Հակառակ անոր որ աշխարհի ուշադրութիւնը շեղուած է Հարաւային Կովկասի ընդհանուր դրոյթներէն, բայց եւ այնպէս մինչեւ այս պահը եւ յաճախ տարբեր հարթակներու վրայ երեւելի կը դառնան հրապարակումներ, որոնք կը խօսին Ատրպէյճանի թշնամական նկրտումներուն մասին։
Ի հարկէ, ոչ առաջին եւ ոչ ալ վերջին գրողը պիտի ըլլամ, եթէ այստեղ արձանագրեմ, որ Ատրպէյճանի համար հիմնարար կը մնայ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը սուրի ուժով հատելու դրոյթը։
Այդ «Մեծ երազ»ը անշուշտ Պաքուի արտադրութիւնը չէ, այլ անոր ետին կանգնած է Անգարան։
Կը խօսինք համա-թրքական մեծ երազին մասին, որուն առանցքներուն կանգնած է ինք՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանը։
Մարդ որ շաբաթ մը առաջ տօնախմբեց իր երկրի (կամ իրեն ժառանգուած երկրի) հիմնադրման 100-րդ տարեդարձը։ Ու այս ժամանակներուն աւելի քան պարզ ու յստակ է, որ ինք Էրտողան մեծ հաշուով կորսնցուցած է այն հիմնական բանալիները, որոնց շնորհիւ ալ պիտի կարողանար «բանալ» տարեկան հանրապետութեան մեծ դուռը, մտնէր ներս ու իր ամպհովանիէն վար առնէր Մուսթաֆա Քեմալի մեծ պատկերը…։
Այս բոլորը նշելէ անդին յստակ է այսօր, որ Էրտողան ոչ միայն կորսնցուցած է Թուրքիոյ «Նոր առաջնորդ»-ը դառնալու յոյսերը, այլ նաեւ ունի ներքին բաւական տարողունակ հիմնախնդիրներ։ Այդ խնդիրները, ոչ միայն «կը կապեն» Թուրքիոյ ձեռքերը այլ նաեւ մտածել կու տան մասամբ մը փոխելու Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը։ Ու այստեղ հիմնական գաղտնաբարը կը կոչուի «դառնալ նուազ նախաձեռնողական» քան ինչ կար մօտիկ անցեալին։ Ու հոս է անշուշտ որ լսելի կը դառնայ մեծագոյն հարցադրումը, որ արդեօք Թուրքիոյ կողմէ յստակօրէն երեւացող նախաձեռնողականութիւնը իրօ՞ք անցած է Պաքուի ձեռքը։ Հարցադրումը բաւականին բարդ հարցադրում մըն է, մանաւանդ, երբ հաշուի կը նստինք Հայաստան-Ռուսաստան եւ Թուրքիա- Ռուսաստան յարաբերութիւններու ընդհանուր պատկերը եւ միւս կողմէ ալ Ատրպէյճանեան կազին կարեւորութիւնը, որն անշուշտ աւելի ծանր պիտի կշռէ արեւմուտքի նժարին առջեւ։
Վերադառնալով մեր հիմնական թեմային, որ արդեօ՞ք այսօր Հայաստան կ’ապրի նոր գրոհի մը իսկական սպառնալիքներու փուլը, ապա պէտք է անպայման նշել, որ ինչքան ձմրան եղանակը կը մօտենայ, այնքան այդ վտանգները կը հեռանան։ Կայ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ այս օրերուն տիրող իրավիճակը, որ ձեւով մը Հայաստանին եւ հայութեան համար դարձաւ առկայ լարուածութիւնը մասնակի կերպով մեղմելու իրական գործօն։ Բայց անշուշտ այս բոլորը չեն նշանակէր, որ Հայաստան ու անոր Սիւնիքեան հատուածը հեռացած են իրական վտանգներէն։
Ի դէպ Ամերիկեան Time պարբերականին մէջ օրերս Թաֆթս համալսարանի գիտաշխատող Սիմոն Մաղաքեան սոյն թեմային մասին կարեւոր նիւթով մը հանդէս եկած է եւ նիւթը հայացնելով կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, որ երբ ահաբեկիչները եւ բռնապետները գին չեն վճարեր, անոնք աւելի շատ մահեր եւ աւերներ կ’առաջացնեն», 20 Հոկտեմբերին ըսած է նախագահ Ճօ Պայտըն՝ բացատրելով Ուաշինկթընի աջակցութիւնն Իսրայէլին եւ Ուքրանիոյ:
Այս յայտարարութիւններէն ուղիղ մէկ ամիս առաջ նաւթով հարուստ բռնապետութիւնը կանխատեսելի եւ կանխարգիլելի գործողութիւն իրականացուց կատարելով վայրագութիւններ, անոնց կարգին՝ կանանց եւ երեխաներու նկատմամբ, նաեւ հրահրելով ողջ բնակչութեան զանգուածային արտագաղթը։ Սակայն Պայտընի վարչակազմը դեռ պատասխանատուութեան պիտի ենթարկէ անցեալ ամսուան յարձակողը՝ Ատրպէյճանը, Լեռնային Ղարաբաղի վրայ յարձակման եւ ցեղային զտումներու համար:
Աւելի քան 100.000 բնիկ հայեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ աւելի քան ինն ամիս դիմացած են Ատրպէյճանի միջնադարեան ոճի պաշարման: 19 Սեպտեմբերին հացի համար երկար հերթեր կանգնած սովահար հայերը ռումբի պայթումներու ձայներ լսեցին։ Ատրպէյճան 24 ժամ ան ընդմէջ կը գնդակոծէր Լեռնային Ղարաբաղն իսրայէլեան եւ թրքական արտադրութեան զէնքերով, մինչեւ այն պահը, երբ հայ բնակչութիւնը անձնատուութիւն գնաց ՝ ջարդերը դադրեցնելու համար։ Մի քանի օրուան ընթացքին իւրաքանչիւր ողջ մնացած ընտանիք լքեց իր տունն ու դարաւոր օճախը , եւ նախնիներու մշակոյթը, որ կը թուագրուի երկուքուկէս հազարամեակէն առաջ, փախչելու նոյն այն միջանցքով, որ փակուած էր Ատրպէյճանի կողմէ, վերջնական միակողմանի ելքի համար:
Այժմ, երբ ամբողջ աշխարհը կը նայի Կազային, փորձագէտները կը կարծեն, որ ինքնիշխան Հայաստանը թուրք-ատրպէյճանական յաջորդ թիրախն է, եւ Միացեալ Նահանգները տեղեակ է այդ իրադարձութիւններու մասին:
Մօտալուտ ներխուժման ամենաակնառու նշաններէն են 23-25 Հոկտեմբերին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ Հայաստանի արեւելքը եւ նախապէս հայաբնակ մէկ այլ շրջանի՝ Նախիջեւանի մէջ տեղի ունեցող թուրք-ատրպէյճանական համատեղ զօրավարժութիւնները՝ թրքական F-16 կործանիչներու Ատրպէյճան զգալի ժամանումով: Վերջին անգամ նման լայնածաւալ զօրավարժութիւններ կատարուած են 2020 թուականին, որոնք նախորդած են Հայաստանի կողմէ հովանաւորուող Լեռնային Ղարաբաղի դէմ 44-օրեայ պատերազմին՝ ճանապարհ հարթելով անցեալ ամսուան «վերջնական լուծման» համար։
Մօտակայ ներխուժման մէկ այլ նշան է Հայաստան ուղեւորուող ատրպէյճանական ռազմական բեռնատարներուն վրայ «!» գրառման յայտնուիլը։ Խորհրդանիշը մօտաւորապէս նման է մասնատուած Հայաստանին եւ ենթադրաբար կը ծառայէ որպէս «Ղարաբաղը Ատրպէյճանն է» 2020-2023 թուականներու ռազմական կարգախօսի աւարտ։
Թէեւ Միացեալ Նահանգները կը գովաբանէ Հայաստանը որպէս ժողովրդավարական երկիր, սակայն, անոր դէմ յարձակումը կազմակերպողը յանդիմանելու մէջ, զգոյշ է։ Նոյնիսկ անցեալ ամիս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներէն յետոյ Պայտընի վարչակազմը պարզապէս երկարաձգեց օրէնսդրական պատժամիջոցներն Ատրպէյճանի դէմ։ Առաջիկայ շաբաթները կրնան յաջորդ փորձութիւնը ժամանակները դառնալ։
Հայաստանը Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի համար, որ ուժի ցուցադրութեան կարիք ունի, «ամենացած կախուած պտուղն» է։ 29 Հոկտեմբերը կարեւոր իրադարձութիւն է երկրին համար՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակն է, սակայն որեւէ նշանակալի ծրագրուած տօնակատարութիւններ չկան: Էրտողան, որ վերջերս երկարաձգեց իր քսանամեայ իշխանութիւնը, յուսահատ օրէն կը ցանկայ տարեդարձը նուիրել բացառապէս ինք իրեն։ Հարիւրամեակի ինը պաշտօնական պաստառներէն միայն մէկուն վրայ պատկերուած է հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը։ Սա զարմանալի չէ. Էրտողան որոշած էր պատմութիւն մտնել որպէս աւելի խոշոր գործիչ, քան Աթաթուրքը, բայց ան չկատարեց նման ուռճացուած խոստումներ։ Յաջողակ ներխուժումը Հայաստան հնարաւոր կը դարձնէր իրականացնել Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ դրուած նպատակը՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մշտական միաւորումը, ինչին նոյնիսկ Աթաթուրք չկարողացաւ հասնիլ:
Չնայած այն հանգամանքին, որ Ռուսիան թուղթի վրայ Հայաստանի դաշնակիցն է, ներխուժումէն կը շահի նաեւ երկրի նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ Փութին յստակ հասկցուցած է, որ Հայաստանի ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած կառավարութիւնն իր արեւմտամէտ «չարաճճիութիւններուն» համար պէտք է պատժուի, ներառեալ Միջազգային քրէական դատարանին անդամակցութիւնը դադրեցնելու վերջին քայլը։ Ընդամէնը անցեալ շաբաթ ռուս բարձրաստիճան պաշտօնեան Հայաստանն անուանեց յաջորդ Ուքրանիա: Ռուսաստանի կողմէ հնչած տեսակէտները կապ ունին նաեւ բաժնուած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ առաջարկուող ցամաքային կապին հետ, որուն վերհսկողութիւնը պիտի ստանձնէ Մոսկուան, այդ պարագային ալ իր ձեռքին ունենալով տալով տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական հսկայական լծակներ։ Եւ վերջապէս, Հայաստանին հաւատարմութեան դաս տալով, Փութին կրնայ ակնթարթօրէն գոհունակութիւն ստանալ՝ Ուքրանիոյ մէջ իր անյաջող գործողութեան ֆոնին:
Միացեալ Նահանգներ ունէր գործիքներ՝ կանխելու ցեղային զտումները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, եւ կան աւելի շատ գործիքներ՝ կանխելու Ատրպէյճանի ներխուժումը դէպի ժողովրդավարական եւ ինքնիշխան Հայաստան։
Յատկանշական է, որ 2020 թուականին Ատրպէյճանի յարձակումը ոչ միայն պատեհ ժամանակ էր, որովհետեւ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու ընտրութիւններու ժամանակ, չխօսելով համաշխարհային համաճարակի մասին, այն նաեւ համընկաւ Հայաստան Թուրքիոյ ներխուժման 100-ամեակին օրերուն։ Ահա, թէ ինչու մենք պէտք չէ անտեսենք Թուրքիոյ գալիք անկախութեան հարիւրամեակը: Թուրքիան չի թաքցներ տարելիցը բռնութեամբ նշելու՝ իր մտադրութիւնը։ Այս շաբաթ հայկական սահմանի երկու կողմերուն կատարուած զօրավարժութիւնները կոչուած են «Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք 2023», հասկցնելով, որ ենթադրեալ ազդեցութիւնը, առնուազն, պատմութիւնը անուանումով կը կապէ անցեալ ամիս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտումներուն հետ:
Այն, որ Միացեալ Նահանգներ մասնաւոր կերպով տեղեակ է, բայց հրապարակայնօրէն կը նսեմացնէ ինքնիշխան Հայաստան ներխուժման աւելի վտանգաւոր սենարը, յատկապէս Ուքրանիոյ եւ Իսրայէլի աջակցութեան վրայ կեդրոնանալու պատճառով, կը մատնանշէ մէկ եզրակացութիւն. պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ որոշ ժողովրդավարութիւններ, ինչպէս նաեւ որոշ մարդկային կեանքեր աւելի կ’արժեն, քան միւսները:»
Սագօ Արեան