Գերման ժողովուրդի պատմութեան մէջ «Յունիս 2»ը երկրորդ անգամ ըլլալով, անսովոր զուգադիպութեամբ մը համաշխարհային դատաստանին կը ներկայանայ իր առած ԱՐԴԱՐ ՎՃԻՌով: Առաջինը՝ 1921-ին, երբ Սողոմոն Թեհլիրեանի գործած վրէժխնդիր արարքը կ՝արդարացուէր դատարանի վճիռով, իսկ երկրորդը՝ 95 տարի ետք նոյն օրը, գրեթէ միաձայնութեամբ, կը ճանչնար Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին՝ յատկապէս, եւ ոչ-հայ փոքրամասնութեանց վրայ ընդհանրապէս:
Ազգերու պատմութեան մէջ, քաղաքական մտածողութիւնը վերածել կեանքի ու շարժումի, եւ անոր տալ հաւաքական գիտակցութեան ու քաղաքական կամքի արտայայտութիւն, ՉԱՓԱՆԻՇն է տուեալ ազգին քաղաքական ու մտաւորական ղեկավարութեան կարողականութեան եւ կարելիութիւններուն:
Արդարեւ, Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Պունտըսթակի պաշտօնական ճանաչումը Հայոց Ցեղասպանութեան, անհերքելի փաստաթուղթ մըն է, որ առաւել եւս ցնցեց համաշխարհային քաղաքական կարծիքը՝ ի նպաստ հայութեան ազգային պահանջատիրութեան, քանի որ Գերմանիոյ ներկայ ղեկավարութիւնը դատապարտեց ոչ միայն Թուրքիոյ պետութիւնը, այլեւ՝ Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը անմարդկային այս բռնարարքին մէջ:
Թուրք եւ գերման համագործակցութեան արտացոլացումը մենք կը գտնենք սփիւռքահայ գեղարուեստական գրականութեան էջերուն՝ տրուած Շ. Շահնուրի գրիչով: «Թերթիս Կիրակնօրեայ Թիւը» (Պէյրութ, 1958) հատորին մէջ ընդգրկուած է « Արդար գնդակահարութիւն մը Երեւանի մէջ» խորագրեալ արձակ էջ մը: Հատուած մը կայ հոն, արժանի լուսարձակի տակ առնուելու: Քեմալ Աթաթիւրք, առիթով մը հարց կու տայ իր մտերիմներուն.- «Որն է այն ուժը, որ Հայոց հայրենասիրութիւնը կ’ամրապնդէ, հակառակ իրենց կրած ազգակործան ջարդերուն»:
Երբ թուրք բարձր պաշտօնատարներ կը պատրաստուէին հարցը անլուծելի յայտարարել, «յանկարծ իր լուծումը կը գտնէ, շնորհիւ Տոքթ. Զիպերմանի, որ Անգարայի բժշկական համալսարանին մարդակազմութեան այժմու դասախօսն է», կը գրէ Շահնուր: Տոքթ. Զիպերմանի եւ Աթաթուրքի միջեւ տեղի ունեցած երկխօսութեան ընթացքին, գերման փրոֆէսէօրը կը յայտնէ հետեւեալը. «Ժողովուրդի մը հայրենասիրական զգացումները ջնջելու համար, անհրաժեշտ է ջնջել ժողովուրդն իսկ: Այդ նպատակաւ է, որ մենք ձեզի թելադրեցինք խմբական տեղահանութիւնը աւելցնել՝ տեղական ջարդերու ձեր հին մեթոտին վրայ, մեթոտ՝ որ ակնյայտօրէն անբաւական էր: Արդիւնքը ձեզի ծանօթ է: Բայց ժողովուրդ մը միայն ներկայ չէ, այլ նաեւ անցեալ: Միայն միս ու ոսկոր չէ,այլ նաեւ անշունչ իր: Այդ պատճառաւ է որ դուք քանդեցիք նաեւ անցեալը, որ կ’ապրէր անշունչ իրերու մէջ եւ բնաջնջեցիք ձեռագիրն ու տպագիրը, ուժանակ դրիք Անիի աւերակներուն տակ եւ խաչքարով դուք փողոց սալարկեցիք: Բայց ափսո՝ս, մոռցաք անհետացնել ու բնաջնջել առաւելապէս հիմնական բան մը՝ որ Հայ ժողովուրդին զգացումները իր մէջ կը խտացնէր առաւելագոյն չափով…: Մոռցաք Հայոց զանգակները»:
Ու գերման գիտնականը կը բացատրէ Աթաթուրքին, որ պատերազմի այդ տարիներուն գոհացնելու համար Գերմանիոյ զինարաններու մետաղի պահանջքը, հրամայեցին հաւաքել հայոց եկեղեցիներու զանգակները» … Բայց… «զանգակները կը մերժէին երթալ, քաջ գիտնալով որ իրենց մեկնումով պիտի լռէր վերջին ձայնը Հայուն: Բայց գացին ու ձուլուեցան…»:
Սակայն, «Ինչ որ մարդկային է՝ անկատար է ու թերի: Այդ իսկ պատճառաւ դուք չկրցիք բնաջնջել ամէն ինչ եւ հոս մնաց զանգակ մը, վերջինը»:
Ու կ’եզրափակէ գերման գիտնականը.-
«Հայոց այդ վերջին զանգակն է, որ կը հնչէ անվերջ եւ ձայն կու տայ իրեններուն, անոնց, որոնք ցրուած են աշխարհէ աշխարհ, ծովէ ծով: Կ’ըսեն թէ աւերակ եկեղեցիի մը նկուղին մէջ մնացած զանգակ մըն է ան, շատ հին եւ տեսքով անշահ: Բայց ան կը ղօղանջէ անդադար….:»
ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՆԳԱԿը ՝ վերջին ապաւէնն է Հայուն:
Ան պիտի հնչէ անդադար, ընդերկար ու յաւերժախօս:
Շահնուրի այս էջը, գրուած 80-ամեակ մը առաջ, կը հնչէ մեր ունկերուն՝ իբրեւ գեղարուեստական գրական էջ: Հարց մի՛ տաք.- ճշմարի՞տ է, թէ ճշմարտանման:
Ճշմարիտ է այնքա՛ն, որ կրցաւ խորտակել անարդարութեան եւ անտարբերութեան պատը, վկայ՝ մեր դէմ կատարուած ցեղասպանութեան հեղինակ Թուրքին մեղսակից՝ Գերմանիոյ աշխարհացունց «Ճանաչում»ը:
Պատմական փաստաթուղթ ու դատավճիռ:
… Ու Վերջին Զանգը պիտի ղօղանջէ ընդերկար…. մինչեւ ՕՐԸ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ:
ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ