ԻՆՉՈ՞Ւ ԳՆԱՑ…

Վասն խմբագրականի

 

Միջազգային դիւանագիտութեան դասագիրքերը մեզի կը սորվեցնեն, որ աշխարհի պետութիւնները, անկախ իրենց մեծութենէն, բնակչութեան թիւէն, ռազմական ոյժէն եւ վայելած հեղինակութեան չափէն, մէկ բանի մէջ հաւասար են իրարու` պետական արժանապատուութեան: Այդ մօտեցումով ալ` միջազգային ու միջպետական յարաբերութիւններու մէջ եւ փրոթոքոլային հարթակներու վրայ այդ սկզբունքը կը կիրարկուի կարելի չափով:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութիւնը անցեալ շաբաթ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած նախագահական երդմնակալութեան արարողութեան` տեղի տուաւ զանազան մեկնաբանութիւններու, համամտութեան եւ դատապարտումի խօսքերու, նոյնիսկ` վիրաւորանքներու, անշուշտ փոխադարձ:

Ոմանք, յատկապէս ժողովրդային խաւերու մէջ, վարչապետին մասնակցութիւնը Էրտողանի երդմնառութեան հանդիսութեան համարեցին շատ բնական, սովետական շրջանէն եկող սովորամոլութեամբ նկատել տալով, որ եթէ երկրին պետական ղեկավարութիւնը այդպէս կը վարուի, ուրեմն բան մը գիտէ զոր մենք չենք գիտեր եւ մեզի պէտք ալ չէ գիտնալը:

Ուրիշներ` աւելի յանձնառու եւ նախանձախնդիր մարդիկ, հարց տուին, թէ ի՞նչպէս կրնայ Հայաստանի վարչապետը, ո՛րեւէ վարչապետ, երթալ շնորհաւորելու ու սեղմելու ձեռքը մարդու մը, որուն «Պայրաքտարները», վարձկան ահաբեկիչները եւ զինուորական խորհրդատուները պատճառ դարձան մեր հազարաւոր տղոց սպանութեան, անդամախեղման, խաղաղ բնակիչներու գաղթեցումին: Ի՞նչպէս կրնայ վարչապետը սեղմել ձեռքը միջազգային ոճրագործի մը, որ հայկական Շուշիի մէջ Իլհամ Ալիեւի հետ յոխորտանքով կանգնած` երանութեամբ կը յիշեցնէր մեր ժողովուրդին գլխաւոր դահիճներէն Էնվէրի համաթուրանական ծրագիրը, այսինքն` հայ ժողովուրդին ի սպառ ոչնչացումը, եւ «խրատել» մեզ, թէ պատմութեան դասերը լաւ չենք սերտած…

Եղան ու դեռ կան մարդիկ ալ, որոնք Փաշինեանին Անգարա մեկնումը փորձեցին բացատրել զուտ դիւանագիտական նպատակայարմարութեամբ. Թուրքիան դրացի երկիր է եւ, հետեւաբար, Հայաստանը չի կրնար անտարբեր մնալ դրացի երկիրին մէջ տեղի ունեցող կարեւոր իրադարձութեան նկատմամբ: Մանաւանդ ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ Փաշինեան ու իր վարչախումբը լուրջ ջանքեր կը գործադրեն այդ երկիրին հետ բնականոն յարաբերութիւններ ստեղծելու, բանալու 30 տարիէ ի վեր Թուրքիոյ կողմէ գոցուած սահմանային ճամբաները եւ դուրս գալ շրջափակումէն, մեկուսացումէն: Ի՞նչ է, հարիւր տարի ե՞ւս պիտի մնանք Ցեղասպանութեան քաղաքական ու հոգեբանական կապանքներուն ենթակայ, հարց տուին վերը ակնարկուած մարդիկ: Մենք պէտք ունինք բացուելու, դուրս գալու Ցեղասպանութեամբ միայն ճանչցուած ըլլալու բարդոյթէն, որ, կը  շարունակեն յայտարարել անոնք, ոչինչ կ’աւելցնէ մեր պետութեան ապահովութեան վրայ, ո՛չ ալ կ’ամրապնդէ մեր ազգային գոյութեան ու տնտեսական զարգացման հիմերը:

Տեսութիւն, աւելի ճիշդ` մտայնութիւն, որ միայն առաջին հայեացքով կը թուի գործնապաշտական ըլլալ, մինչդեռ իրականութեան մէջ մեզ ուղղակի կը տանի դէպի կործանում: Կեղծ տեսութիւն մը, որով կ’առաջնորդուին Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր շրջապատի կեղծ կամ միամիտ գործիչները, որոնցմէ մէկն ալ, ինչպէս վերջերս պարզուեցաւ, Սփիւռքի գործերով իր յանձնակատար-գործակատարն է, որ օրերս ցնդաբանեց, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումի գործընթացը օդի տատանում է միայն, որ ոչինչ տուած է եւ կրնայ տալ հայրենիքի հզօրացումին եւ ապահովութեան:

Եւ եթէ կարելի էր Սինանեանի այդ ցնդաբանութիւնը վերագրել իր պատեհապաշտ ըլլալուն, ապա չեմ գիտեր ի՞նչ բանի վերագրել ամիս մը առաջ երեւանեան իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին հռետորական հարցումի ձեւով հնչած Ժիրայր Լիպարիտեանի պնդումը, թէ վերջին 30 տարուան ընթացքին Թուրքիան որեւէ տարածք գրաւե՞ր է մեզմէ, կամ որեւէ հայ սպաննե՞ր է: Ապշեցուցիչ է իսկապէս: Ժ. Լիպարիտեանի նման քաղաքագէտ ու զարգացած մարդո՞ւն ալ կարիք կայ բացատրելու, որ վերջին 30 տարին Հայաստանի ու հայութեան դէմ ի՞նչ ըրած է Թուրքիան: Պէտքը կա՞յ յիշեցնելու 1993 թ.-էն ի վեր շարունակուող էմպարկոն, ազերիական ջարդարարութիւնները քաջալերել-պաշտպանելը, ազերիական բանակը զինելն ու մարզելը, վարձկան ահաբեկիչները մեզի դէմ ռազմաճակատ ուղարկելը: Ճիշդ է, շնորհիւ ռուսական սահմանապահ զօրքի առկայութեան Թուրքիան այս անգամ չէ ներխուժած մեր երկիր, հայկական բնակավայրեր չէ քանդած, ազգաբնակչութիւնը կոտորածի չէ ենթարկած, սակայն այդ երկիրը, Թուրքիան կամ այդպիսի ո՛րեւէ երկիր, կրնա՞նք` եթէ ոչ բարեկամ, գէթ վստահելի դրացի համարել մեզի:

Պատասխանը կախում չունի մեզմէ, մեր դաժան փորձառութիւններէն, ո՛չ ալ մեր «նախապաշարումներէն», այլ` անկախութենէն ետք (խօսքը Հայաստանի երկրորդ անկախութեան կը վերաբերի, թէեւ առաջինն ալ բարեյուսութեան որեւէ ազդանշան չէ տուած մեզի, այլ ընդհակառակը) իրողապէս, գետնի՛ վրայ գոյութիւն ունեցող կացութենէն: Եւ այդ կացութիւնը եթէ ոչ փոխելու, գէթ մեղմացնելու ջանքեր, որոնց ամէնէն քաջատեղեակ անձերէն մէկը նոյնինքն Ժ. Լիպարիտեանն է, ի գործ դրուած են մեր կողմէ, նկատի ունիմ 1995-ին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին մասնակցութիւնը Թուրգութ Էօզելի յուղարկաւորութեան, նաեւ` հետագային, նախագահ Սերժ Սարգսեանի ժամանակ ամերիկեան նախաձեռնութեամբ սկսած` այսպէս կոչուած «ֆութպոլային դիւանագիտութեան»  ձախողումը ոչ մեր մեղքով:

Ուրիշ խօսքով, հայկական դիւանագիտութիւնը, բնականաբար ոչ մեծ խանդավառութեամբ, միշտ կամ գրեթէ միշտ ձգտեր է բնականոն հունի մէջ տեսնել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները որպէս ակամայ դրացի երկրի, եւ միաժամանակ` որպէս տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ ապահովութեան տեսակէտէն կարեւոր պետութիւն, միշտ առաջ քաշելով «յարաբերութիւններ` առանց նախապայմանի» նախապայմանը: Անշուշտ բառախաղ չէ վերջինը. պաշտօնական Անգարան ուղիղ թէ միջնորդաւորուած շփումներու ընթացքին սեղանի վրայ միշտ ալ դրած է նախապայմաններ, որոնց մէջ Արցախի հարցը չէ եղած միակը: Լռելեայն թէ այլապէս, շփումներու թէ բանակցութեանց սեղան բերուած են, միշտ Անգարայի կողմէ, նաեւ այլ նախապայմաններ` Ցեղասպանութեան փաստական ուրացումէն մինչեւ սփիւռքահայութեան պահանջատէր հատուածին հետ կապերու խզում, Նախիջեւանով եւ Սիւնիքով դէպի Ատրպէյճան միջանցքի տրամադրումէն մինչեւ… Արարատի լքում:

Եւ ահա այս պայմաններուն տակ վարչապետ Փաշինեանի մասնակցութիւնը պաշտօնավարութեան ամբողջ ժամանակաշրջանին Հայաստանի ու հայութեան նկատմամբ դրական ոչ մէկ քայլ, նոյնիսկ ոչ մէկ խօսք արտասանած Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութեան: Այդպիսի պարագաներուն կատարուող քայլերը միշտ ալ խորհուրդ մը, պատգամ մը կ’ունենան, պէ՛տք է ունենան: Արդ, ո՞րն էր այդ պատգամը. մեր ժողովուրդը ոչինչ հասկցաւ: Միայն իմացաւ ու հեռուստատեսութեամբ տեսաւ խայտառակումը իր պետութեան` սկսեալ Անգարայի օդակայանին մէջ դիմաւորուելու պահէն (10-րդ պաշտօնեայի մը կողմէ) մինչեւ Ալիեւին ետեւը ժպտալու, աչքերով` «զիս ալ նկատեցէք» աղաչանքը Էրտողանին ու մինչեւ ողնածուծով հայատեաց անձնաւորութիւններու հետ սիրալիր ձեռքսեղմումները Փաշինեանին:

Ընդհանրապէս, պաշտօնական ընդունելութիւններու ժամանակ պետութիւնները իրենց ներկայացուցիչներուն աստիճանը կը բարձրացնեն կամ կ’իջեցնեն ըստ դիմացի պետութեան հետ յարաբերութիւններու մակարդակի բարելաւման կամ նուազումին: Էրտողանի 2014-ի երդմնակալութեան Հայաստանը կը ներկայանար յանձին յատենի արտգործնախարար էտուարտ Նալպանտեանով: Միջպետական յարաբերութեանց այդ ի՞նչ բարելաւում կատարուեր էր, որ Հայաստանի թիւ 1 պաշտօնեան անձամբ գացեր էր հայասպան նախագահը շնորհաւորելու: Ի՞նչ ըսելու համար եւ ի՞նչ իրաւունքով: Ո՞վ տուեր էր Հայկական պետութիւնը ծաղրուծանակի ենթարկելու իրաւունքը անոր կամ որեւէ մէկուն: Պետական արժանապատուութիւնը գերիվեր է ամէն բանէ: Այդ արժանապատուութիւնը արհամարհող մարդը չի կրնար երկիր ներկայացնել:

Եւ հիմա` գլխաւոր հարցը. ինչո՞ւ գնաց, ինչո՞ւ եկաւ:

 

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ