Դէպի Նոր Հայրենիք

Անց­նող հինգ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին բնաւ երա­նե­լի չէր Հա­լէ­պի մէջ մեր ապ­րած կեան­քը, ոչ իսկ նա­խան­ձե­լի: Բայց այ­սօր ար­ձա­նագ-ր­ուած իրե­րա­յա­ջորդ յաղ­թա­նակ­նե­րուն լոյ­սին ներ­քեւ ոմանք բարձ­րա­ձայն յայ­տա­րա­րե­լով, ոմանք ներ­քուստ սիր­տի կս­կի­ծով ցան­կա­ցան Հա­լէպ գտն­ուիլ եւ վա­յե­լել իրա­կա­նա­ցող յաղ­թա­նա­կին հա­ճոյ­քը:

Այ­սու­հան­դերձ շա­տե­րու հա­մար անս­պա­սե­լի էր պա­տա­հա­ծը, անոնց­մէ ոմանք նոյ­նիսկ նեղացած են յաղ­թա­նա­կէն եւ իրենց ներսիդի­էն կը փա­փա­քին, որ վի­ճա­կը չհան­դար­տի, որ­պէս­զի սխա­լա­կան դուրս չգան, որով­հե­տեւ անոնք երբ հե­ռա­ցան Հա­լէ­պէն ինք­նավս­տահ եւ մաղ­ձով յայտա­րա­րու­թի­ներ ըրին, թէ այս երկ­րին մէջ ալ կեանք չկայ, հոս ալ տեղ չու­նինք, ընե­լիք չու­նինք եւ իրենք հե­ռա­նա­լու ճիշդ որո­շում առած են: Առ այդ, այ­սօր­ուան ար­շա­լոյ­սը կը խան­գա­րէր անոնց որո­շու­մին «ճշգր­տու­թիւնը»…

Այ­սօր քն­նար­կե­լին մնա­ցո­ղին եւ հե­ռա­ցո­ղին թե­ման չէ, որով­հե­տեւ մնա­ցո­ղին ոչ ոք ստի­պեց հոս մնալ, ան իր ազատ կամ­քով շա­րու­նա­կեց ապ­րիլ այս անա­պա­հով պայ­ման­նե­րուն մէջ, իսկ հեռացո­ղը նո­րէն իր կամ­քով հե­ռա­ցաւ: Այ­պա­նե­լի չէ ո՛չ մնա­ցո­ղը, ո՛չ իսկ հե­ռա­ցո­ղը, որով­հե­տեւ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր յար­գե­լի պա­րա­գա­ներն ու պայ­ման­նե­րը ու­նի եւ մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը պարտաւոր է յար­գել միւ­սին որո­շու­մը: Սա­կայն քն­նար­կե­լին մեր «հայ­րե­նա­սէր» եւ «ազ­գա­սէր» ժո­ղո­վուր­դի այն զա­ւակ­նե­րուն վե­րա­բեր­մունքն է, որոնք խա­ղաղ ու բա­րօր օրե­րուն հայրենադարձու­թեան կո­չեր հն­չե­ցու­ցին, հայ­րե­նի եր­կի­րը շէնց­նե­լու եւ զար­գաց­նե­լու լօ­զունք­ներ շե­փո­րե­ցին, հայ­րե­նի պե­տու­թիւնը այ­պա­նե­ցին եւ Սփիւռ­քի ղե­կա­վա­րու­թիւնը մե­ղադ­րե­ցին, որ կը թե­րա­նան դէ­պի եր­կիր կար­գա­խօ­սը գործ­նա­կա­նաց­նե­լու ծրա­գիր­ներ մշա­կե­լու եւ հա­մադ­րե­լու, այ­սու­հան­դերձ սուր­ի­ա­կան այս ճգ­նա­ժա­մին, երբ լա­ւա­գոյն առիթն էր հա­րե­նի­քը ծաղ­կեցը­նե­լու, երբ այս պա­տե­րազ­մը յար­մա­րա­գոյն ժամն էր հայ­րե­նիք տե­ղա­փոխ­ուե­լու, անոնք նա­խընտ­րե­ցին մեկ­նիլ օտար ափեր, դէ­պի նոր հայ­րե­նիք` դէ­պի Գա­նա­տա եւ Աւստ­րալ­իա:

Այդ «հայ­րե­նա­սէր» մեծ­խօ­սիկ­նե­րը գործ­նա­կա­նօ­րէն իրենք իրենց ծրա­գիր­նե­րը իրա­կա­նաց­նե­լու աշ­խա­տան­քին թող լծ­ուէ­ին, եթէ ոչ աշ­խա­տան­քա­յին ծրագ­րով ապա նուա­զա­գոյ­նը իրենց ընտանիք­նե­րով հայ­րե­նիք փո­խադ­րուե­լով: Դեռ աւե­լին անոնք յոր­դո­րե­ցին նա­եւ իրենց հարազատ­նե­րը, որ դէ­պի Գա­նա­տա «հայ­րե­նիք» եր­թան, հա­մո­զե­լով, որ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնը փոր չի կշ­տաց­ներ, որ Հա­յաս­տա­նը ապա­գայ չի խոս­տա­նար մեր զա­ւակ­նե­րուն, հե­տե­ւա­բար նա­խընտ­րե­ցին Եւ­րո­պան, Ամե­րի­կան եւ կամ հե­ռա­ւոր Աւստ­րալ­ի­ան:

Ժա­մա­նա­կին այդ «հայ­րե­նա­սէր­ներ»էն շա­տե՜ր կ՛ըն­դի­մա­նա­յին եւ կը պոռթ­կա­յին, երբ մեր հայկա­կան վար­ժա­րան­նե­րը հար­կադ­րա­բար տե­ղի կու տա­յին օտար աշա­կերտ­նե­րու, կը նեղանային երբ իրենց զա­ւա­կին քով պի­տի նս­տէր ոչ հա­յա­խօս աշա­կերտ մը, օտար իր բար­քե­րով եւ սո­վո­րու­թիւն­նե­րով: Իսկ հի­մա ինչ­պէս պի­տի ըն­դու­նին Ամե­րի­կա­յի եւ Եւ­րո­պա­յի այդ բո­լո՜ր վտանգ­նե­րը, որ պի­տի սպառ­նան իրենց զա­ւակ­նե­րուն դպ­րո­ցէն ներս թէ դուրս: Զար­մա­նա­լի աշխարհ ինչ­պէս կը փոխ­ուին մեր սկզ­բունք­ներն ու հա­մո­զում­նե­րը:

 

Սեւան Շահպազեան