Մօտ 400 էջերէ բաղկացած այս որակաւոր հրատարակութիւնը բազմաբեղուն հրապարակագիր եւ ազգային ու մշակութային գործիչ, Եգիպտահայ գաղթօճախի կարկառուն դէմքերէն Ալիս Տեփոյեանի վաստակին փառապսակը կը հանդիսանայ:
Ալիս Տեփոյեան Գահիրէի Գեղարուեստասիրաց Միութեան եւ «Արեւ» օրաթերթի ծիրէն ներս ամբողջական նուիրումով ծառայած է աւելի քան 40 տարիներ, ստանձնելով վարչական, հրապարակագրական, խմբագրական եւ կազմակերպչական պատասխանատուութիւններ, սերտօրէն գործակցելով համայնքի գլխաւոր ղեկավար դէմքերէն, իր ամուսնոյն՝ Վահագն Տեփոյեանի հետ:
Այս հրատարակութեան իրագործման գլխաւոր մղիչ ուժը հանդիսացած է հեղինակին անցեալի սերտ գործակից, Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթի (այժմ`շաբաթաթերթ) խմբագիր Աւետիս Եափուճեան, որ նաեւ գրած է գրքին Յառաջաբանը: Գիրքը կը պարունակէ Ալիս Տեփոյեանի գրիչէն բխած մօտ 100 յօդուածներ, որոնք հրտարակուած են «Արեւ»ի մէջ 1960-2000 տարիներուն, մինչեւ յառաջացեալ տարիքի եւ առողջական պատճառներով իր հանգստեան կոչուիլը:
Իր Յառաջաբանին մէջ Եափուճեան կ’ըսէ, «Ալիս Տեփոյեանի համար խորդ է “Պարապ է կեանքը” կամ “Ամէն ինչ ունայն է այս աշխարհի վրայ” սոփեստութիւնը, որովհետեւ Ալիս Տեփոյեանի կեանքին մէն մի վայրկեանը օգտագործուած է իր եռանդուն եւ բազմակողմանի գործունէութեամբ». ու կը բնուդագրէ գրքին բովանդակութիւնը ըսելով՝ «Ալիս Տեփոյեանի գրական այս վաստակը կարելի է բաժնել հիմնական երեք մասի, անկեղծ եւ հանդուգն հրապարակագրութիւն, գրական խորիմաստ վերլուծումներ, պատմական արդարադատ մեկնութիւններ: Եւ այս բոլորին վրայ կ’իշխեն գեղարուեստական գրողի ոճն ու անխաթար եւ մաքրամաքուր հայերէնը:»
Արդարեւ, գրքին ընթերցումը աւելի իմաստալից եւ հետաքրքրական դարձած է գրութիւնները խմբաւորելով ինն գլուխներու տակ, պահելով իւրաքանչիւր խումբի գրութիւններու ժամանակագրական շարքը: Այդ խումբերն են՝ Դասախօսական-Բանախօսական յօդուածներ, Ընդունելութիւններ, Հանդիսութիւններ, Հարցազրոյցներ, Հրապարակագրական Յօդուածներ, Մահագրականներ, Մշակութային Ձեռնարկներ, Ոգեկոչումներ, Պատմական Ակնարկներ:
Բայց ո՞վ է Ալիս Տեփոյեանը: Գրքին վերջաւորութեան, «Որպէս Վերջաբան» անդրադարձին մէջ Ալեքսանդր Իսկանտարեան կը գրէ՝ «Ալիսը ծնուել է Աղեքսանդրիայում, նախակրթութիւնը ստացել է Հելիոպոլսի Նուպարեան Ազգային Վարժարանում, երկրորդականը՝ ֆրանսական վարժարանում»: Ու կը շարունակէ թուել՝ «Արեւ»ի միջոցաւ իր անսպառ աշխատակցութեան կողքին ստեղծողներէն եղած է այն միջավայրին ուր այսօր ալ կը յարատեւէ այդ մշակոյթը: Բանաստեղծական խառնուածքով տիկին Տեփոյեանը չէ բաւարարուած բեմով ու հանդէս եկած է գրական-պատմաբանական դասախօսութիւններու շարքով: Ան Միութեան մատենադարանին մէջ հայերէնի դասաւանդութիւններ կատարած է օտար դպրոցներ յաճախող հայ տղաներու եւ աղջիկներու: « Մենք մեր ազգային բնաւորութեան եւ մշակութային արժէքներու կրողներն ենք: Մեզմէ ամէն մէկը պարտաւոր է պահպանել այն իւրայատկութիւնները, որ յատուկ է մեր ժողովուրդին. եւ ատկէ կը ծնին մեր մտահոգութիւնները եւ մտայղացումները …»:
Հետաքրքրական ընթերձում մըն է այս գիրքը մանաւանդ նախկին եգիպտահայերու համար, որոնք պիտի համակուին անցեալի յուշերու ջերմութեամբ:
Տոքթ. Յ. Արզումանեան