ԺՈՂՈՎՐԴԱ-ՎԱՌ ԹՈՒՐՔԻԱՆ

Թուրք­իոյ ճա­կա­տին պէտք է գր­ուի «Աստ հանգ­չի տե­մոք­րա­սին»… Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ախոյեան Թուրք­իոյ մէջ, ուր յա­նուն տե­մոք­րասիի խօս­քի ազա­տու­թիւն պէտք է ըլ­լայ, «Ձա­խող յեղաշր­ջում»ին մաս­նակ­ցու­թեան ամ­բաս­տա­նու­թեամբ հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ ձեր­բա­կալ­ուե­ցան եւ ով գի­տէ ին­չո՞վ պի­տի «վճա­րեն» իրենց «յան­ցանք»ին տու­գան­քը:

Հա­զա­րա­ւոր դա­տա­ւոր­ներ, հա­րիւ­րա­ւոր ու­սու­ցիչ­ներ, լրագ­րող­ներ կա­լան­քի տակ են, եւ ին­չո՞ւ հա­մար, այս մար­դի­կը զէ՞նք վեր­ցու­ցին իշ­խա­նու­թեան դէմ, թէ որով­հե­տեւ շա­տոնց է սեւ ցան­կին վրայ էին եւ յա­նուն ազատ խօս­քի իրա­ւուն­քին, տի­րող վար­չա­կար­գը կը քն­նա­դա­տէ­ին եւ յետ այսու այ­լեւս լուռ մնա­լու պի­տի դա­տա­պարտ­ուին եւ ոչ մէ­կը իրա­ւունք պի­տի ու­նե­նայ պետութեան դէմ ար­տա­յայտ­ուե­լու կամ էր­տո­ղա­նին «Աչ­քիդ վրայ յօնք կայ» ըսե­լու:

Է՞… ու­րեմն ո՞ւր մնաց տե­մոք­րա­սին: Տե­մոք­րասիի դէմ են եղեր տե­մոք­րասիի իրա­ւուն­քով ազատ խօ­սող­նե­րը… Այս­պի­սի հա­նե­լուկ լու­ծե­լը դժ­ուար է. յա­նուն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, ժողովրդավարօ­րէն գոր­ծող­նե­րը երբ կա­լան­քի տակ կ՛առ­նես ու ան­մարդ­կա­յին չար­չա­րանք­նե­րու կ՛են­թար­կես գորշ գայ­լե­րու քու վոհ­մա­կիդ շղ­թա­նե­րը ար­ձա­կած, ալ որո՞ւ կր­նաս կլ­լեց­նել, որ ըրած «մաք­րա­գոր­ծումդ» երկ­րին բա­րօ­րու­թեան եւ տե­մոք­րասիի վե­րա­հաս­տատ­ման հա­մար է:

Քու տե­մոք­րասի­իդ խել­քեր­նիս չի հաս­նիր պա­րոն նա­խա­գահ, նոյ­նիսկ եթէ Օպա­ման տա­սը մատնե­րով կն­քէ ու տա­սը տե­սակ Ին­ճիր­լիք ալ գոր­ծի լծէ:

Սատ­կած անա­սուն­նե­րու թաղ­ման վայ­րին վրայ գրած են «Դա­ւա­ճան­նե­րու գե­րեզ­ման» եւ սպանուած յե­ղաշր­ջու­մի մաս­նա­կից­նե­րը հոն պի­տի թա­ղեն եղեր. պռա­ւօ ձե­զի:

Չե՞ն ամչ­նար, երբ բան մը կ՛ըսեն եւ ու­րիշ բան կ՛ընեն: Սա­կայն որո՞ւ կ՛ըսես, մէյ մը մար­դուն երեսին քօ­ղը պատ­ռած է, ալ ամէն ստոր բան կա­րե­լի է ակն­կա­լել իր­մէ:

Ամ­բողջ աշ­խար­հը տե­սաւ ու դեռ կը շա­րու­նա­կէ տես­նել ամէ­նօր­եայ ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րը Թուրքիոյ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան, որոնց շնոր­հիւ էր, որ երկ­րին քիչ թէ շատ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն ապա­հով­ուած էր. հի­մա ալ ո՞վ կը հա­մար­ձա­կի ազա­տօ­րէն քն­նա­դա­տել տի­րող իշ­խա­նու­թիւնը, ժո­ղովր­դա­վա­րը իր ժո­ղո­վուր­դը վա­ռեց ու այ­րեց եւ Թուրք­-ի­ան տաս­նամ­եակ­նե­րով ետ տա­րաւ:

Յե­ղաշր­ջու­մի առա­ջին ժա­մե­րուն կա­տու դար­ձած Էր­տո­ղա­նը հի­մա իր դի­մա­կը հա­նած, իս­կա­կան գորշ գայ­լի իր երե­սը ցոյց տուաւ ու ժա­նիք­նե­րը սրած, աս­պա­րէզ կը կար­դայ աշ­խար­հին ու զինք դի­եց­նող Արեւ­մուտ­քը կ՛ամ­բաս­տա­նէ, որ իբր թէ ան հրահ­րած է յե­ղաշր­ջու­մը:  Կռ­նա­կը ապահովեց Ռուս­իոյ հետ հաշտ­ուե­լով, անոր ոտ­քե­րը լզե­լէ ետք, ու հի­մա կը փոր­ձէ Սուր­ի­ան ալ սի­րա­շա­հիլ:

Մար­դը սմ­սե­ղուկ կ՛ըլ­լայ, բայց այս­քան ստոր, սրի­կա դառ­նա­լը չէ­ինք պատ­կե­րաց­ներ: Դար­ձա՛ւ, եղա՛ւ, ասոր թուրք կ՛ըսեն: Րէն հա­նես ու մնա­ցա­ծը երե­սին շպր­տես:

 

Յակոբ Միքայէլեան