««Խաղաղութեան խաչմերուկը» իշխանութիւններուն կողմէ թշուառ խորամանկութեան փորձ մըն է». Միքայէլ Նահապետեան

«ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի  հարցումներուն կը պատասխանէ հայրենի հասարակական գործիչ՝ Միքայէլ Նահապետեան

 

Մեծ լռութեամբ ագուցուած սպասողական վիճակ մը կը տիրէ Հայաստանի մէջ։ Խօսքն անշուշտ ներ-քաղաքական իրականութեան մասին է, ուր անցեալ փուլերուն երեւելի դարձած որոշակի աշխուժութիւնները կամ նախաձեռնողական քայլերը ոչ միայն նահանջած են, այլ առհասարակ հասած են «Զէրօ կէտ»ի մը։

Մարդիկ անտարբեր են, սակայն վախուորած ու հիմնական վախն անշուշտ փոխկապակցուած է Սիւնիքի շրջանին հետ, որ երկար ժամանակէ ի վեր դարձած է Հայաստանի բարեկամ ու մանաւանդ թշնամի կողմերու ուշադրութեան կեդրոն։

Այս վիճակը անշուշտ իր ազդեցութիւնը կը տարածէ ամբողջ երկրին վրայ, որ «անդամալուծուած» հայեացքներով կը հետեւի իրավիճակներուն, հեռու մնալով նախաձեռնութիւնը մը վերցնելու բաւական դժուար յանձնառութիւնը։

Ահա այս դրութեան մէջ էր, որ «Զանգ» անունով հանրութեան ներկայացող երիտասարդներու խմակ մը փորձեց գետնի վրայ ինչ որ շարժում ստեղծել, որ սակայն բախեցաւ ընդհանուր անտարբերութեան մեծ ալիքին ու ապա ալ … մարեցաւ։

Պարզելու համար, թէ իրողապէս ինչպիսին է Հայաստանի ներ-քաղաքական ընդհանուր համապատկերը օրերս «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթին համար հարցազրոյց մ’ունեցայ հայրենի երիտասարդ գործիչներէն՝ Միքայէլ Նահապետեանին հետ, որ աշխոյժ մէկ անդամներէն էր «Զանգ» ընդդիմադիր շարժման:

Ստորեւ հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

Պրն. Նահապետեան ըստ երեւոյթին քաղաքական-փողոցային պայքարը վերջին շաբաթներուն դադար առած է Երեւանի մէջ. ի՞նչ են պատճառները։
Պատճառն այն է, որ մեր գործողութիւնները թէեւ արձագանգներ, տեղեկատուական հետաքրքրութիւն, համակրանք յառաջացուցին, բայց մարդոց չմղեցին ֆիզիքապէս մասնակցելու այդ գործողութիւններուն: Այդ կը նշանակէ, որ հանրային կառուցուածքին մէջ ինչ-որ բան մը կը կատարուի, որուն հետ աշխատելու ձեւը մենք տակաւին չենք գտած եւ սխալ կ’աշխատինք: Հիմա, մենք ըստ այնմ կը մտածենք, կը քննարկենք, կ’աշխատինք, որպէսզի ձեւեր գտնենք մարդոց մասնակցութեան մղելու համար: Հիմա քանի մը ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տանինք՝ քաղաքացիական խումբերու, ուսանողներու եւ ստեղծագործողներու հետ, որոնք կարողութիւնը ունին դիմադրութեան գեղագիտական նոր ալիք մը ստեղծելու: Ազգային խնդիրներու այս նոր շրջափուլին մէջ պարզուեցաւ, որ մեր հին երգերը, հին նկարները, հին գրութիւնները, հին ֆիլմերը, հին երաժշտութիւնը մարդոց չեն քաջալերեր: Ուստի, մեզի պայքարի նոր «երգ» պէտք է, որ ոգի տայ մարդոց՝ Հայաստանի համար պայքարը շարունակելու:

Ներ-քաղաքական իրականութիւնը ինչպէ՞ս կը բնութագրէք։ Ընդդիմութիւն-իշխանութիւն «յարաբերութիւն»էն մինչեւ երրորդ ուժի մը անգտանելիութիւնը. այսօրուայ իրականութիւնը մինչեւ ե՞րբ կրնայ այսպէս շարունակուիլ։

Երրորդ ուժի պահանջարկ չկայ: Այդ մէկը Նիկոլին աջակցելու պատճառաբանութիւն է: Մարդիկ յարմար ձեւը գտած են ըսելու, որ իրենք սպիտակ ձիով ասպետին կը սպասեն: 2021-ի ընտրութիւնները ապացուցին, որ 3-րդ ուժի պահանջարկ չկայ, որովհետեւ մօտ 27 ուժեր կային, որոնք կրնային այդ երրորդը ըլլալ, բայց կեանքը ցոյց տուաւ, որ այդ ուժերու ընտրողները ճգնաժամի պահուն գացած ու ընտրութիւն կատարած են երկու ուժերուն միջեւ: Մեծ հաշուով ես կը կարծեմ, որ ինչպէս մինչեւ 2018-ը, այնպէս ալ անկէ յետոյ, կուսակցութիւնները, ցաւօք, անարդիւնաւէտ գործիքներ են եւ իրական քաղաքականութիւնը, ցաւօք, կը շարունակէ փողոցը մնալ: Դուք շուտով ականատեսը կ’ըլլաք, թէ ինչպէս կուսակցութիւնները պիտի սնանկանան եւ փոխարէնը պիտի սկսին արդիւնաւէտօրէն գործել քաղաքացիական նախաձեռնութիւնները: Այդ ընթացքը ընդդիմադիրներու նոր սերունդ պիտի ձեւաւորէ, որոնք աւելի ուշ կա՛մ տարբեր կուսակցութիւններ պիտի ստեղծեն, կամ անկուսակցական-յեղափոխական շարժման ձեւով պիտի գործեն: Սա կը նշանակէ՝ դարձ ի շրջանս իւր: Կը կատարուի այն ինչի մասին կը զգուշացնէինք 2018-էն ետք՝ երբ յեղափոխական գործընթացները չեն փոխեր կարգերը, յեղափոխութիւնները պարբերական կը դառնան:

 

Վերջին շրջանին շատ կը խօսուի Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնարար խորհրդանիշներուն, ընդհուպ անգամ Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին։ Ի՞նչ է ձեր մեկնաբանութիւնը. միտումնաւո՞ր են այդ տեսակի օրակարգերու «խցկում»ը, կա՞մ իրապէս այդ բոլորը պէտք են Հանրապետութեան ամրագրման ճանապարհին։

Նիկոլ Փաշինեանը համաշխարհայնացման գործունէութիւն կը ծաւալէ: Այսինքն՝ յանձն առած է վերահսկելու, որ Հայաստանը ո՛չ հիմա եւ ո՛չ ալ յետոյ կարողանայ վերականգնելու նպատակ ու հնարաւորութիւն ունենալ: Իսկ Սահմանադրութեան թեման անոր համար բոլոր առումներով շահեկան է: Եթէ այդ ընդունուի՝ Նիկոլը կարողութիւնը կ’ունենայ ըսելու, որ հայ ժողովուրդը իր քաղաքականութեան համաձայն է, եթէ չընդունուի՝ իր ուսերէն կը նետէ վերահաս պատերազմի մեղքը, իսկ նոյնիսկ եթէ այդ հարցը հանրաքուէի չհասնի՝ ապա սպասուող հանրաքուէի եւ ընտրութիւններու լուրերը միայն կ’անդամալուծէ կուսակցական ընդդիմութիւնը մինչեւ հանրաքուէի պահը, եւ Նիկոլը ազատ ապրելու ժամանակ կ’ունենայ:

 

Արդէն տասը եւ աւելի օրերէ ի վեր կառավարական փակ սենեակներու ետին ներքին, այս անգամ տնտեսական հարթութեան «պայքար»ներ տեղի կ’ունենան, որոնց «արգասիք»ն ալ կարծէք տնտեսութեան նախարար՝ Վահան Քերոբեանի հրաժարականն էր։ Այս բոլորը ինչի՞ կը վերագրէք, արտաքին ճնշում, թէ ներ-իշխանական պայքար։
Անկեղծ ասած, զիս չեն հետաքրքրեր այդ զարգացումները: Նիկոլը՝ իր «հարեմ»ը, ինչ կ’ուզեն թող ընեն իրարու: Բայց եթէ պարտաւոր եմ կարծիք յայտնելու, ըսեմ, որ կը տեսնեմ, թէ Յունուարի առաջին շաբաթէն ի վեր արդէն իսկ ընթացք առած է ոչ պաշտօնական քարոզարշաւ։

 

«Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի իշխանութիւններուն «սիրելի» եւ ըստ երեւոյթին՝ միակ «ձեռնտու» օրակարգը։ Բաւարար չափով «խոցուած» այս օրակարգը ձեր տեսակէտով ճանապարհ ունի՞ կտրելիք, թէ պարզապէս «մեռեալ ծնունդ» է եւ կամ «ինքնախաբէութեան օրակարգ»։

Ես չեմ կարծեր, թէ այս տարածաշրջանին մէջ միաժամանակ կրնայ գոյութիւն ունենալ ե՛ւ հիւսիսը հարաւին, ե՛ւ արեւելքը արեւմուտքին կապող ճանապարհ, որովհետեւ մեծ հաշուով, այն ինչ որ այսօր կը կատարուի, իր մէջ հիմնական մէկ խնդիր ունի՝ արդեօք Չինաստանը պիտի կարենա՞յ ուղիղ կապ ունենալ Եւրոպայի հետ՝ առանց անցնելու ԱՄՆ-ի ազդեցութեան գօտիներով: Կը կարծեմ, թէ ողջամիտ չէ յոյս ունենալը, որ միաժամանակ կրնան գործել ե՛ւ Չինաստանէն ե՛ւ Հնդկաստանէն արտահանմանի համար նախատեսուած ուղիները, որոնք նաեւ մեր երկիրը կարենան հատել: Բայց Նիկոլը չի կրնար ըսել. «ես օրակարգ չունիմ»։ Այդ պատճառով, թշուառ խորամանկութեամբ կը փորձէ յոյսեր տալ բոլորին (նաեւ թուրքերուն), որ Հայաստանը յատկապէս իրենց նախագիծին մաս պիտի կազմէ:

 

 Սագօ Արեան