Նստած եմ պանդոկի սենեակիս պատշգամը: Գրեթէ միշտ նոյն սենեակն է, որ կը վարձեմ ամէն անգամ, որ արձակուրդի կ՛երթամ, ուստի լաւ գիտեմ նաեւ այս պատշգամը: Նստած եմ ու կը նայիմ դէպի պարտէզ, որ ծառախիտ է եւ կանաչութեան մէջ կ՛երկարի կ՛երթայ մինչեւ մօտաւոր ծովեզերքը: Վարը, ճիշդ իմ պատշգամին դիմացը ճիւղերը չորցած ծառ մը կայ: Մինչ քովի բոլոր ծառերը բեռնաւորուած են տերեւներով. այս մէկը տերեւ չունի: Չորցա՞ծ ծառ է, թէ իր տերեւները թափած են: Չեմ գիտեր: Միայն թէ ուշադրութեամբ կը նայիմ այդ ծառին, որովհետեւ անոր վերի ճիւղերուն վրայ չորս-հինգ ճնճղուկներ պար սարքած են` իրարու հետ խաղալով: Շատ երջանիկ ըլլալ կը թուին այդ թռչունները: Մէկ ճիւղէն դէպի միւսը կը ցատկեն, կ՛ոստոստեն, իրարու կը քսուին, թերեւս իրարու հետ կը համբուրուին, իրարու հետ կը սիրաբանին, յետոյ դարձեալ կը թառին ճիւղի մը վրայ, դարձեալ կ՛ոստոստեն զուարթ ճռուողիւններով: Անոնք տերեւներով բեռնաւոր միւս ծառերուն հետ գործ չունին, իրենց նախընտրութիւնը գացած է տերեւաթափ եղած այս ծառին: Ի՛նչ վարպետութեամբ իրենց երկու փոքրիկ ոտքերով կը կառչին ծառին ճիւղերուն: Ես անձանձրոյթ կը հետեւիմ անոնց այս խաղին: Մօտաւորապէս հինգ վայրկեան կը տեւէ: Յետոյ յանկարծ բոլորն ալ կը հեռանան, կ՛երթան: Կարծես թատերական ներկայացում մըն էր, որ կը վերջանայ:
Երկար կը մտածեմ թռչուններուն սարքած այս խաղին վրայ եւ յանկարծ ես ինծի կը հարցնեմ.
«Հապա՞ եթէ ծառին ճիւղերը չըլլային»:
Թերեւս մինչեւ հիմա բնաւ չէի մտածած, որ ծառերու ճիւղերը մեծ նշանակութիւն ունէին թռչուններուն համար: Թռչունները այս ճիւղերուն վրայ ապահովաբար այնքան հանգիստ են, որքան մենք հանգիստ ենք մեր բազկաթոռներուն մէջ: Հարկաւ տանիքի մը վրայ կամ հարթ մակերեսի մը վրայ ալ կը թառին թռչունները, բայց հիմա ինծի այնպէս կը թուի, թէ տանիքները կամ հարթ գետինները սիրելի չեն թռչուններուն, մանաւանդ, սա փոքրահասակ ու սիրուն ճնճղուկներուն: Եւ հիմա դարձեալ ինծի այնպէս կը թուի, որ այս սիրուն թռչունները դժբախտ են, եթէ իրենց տրամադրութեան տակ ծառ մը չկայ, եւ կը ստիպուին թառիլ տանիքի մը վրայ կամ այլուր: Բարեբախտաբար անոնք անպայման ծառ մը կը գտնեն: Ո՜վ գիտէ, Մայր Բնութիւնը թերեւս թռչուններուն համար է, որ ստեղծած է ծառերու ճիւղերը:
Բայց թռչուն կայ, թռչո՛ւն ալ կայ: Դիմացի ծառը դրախտային վայր էր ճնճղուկներուն համար, բայց աղաւնիները կը նայի՞ն թառիլ այդ բարակ ճիւղերուն վրայ ու սիրաբանիլ իրարու հետ: Մեծահասակ ճայերը կրնայի՞ն գալ ու հանգչիլ այդ վտիտ ճիւղերուն վրայ: Արագիլ մը, որ տանիքներու ծխնելոյզները կը սիրէ, կրնա՞ր իր այդ ծանրութեամբ թառիլ ծառի մը ճիւղերուն վրայ:
Պանդոկիս այս պատշգամէն է, որ ես, ամէն անգամ որ արձակուրդի կ՛երթամ, կը դիտեմ թռչունները: Բայց պատշգամիս թռչունները ընդհանրապէս աղաւնիներ են: Ամէն անգամ որ կ՛երթամ ու գոնէ կէս ժամուան մը համար կը նստիմ պատշգամի մէջ, անպայման կու գան երկու աղաւնիներ, ընդհանրապէս մէկը սպիտակ փետուրներով, միւսը` սեւ փետուրներով: Ես հինէն ի վեր նկատած եմ, որ աղաւնիներ ընդհանրապէս զոյգ կը պտտկին, եթէ մէկը կու գայ, ետեւէն ուրիշ մըն ալ կու գայ:
Այս անգամ, հակառակ որ Մարտ ամսուան մէջ էինք, օդը այնքան գեղեցիկ էր, որ նստայ պատըշգամը եւ սկսայ ուտել գետնախընձորի «չիփս»: Անմիջապէս որ բացի գետնախնձորի ծրարը, սեւ փետուրներով աղաւնի մը եկաւ ու սկսաւ դառնալ շուրջս: Երկու կտոր չիփս նետեցի թռչունին: Թռչունը մէկ կողմէ կը վախնար ինձմէ, մէկ կողմէ ալ կը ջանար մօտենալ ու խլել գետնախնձորի շերտը: Երկու շերտ եւս նետեցի: Ո՜վ զարմանք, յանկարծ երեք աղաւնիներ եւս եկան: Քանի մը շերտ գետնախնձոր եւս նետեցի: Հիմա չորս աղաւնիներ իրարու մըրցակից դարձած էին գետնախնձորները խլելու համար: Վախով դողով կը մօտենային, կը կտցէին գետնախնձորը, որ կը փշրուէր, կտոր մը կ՛առնէին ու քիչ մը կը հեռանային զայն ուտելու համար, յետոյ դարձեալ կը մօտենային, զիրար կը քշէին, երբեմն իրարու վրայ կը յարձակէին զիրար հեռացնելու համար: Վախնալով հանդերձ ինձմէ, յստակ կերպով ինծի կը նայէին, որպէսզի տեսնէին, թէ նոր գետնախնձոր կը նետե՞մ: Ես այս անգամ յատկապէս ոտքերուս տակ կը նետէի ու կը սպասէի, որ թռչուններէն մէկը վախով դողով մօտենար ինծի: Թռչուններէն մէկը կամ միւսը, միշտ աչքը վրաս` կամաց-կամաց կը մօտենար ու կայծակնային արագութեամբ կտոր մը կը խլէր ու հեռու կը փախչէր: Շուտով փշրանք մը անգամ չմնաց պատշգամիս մէջ, եւ երբ անոնք համոզուեցան, որ ես այլեւս նոր գետնախնձոր պիտի չնետէի, բոլորը մէկ հեռացան պատշգամէս: Անշուշտ` առանց շնորհակալութիւն յայտնելու:
Եթէ ծառին ճիւղերը չըլլային:
Նաեւ.
Եթէ թռչունները անօթի չըլլային:
Պատշգամիս չորս հիւր աղաւնիները ինծի անգամ մը եւս յիշեցուցին, որ եթէ անօթի ես, ամէն տեսակ վտանգը աչք կ՛առնես ուտելիք մը յափշտակելու համար: Թռչունները զիս իբրեւ վտանգ կը տեսնէին, բայց չէին կրնար անտարբեր մնալ գետին նետուած գետնախընձորներուն նկատմամբ: Ես ի՞նչ կըրնայի ընել, որպէսզի բացատրեմ, թէ ինձմէ վախնալու պէտք չունէին:
Յաջորդ անգամ գետնախնձորի չիփսի ծրարը հոն պիտի պարպեմ ու ես ներս պիտի քաշուիմ: Ո՛վ գիտէ, որքան պիտի ուրախանան աղաւնիները:
Ռ.Հ.