Ինչո՞ւ եկաք, ինչո՞ւ կ’երթաք

Սուր­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մէն, յատկապէս,  Հա­լէ­պի ար­հա­ւիր­քէն փախ­չող եւ Հա­յաս­տան ապաստա­նող­նե­րուն տե­ղա­ցի­նե­րը յա­ճախ հարց տուած են. «Ին­չո՞ւ եկաք», շա­րու­նա­կե­լով կրկնուող յան­կեր­գը. «Մենք թող­նում գնում ենք, դուք ին­չո՞ւ  էք գա­լիս, էս եր­կի­րը եր­կիր չէ…»: Իսկ հի­մա, երբ Հա­լէպ ազա­տագր­ուած է հինգ տա­րի­նե­րէ ի վեր քա­ղա­քը շր­ջա­պա­տած ու ամէն օր հրթի­ռա­կո­ծած ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րէն, վտան­գը վե­րա­ցած նկա­տե­լով, կարգ մը հա­յեր որո­շած են վե­րա­դառ­նալ իրենց տու­նե­րը. հի­մա ալ նոյն հա­յաս­տան­ցի­նե­րը «Ին­չո՞ւ կ՛եր­թաք»ի մը պո­չը բռ­նած են ու կար­ծես թէ վե­րա­դար­ձող­նե­րը հայ­րե­նալ­քու­թեամբ կը մե­ղադ­րեն:

«Ին­չո՞ւ եկաք»ը դուք չէի՞ք ըսո­ղը, այն ատեն Հա­յաս­տա­նը ապ­րե­լու տեղ չէր, իսկ հի­մա երբ կ՛ու­զեն վե­րա­դառ­նալ իրենց աւեր­ուած եւ թա­լան­ուած տու­նե­րուն ու գոր­ծա­տե­ղի­նե­րուն տէր կանգ­նե­լու, յան­կարծ Հա­յաս­տա­նը քաղց­րա­ցա՞ւ, որ գա­ցող­նե­րը կը քն­նա­դա­տէք ըսե­լով` չեն մնար ու հաստատ­ուիր, հա­յաս­տան­ցի չեն դառ­նար…

Նաս­րէտ­տին Հո­ճա­յին պատ­մու­թիւնը յի­շե­ցի, էշուն վրայ նս­տի, կը խօ­սին, էշէն իջ­նէ, դարձ­եալ կը խօ­սին:

Դեռ կայ աւե­լի ցա­ւա­լին. հա­յաս­տան­ցին կր­նայ ըլ­լալ որ շատ ծա­նօթ չէ իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ու իրա­վի­ճա­կին եւ մա­կե­րե­սայ­նօ­րէն դա­տե­լով վե­րա­դառ­նալ փա­փա­քող­նե­րը կ՛այ­պա­նէ, հա­պա ի՞նչ ըսել կարգ մը Հա­լէպ մնա­ցող­նե­րուն, որոնք ամէն ին­չէ տեղ­եակ ըլա­լով հան­դերձ, վերադարձողներուն հան­դէպ եր­բեմն լռել­եան, եր­բեմն բա­ցա­յայտ, ար­հա­մար­հա­կան վերաբերմունք մը ու­նին, քիչ մըն ալ վրէժխնդ­րա­կան` «Եկա՞ք մը»… «Հա­պա՞, մենք ին­չեր քաշեցինք ու հոս մնա­ցինք, դուք փա­խաք ու հի­մա կու գաք, երբ ապա­հո­վու­թիւնը վերահաստատուած է ար­դէն»… «Է, այո, ի՞նչ կայ ատոր մէջ, մարդ­կա­յին ամե­նաբ­նա­կան անդրադարձն է վտան­գէն հե­ռու մնա­լը, ասոր մէջ ի՞նչ այ­պա­նե­լի բան կայ: Ի՞նչ պէտք է ընենք, մնա­ցող­նե­րուդ պռաւօ ըսենք, որ չկր­ցաք, կամ չու­զե­ցիք ել­լել…»:

Այս­պի­սի ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ական­ջիս կը հաս­նին, բայց  չեմ ու­զեր կողմ­նա­կալ ըլ­լալ, մէ­կուն իրա­ւունք տալ եւ միւ­սը քն­նա­դա­տել:

Ու­րիշ­ներ կա­րօ­տով եւ գր­կա­բաց կ՛ըն­դու­նին վե­րա­դար­ձո­ղը, այս ալ ար­ձա­նագ­րենք:

Ըստ պաշ­տօ­նա­կան տու­եալ­նե­րու, 2016-ին 516 սուր­ի­ա­հայ հա­սած է Հա­յաս­տան, այս­տեղ գտնուող­նե­րուն թիւը բարձ­րաց­նե­լով… մին­չեւ հի­մա ստոյգ թիւ մը չկայ, միշտ կը յիշ­ուի 13.000-15.000, սա­կայն այդ թիւը կ՛ուռ­ճա­նայ պաշ­տօ­նա­կան տե­ղե­կագ­րու­թիւն­նե­րուն եւ ՄԱԿ-ի Գաղթակա­նաց գրա­սեն­եա­կին ուղղ­ուած նա­մակ­նե­րուն մէջ, որ­պէս­զի ըստ թուա­քա­նա­կի նախարա­րու­թիւնը դրա­մա­կան օժան­դա­կու­թիւն ստա­նայ:

Յա­մե­նայն դէպս, վե­րա­դար­ձո­ղին կամ Հա­յաս­տան մնա­ցո­ղին, Նոր Տար­ուան առի­թով մաղ­թենք, որ իւ­րա­քան­չիւ­րը, իր որո­շու­մին հա­մար ապա­գա­յին չզղ­ջայ: Թող տա­րին ըլ­լայ բա­րի ու բա­րե­բեր, թող ամոք­ուին ցա­ւա­կիր­նե­րը ու նոր ցաւ չտես­նէ ո՛չ Սուր­ի­ան, ոչ ալ Հա­լէ­պը:

Յակոբ Միքայէլեան