ԵԿԱ՛Յ, ՏԵՍԱՅ…

Բա­րե­կամս մէկ ամի­սով Հա­լէ­պէն եկած էր Երե­ւան իր հա­րա­զատ­նե­րուն այ­ցե­լու­թեան եւ պի­տի վե­րա­դառ­նար, հա­կա­ռակ Հա­լէ­պի շուրջ բռն­կած պա­տե­րազ­մա­կան ահա­ւոր վի­ճա­կին, որուն համար արաբ, թէ՛ օտար դէ­տեր եւ վեր­լու­ծա­բան­ներ կ՛ըսեն, թէ «ճա­կա­տագ­րա­կան» է. նոյ­նիսկ ենթադ­րող­ներ կան, որ Հա­լէ­պի ան­կու­մով,- Աստ­ուած մի արաս­ցէ,- կ՛իյ­նայ ամ­բողջ Սուր­ի­ան:

Հա­կա­ռակ տի­րող այս կա­ցու­թեան, ինք որ­պէս հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նի մը դաստ­ի­ա­րակ, ամիս մը ետք իր գոր­ծին գլու­խը պէտք է ըլ­լայ եւ ասի­կա ոչ միայն պար­տա­կա­նու­թեա­նը գի­տա­կից մար­դու հա­մո­զումն է, այլ իր եւ իր պաշ­տօ­նա­վա­րած վար­ժա­րա­նի առա­քե­լու­թեան հան­դէպ հա­ւատքն ու նուիր­ուա­ծու­թիւնը: Ան որ­քան որ իր ծնն­դա­վայր Հա­լէ­պին կապ­ուած էր, նոյն­քան ալ, որ­պէս գիտա­կից հայ ու  հայ­րե­նի հա­մալ­սա­րա­նէ շր­ջա­նա­ւարտ, սեր­տօ­րէն կապ­ուած էր Հա­յաս­տա­նին եւ բնաւ մին միւ­սը չէր խան­գա­րեր, հա­կա­ռակ որ շա­տեր եր­կու սէ­րե­րուն մի­ջեւ խտ­րու­թիւն դնել կը փոր­ձեն:

Այս մար­դը Երե­ւան ոտք դնե­լէն հա­զիւ տասը օր ետք, նկա­տած էր բա­ներ, որոնք խո­ցած էին իր հո­գին… եւ գրեց այդ մա­սին: Գրեց, որ ան­մի­ջա­պէս նկա­տած է այն  խրա­մա­տը, որ գո­յա­ցած է հայրե­նի ժո­ղո­վուր­դին եւ իշ­խա­նու­թեան մի­ջեւ. խրա­մատ մը, որ ամէն օր քիչ մը աւե­լի կը խորանայ ու կ՛ընդ­լայ­նի:

Ժո­ղո­վուր­դը դժ­գոհ է տի­րող վար­չա­կար­գէն եւ վա­րիչ­նե­րէն: Փտա­ծու­թիւնը, կա­շա­ռա­կե­րու­թիւնը, տն­տե­սա­կան տագ­նա­պին եւ քա­ղա­քա­կան ու զի­նուո­րա­կան ան­փա­ռու­նակ վի­ճա­կին հետ, եր­կի­րը դէ­պի ան­ծա­նօթ եւ վտան­գա­ւոր հո­րի­զոն­ներ կ՛ուղ­ղեն: Խօս­քով  ընդվ­զու­մը` «Ձայն բար­բա­ռոյ յանա­պա­տի» կ՛ըլ­լայ, իսկ ցու­ցա­րա­րա­կան ընդվ­զու­մը բըր­տու­թեամբ կը դի­մա­ւոր­ուի:

Յու­սա­հատ այս կա­ցու­թեան մէջ խումբ մը զին­եալ­ներ ապս­տամ­բու­թեան դրօշ պար­զե­ցին, որ տխուր վախ­ճան ու­նե­ցաւ, մար­դիկ զոհ­ուե­ցան ու վի­րա­ւոր­ուե­ցան, բայց բան չփոխ­ուե­ցաւ կացութե­նէն:

Բա­րե­կա­միս հա­մար  նո­րու­թիւն­ներ չէ­ին այս բո­լո­րը, որովհետեւ հայ­րե­նի լու­րե­րէն կտր­ուած մէ­կը չէր, սա­կայն գետ­նի վրայ այս բո­լո­րը լսել, տես­նելն ու շօ­շա­փե­լը, զինք մղած էին մտա­հո­գիչ հիասթա­փու­թեան:

Ան­կա­խա­ցած Հա­յաս­տա­նի առա­ջին 25ամ­եայ յո­բել­եա­նը այս վի­ճա­կո՞վ պի­տի տօ­նենք… Անկախու­թե­նէն քա­ռորդ դար ետք, եր­կի­րը անձ­րե­ւէն փա­խե­լով, կար­կու­տի տա՞կ պի­տի յայտնուէր, փո­խա­նակ հաս­տա­տա­կամ յա­ռա­ջա­նա­լու եւ շատ մը թե­րու­թիւն­ներ թօ­թա­փե­լով, կայուն, բա­րե­կե­ցիկ, ինք­նա­բաւ երկ­րի մը վե­րած­ուե­լու, ուր ար­դա­րու­թիւնը տի­րա­կան ըլ­լայ եւ ուր մար­դիկ ապ­րին նոր օրե­րը օրհ­նե­լով, ոչ թէ անի­ծե­լով, իսկ հին օրե­րը կա­րօ­տով յի­շե­լով:

Բա­րե­կամս ի՛նչ հո­գե­վի­ճա­կով պի­տի վե­րա­դառ­նայ Հա­լէպ` չեմ գի­տեր. թե­ւա­թա՞փ, յու­սա­խա՞բ, թէ՞ հա­ւա­տա­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի փիւ­նիկ­եան վեր­յառ­նու­մին. վս­տահ պէտք է ըլ­լայ, որ այս գորշ ամ­պե­րը ան­պայ­ման կը փա­րա­տին եւ հայ­րե­նիքն ու հայ ժո­ղո­վուր­դը կը գտ­նեն ար­ժա­նա­պա­տիւ եւ խա­ղաղ ապ­րե­լու հնա­րա­ւոր ել­քը… Կը կար­ծեմ որ այս վեր­ջի­նը աւե­լի իրա­կան է:

 

Յակոբ Միքայէլեան