Այդպիսի վիճակի մը մէջ ենք, որ եթէ ըսեն գործակցիր «սատանայ»-ին հետ Հայաստանը պիտի չմերժէ այդ գործակցութիւնը։ Շատ արագ կ’ընթանան զարգացումները, մեր սահմաններուն որոշ ժամանակ մը առկայ լարուածութիւնը «դուրս եկած է» իր հիմնական հունէն եւ տարածուած է ամբողջ շրջանին մէջ։
Արեւմուտքը եւ մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներ, Իսրայէլին դրամագլուխ մը տալով կը փորձէ ամէն գնով օղակի մէջ առնել Իրանը, որ մինչեւ այս պահը կը շարունակէ ջիղերը ամուր պահել եւ չտրուիլ սադրանքի։
Միւս կողմէ Թուրքիա-Ռուսաստան առկայ համագործակցութիւնը աւելիով կը խորանայ հաշուի առնելով յառաջիկայ Մայիսին Թուրքիոյ մէջ սպասուած նախագահական ընտրութիւնները։ Քիչ են այն վերլուծաբանները, որոնք տեղեկութիւններ կը հրապարակեն այն մասին, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կարեւորագոյն ճիգեր կը գործադրէ գումարային մեծ հոսքեր ապահովելու եւ անոնց համար ճանապարհ բանալու դէպի Թուրքիա ապահովելու համար Էրտողանի վերընտրութիւնը։ Միւս կողմէ այս համագործակցութեան լոյսին տակ Մոսկուա-Պաքու կապերը աւելիով կը զօրանան եւ այդ մէկն անշուշտ կը կատարուի ի հեճուկս Ռուսիոյ գլխաւոր դաշնակից՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի էական շահերուն։ Տակաւին յստակ չէ, թէ իրողապէս ինչ կը կատարուի Հայաստան-Ռուսիա գիծին վրայ, ուր շատ բան անհասկնալի եւ նոյնիսկ աղօտ է։ Այս բոլորին զուգահեռ Հայաստանի իշխանութեան տարբեր մակարդակի ներկայացուցիչներ ատեն-ատեն կրակ կը բանան Մոսկուայի ուղղութեամբ, մոռնալով անշուշտ, որ այդ մօտեցումները աւելիով կրնան վնասել Հայաստանին։
Բաց աստի Արցախը, որ կը շարունակէ սեղմել իր ատամները մտած է վճռորոշ պայքարի կարեւոր փուլ մը, որուն աւարտը տակաւին չերեւիր ու նաեւ պայմանաւորուած է Ուքրանիոյ մեծ պատերազմի հանգուցալուծման հետ։
Ռուսաստան, որուն համար Լաչինի միջանցքը բանալը, ընդամէնը վայրկեաններու խնդիր է, կը կարկամի, կը յապաղի եւ կ’ուշանայ, շատ հաւանաբար ունենալով մեծ մտավախութիւններ խաթարելու եւ վտանգի տակ առնելու Մոսկուա-Անգարա այդքան կենսական դարձած յարաբերութիւններու այս եզրափուլը։
Ու այս մեծ խորապատկերին առջեւ կը բացուի նոր պատուհան մը, որուն դրական ըլլալը խիստ կասկածելի է եթէ հաշուի առնենք եւրոպացի կարգ մը պատասխանատուներու կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները, որոնք ուղղակիօրէն Երեւանին կը փորձեն բացատրել, որ «գնայ եւ խնդիրներդ Պաքուի հետ լուծէ»։ Այդ պատուհանը անշուշտ եւրոպացի քաղաքացիական դէտերու (որոնց թիւը պիտի հասնի 100-ի), որ յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի հասնին Երեւան ու տեղակայուին Հայաստանի սահմաններուն վրայ։
Միւս կողմէ սակայն Եւրոպա ետ կը քաշուի եւ կը հեռանայ իր յանձնառութիւններէն, Մոսկուա կը դանդաղի եւ կը թերանայ իր պարտաւորութեանց մէջ եւ այս բոլորին մէջ երկու հիմնական օրակարգեր կը շարունակեն իրենց գլուխը ցցել։ Առաջինը Ալիեւի յարձակողապաշտ մօտեցումներն են ու երկրորդը Հայաստանի ներ-քաղաքական մեծ լարումն ու անորոշութիւններն են։
Այս բոլորը նշելէ ետք յառաջիկայ օրերուն եւ ըստ երեւոյթին պիտի շարունակուին բազմակողմանի շփումները ու նաեւ չի բացառուիր, որ Միացեալ Նահանգներ բարձր լարումի եւ զսպողական յայտարարութիւններ կատարէ հանդէպ՝ Պաքուի։
Ամէն պարագայի այս բոլորը նշելէ անդին, աւելի քան յստակ է, որ ամբողջ շրջանը կ’երայ եւ այս բոլորին մէջ առանցքային կը համարուի Եւրոպայի կողմէ առնուած քայլը, որ տեղի պիտի ունենայ Պաքու-Թեհրան մեծ լարումի լոյսին տակ ու միայն այդ պատուհանը եթէ հաշուի առնենք, ապա պիտի հասկնանք, որ այս փուլին Ատրպէյճան ամէն ինչ կրնայ ընել շահելու համար ամերիկացիներուն ու մասնաւորապէս Եւրոպայի նաւթով բեռնաւորուած եւ սակայն «ծերացած» սիրտը։
Եւրոպան պատրաստ չէ պատժելու Ատրպէյճանը. Կարծիք քաղաքագէտ՝ Սուրէն Սուրէնեանցէն
Վերջին զարգացումներուն ու յատկապէս Եւրոպայի կողմէ «որդեգրուած» ոչ պաշտօնական կեցուածքներուն մասին օրերս ուշագրաւ յայտարարութիւններ հնչեցուց Հայաստանի «Դեմոկրատական այլընտրանք» կուսակցութեան նախագահ, քաղաքագէտ Սուրէն Սուրէնեանցը։ Սուրէնեանց մասնաւորապէս կ’ը սէր՝
«Արտաքին որեւէ դերակատար մեղաւոր չէ, որ Հայաստանի քաղաքական համակարգէն մաս մը անընդհատ անհարկի սպասումներու նշաձող կը սահմանէ։ Խնդիրը մեր մէջ է, այստեղ միշտ կը գտնուին ուժեր, որոնք սպասումներու այնպիսի դաշտ կը ձեւաւորեն, որ իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունի։ Պորելի յայտարարութիւնը նորութիւն չէ։ Եթէ Եւրոպական Միութիւնը Ատրպէյճանի հետ ռազմավարական գործընկերութիւն ունի ուժանիւթի ոլորտի մէջ, չի կրնար պարզապէս անոր դէմ պատժամիջոցներ կիրառել։ Սա ուղերձ է՝ առ այն, որ գացէք, ձեր հարցերը Ատրպէյճանի հետ երկխօսութեան ճանապարհով փորձեցէք լուծել եւ մի փորձէք Եւրոպական Միութեան մէջ փնտռել Ատրպէյճանը պատժող գործիք։ Նման ուղերձները մեր քաղաքական դաշտի որոշակի հատուածի պատրանքները վերջապէս կրնան արմատախիլ ընել։ Կարելի չէ ապրիլ պատրանքներով։ Թէ՛ Մոսկուայի հետ կապուած ռուսամէտները, թէ՛ Պրիւքսէլի ու Ուաշինկթոնի հետ կապուած արեւմտամէտները, հասարակութեան մէջ կը ձեւաւորեն սպասելիքներու նշաձող մը, որ չեն սահմանած մէկ կողմէն Ռուսիոյ եւ միւս կողմէ՝ Եւրոպական Միութեան ու Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները։
Եւրոպան յառաջիկայ օրերուն Հայաստան պիտի առաքէ քաղաքացիական առաքելութիւն, որ զսպող որոշակի դեր պիտի ունենայ, ի հարկէ եթէ ՀՀ իշխանութիւնները այդ առաքելութեան ուղերձը ճիշդ հասկնան։ Այստեղ ալ մենք կը տեսնենք անհարկի ոգեւորութիւն։ Եթէ լսենք քաղաքական դաշտի որոշ հատուածի, ուրեմն այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ այդ առաքելութիւնը մեր անվտանգութեան համակարգի կարեւոր մասն է։ Կամ այնպիսի տպաւորութիւն, որ եթէ առաքելութիւն եկած է, ուրեմն մենք կրնանք յապաղիլ խաղաղ կարգաւորման երթալու գործընթացին մէջ։ Նման բան ընել չենք կրնար։ Առաւել եւս՝ այդ առաքելութիւնը արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը փոխելու ազդակ չէ, այսինքն՝ այդ առաքելութեան գալով մենք Եւրոպայի մաս չենք կազմեր։ Այդ առաքելութիւնը պէտք է իրատեսական ու դրական գնահատել այն գործին համար, ինչի համար այն ուղարկուած է՝ սահմանային կայունութեան ապահովելն ու խաղաղութեան գործընթացին նպաստելը։ Եթէ առաքելութեան հետ ալ կապուած մենք ունենանք այնպիսի սպասումներ, որոնք իրականութեան հետ աղերս չունին, կը տուժենք մենք։
Այո՛, Եւրոպական Միութիւնն Ատրպէյճանի դէմ գործնական քայլեր պիտի չիրականացնէ։ Մենք պէտք է աւելի բազմաշերտ նայինք ամէն ինչին։ Չմոռնանք, որ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան որոշման Ատրպէյճանի դաշնակից Հունգարիան նաեւ կողմ քուէարկած է։ Այսինքն՝ ուղարկելու հարցով Եւրոպական Միութեան բոլոր երկիրները համաձայն են, բայց պարզ չէ՝ Եւրոպական Միութեան ո՞ր հատուածն ինչ սպասելիքներ ունի այդ առաքելութեան իրականացման վերաբերեալ։ Ամէն պարագային՝ մենք մինչեւ այս պահը, Լաչինի միջանցքի հետ կապուած, կը տեսնենք, որ միջազգային կառոյցներէն կը հնչեն միայն յորդորներ, որոնք շատ կարեւոր են, եւ մենք կրնանք այն հետագային որպէս դրամագլուխ օգտագործել մեր արտաքին քաղաքականութեան մէջ։ Բայց սպասել, որ թէ՛ Ռուսիան եւ թէ՛ արեւմուտքը ինչ որ պատժամիջոցներ կամ կոշտ գործողութիւններ իրականացնեն Ատրպէյճանի դէմ՝ առնուազն միամտութիւն է։ Թէ՛ արեւմտեան մեր գործընկերներուն եւ թէ՛ Մոսկուային համար Ատրպէյճանը շատ աւելի կարեւոր գործընկեր է, քան Հայաստանը։
Նախքան 44-օրեայ պատերազմը, Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Լաւրով, եթէ չեմ սխալիր, 2020 թուականի գարնան ասուլիս տուաւ եւ շատ յստակ ըսաւ, որ եթէ «Լաւրովի ծրագիրը» Հայաստանի կողմէ չընդունուի, ահա այս հետեւանքները տեղի կ’ունենան։ Մեր իշխանութեան եւ քաղաքական որոշ ուժերու թուաց, թէ ռուսերը չեն ընէր գործողութիւններ, որոնք նախապատերազմեան սթաթուս-քուօն կը խախտեն։ Մենք չհասկցանք, որ Ռուսիան՝ նախապատերազմեան սթաթուս-քուօն յաւերժ պահելու խոստումներ երբեք չէ տուած։ Եւ ահա սխալ հաշուարկի պատճառով պատերազմին ունեցանք ցաւալի կորուստներ։
Նոյն մտայնութիւնը հիմա է։ Մեզի կը թուի, որ եթէ արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը փոխենք, մեր յաւակնութիւնները պիտի բաւարարուին։ Մինչդեռ մեր արեւմտեան գործընկերներէն որեւէ մէկը ոչ միայն անվտանգային այլընտրանքային առաջարկութիւններ չէ ըրած մեզի, այլ երաշխիքներ չէ տուած, որ բաւարարէ մեր այն յաւակնութիւնները, որոնց չկատարման պատճառով մենք հիասթափուած ենք Ռուսիայէն։ Ցաւօք սրտի մենք ինչ որ զգացումներու, քաղաքականութեան հետ աղերս չունեցող պատրանքներու հիմքի վրայ կը կառուցենք սպասելիքներ, յետոյ կը սկսինք հիասթափուիլ՝ մէկ Ռուսիայէն, մէկ արեւմուտքէն։ Կամ ալ երկուքէն մէկուն մէջ փրկիչներ կը փնտռենք, յետոյ դարձեալ կը հիասթափուինք։
Սագօ Արեան