Թերեւս միջազգային դաշտին վրայ ընթացող զարգացումները, բայց եւ այնպէս հիմնականօրէն Պաքուի ունեցած կազը։ Իրաւամբ է, որ Ատրպէյճանի ունեցած կազային պաշարները կը շարունակեն շատ աւելի մեծ արժէք ներկայացնել «Միջազգային հանրութեան» համար, որոնք սրդողացին, երբ Ռուսաստան պատերազմ սկսաւ Ուքրանիոյ մէջ։
Ճիշդ է, որ շուտով այդ պատերազմի երկրորդ տարին իր լրումին պիտի հասնի, եւ մասնաւորապէս Եւրոպական ցամաքը կազի տագնապ կամ կազի պակասութեան տագնապներ ու ցնցումներ չապրեցաւ, սակայն ըստ երեւոյթին այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ «Կազի գործօն»ը Եւրոպային «ջիղերուն» հետ խաղցող կարեւորագոյն գործօնն է։ Ու երբ խօսք կ’երթայ քաղաքակրթական կամ նոյնիսկ կրօնական փոքրամասնութեան մը ազատութիւնը պաշտպանելու, կամ իր սեփական հողին վրայ ապրելու իրաւունքը աւելի գերակայ համարելու մասին, ապա բոլորին համար պարզ կը դառնայ, որ այդ «խաղաքարտեր»ը, (որոնք սոսկական խաղաքարտեր չեն, այլ ապրելու եւ ազատօրէն արարելու իրաւունքներ են) կը դառնան անուժ գործօններ։
Այսօր իրավիճակը այդպիսին է ու այս «նրբութիւններ»ուն մէջ թիավարելով Պաքուի բռնապետը ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ քիչ մը աւելիով «խրելու» իր զօրքերը հայկական հողերուն մէջ, ոտքի տակ առնելով Հայաստան երկրի հողային անվտանգութիւնն ու միջազգային օրէնքներով ամրագրուած ամբողջականութիւնը։
Այստեղ անշուշտ աւելի քան ուշագրաւ է արդէն, որ Ալիեւ ամէն գնով կը փորձէ «Կազանիւթի կողքին» գործի դնել երկու հիմնարար գործիքներ, որոնց առաջինը դասական խաղաոճն է, իսկ երկրորդը աւելի «բրակմաթիք» խաղաձեւը։
Առաջինը կը վերաբերի Թուրքիոյ, որովհետեւ բոլորս շատ լաւ կը հասկնանք, որ Թուրքիոյ մասնաւորապէս նախագահ Էրտողանի դերը շատ աւելիով փոխուած է ու դարձած կեդրոնական դեր մը։ Իսկ երկրորդը Մոսկուա-Երեւան առկայ լարումն է, որմէ Ալիեւ կը փորձէ առաւելագոյնս օգտուիլ։
Թուրքիոյ հետ Ատրպէյճանի հաստատուն եւ «թուրք-եղբայրական» յարաբերութիւնները նորութիւն մը չեն, նորութիւնը թերեւս Թուրքիոյ քաղաքական տրամաբանութեան նոր դրսեւորումն է, որուն միջոցաւ ալ Էրտողանի Անգարան կ’ուզէ Ռուսաստանի դերը իր վրայ վերցնել մասնաւորապէս Հարաւային Կովկասին մէջ։
Միւս կողմէ եւ ինչպէս վերը նշեցինք, Պաքուի համար «երկինքէն ինկած խնձոր»ի մը վիճակը ստեղծած է Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ ստեղծուած լարումը, որ մինչեւ այս պահը կը շարունակուի իր ստուերը տարածել մեր տարածաշրջանին վրայ։ Թերեւս երկար տարիներ Պաքու սպասած է այս «պատմական» պահին, որպէսզի ամէն ճիգ ընէ, որ Մոսկուա Պաքուին մէջ տեսնէ «իրական» փոխարինող մը, որ կրնայ ԱՄՆ-էն հեռանալ, բայց եւ այնպէս միեւնոյն ժամանակ պահել-պահպանել իր կողմնակի, բայց կարեւոր կապերը՝ Թէլ Աւիւին հետ։
Անշուշտ այստեղ վերջնական խօսքը տակաւին չէ հնչած ու այդ մէկը կապուած է բնականաբար Մոսկուայի վերջնահաշուարկին հետ, որովհետեւ Մոսկուայի համար եւ Երեւան եւ Պաքու մէկ նժարի երկու ձեռքերն են, եւ այդ պարագային է, որ Ռուսաստանի համար Երեւանը կորսնցնելու բոլոր մակարդակի երեւոյթները պէտք է վերջնականապէս փարատին։
Այս բոլորի կողքին Հայաստանի համար աւելի քան կարեւոր է արժեւորել, ոչ թէ Եւրոպայի դերն ու խօսքը, այլ հաշուի նստիլ մասնաւորապէս Իրանին հետ, որ այդքան ալ գոհ չէ Պաքուի տուած խաղերէն։
Անշուշտ այստեղ հարկ է ամրագրել, որ հակառակ ամէն տեսակի երեւոյթներու եւ շահերու աւելի քան յստակ է, որ Եւրոպա Ալիեւը «պաշտպանել»ով կամ անոր ժխտական դերը դրականի վերածելով թանձր եւ թունաւոր հեղուկ մը խմելու փորձեր կ’ընէ, մէկդի դնելով այն վարկածը, որ Պաքուի ունեցած կազը յաւիտենական չէ։
Ի դէպ աւելի յստակ կերպով դիտարկելու համար Եւրոպական տէրութեանց Պաքուի հանդէպ ունեցած ուշադրութիւնը օրերս ուշագրաւ յօդուած մը կարդացի Եւրոպական հարցերով վերլուծական հրապարակումներ կատարող EURACTIV կայքին վրայ։
Աղբիւրը մասնաւորապէս կը գրէր, որ Ալիեւ եւրոպական ցամաքին համար «ամենասիրելի բռնապետն» է։
Ստորեւ թարգմանաբար «ԱՊԱԳԱՅ»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ յօդուածին հիմնական մասերը։
«Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ Եւրոպական Միութեան առաջնորդներու հանդիպման օրակարգի ամենաքննարկուած հարցերէն մին Հայաստանի իրավիճակն էր այն բանէն յետոյ, երբ Ատրպէյճան վերահսկողութիւն հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի վրայ:
Միջազգային մամուլը կեդրոնացած է Ատրպէյճանի առաջնորդ Իլհամ Ալիեւի վրայ, որ արհամարհած է Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարներու հետ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի կողմէ կազմակերպուած գագաթնաժողովի ծիրէն ներս կայացած հնգակողմ բանակցութիւնները:
Նման արհամարհանք կը շփոթեցնէ հիւրընկալողները: Բայց Ալիեւ Եւրոպական Միութեան սիրելի բռնապետն է։ Երբ Ռուսիա յարձակեցաւ Ուքրանիոյ վրայ, ատրպէյճանական կազը արժէքաւոր դարձաւ, քանի որ ռուսական մատակարարումները կրճատուեցան:
Ալիեւ Ղարաբաղը առաւ որպէս «հասուն միրգ», քանի որ կրնար ընել այդ։
Ան նաեւ կրնայ յայտարարել, որ ցեղային զտում չկայ. 120 հազար բնակիչ գացած է Հայաստան ապաստան գտնելու ոչ թէ այն պատճառով, որ Ալիեւի բանակը վտարած է զանոնք, այլ՝ որովհետեւ կը վախնային, որ այդ տեղի ունենայ։ ՄԱԿ-ի տուեալներով, Ղարաբաղի քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն՝ հիւանդանոցներուն, դպրոցներուն ու բնակելի շէնքերուն, ինչպէս նաեւ մշակութային եւ կրօնական կառոյցներուն, վնաս չէ հասցուած:
Այնպէս որ, ամէն բան կարգին է, Եւրոպական Միութեան սիրելի բռնապետը կատարեալ պատերազմ մղած է՝ առանց զոհերու, աւերներու եւ պատերազմական յանցագործութիւններու: Աւելին, միջազգային իրաւունքին համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածք է, ուստի կարելի է պնդել, որ վաղ թէ ուշ այդ պէտք էր տեղի ունենալ։
Թերեւս, Ալիեւ յաջողեցաւ, քանի որ Եւրոպան մոռցած է, թէ ինչպէս էր իրադրութիւնը 1938 թուականին Միւնիխի մէջ։
Բռնապետը (այս պարագային՝ Հիթլերը) հանգստացնելը 1938 թուականին Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ, ֆաշիստական Իտալիոյ եւ նացիստական Գերմանիոյ միջեւ կնքուած համաձայնագիրի հիմքն էր։ Ըստ էութեան, համաձայնագիրը կը նախատեսէր Գերմանիոյ կողմէ Չեխոսլովաքիոյ մէկ մասի կցումը, որ կը կոչուի Սուտեթ, ուր կ’ապրէր աւելի քան երեք միլիոն մարդ, հիմնականին մէջ՝ գերմանացի: Հիթլերը հանգստացնելու համար անոր «ինչ որ կ’ուզէ» տալը, ի հարկէ, ամօթալի եւ սխալ քայլ էր:
Միւս կողմէ լուրջ կասկածներ կան, որ Ալիեւ նոր պատերազմի մը կը նախապատրաստուի, որուն նպատակն է ցամաքային միջանցք ստեղծել Նախիջեւանի՝ ատրպէյճանական անկլաւի (սահմանափակուած տարածք), եւ մայրցամաքային Ատրպէյճանի միջեւ՝ Հայաստանի տարածքը գրաւելու միջոցով։
Եւ ան ունի Թուրքիոյ աջակցութիւնը, որ վեհութեան մոլուցքով կ’երազէ աւելի լայն թրքական միջանցքի մասին՝ Անատոլիայէն մինչեւ Չինաստանի ույղուրները։ Եւ միակ հողատարածքը, որ կը պակսի այս պատկերը ամբողջացնելու, Հայաստանի տարածքն է։
Ալիեւ գիտէր, որ իր վրայ ճնշում պիտի գործադրուի Կրանատայի մէջ, երբ հնգակողմ բանակցութիւններուն ինք մինակը պիտի մնար չորսի դէմ, ուստի մերժեց հրաւէրը։ Որպէս պատրուակ՝ ան օգտագործեց ֆրանսացի պաշտօնեաներու «հայամէտ յայտարարութիւնները» եւ Երեւանին զինատեսակ մատակարարելու Ֆրանսայի ենթադրեալ որոշումը։
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քեթրին Քոլոնա առաջին արեւմտեան պաշտօնեան էր, որ այցելեց Երեւան Ղարաբաղի անկումէն յետոյ։ Բայց ան չէ յայտարարած Հայաստանին ֆրանսական զէնք մատակարարելու որոշման մասին։ «Ֆրանսան համաձայնած է Հայաստանի հետ կնքել ապագայ պայմանագիրներ, որոնք թոյլ կու տան ռազմական սարքեր մատակարարել Հայաստանին, որպէսզի ան կարողանայ ապահովել իր պաշտպանութիւնը»։
Ապագայ պայմանագիրներու կնքման «համաձայնութիւնը» չի նշանակեր, որ ռազմական մատակարարումները շուտով պիտի սկսին։ Իսկ Ֆրանսան շատ բան չունի ուղարկելու, քանի որ Ուքրանիա ուղարկուող մատակարարումները սպառած են պաշարները։
Իրական պարունակը հետեւեալն է. Ֆրանսայի մէջ կ’ապրի կէս միլիոն հայ, եւ Քոլոնան պէտք էր այցելել Երեւան եւ ըսէր որեւէ բան, որ գեղեցիկ եւ տեղին հնչէր: Ալիեւ գիտէ այդ, բայց պատրուակը շատ լաւ էր հրաժարելու համար։
Եւրոպական Միութիւնը մեծ սխալ թոյլ տուաւ՝ չհրաւիրելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը Կրանադայի մէջ կայանալիք հնգակողմ միջնորդական բանակցութիւններուն։ Թուրքիոյ նախագահը տարածաշրջանի խոշոր խաղացող է եւ Ատրպէյճանի ուժեղ կողմնակիցը, եւ ան պէտք չէ բացակայի նման բանակցութիւններէ։
Եթէ կ’ակնկալուէր, որ Կրանատայի հանդիպումը կարեւոր իրադարձութիւն դառնար, ուրեմն, իսկապէս, այն այդպիսին եղաւ եւրոպական ձախողած քաղաքականութեան տեսանկիւնէն։
Հանդիպումը հաւանաբար պիտի խրախուսէր Ալիեւը եւ Էրտողանը, որ առաջ երթան եւ խլեն այն, ինչ կ’ուզեն Հայաստանէն: Հայերը կրնան փորձել կռուիլ, սակայն, հաւանաբար, աւելի լաւ է յանձնուին։ Կարծես, ոչ ոք իսկապէս պատրաստ է օգնել անոնց»։
Սագօ Արեան