Հայաստան-Իրան ցամաքային սահմանի անխափան գործելը «կարմիր գիծ» կը համարէ, սակայն յարաբերութիւններու զարգացման յարաշարժը բաւական դանդաղ կ’ընթանայ։ Յետպատերազմեան շրջանին, երբ Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած է բաւական վտանգաւոր եւ փոփոխական աշխարհաքաղաքական իրավիճակ, կարծես թէ երկու պետութիւններն ալ գիտակցած են միմիանց կարեւորութիւնը։ Եթէ մինչ պատերազմեան շրջան Իրան Հարաւային Կովկասի մէջ իր ներգրաւուածութիւնը կը սահմանափակէր ՌԴ-ի հետ շահերու բախումէն խուսափելու համար, ուրեմն Արցախեան պատերազմէն եւ Հարաւային Կովկաս Թուրքիոյ ակնյայտ ռազմաքաղաքական ներթափանցումէն յետոյ Թեհրան ամէն կերպով կը փորձէ մեծցնել իր ազդեցութիւնը մեր տարածաշրջանին մէջ։ Այս հանգամանքը կրնայ օգտագործուիլ նաեւ Հայաստանի համար, որոշ աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական խնդիրներ լուծելու նպատակով։

 

– Մենք նաեւ կը նկատենք, որ արդէն ամիսներէ ի վեր Թեհրան տարբեր հարթակներու ճամբով կը խօսի Կապանի մէջ հիւպատոսարան մը հիմնադրելու մասին։ Ինչպէ՞ս կը հասկնաք այդ քայլը։

Կապանի մէջ Իրանի պաշտօնական դիւանագիտական ներկայութեան բացումը նախ պէտք է գնահատել որպէս յստակ ուղերձ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական յայտարարութիւններուն դէմ։ Այս քայլով Իրան ցոյց կու տայ Սիւնիքի հատուածի կարեւորութիւնը իրեն համար եւ կը վերահաստատէ «իրանական կարմիր գիծերու» մասին նախապէս եղած յայտարարութիւնները։ Հիւպատոսութիւն բանալով նախ կը մեծնայ Սիւնիքի մարզի քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական կշիռը, ինչպէս նաեւ կը ստեղծուին հայ-իրանական տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման նոր հեռանկարներ յատկապէս Սիւնիքի հատուածին մէջ։ Միւս կողմէն Իրանի այս քայլին կրնայ հետեւիլ նաեւ այլ պետութիւններու կողմէ Սիւնիքի մէջ դիւանագիտական ներկայութեան ապահովման գործընթաց, որ կարեւոր է Սիւնիքի հանդէպ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ծաւալապաշտական նկրտումները կասեցնելու տեսակէտէն։

Շատ կարեւոր է նաեւ, որ Սիւնիքի մէջ իրանական դիւանագիտական ներկայութենէն յետոյ Հայաստան նոյնպէս փոխադարձութեան սկզբունքով կարողանայ հիւպատոսութիւն ունենալ Իրանի՝ Հայաստանի հետ սահմանային նահանգներէն մէկուն մէջ։ Այս առումով չափազանց կարեւոր է Իրանի Արեւելեան Ատրպատական նահանգի կեդրոն Թաւրիզ քաղաքը, որ Իրանի տնտեսական խոշորագոյն կեդրոններէն է։ Թաւրիզի մէջ հայկական դիւանագիտական ներկայութիւնը կրնայ տնտեսականէն բացի ունենալ նաեւ աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւն։ Երկար տարիներ իրանական այս քաղաքի եւ Իրանի հիւսիսային նահանգներուն մէջ քաղաքական ներկայութիւն ունեցած են միայն Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, ինչը այդ պետութիւնները բաւական լաւ կերպով օգտագործած են Հայաստանի հանդէպ իրենց թշնամական քաղաքականութեան իրանականացման գործընթացին մէջ, որու օրինակներէն է Արցախեան վերջին պատերազմին Իրանի այս հատուածին մէջ հակահայկական ցոյցերը եւ բողոքի ելոյթները։ Թաւրիզի մէջ հայկական դիւանագիտական ներկայութիւնը կրնայ նաեւ այս պետութիւններու հակահայկական քարոզչութեան չէզոքացման միջոց ըլլալ, ինչպէս նաեւ օգնել Իրանին սեփական պետութեան հիւսիսային նահանգներուն մէջ հայկական օգնութեամբ պայքարիլ փանթուրքական նկրտումներուն դէմ։

 

Սագօ Արեան