Անկասկած, որ Թուրքիան բոլորովին նոր փուլ մը մտաւ Փետրուարին գրանցուած աղէտալի երկրաշարժէն ասդին։ Մինչ այս յօդուածին գրուիլը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ զոհերուն թիւը կը մօտենայ 50 հազարի ու նաեւ չէ բացառուած, որ այն աւելիով բարձրանայ եթէ հաշուի առնենք այն փաստը, որ տարբեր շրջաններու մէջ (մանաւանդ Թուրքիոյ պարագային) կան ամբողջ թաղամասեր, ուր փրկարարական խումբերը չեն կարողացած հասնիլ։
Այդ անշուշտ մեծագոյն ապացոյցն է, որ այսօր ներկայացուած զոհերու թիւերը ամբողջական եւ վերջնական չեն։
Աղէտի տարբեր հանգամանքներէն բացի շեշտը կը դրուի զոհերու սարսափելի թիւերուն վրայ ու նաեւ չի բացառուիր, որ այդ թիւերը ձիւնագնդակ դառնան ու երկրի քաղաքական ընդհանուր պրիսմակը տանին նոր եւ բաւականին խորքային ցնցումներու։
Ուրեմն յառաջիկայ ժամանակները բաւականին բարդ ժամանակներ պիտի ըլլան Թուրքիոյ համար, մանաւանդ որ երկիրը արդէն կը պատրաստուէր նախագահական ընտրութիւններու, որոնք պիտի կայացուէին յառաջիկայ Մայիսին։ Այս բոլորէն անդին աւելի քան յստակ է, որ այսօր Թուրքիոյ իշխող վարչախումբը կանգնած է բաւական բարդ վիճակներու առջեւ պայմանաւորուած, ոչ միայն ներքին մարտահրաւէրներով, այլ նաեւ Էրտողանեան արտաքին քաղաքականութիւն շարունակել- չշարունակելու տեսակէտով։
Ի վերջոյ երկրին մէջ գոյացած է աղէտ, որուն բուժման համար Էրտողան կարիքն ունի մանաւանդ Արեւմուտքի աջակցութեան ու աւելի քան յստակ է, որ Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութեանց այս վիճակով, Միացեալ Նահանգներ (նոյնիսկ եթէ որոշակի օժանդակութիւն ցոյց տայ) «ամբողջ սրտով» պիտի չմասնակցի Թուրքիան վերականգնելու միտուած ճիգերուն։ Ու հոս է նաեւ, որ կը ծագի մեծ հարցադրումը այն մասին, որ արդեօ՞ք Էրտողան պիտի փոխէ արտաքին ճակատի վրայ իր ունեցած «կարծր» մօտեցումները եւ անցնի փրակմաթիք քայլերու։
Շատ երկար պիտի չսպասենք այդ մէկը տեսնելու համար, ու յառաջիկայ ամիսները կամ նոյնիսկ շաբաթները մեր աչքերուն յստակ ու երեւելի պիտի դարձնեն, թէ ինչ ուղղութեամբ պիտի քալէ Էրտողանի Թուրքիան։
Հայկական օժանդակութիւն, նախարարի այց եւ … սպասում
Հայ-թրքական գործընթացները միշտ ալ եղած են ծանրաբեռնուած ամենատարբեր հանգամանքներով։ Այդ գործընթացներու պարագային առկայ են մի քանի շերտեր, որոնք մեծ հաշուով կը յուշեն (քաղաքական պաշտօնական երեսակէն անդին) պատմական դառն փորձառութիւններու ու մանաւանդ երկուստեք վստահութեան բացակայութեան մը մասին։ Պատմութեան ծանր բեռը, դաշոյնի պէս կը խոցէ հայ հասարակութիւններու սիրտը ու ամէն առիթի ժամացոյցի սլաքներու ճշգրտութեամբ մեզի հաւաքապէս կը դնէ խոր եւ չսպիացած վէրքերու ամբողջութեան մը առջեւ։
Այդ մեծ բեռը, պատմականութեան մեծ կշռաքարը դրուած է մեր խղճին ու գուցէ այդ ծանր լուծն է պատճառը այն մօտեցումներուն, որոնք բոլորիս մէջ լեզու մը եւ մտածում մը կը դնեն կտրականապէս մերժելու Թուրքիոյ հետ ցանկացած գործընթացի յաջողութեան յոյսերը։ Ասոր դիմաց մեր աչքերուն կը պարզուի Հայաստանի եւ Արցախի այսօրուան անմխիթար եւ տկար պատկերը, որուն համար ալ պատասխանատու ենք (ինչ որ տեղ) հաւաքապէս։ Հիմա այս պատկերին առջեւ, ի՞նչ ընել եւ ի՞նչպէս շարժիլ։ Ո՞ւրկէ գտնել յոյսի նոր պատուհան մը, ոչ թէ յաղթանակ մը կերտելու եւ ահռելի պարտութիւնէն դուրս գալու համար, այլ մանաւանդ պահելու ու պահպանելու այսօրուայ Հայաստանն ու Արցախը։
Ահա այս բոլորին մէջէն մեր դիմաց կը կանգնի դէպի Թուրքիա գացող ճանապարհ մը, որուն մէջ ալ կարեւոր դեր ունին Ռուսաստանն ու Միացեալ Նահանգներ։ Երկու գերտէրութիւնները «կը ցանկան» որ Հայաստան եւ Թուրքիա «խօսին» իրար հետ, յետոյ կարգաւորման անցնին, ճանապարհներ բանան եւ բնական «բարի դրացիական» յարաբերութիւններ իրականացնեն։
Տխուրն այդ է անշուշտ, որ մասնաւորապէս այս փուլին, ու այս «կոտրուած» վիճակին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար դժուար պիտի ըլլայ այդ մէկը ու Թուրքիոյ նկատմամբ ցանկացած քայլ, ցանկացած մօտեցում պիտի նմանի մոլախինդ խմելու փորձութեան։ Սակայն ժամանակը չսպասէր, անակնկալներով լեցուն մեր կեանքը կը բանայ նոր ատեններ, նոր ցաւեր կը բերէ հողը եւ ատոր դիմաց ալ մենք որպէս պետութիւն եւ պետականութիւն ունեցող ժողովուրդ հարկաւոր է շարժինք ճիշդ հունով մը, առանց զգացական զեղումներու, առանց պոռթկումներու եւ առանց անցեալի մեծ ցաւը առեւտուրի բարենիշի վերածելու։
Այս բոլորը նշելով է միայն, որ անձնապէս կը նայիմ դէպի Թուրքիա Հայաստանի կողմէ եղած քայլերուն, մանաւանդ աղէտալի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք։ Օգնութիւններ, փրկարարներու խմբակներ ու արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի դէպի Անգարա տուած այցելութիւն, որուն դրական արձագանգներուն մասին լուրեր հասան արեւմուտքէն, ու հեռաւոր Ռուսաստանէն, քան աղէտի գօտի ՝ Գահրամանմարաշէն։ Գուցէ աղէտն էր պատճառը Թուրքիոյ կողմէ շատ չափաւորական շնորհակալութեան (որն ինքնին հասկնալի է), բայց եւ այնպէս այս քայլերուն հիմնական շերտերն ու կերտուածքները տակաւին երեւելի չդարձան։
Այս բոլորին մասին ուշագրաւ տեսակէտ մը յայտնած է թրքագէտ Յակոբ Չաքրեանը, որ կը ներկայացնեմ ստորեւ։ Չաքրեան նկատել կու տայ, որ «Երկրաշարժի ցնցումը կը յաղթահարուի եւ Թուրքիան նորէն կը վերադառնայ իր նախկին դիրքերուն՝ այսինքն Հայաստանի հանդէպ առնուազն թշնամական քաղաքականութեան։ Նոյնիսկ եթէ Թուրքիոյ իշխանութիւնը փոխուի, թուրքերը չեն հրաժարիր իրենց հակահայկական քաղաքականութենէն, պարզապէս ձեւակերպումները կը փոխուին։ Այսինքն՝ եթէ նոյնիսկ նախագահը փոխուի, չ’ըսէր այլ բան, քան այն, որ Թուրքիան կը մասնակցէր 44-օրեայ պատերազմին 1915 թուականի երիտթուրքերու կիսատ ձգած գործը աւարտին հասցնելու համար։ Ատիկա Թուրքիոյ տեսանկիւնէն սխալ պիտի ըլլայ, նաեւ դիւանագիտական առումով։
Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը կախեալ է անոր որդեգրած աշխարհաքաղաքական դիրքորոշումէն։ Օրինակ՝ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու պարագային, չեմ ուզեր ըսել Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմ է, որովհետեւ իշխանութեան դէմ կռուողները սուրիացիներ չէին, Լիպիայէն տեղափոխուած էին Թուրքիա եւ այնտեղէն ներխուժած։ Իսկ մինչ այդ Էրտողանն ու Ասատն ընտանիքներով ամառնային արձակուրդներ կ’անցնէին։ Էրտողանն ամէն անգամ բերանը որ կը բանար կ’ըսէր՝ իմ եղբայր Պաշար Ասատը, յետոյ Պաշար Ասատը դարձաւ ստոր մարդասպան, սեփական ժողովուրդի դահիճ… ինչ հայհոյանք կար՝ ըսաւ Պաշար Ասատին, որովհետեւ յոյս ունէր, որ Սուրիոյ մէջ իր ազդեցութիւնը պիտի տարածէ, ուրկէ ալ արաբական միւս պետութիւններու նկատմամբ պիտի իրականացնէ Թուրքիոյ տարածաշրջանային գերտէրութիւն դառնալու երազանքը։ Էրտողան սխալեցաւ, որովհետեւ տարածաշրջանային գերտէրութիւն դառնալու համար նախ եւ առաջ տարածաշրջանային երկիրները պէտք է Թուրքիոյ վստահին, որ ան տարածաշրջանին մէջ ըլլայ առաջնորդող երկիր։ Արաբական երկիրները Թուրքիոյ չեն վստահիր, Թուրքիա անունը անոնց կը յիշեցնէ Օսմանեան տիրապետութիւնը: Արաբական աշխարհը կ’առաջնորդէ Եգիպտոսը, Թուրքիան ալ վաղուց Եգիպտոսի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունի։ Անցեալ տարի փորձեցին, Եգիպտոսը 12 նախապայման առաջադրեց, որոնցմէ մէկն այն էր, որ Էրտողան անձնապէս ներողութիւն խնդրէ Եգիպտոսի նախագահէն։ Այդ յարաբերութիւնները, սակայն, չկարգաւորուեցան, բնականաբար Էրտողանն ալ ներողութիւն չխնդրեց։
Ինչ կը վերաբերի հայկական կողմի ժէստերուն երկրաշարժէն ետք, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները քաղաքական նշանակութիւն ունին, իսկ փրկարար ջոկատ ուղարկելը մարդասիրական բնոյթ ունի։ Մարդասիրական ոլորտի գործողութիւններն ալ, չեմ կարծեր, որ նպաստեն երկկողմանի քաղաքական յարաբերութիւններուն, ընդամէնը թուրք հասարակութեան մէջ, եթէ իշխանութիւնները շատ խօսին, գուցէ որոշակի վերաբերմունք փոխուի։
Էրտողանը շատ չի խօսիր այլ պետութիւններու՝ նոյնիսկ ԱՄՆ-ի փրկարարական աշխատանքներուն մասին, որպէսզի կատարուած աշխատանքն իշխանութիւններուն վերագրէ։ Ուստի Էրտողան կ’աշխատի չխօսիլ դուրսէն եկած փրկարարներու մասին, իսկ օգնութեան մասին առհասարակ խօսք չկայ։ Օգնութիւնը կը յանձնեն Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան առընթեր՝ Աղէտի ու արտակարգ իրավիճակներու կազմակերպութեան։ Ինծի կը թուի, թէ ընտրութիւններէն առաջ, եկած օգնութիւնը պիտի բաժնեն ժողովուրդին, հիմնականին անոնց, որոնք Էրտողանի կուսակցութիւնը կ’ընտրեն։ Այսինքն՝ աղէտէն տուժածներուն համար ստացուած օգնութիւնը կ’օգտագործեն քարոզչական նպատակներով, եւ արդէն կ’ընեն։ Աղէտի 5-րդ օրն էր եւ որոշ տեղերու տուժածները պետական իշխանութիւններէն ո՛չ ջուր ստացած էին, ո՛չ հաց։ Օգնութիւնը աղէտի գօտի չմտած արդէն կը թալանուի, նոյնիսկ եթէ բեռնատարը քաղաք կարողանայ մտնել՝ վրայի լոկոն կը փոխեն, Էրտողանի կուսակցութեան անունը կը գրեն, որ կարծուի թէ Էրտողան ուղարկած է։ Նման բան ըրին, օրինակ, Սթամպուլի քաղաքապետարանի օգնութեան պարագային։ Փոքր երեխայի մը փրկած էին, ան ողջ-առողջ փլատակներու տակէն դուրս եկած էր, բայց գիշերը ցուրտէն մահացած։ Առափնեայ քաղաքները կարելի է նաւ մօտեցնել, գոնէ նորածինները, մինչեւ երեք տարեկան երեխաները՝ իրենց մօր հետ, եթէ ողջ է, նաւով տեղափոխէին գիշերը, որ չմրսէին, բայց ոչ մէկ բան ըրին։ Այդ իրենց խնդիրն է, իր ժողովուրդը գիտէ, առաջիկային ընտրութիւններն են, թող ճիշդ կողմնորոշուին։
Ես գիտեմ, որ նոյնիսկ եթէ իշխանութիւնը փոխուի, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ մեծ փոփոխութիւններ տեղի չեն ունենար։ Նկատի ունիմ այն, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պէտք է հաստատուին, ոչ թէ գործընթաց ծաւալեն, որ Թուրքիան Հայաստանի առջեւ սահման բանայ։ Թող չբանայ, մենք առանձնապէս շահելու բան չունինք»։
Սագօ Արեան