Խոհեր Վարդանանց տօնին առիթով

Գիտութեան մեզի շնորհած մեծագոյն պարգեւներէն մէկը այն է, որ գոյութիւն ունի «տարի» հասկացողութիւնը։ Կամայ թէ ակամայ տարին կը վերջանայ, նոր տարի մը կը սկսի ու ի՜նչ ալ պատահի կը շարունակուի։ Հին տարիներուն նոյն օրերն ու նոյն թուականները կը կրկնուին, բարի թէ չար նոր բաներ կը պատահին անկասկած նոյն այդ թուականներուն, բայց մեզի կը մնայ յիշել։

Յիշելը ընտրութիւն է։

Յիշածդ մէջդ ապրեցնելը ընտրութիւն է։

Յիշածդ ուրի՛շի մը փոխանցելը, նոյնպէս ընտրութիւն է։

«Վարդանանք» է այսօր ու ես կը յիշեմ։

Ամեն տարի այս օրերուն շատ կը գրուի ու կը խօսուի Վարդանանքի մասին, ժամանակի՜ն (չեմ գիտեր` աւելի լաւ թէ վա՞տ ժամանակներ էին) վիճաբանութիւններու եւ վերլուծութիւններու ասուլիսներ ալ կը կազմակերպուէին, Վարդանին ու Վասակին մասին կը վիճէին, ոչ թէ կուկըլէն, այլ` Փաւստոս Բիւզանդի ու Լէոյի «Հայոց Պատմութեան» գիրքերէն երկա՜ր մէջբերումներ կը կարդային, ճակատամարտին մասին թեր ու դէմ կարծիքներ կը յայտնուէին, էին ու էին… բայց իրողութիւն է որ մինչեւ այսօր ալ դասախօսութիւններ ու ոգեկոչման ձեռնարկներ տեղի կ’ունենան։

Մեր մանուկները տակաւին մանկապարտէզի իրենց գրասեղաններուն վրայ «Քաջ Վարդան»ին սաղաւարտը կը ներկեն….

Ուրեմն, թէկուզ յարաբերականօրէն` մենք կը յիշենք։

Անհամաձայնութեան, վիճաբանութեան, կորուստներու, սպառնալիքներու եւ ահազանգներու մեր վերիվայրումներուն գագաթնակէտին կանգնած ենք այսօր հաւանաբար, բայց երեւի կը համաձայնինք որ ժողովուրդ մը կ’ապրի ու կը գոյատեւէ իր անցեալով, իր պատմութեամբ, իր հերոսներով, դէմքերով ու դէպքերով, որոնք իր ինքնատիպ մշակոյթով հիւսուած կը ժառանգուին, կը փոխանցուին ու կը կազմեն սերունդներուն շարունակական կեանքին հոգեմտաւոր ու բարոյական էութիւնը։

Շատ հեռու եմ վարդագոյն երազներէ. Ճի՛շդ է, Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ կը նահանջենք, բայց … մեր նախորդները մեզի ապրելու տեղ, տուն, եկեղեցի, դպրոց, պատմութիւն, մշակոյթ ու իւրայատուկ էութիւն մը ժառանգեցին։ Որքա՜ն թերի պիտի ըլլար մեր ինքնագիտակցութեան համայնապատկերը, առանց զայն հիւսող մանր-մանր պատումներուն. Վահագնի «հուր հեր»էն, Դաւիթէն ու Մհերէն, Սահակ ու Մեսրոպին երազէն, Ֆրիկ ու Գոշէն մինչեւ պարսիկներուն ու փիղերուն դիմաց կռուող 66 հազար հայ կտրիճները…

Ո՛վքեր, ի՛նչեր պիտի ըլլայինք մենք` առանց անոնց։

Ո՛վ, ի՛նչ ըլլալու ճակատամարտ մըն ալ չէ՞ր արդէն «Աւարայրը»։ Իր կրօնական բնոյթին առընթեր` մշակոյթներու պայքար մը չէ՞ր հայերուն ու պարսիկներուն պատերազմը. Մշակոյթի մը՝ ուրիշ մշակոյթ մը ճնշելու, զայն աշխարհաքաղաքական ընդհանուր ազդեցութեան տակ առնելու, հետզհետէ ջնջելու մարմաջ մը, մարդկային պատմութեան մէջ հին-նոր ընդհարում մը, որ այսօ՜ր ալ կ’ապրինք` հանգամանօրէն։

Երէկ մեզի պատմեցին, այսօր ալ մե՜նք պատմեցինք որ Վարդան նահատակուեցաւ, Հայոց բանակը ֆիզիքապէս պարտուեցաւ, բայց պարսկական մշակոյթին դէմ Հայ ժողովուրդի ընդվզումը յաղթեց։ Հայ մշակոյթին յաղթանակն էր այդ մէկը։ Չձուլուելու յաղթանակը։ Վկայ` պատմողներուն շարունակուող շղթան։

Յետագայ սերունդներուն համար օրինակելի դաս, հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան ու ազատութեան ներշնչանք չէր, հապա ի՞նչ էր «Աւարայրը», որուն ազդեցութիւնն ու արդիւնքը անհերքելի է հայ բոլոր ազատագրական շարժումներուն, Սարդարապատի ճակատամարտին ու Արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ։

Այսպէ՛ս, մեզի հասածներով, բոլորիս միասնաբար ըրածներով` յաղթանակ, հպարտութիւն, պարտութիւն, ցեղասպանութիւն, զոհեր, վերապրում, հայապահպանում, անկախութիւն, յեղափոխութիւն, հողեր, բլուրներ, քարտէսներ, պայմանագիրներ, անյայտ կորածներ…. հասանք այսօրուան ու այս բոլորէն վերջ, ինչպէ՞ս չմտածել` «Հայրենիք»ի ինչպիսի՞ տեսլական մը ունէին միաձայն «զինուորեալ ենք» կրկնող` Վարդանանց մեր հերոսները…

Հայաստանի ինքնիշխան Հանրապետութեան մէջ շաբաթներէ ի վեր ընթացող «Հայոց» եւ «Հայաստանի» Պատմութեան ու հայկական դասագիրքերուն մէջ զետեղուածներուն վերաբերող վէճերուն մասին կը կարդամ եւ ու չեմ կրնար չյիշել Եղիշէի եւ Ղ. Փարպեցիի գիրքերը որպէս պատմական աղբիւր ընդունող Դերենիկ Դեմիրճեանի «Վարդանանք» պատմավէպի հերոսներէն` Վասակին զաւակները, իրենց հօր կողմէն պարտադրաբար Պարսկաստան տարուած Ատրներսեհն ու Բաբիկը, որոնք մեծագո՜յն հաճոյքով իրենց մօր կարդացած Խորենացիի հերոսական պատմութիւնը կը լսէին եւ իրենց պարսկերէն սորվեցնող ուսուցիչը կը ծեծէին …

Ոչինչ փոխուած է, բարեկամներ։ Նոյն պատկերին մէջ ենք` տարբեր անուանումներով ու առարկաներով. ձի, դաշտ ու կռիւ չեն երեւիր, բայց իսկութեան մէջ` կան։ Ետ ու առաջի խնդիր ալ չունինք. շրջապատուած ենք բոլո՜րս։ Մեր ձեռքն են մեզ ղեկավարող ու մեր կեանքը հեշտութեամբ դասաւորող մեր «խելացի» հեռաձայնները, անոնց մէջ ու ամէնուր են մեր մանուկներուն ու պատանիներուն սպառնացող ծուռ ու մուռ չափանիշները, «վիու»ները, «թիքթոք»ները, ծիածանակերտ ծուղակները, ազատութեան տենչերը, չմեղադրուած գողութիւնները, խաբուսիկ յաղթանակները, մխիթարող ռոպոթները, վար տանող վերընթաց աստիճանները…

Շատերու համար լոկ «Հերիսա», բայց մենք «Վարդանանք» կ’ըսենք ու կը յիշենք Հայոց պատմութեան ընթացքին Հայրենիքի ու Հայ մշակոյթի նուիրեալներէն մեր ճանչցածները, կը գիտակցինք որ բազմաթիւ են անյայտ այդ զինուորները, կը տենչանք ու կը փորձենք ճանչնալ մեր չգիտցածները, որոնց շնորհիւ կը շարունակենք առ տակաւ։

Այսօր, «Վարդանանք» կ’ըսեմ ու կ’ողջունեմ պէս-պէս փափո՜ւկ նետ ու նիզակներներու եւ գեղեցկագո՜յն փիղերու դէմ պայքարող հայ ծնողները, ներքուստ` «ինչ օգուտ» ըսելով տառապող ու այնուամենայնիւ պատմութիւնը պատմող ու աշակերտներուն հարցումներուն պատասխանող հայրենաւանդ մեր ուսուցիչները, «Աստուած իջեր ի Հայաստան, Հայոց արիւնն հոտոտել» երգողները, լսողները, սորվեցնողները, այսօրուա՜ն խօսք ու ձեւով երիտասարդներուն հասնող ու հասցնող մերօրեայ կտրիճները, կրթական մեր մե՜ծ մշակները, երբեք չմոռցած մեր ուսուցիչները, տնօրէնները, ղեկավարները, իրենց սրտով գործողները… այսօրուան մեր Վարդանները, չյանձնուելով շարունակողները։

Շատ յաճախ յոռետեսութեամբ կը մեղադրուիմ։ Սխալ չէ՛, ինչ ըսեմ, բայց ճիշդ ալ չէ՛, որովհետեւ այսօ՛ր պիտի միանամ իմ լաւատես բարեկամներուս ու Գարեգին եպս. Սրուանձտեանցի «Գողթնի Քնարք»ին լուսաւո՜ր յոյսի հետեւեալ տողերով պիտի ընտրեմ վերջացնել.

Մոխիրներու վրայ հիմնենք,

Աւերակներ դարձնենք տուն,

Որ ծիծեռնակ գայ ու երթայ,

Նորից գարուն գայ հայուն…

Եւ կը ծլին ու կը ծաղկին,

Այս դաշտին մէջ ոչ խոտ` վարդ,

Այլ Վարդանայ ինկած երկիր,

Պիտի ծաղկի սուրբ հաւատ…

 

Սեւան Սեմէրճեան