ԹՈՂ ՈՐ ՄԵՐ ՆԱՀԱՏԱԿ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ … ԴԱՌՆԱՅ ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՄՆԸ

Պայծիկ Գալայճեան

24 տարի առաջ Հայաստանի եւ Սփիւռքի համայն հայութիւնը ողջունեց մեր Հայրենիքի Գ. Անկախութեան պայծառ արշալոյսը եւ մեր Հայրենիքը հռչակուեցաւ անկախ պետութիւն։ Դարերու ընթացքին իր անկախութիւնը բազմաթիւ անգամներ կորսնցուցած ժողովուրդը ի կատար ածեց իր դարաւոր երազանքը՝ յանուն գալիք դարերուն եւ ամէն արշալոյսին Հայրենիքի թէ Սփիւռքի տարածքին գտնուող իւրաքանչիւր հայորդի հպարտօրէն երգեց մեր ազգային հիմնը։
Նորանկախ Հայաստանը՝ ծնունդ առաւ ամենաբարդ պատմաքաղաքական հանգամանքներու բերումով ի մասնաւորի երբ դրացի հանրապետութեան կողմէ սանձազերծուած բացայայտ պատերազմի ազդանշաններ կ’արձակուէին: Մինչ միւս կողմէ երկրաշարժի, բռնագրաւուած հողերու, բռնի տեղահանուածներու, շրջափակման ու պատերազմի ծանրագոյն բեռին տակ Հայաստան կը տուայտէր, սակայն յանդգնեցաւ յաղթահարել իր դէմ ցցուող անյաղթահարելի թուացող մարտահրաւէրները, շնորհիւ հայու անկոտրում կամքին։ Հայ ազատամարտիկները կը կռուէին ոչ միայն իրենց զէնքերով, այլեւ մտքով ու հաւատքով, եւ վերջապէս հայու անընկճելի ոգիով: Համայն Հայ աշխարհին ապացուցելով, թէ Հայ զինուորը ոչ միայն ամուր է իր հոգիով, այլեւ քաջարի, իսկ վտանգի պահուն՝ առնական:
Պատմական ակնյայտ իրողութիւն է, թէ ժողովուրդներու անկախութիւնը ոչ թէ կը շնորհուի, այլ կը նուաճուի ազատագրական պայքարի, նուիրեալ հերոսներու, անձնազոհ ազատամարտիկներու եւ կամաւորական ջոկատներու արեան գնով, որոնցմէ շատեր իրենց կեանքը նուիրաբերեցին մեր նոր պետականութեան վերածնունդի զոհասեղանին: Եւ այդպիսով կազմաւորուած Հայոց բանակի սիրտը սկսաւ տրոփել համազգային սիրով, որուն ջերմութեամբ ան կը շարունակէ իր գոյերթը ցայսօր արժանավայել պատուախնդրութեամբ պաշտպանելով հայոց սահմաններու անվտանգութիւնը:
Համարեա մեր ազգային պատմութեան հոլովոյթը կը վկայէ թէ մեր ազգային բանակը ընդմիշտ դիմագրաւած է իր դէմ ցցուած մարտահրաւէրները, շնորհիւ մեր բանիմաց, զգոն ու անձնազոհ հրամանատարներուն, յանձին Սերժ Սարգսեանի, Վազգէն Սարգսեանի եւ Սէյրան Օհանեանի, որոնք ամէն ջանք ի գործ դրին ու տակաւ կը շարունակեն ներդնել ոչ միայն կատարելագործելու և հզօրացնելու համար զինուած ուժերը, այլեւ անոնց շնորհիւ ծնունդ տալու Հանրապետութեան երիտասարդական ամենամեծ կառոյցին՝ Հայոց բանակին:
Այսօր 24 տարի ետք, մենք պարտաւորութիւնը ունինք ակնածանքով ողջունելու անկախութեան նախօրէին ու անոր յաջորդող տարիներուն գոյացած այն երեւոյթը, երբ
սփիւռքահայ բանակային պատասխանատուներ, ազատամարտիկներ, հայոց կորիւններ, արբեցած հայրենի հողի ազատագրութեան գաղափարներով, ոգեվառ զգացումներով հասած էին Հայրենիք, իրենց մասնակցութիւնը բերելու եւ իրենց գիտելիքները ի սպաս դնելու Հայոց բանակին ազատագրական պայքարին. Հաւատալով, որ միայն այդ կերպ կարելի պիտի ըլլար անոր շարքերը դարձնել կուռ ու անսասան: Մեծ ուրախութեամբ պիտի ուզէինք ողջունել նաեւ այսօր, եթէ կրկնուէր նման երեւոյթներ ու սփիւռքահայ երիտասարդը իր հայու ոգու պարտքը շնորհէր Հայոց բանակին ու իր դրոշմը ձգէր հայրենի հողին վրայ, որպէս մասունք վտարանդի հայու բեկորներէ:
Փա՛ռք Հայաստանի Հանրապետութիւնը բարգաւաճեցնող և հզօրացնող հայ ժողովուրդին:
Յաւերժ փա՛ռք Հայրենիքի սիրոյն նահատակուած նուիրեալ բանակայիններուն:
Իր ազգային առաքելութեան ճանապարհին հայու հոգին բարձր պատուանդանի վրայ զետեղող, աննահանջ հաւատքով «Հայրենեաց պաշտպանի» վեհ կոչումը կրող հայ զինուորին:
Փա՜ռք ու պատիւ այսօրուայ յոբելեարին` բոլորիս հպարտութեան առարկան՝ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ: