Գուցէ իսկապէս ճակատագրական փուլը մեր ետի՞ն է այսօր, կամ թէ մինչեւ տարեվերջ դարձեալ նոր փոթորիկներ պիտի պատեն հայոց աշխարհը եւ մենք դարձեալ ստիպուած պիտի ըլլանք հաշտուիլ նոր իրականութեան մը հետ, որ դարձեալ մեր շահերէն չի բխիր։
Հայաստանի մէջ այսօր ամէնէն շատ տարածուած կարծիքը այն է, որ որպէս պետական միաւոր պաշտօնական Երեւանը չունի ազդեցութեան գօտիներ։ Այլ խօսքով ալ Երեւանը ոչ միայն առաջուան «հզօր» բանակ մը ունենալու խաղաքարտը կորսնցուցած է, այլ աւելի վատը, որ որպէս պետական միաւոր Հայաստանը դարձած են շրջանին մէջ մեծ ու փոքր հետաքրքրութիւններ ունեցող եւ մեծ ու փոքր խաղեր «խաղցող» ուժերու ուղղակի «գործիք»ը։ Ոչ մէկ քաղաքական կողմի համար ընդունելի եւ տանելի է այս վիճակը, բայց եւ այնպէս եթէ հաշուի առնենք վերջին երկու տարուան ներքին պառակտումները, քաղաքական համաձայնութեան կորսուած առիթները, ահաւոր պարտութիւնը եւ մարդակային մեծ տառապանքը, ապա մեզի բոլորիս համար պարզ կը դառնայ, որ իրողապէս Հայաստան յայտնուած է բաւական բարդ դրութեան մէջ։
Արտաքին քաղաքականութեան պարագային ճիշդ է մեծ տուայտանքներ կան, բայց Փաշինեան կը շարունակէ այնպէս մը ներկայանալ, որ «առաջ կը տանի» ռուսական «խաղ»ը, հակառակ անոր որ Մոսկուան ինք եւս ինկած է մեծ փոսի մը մէջ, որուն հետեւանքով ալ Հարաւային Կովկասի հիմնահարցը կամ Ղարաբաղեան խնդիրը դարձած են երկրորդական հարցեր։
Այս բոլորէն անդին սակայն տակաւին կան յոյսը, որ Մոսկուա ի գործ կը դնէ իր ամբողջ ներուժը պահելու համար իր ներկայութիւնը Ղարաբաղի մէջ ու հոնկէ ալ միւս խաղացողներուն (հիմա՝ Ատրպէյճանին եւ մանաւանդ Թուրքիոյ) փաստագրելու համար, որ յատկապէս այս փուլին չի պատրաստուիր լքել Հարաւային Կովկասը։
Այս բոլորէն անդին եւ մէկդի դնելով Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի կամ Եւրոպական ամբողջ ընտանիքի մօտեցումները, յստակ է նաեւ, որ Մոսկուայի կողմէ վերջին շրջանին Պաքուին ուղղուած սլաքները ձեւով մը իրավիճակը հեռու կը պահեն համընդհանուր լարումէ։
Այլ խօսքով այն բոլոր խօսակցութիւնները, որոնք ինչ որ տեղ կը տանէին խաղաղութեան «վաւերաթուղթ» մը պատրաստելուն, կամ «բռնի կերպով» Երեւանէն կը պահանջէին ստորագրել Հայաստանի պարտութիւնը անքննելիօրէն հաստատող փաստաթուղթի մը վրան արդէն իսկ կը համարուին անկարելիութիւն մը։
Ճիշդ է, որ այսքան կարճ ժամանակամիջոցին Երեւանի համար անհնարին էր դարձեալ ոտքի կանգնիլը, բայց եւ այնպէս այսօրուան պայմաններով այդ «համաձայնութիւն»ը կուլ տալը մեզի կը տանէր շատ աւելի բարդ դրութեան։
Գուցէ անոր համար էր նաեւ, որ վերջին շրջանին Փաշինեանի խօսակցութեան շեշտերը կը տարբերին անցեալի մօտեցումներէն ու նաեւ ատոր կողքին ընդդիմութեան Խորհրդարանը վերադառնալը աւելիով բնորոշիչ կը դարձնէ ստեղծուած խորապատկերը։
Այլ խօսքով Մոսկուա ինչ որ կերպ սկսած է հակազդել Պաքուին եւ այս մօտեցումը կրնայ ոչ միայն դուրս մղել լարումը, այլ նաեւ կրնայ օգտակար դառնալ, որ երկու կողմերը ունենան աւելի համոզիչ պայմանաւորուածութիւն մը կերտելու հնարաւորութիւնները։
Այս բոլորին անշուշտ պէտք է աւելցնել Ուքրանիոյ տագնապին հաւանական սառեցումը (մանաւանդ ձմրան ընթացքին), որ նոյնպէս իր դրական ազդեցութիւնը կրնայ տարածել ամբողջ շրջանին վրայ։
Անշուշտ աւելի քան մտահոգիչ է լսել Պաքուի բռնապետ՝ Իլհամ Ալիեւի բերնով հնչած յայտարարութիւնները, որոնք մեծ հաշուով կը միտին պահպանել ներքին հաւասարակշռութիւնները։
Ամէն պարագայի այս վերլուծումէն անդին, յստակ է նաեւ, որ Ալիեւի համար մասնաւորապէս այս փուլին էական նշանակութիւն ունի Լաչինի միջանցքը եւ այդ առումով ալ «ԱՊԱԳԱՅ»ի իմ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ հայրենի վերլուծաբան՝ Տիգրան Գրիգորեանի ստորագրած վերջին յօդուածը, խորագրուած՝ «Ալիեւի ելոյթը Շուշիի մէջ՝ Լաչինի միջանցքի վրայ Ատրպէյճանի հնարաւոր սադրանքի նախերգա՞նք», որ լոյս տեսած է «Սիվիլնէթ» կայքին մէջ (նիւթը լոյս տեսած է արեւելահայերէնով, արեւմտահայերէնի վերածումը եւ պատշաճեցումը կատարուած են իմ կողմէ) Գրիգորեան կը գրէ՝ «Իլհամ Ալիեւն ու Ատրպէյճանի իշխող վերնախաւի շարք մը ներկայացուցիչներ, 8 Նոյեմբերին գրաւեալ Շուշի էին՝ մասնակցելու 44-օրեայ պատերազմին իրենց յաղթանակի տօնակատարութեան: Ալիեւը Շուշիի մէջ շարք մը ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարած է: Բովանդակային ու ոճաբանական առումով, Ատրպէյճանի նախագահին ելոյթը նախորդներէն քիչ կը տարբերէր, սակայն այս անգամ հնչած են յստակ սպառնալիքներ, որոնք պէտք է հաշուի առնել:
Իլհամ Ալիեւի գլխաւոր սպառնալիքը կապուած էր Լաչինի միջանցքին: Ան հերթական անգամ զուգահեռներ գծած է Լաչինի միջանցքին ու այսպէս կոչուած՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ին միջեւ՝ յայտարարելով, որ Հայաստանը չի կատարեր ստանձնած պարտաւորութիւնները: Ալիեւը, մասնաւորապէս, նշած է. «Զանգեզուրի միջանցքը Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւնն է: Երկու տարի է՝ մենք ձեռք չենք տար Լաչինի ճանապարհով Հայաստանէն Ղարաբաղ եւ հակառակ ուղղութեամբ երթեւեկող մեքենաներուն։ Մենք պարտաւորութիւն վերցուցած ենք եւ կը կատարենք զայն։ Հայաստանը նոյնպէս պարտաւորութիւն ստանձնած է, որ ճանապարհային կապ ըլլայ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ։ Անցած է երկու տարի, չկայ տնտեսական հիմնաւորում, չկան լուրջ գործողութիւններ, երկաթուղիի ճանապարհ։ Որքա՞ն պէտք է սպասենք»:
Ատրպէյճանի նախագահը փաստացիօրէն կը սպառնայ խոչընդոտներ ստեղծել Լաչինի միջանցքի մէջ, եթէ Հայաստանը շարունակէ դիմադրել միջանցքի կամ միջանցքային տրամաբանութեամբ գործող ճանապարհի ստեղծման, սեփական տարածքին մէջ: Այս ձեւի սպառնալիքներ Ալիեւի կողմէ նախապէս եւս հնչած են: Ինչպէս յայտնի է, Պաքու կը պնդէ, որ Ատրպէյճանը Մեղրիով Նախիջեւանին կապող ճանապարհի վրայ պէտք է գործեն նոյն կարգաւորումները, ինչպիսիք են Լաչինի միջանցքի մէջ: Պաքուն վերջին ամիսներու ընթացքին պարբերաբար կը սպառնայ մաքսակէտեր ու անցակէտեր տեղադրել Լաչինի միջանցքին:
Այնուամենայնիւ, Ալիեւի այս վերջին սպառնալիքը միւսներէն կը տարբերի այն բանով, որ այն հնչած է վերջին շաբթուայ ընթացքին, Լաչինի միջանցքի թեմայով, եւ Ատրպէյճանի մէջ յառաջացած ուշագրաւ յայտարարութիւններու ֆոնին: 5 Նոյեմբերին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը յայտարարած էր, որ հայկական կողմը, Լաչինի միջանցքը կ’օգտագործէ ռազմական սպառազինութիւն՝ մասնաւորաբար, ականներ տեղափոխելու համար: Պայրամով նշած էր, որ միջանցքը չի կրնար օգտագործուիլ ռազմական նպատակներով:
Այս յայտարարութիւնը արագօրէն տարածուած էր նաեւ ատրպէյճանական թելեկրամեան ալիքներով ու լրատուամիջոցներով: Նշուած էր, որ Լաչինի միջանցքով, ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան, մարդասիրական օգնութեան անուան տակ, տարբեր տեսակի սպառազինութիւն կը տեղափոխուի Արցախ՝ ներառեալ հակաթանկային միջոցներ:
Այս բոլորին զուգահեռ, ատրպէյճանական պաշտօնական ու իշխանամերձ լրատուամիջոցներ, վերջին օրերու ընթացքին աշխոյժ հակառուսական արշաւ մեկնարկած են: Ատրպէյճանցի իշխանամէտ քաղաքական մեկնաբաններն ու լրագրողները կը մեղադրեն Ռուսաստանը, Ռուբէն Վարդանեանը Արցախի պետական նախարար նշանակելու, ինչպէս նաեւ 30 Հոկտեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած բազմահազարանոց հանրահաւաքը կազմակերպելու մէջ:
Այս զարգացումները համադրելով, Ալիեւի կողմէ Շուշիի մէջ հնչած սպառնալիքին հետ՝ կարելի է արձանագրել, որ Ատրպէյճանը մօտ ապագային կրնայ սադրանքներ իրականացնել Լաչինի միջանցքին մէջ: Ինչպէս կը տեսնենք, Պաքուն նմանատիպ գործողութիւններու համար, տեղեկատուական ազդակներ արդէն իսկ պատրաստած է:
Ատրպէյճանը նմանատիպ սադրանքով կրնայ նպատակ հետապնդել նաեւ հերթական անգամ շօշափելու Ռուսաստանի կարմիր գիծերը Արցախի մէջ: Ինչպէս յայտնի է, Պաքուի ու Մոսկուայի միջեւ տարաձայնութիւններ գոյութիւն ունին, այսպէս կոչուած՝ խաղաղութեան պայմանագրի օրակարգի շուրջ: Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը սառեցնելու ռուսական մօտեցումը անընդունելի է Ատրպէյճանին համար, ինչ որ հերթական անգամ արձանագրուեցաւ 31 Հոկտեմբերին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման իբրեւ արդիւնք: Լաչինի միջանցքի վրայ սադրանքներ իրականացնելով` Պաքուն կրնայ փորձել կանխել այդ հարցի մէջ, Ռուսաստանի կողմէ, սեփական մօտեցումները առաջ տանելու փորձերը՝ ցոյց տալով, որ Մոսկուայի կարողութիւնները գետնի վրայ սահմանափակ են:
Ատրպէյճանի հնարաւոր սադրանքները կանխելու կամ անոնց իրականացման գինը Պաքուի համար բարձրացնելու համար, Երեւանը պէտք է զբաղի կանխարգելիչ դիւանագիտութեամբ եւ այս թեմայով աշխոյժ աշխատանք կատարէ բոլոր միջազգային գործընկերներու հետ: Աշխոյժ քաղաքականութիւնը, այս պայմաններուն մէջ, այլընտրանք չունի: Առնուազն խօսքի պատերազմի մէջ, Հայաստանը եւ Արցախը պէտք է կարողանան իրենց սեփական օրակարգը թելադրել, եւ մշտապէս չըլլան արձագանգողի դերի մէջ»:
Սագօ Արեան