Լաչինի միջանցքէն մինչեւ պատերազմ. Պայքար ժամացոյցի սլաքներուն դէմ

Կասկածէ վեր է արդէն, որ Լաչինի միջանցքի փակուիլը նոր իրավիճակ մը ստեղծեց Հայաստանի համար։ Արցախի եւ անոր 120.000 բնակիչներուն մայր հողէն կտրուելուն փաստը բոլոր առումներով ցոյց տուաւ, որ ներքին խարխափումներու մէջ «մխրճուած» հայկական օրակարգը ինչքան հեռու է իրականութիւնէն։

Ներքին պայքարներու, ընդդիմադիր-դիմադիր հակամարտութեան ու նաեւ մեղքն ու յանցանքը միմիայն վրայ նետելու պախարակելի երեւոյթները հասած են լեցուն բաժակին ծայրը, ապա արդէն իրականութեան ընդհանուր պատկեր մը կայ, որ մեծ հաշուով կը խօսի «Հայկական անգործութեան» մը մասին, որուն մէջ բոլորս ալ անխտիր մեղաւոր ենք։

Մտահոգիչ է անշուշտ, որ իշխանութիւնները, ինչպէս երէկ այսօր եւս կը գործեն խնդիրներուն ետին թաքնուած մնալու սկզբունքով եւ մտահոգիչ է նաեւ, որ Հայաստանի ընդդիմութիւնը իր բոլոր վտակներով հասած է (գուցէ լուռ ու մունջ) այն եզրակացութեան, որ ներկայ փուլին իրենք ոչ մէկ կերպ պատրաստ են Փաշինեանի ձեռքերուն գտնուող «կրակէ գնդակ»ը ստանձնել եւ դրական վիճակ մը բերել թէ Հայաստանին եւ թէ ալ Արցախին համար։ Այս բոլորէն անդին աւելի քան յստակ է, որ Արցախի շուրջ գոյաւորուած մոխրագոյն ամպերը կերպով մը կապ ունին «Զանգեզուրի միջանցք» կոչուած դրոյթին հետ, որուն շուրջ ալ լռելեայն համաձայնութիւն մը կայ մէկ կողմէ Պաքուի եւ միւս կողմէ Մոսկուայի վարիչներուն կողմէ։ Գուցէ այստեղ կայ նաեւ Անգարայի կարեւոր նեցուկը, բայց եւ այնպէս այդ նեցուկը ներկայ փուլին չի պատրաստուիր շօշափելի միջամտութիւն մը դառնալ, տրուած ըլլալով, որ Ռուս-Ատրպէյճանական կապերը կ՚ընթանան ինչպէս որ ծրագրուած է եւ շատ մեծ «ճշդապահութեան»։

Միջանցքներու այս մեծ խաղին մէջ, աւելի քան յստակ է, որ ի զարմանս մեզմէ շատ-շատերուն Թեհրան եւ Ուաշինկթըն ունին նոյն պատկերացումը կապուած Հայաստանի հողային ամբողջականութեան ու նաեւ կտրականապէս կը մերժեն, որ Սիւնիքի ճանապարհով Ատրպէյճան ցամաքային ելք մ’ունենայ դէպի Նախիջեւան։

Բաւականին խճճուած է պատկերը եւ այս ընդհանրութիւններու ու հակասութիւններու մեծ պատկերին մէջ կան մի քանի կարեւոր գործօններ, որոնք կ՚աշխատին հայկական կողմին դէմ։ Այդ գործօններուն ամէնէն ցայտունն ու երեւելին Ուքրանիոյ մեծ պատերազմն է, որուն հետեւանքով ալ Ռուսական կողմը յայտնուած է, ոչ այնքան բարեյաջող, նոյնիսկ շփոթահար վիճակի մը մէջ։ Ու գուցէ այս գործօնին հետեւանքով է, նաեւ, որ Հարաւային Կովկասը Մոսկուայի համար կորսնցուցած է իր նախկին «հմայք»ը։ Ճիշդ է, որ Ռուսաստան ամէն գնով պիտի փորձէ պահել իր դիրքերը, սակայն այսօրուայ դրուածքով աւելի քան յստակ է, որ Ռուսաստան պատրաստ է զիջումներու երթալ ու Սուրիոյ մէջ իր կողմէ առաջ տարուող եւ Թուրքիան իբրեւ գլխաւոր դաշնակից ունեցող «խաղ»-ին կարեւոր մէկ մասը տեղափոխել Հարաւային Կովկաս։

Հոս անշուշտ մեր ունեցած պատկերը թերի է եւ ոչ ամբողջական, քանի որ ցանկացած հայ լրագրողի կամ վերլուծաբանի համար կը պակսին այն հիմնարար տուեալները, թէ Մոսկուա ինչ դրոյթներով, ինչ տրամադրութիւններով եւ ինչ հիմունքներով կը խօսի Հայաստանին ու հայկական կողմին հետ։ Փակ օղակի մէջ եղող այդ ծանր խօսակցութեան խորհրդաւորութիւնը մեծ հաշուով կը նուազեցնէ Ռուսաստանի հանդէպ Հայաստանի մէջ եղող համակրանքը, որ այսօր եւ մեղմ ասած յայտնուած է շատ խոցելի պատկերի մը առջեւ։

Այս բոլորէն անդին ու փորձելով եզրակացութեան մը հանգիլ էական եւ հիմնարար հարցադրումը կը մնայ մէկ բան. արդեօ՞ք Մոսկուա պիտի պաշտպանէ Հայաստանը եւ արդեօ՞ք 9 Նոյեմբերին կնքուած եւ երեք առաջնորդներու ստորագրութիւնը կրող համաձայնագիրը պիտի շարունակէ իր գոյութիւնը, կամ թէ այս անգամ ալ հայկական մեծ կորուստներով «կեանքի կոչուած» այդ ծանր թուղթը պիտի նետուի պատմութեան փոշիներուն մէջ։ Եւ այդ պարագային շատ աւելի բարդ վիճակի մէջ դնելով ամբողջ Հայաստանը։

Կայ Արցախի խնդիրը, կան Հայաստանի սահմանային կարգ մը գաւառներու հարցը, կամ սահմանագծման եւ միջանցքի հարցը, որոնք շատ հաւանաբար կրնան լուծուիլ այս տարուան ընթացքին, բայց եւ այնպէս ցանկացած լուծման պարագային մեծագոյն տուժողը պիտի ըլլայ Հայաստանը, որ տակաւին պատրաստ չէ հասկնալ այն իրական դրոյթները որ կը պաշարեն մեր աշխարհը։

International crisis group-էն կարեւոր զեկոյց

Ամէն պարագայի աւելի յստակ ձեւակերպում մ’ունենալու, թէ ինչ հաւանական սենարներու կրնանք առերեսուիլ յառաջիկայ փուլերուն ճիշդ համարեցի արեւմտահայերէնի վերածել Միջազգային ճգնաժամային խումբի (International crisis group) օրերս Արցախի շուրջ ստեղծուած իրադրութեան մասին հրապարակած զեկոյցին հիմնական մասերը։

44-Օրեայ պատերազմէն երկու տարի անց Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կարծես թէ նոր առճակատման կ’երթան։ Նոր պատերազմը պիտի ըլլայ աւելի կարճ, բայց 2020-ի հակամարտութենէն ոչ պակաս տրամաթիք:

Վեց շաբաթ տեւող այդ պատերազմէն ի վեր Պաքուն ա՛լ աւելի ամրապնդած է դիրքերը։ Ատրպէյճանի բանակը քանի մը անգամ կը գերազանցէ հայկականը, շատ աւելի լաւ զինուած է եւ կը վայելէ Թուրքիոյ աջակցութիւնը։ Եւրոպայի մէջ, ատրպէյճանական կազի աճող պահանջարկը նոյնպէս կը քաջալերէ Պաքուն։

Հայաստանը, մինչ այդ, անցած երկու տարուան մէջ իր զօրքն ու սպառազինութիւնը չէ համալրած, քանի որ Ռուսաստանը՝ զէնքի աւանդական մատակարարը, պաշարներու պակաս ունի: Ուքրանական ճակատի վրայ Ռուսաստանի ձախողումները, մատակարարումներէն բացի ազդած են նաեւ այլ ոլորտներու վրայ։

2020-ի հրադադարէն յետոյ, Ռուսաստանը խաղաղապահներ տեղակայեց Ղարաբաղի մէջ, ինչպէս նաեւ ամրապնդեց իր սահմանապահ ուժերն ու զինուորական անձնակազմը հայ-ատրպէյճանական սահմանի այն հատուածներու վրայ, որոնք 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ դարձած էին նոր առաջնագիծ։ Գաղափարն այն էր, որ ռուսական, թէկուզ փոքրաթիւ զօրախումբը կը զսպէր Հայաստանի հանդէպ յարձակումները, քանի որ Պաքուն կը զգուշանար Մոսկուայէն:

Ուքրանիոյ մէջ սկսած պատերազմէն յետոյ, սակայն, այդ հաշուարկները չիրականացան: Ռուսական ուժերը չկանխեցին վերջին տարուայ քանի մը բռնկումները: Ատրպէյճանական զօրքերը Մարտին եւ Օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր տարածքներ եւ ռազմավարական բարձունքներ գրաւեցին։ Սեպտեմբերին, ատրպէյճանական զինուժը Հայաստանէն տարածք գրաւեց։ Յարձակումները երթալով աւելի արիւնալի սկսան դառնալ։

 

Անցած տարեվերջին, Մոսկուան ընդունած էր Եւրամիութեան միջնորդութիւնը՝ յուսալով, որ այդ կ’ամրապնդէ Ռուսաստանի խաղաղարար առաքելութիւնը: Ուքրանական պատերազմի բռնկումէն ի վեր, սակայն, Մոսկուան Պրիւքսէլի այդ միջնորդութիւնը կը դիտարկէ որպէս Ռուսաստանի ազդեցութիւնը զսպելու եւս փորձ մը, ու որքան ալ արեւմտեան մայրաքաղաքները կը ջանան հակառակը համոզել, Քրէմլը կը հրաժարի ներգրաւուելու։

Համաձայնագիրներու երկու նախագիծ կը շրջանառուի. մէկը հեղինակած է Ռուսաստանը, միւսը` Արեւմուտքի աջակցութեամբ, մշակած են Հայաստանն ու Ատրպէյճանը։ Փաստաթուղթերէն իւրաքանչիւրը կ’անդրադառնայ հաղորդակցութեան ուղիներու եւ առեւտուրի վերականգնման ու հայ-ատրպէյճանական սահմանի կայունացման, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ճակատագիրը թողած է առանձին՝ առայժմ չսկսած գործընթացի մը:

Հայ-ատրպէյճանական նախագիծը, որուն կ’աջակցի Արեւմուտքը, հաւանաբար աւելի խոստումնալից է, մասամբ այն պատճառով, որ զայն կողմերը մշակած են։ Այնուամենայնիւ, պարզ չէ թէ Մոսկուան ինչպէս կ’արձագանգէ, եթէ այդ համաձայնութիւնը կայանայ:

Կողմերը թէեւ կը փորձեն համատեղ նախագիծ մշակել, սակայն, անոնց մօտեցումները իրարմէ դեռ շատ հեռու են։

Բոլոր խաղաքարտերը Պաքուի ձեռքն են, եւ Ատրպէյճանը հնարաւոր գործարքէն աւելի շատ կը շահի, յատկապէս՝ ռազմական ու արտաքին քաղաքականութեան առումով, քան եթէ փորձէ այդ նպատակներուն հասնիլ ռազմական ճանապարհով։ Վտանգը այն է, սակայն, որ բանակցութիւնները ոչ մէկ արդիւնքի հասցնեն կամ հերթական ռազմական բախումը խորտակէ թէ՛ Մոսկուայի, թէ՛ Արեւմուտքի հովանաւորած ուղիները, ու Ատրպէյճանը ուժով վերցնէ այն, ինչ, որ կարենայ։

 

 Սագօ Արեան