ԽԱՂԱԹՈՒՂԹԵՐ

Այս ալ,  քանի­ե­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով, դարձ­եալ վա­րա­գոյ­րը վեր կ’առն­ուի 2001 թուա­կա­նի 9/11-ի ող­բեր­գա­կան դէպ­քին վրա­յէն, երբ եր­կու օդա­նա­ւեր հար­ուա­ծե­ցին Նիւ Եոր­քի World Trade Center-ի զոյգ աշ­տա­րակ­նե­րը, որոնք երկ­վայրկ­եան­նե­րու ըն­թաց­քին փուլ եկան, աւե­լի քան 3000 հոգիի մահ­ուան պատ­ճառ դառ­նա­լով:

Վա­րա­գոյ­րը վեր կ’առն­ուի, բա­ցա­յայ­տե­լու հա­մար աշ­խար­հը ցըն­ցող այդ «ահաբեկչական» արարքին ետին թաքն­ուած իրա­կա­նու­թիւնը, ցու­ցակ մը ամ­բողջ փաս­տե­րով, գի­տա­կան, քաղաքա­կան վեր­լու­ծու­թիւն­նե­րու հի­մանց վրայ:

Փաս­տագ­րող­նե­րը կ’ըսեն. «Մի­ջու­կը պա­րապ ալիւ­մի­նէ օդա­նա­ւեր ան­կա­րե­լի էր որ պող­պատ­եայ այդ կա­ռոյց­նե­րուն մէջ մխրճ­ուէ­ին եւ 7 երկ­վայրկ­եան­նե­րու ըն­թաց­քին շէն­քե­րը ստ­ուա­րա­թուղ­թէ շին­ուած խա­ղա­լիք տնակ­նե­րու նման փոշիի վե­րա­ծէ­ին, եթէ շէն­քե­րուն մէջ կան­խա­տե­ղադր­ուած «օժան­դակ» պայ­թու­ցիկ­ներ չըլ­լա­յին»:

Կ’ըսեն, յար­ձա­կու­մէն օր մը առաջ, «որոշ» ան­ձեր պար­պած են իրենց գրա­սեն­եակ­նե­րը. կ’ըս­ուի նա­եւ, որ այդ օր շէն­քե­րուն մէջ աշ­խա­տող հր­եայ պաշ­տօն­եա­ներ եւ գոր­ծա­տէ­րեր բա­ցա­կայ եղած են…:

Այս իմաս­տով մէ­կէ աւե­լի ֆիլ­մեր ալ պատ­րաստ­ուած են, ուր յըս­տակ կեր­պով կը տեսն­ուին օդանա­ւե­րու շէն­քե­րուն հպե­լուն հետ, վա­րի յար­կե­րէն սկ­սած պայ­թում­նե­րը: Կը տեսն­ուի նա­եւ, թէ ինչ­պէ՛ս նա­խա­գահ Պուշ, որ ու­րիշ քա­ղա­քի մը մէջ դպ­րոց մը կ’այ­ցե­լէր, երբ բօ­թա­բե­րը դա­սա­րան մտաւ ու իր ական­ջին փսփ­սաց, հա­ղոր­դե­լով պայ­թում­նե­րուն լու­րը, Պուշ բնաւ չայ­լայ­լե­ցաւ ու չցնց­ուե­ցաւ…:

Ամե­րի­կան պատր­ուակ կը փնտ­ռէր ներ­խու­ժե­լու հա­մար որոշ եր­կիր­ներ, ինչ­պէս Աֆ­ղա­նիս­տան եւ Իրաք ու պատ­ճա­ռը կամ պատըր­ուա­կը պատ­րաստ­ուե­ցաւ գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեանց խոհանոց­նե­րուն մէջ: Սո­վո­րա­բար նախ պատ­ճա­ռ մը կ’ըլ­լայ, որուն կը հե­տե­ւի այդ պատ­ճա­ռին հա­կազ­դե­ցու­թիւնը, սա­կայն քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ, այս եզ­րը շրջ­ուած է, նախ հակազդեցութիւնը կը ծրագր­ուի, ապա պատ­ճառ մը կը գտն­ուի կամ կը յե­րիւր­ուի` հակազդեցութիւնը ար­դա­րաց­նող, ան­շուշտ հա­կազ­դե­ցու­թիւն ըսե­լով, հասկ­նա­լու է գլ­խա­ւոր նպա­տա­կը:

Ամե­րի­կան ան­մի­ջա­պէս ահա­բեկ­չու­թեան դէմ պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րեց եւ աշ­խար­հի պետութիւն­նե­րուն կոչ ըրաւ «Կա՛մ մե­զի հետ, կա՛մ մե­զի դէմ»: Ըլ­լա­լի­քը յս­տակ էր` աշ­խար­հը բաժ­նել եր­կու մա­սի, Մ. Նա­հանգ­նե­րուն կողմ անց­նող­նե­րը «ար­դար­ներն» էին, իսկ չան­ցնող­նե­րը` «մե­ղա­ւոր­նե­րը», որոնք դա­տա­պարտ­ուած էին պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու, ընդ­հուպ, մին­չեւ ներ­խու­ժու­մի եւ գրաւ­ման:

Ան­շուշտ այս­պի­սի «բաց պա­տա­րագ»ի մը ի տես եւ ի լուր, խա­շած հաւն ան­գամ կը ծի­ծա­ղէր, սակայն ոչ ոք ծի­ծա­ղե­ցաւ ու ամե­րի­կա­յին պո­չը բռ­նող­նե­րը հլու-հնա­զանդ հե­տե­ւե­ցան իրենց «վար­պետ»ին եր­կիր­նե­րու քան­դու­մին ու հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր­նե­րու սպա­նու­թեան:

Գի­տէ­ինք, որ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն ըս­ուա­ծը պոռն­կու­թեան նման բան մըն է եւ այս օրե­րուն` բաց ու թա­փան­ցիկ, սա­կայն անոր այս աս­տի­ճան անե­րես ու ժպիրհ ըլ­լա­լը չէ­ինք գի­տեր: Նիւ Եոր­քի Հա­մաշ­խար­հա­յին Առեւտ­րա­կան կեդ­րո­նի զոյգ աշ­տա­րակ­նե­րուն փլու­զու­մին ետին թաքն­ուած գաղտ­նի­քը եթէ հա­սա­նե­լի դար­ձած է, մե­զի պէս մար­դոց, ու­րեմն պե­տու­թիւն­ներ վա­ղուց գի­տեն իրա­կա­նու­թիւնը, բայց ին­չո՛ւ կը լռեն, հո՛ս է հար­ցը:

ԽԱ­ՂԱ­ԹՈՒՂԹ…

Պե­տու­թիւն­նե­րը խա­ղա­թուղ­թեր ու­նին, ոմանք կը բաց­ուին, ոմանք ալ պահ կը դր­ուին, ի պահանջեալ հար­կին օգ­տա­գործ­ուե­լու հա­մար, որ­պէս սպառ­նա­լիք, որ­պէս սա­կար­կու­թեանց համար անհ­րա­ժեշտ զէնք:

Պե­տու­թիւն­նե­րը կը խա­ղան ու իրենց խա­ղե­րուն ըն­թաց­քին ին­չե՜ր կը տրո­րեն…

 

Յակոբ Միքայէլեան