Լոյս տեսաւ Ոստայն 5 – Նամակապատում հատորը, որ կը պարունակէ հեղինակի նամականիէն հատընտիր մը, 70 նամակակիցներու հետ՝ տարածուած 55 տարիներու ժամանակաշրջանի մը վրայ։
Այս հատորը վերնագիրը կրող իր ներածականին մէջ հեղինակը կը գրէ. «Նամակագրութիւնը սիրած զբաղումներէս մէկը հանդիսացած է պատանի տարիքէս, սկսեալ մեզմէ հեռու ապրող մեծ հօրս, ապա հեռաւոր, տարեկի՛ց ընկերներուս հետ փոխանակած նամակներէս, մինչեւ իբր խմբագիր՝ բազմաթիւ գրողներու, գործիչներու եւ մտաւորականներու հետ ունեցած հաղորդակցութիւններս։ Անշուշտ այդ հարիւրաւոր, թերեւս հազարաւոր նամակներէն անհրաժեշտ էր ընտրութիւն մը կատարել։ Այդ ընտրութիւնը կայացաւ հետեւեալ ձեւով.– առաջին՝ զուտ անձնական պատումներն ու պարագաները չներառուեցան սոյն գրքին մէջ. երկրորդ՝ ստիպուած էի սահմանափակում մը ընել նաեւ արծարծուող նիւթերուն կապակցաբար. երրորդ՝ ընտրուած նամակներն ալ ոչ միշտ անպայման իրենց ամբողջութեան մէջ տեղ գտան այստեղ,– ջոկուեցան յարմար հատուածներ»։
Ի տարբերութիւն այլ հեղինակներու նամակներու հաւաքածոներուն, այստեղ կը ներկայացուի «պատում» մը, ուր փոխանակ նամակներու շարք մը երեւնալու, թուականի կամ նամակակիցի կարգով, հարցեր կը ներկայացուին, ու իրարու կը յաջորդեն նոյն հարցին վերաբերեալ առաքուած ու ստացուած նամակներ, աւելի ճիշտ նամակներէ համապատասխան հատուածներ։ Իւրաքանչիւր հարցի մասին միատեղուած այդ հատուածներուն մէջէն կ՚անցնի կարմիր թել մը, որ իրարու կը կապէ զանոնք, քով-քովի բերելով համադիր կամ հակադիր տեսակէտներ, ապրումներ, դրուագներ։
Գիրքը բաժնուած է հետեւեալ գլուխներուն.
– Երէցներու քաջալերանքը
– Հակազդեցութիւններ
– Մտասեւեռում՝ մամուլը
– «Հորիզոն»-ի հետ
– Աշխատակից-խմբագիր համուժը
– Տագնապներ ու ապրումներ
– Հայ ըլլալու, կուսակցական ըլլալու տագնապը
– Հայաստանը, Սփիւռքը եւ…
– Վերջապէս նաեւ Մոնթրէալը
– Նախապատւութիւնը՝ հաւաքականին
«Սակայն նիւթերու այդ բաժանումը կամայական է,– կը կարդանք նոյն ներածականին մէջ,– ընթերցողը պիտի նկատէ, որ տարբեր գլուխներու բաժնուելով հանդերձ, մտքերն ու մտահոգութիւնները յաճախ նոյն աղբիւրներէն կը բխին ու նոյն սեւեռումը կ՚ունենան»։
Նամակակիցներուն մէջ կը հանդիպինք Արամ Հայկազի, Յակոբ Կարապենցի, Նշան Պէշիկթաշլեանի, Տաճատ Թէրլեմեզեանի կամ Մարկ Նշանեանի, Խաչիկ Թէօլէօլեանի ու Վեհանոյշ Թէքեանի նման բազմաթիւ ծանօթ անուններու, բայց նաեւ նուազ ծանօթներու, որոնց հետ հաղորդակցելու պատեհութիւնը ունեցած է Վրէժ-Արմէն։
Հատորի վերջաւորութեան զետեղուած Եզրակացութիւն բաժնին մէջ ան դիտել կու տայ. «Այլազան հարցերու մասին այստեղ արտայայտուած կարծիքներուն պէտք է նայիլ ժամանակի ոսպնեակին ընդմէջէն։ Անոնք, տարիներու ընթացքին, թէ՛ իմ, թէ՛ ալ նամակակիցներուս մտքերուն մէջ կրնան զարգացման ենթարկուած ըլլալ, փոխուած, բարեփոխուած, նոյնիսկ շրջուած եւ դրսեւորուած թէ՛ անոնց եւ թէ՛ իմ այլ հրապարակումներուն՝ յօդուածներուն կամ առանձին հատորներուն ճամբով։ Հետաքրքրականը անոնց այդ ատեն ըսուած ըլլալն է։ Ըսուելէն ալ անդին՝ որքանո՛վ մշակուած, տարածուած ու մաս կազմած մեր հաւաքական մօտեցումներուն։ Ամեն պարագայի անոնք կը մնան որպէս վկայութիւն օրուան մեր տագնապումներուն, տագնապներ, որոնցմէ ոմանք գուցէ տակաւին կը յամենան…»
Անուանի դէմքերէն շատերու ձեռագրերէն նմոյշներ ալ կը մատուցուին այս հատորով։
Ոստայն 5 – Նամակապատում-ը ընթերցողին մատչելի է անվճար։ Զայն կարելի է կարդալ այցելելով հետեւեալ կայքը.
https://hayerenblog.wordpress.com/ Գիրքեր