Կը շարունակուին Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի եւ հալէպահայութեան նուիրուած ժողովները, քննարկումները, հարցազրոյցները, դրամահաւաքները… եւ քիչ մը ամէն տեղ աշխարհի մէջ, ուր գործունեայ հայկական համայնք կայ:
Հալէպը ոչ միայն համայն հայաշխարհի մտահոգութեան առարկան է այսօր, այլ համայն աշխարհի կիզակէտը դարձած է: Քարտէզի վրայ Սուրիոյ տեղը չիմացող օտարները այսօր կը խօսին Հալէպի արուարձաններուն ու շրջակայ գիւղերուն ու ճամբաներուն մասին` անոնց անունները յաճախ կրկնելով:
Ժողովներուն ու ասուլիսներուն ներկայ եղող Հայաստանի մամուլի եւ հեռուստատեսութեան ոլորտի թղթակիցներ իրենց ասպարէզի պահանջներէն մղուած կը հետաքրքրուին Հալէպով ու անկէ ճիւղաւորուած հարցերով. առանց ակներեւ մտահոգութեան. գործ է, պիտի կատարեն, եւ ան ալ լա՛ւ պիտի կատարեն, որպէսզի շարունակեն աշխատիլ տուեալ հիմնարկութեան մէջ, քանի մրցակցութիւնը շատ է, եւ անոր որպէս հետեւանք, հարկ է «գրաւչութեամբ» ներկայացնել նիւթը, որպէսզի ընթերցող, կամ ունկնդիր հասարակութեան մօտ լաւ տպաւորութիւն ձգէ: «Լաւ տպաւորութեան» սիրոյն, անոնք յաճախ չափազանցութիւններու կը դիմեն, կամ հարցադրուողին բերանով ցնցիչ յայտարարութիւններ կ՛ընեն, բան մը, որ եթէ լրագրական ասպարէզի մէջ «վարպետութիւն» կը համարուի, ենթակային մօտ ալ ընդվզում կ՛առաջացնէ:
Սակայն, խոստովանիմ որ նախորդ տարիներու հետ բաղդատած, շատ բան փոխուած է այս օրերուս, ինչ կը վերաբերի Հալէպէն Հայաստան տեղափոխուիլ փափաքողներուն կարելի օժանդակութիւն ցուցաբերելուն: Բացի բարեսիրական կազմակերպութիւններէն եւ անհատ բարերարներէն, ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը արդէն ատենէ մը ի վեր լուրջ քայլերու դիմած է, ամէնօրեայ կապ պահելով ՀՀ Հալէպի Հիւպատոսարանին եւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդարանին հետ, իմանալով եկուորներուն տուեալները, ապա օդակայանին մէջ ընտանիքները դիմաւորելով ու զանոնք բնակարաններու մէջ տեղաւորելով:
Ճիշդ է որ քանի մը հազար ապաստանեալ տեղաւորելը եւ անոնց պէտքերը հոգալը պետութեան մը համար մեծ հարց չէ, սակայն նաեւ նկատի առնելու է Հայաստանի սահմանափակ կարելիութիւնները:
Եղան մարդիկ, որոնք բարձր գնահատելու համար Հայաստանի ընձեռած օժանդակութիւնները, օրինակ բերին իսլամ գաղթականներուն անփառունակ վիճակը Եւրոպական երկիրներու սահմաններուն ու վրանաքաղաքներուն մէջ, սակայն այդպէս ըսողները չեն անդրադառնար, որ Եւրոպա ապաստանողները լրիւ օտարներ են, որոնք օտար երկիրներու դռները կը բախեն, մինչ մենք, մեր երկիրը կու գանք, մենք մեր տունը կու գանք:
Սուրիոյ պատերազմը կը շարունակուի, որուն առաջին գիծին վրայ Հալէպն է որ կանգնած է «լինել-չլինելու» վիհի եզրին եւ կը մարտնչի, կը պայքարի, որ չգլորի վիհն ի վար, որ իր ստացած վէրքերը զինք հոգեվարքի չտանին:
Հալէպը բոլոր հայ գաղութները դիեցնողը եղած է, իսկական մայր եղած է, իր մակդիրը արժեցնելով որպէս Մայր Գաղութ ու տակաւին կը գոյատեւէ անհաւատալի կամքով ու աւիւնով: Հալէպահայութեան սատարելը ազգասիրութեան ամենապայծառ դրսեւորումն է:
Կը մնայ որ Հալէպը անկեղծ հոգատարութեան առարկայ ըլլայ, ո՛չ շահարկուող «դրամագլուխ» լրագրողներուն ու լրատուական միջոցներուն համար: