«Մարդ մը, այնքան բարիք ըրաւ հայ ժողովուրդին
որքան ըրած չեն ուրիշ շատեր հաւաքաբար»:
Վահան Թէքէեան
Անուններ որոնք իրենց կեանքի վաթսուն եւ եօթ տարիները նուիրած են հայ ժողովուրդին. ժառանգ թողելով անգնահատելի ու բարձրորակ մշակոյթ մը:
Յունուար 21-ը հայ ազգի գրականագէտ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի ծննդեան օրն է, որուն մասին երկար կարելի է գրել. սակայն այստեղ պիտի բաւարարուինք անդրադառնալու վերջինիս Կոմիտաս վրդ.-ի արտացոլումներուն մասին:
1911 Մարտ ամիսին առաջին անգամ Թէքէեան ու Կոմիտաս իրար հանդիպած են Սկիւտարի «Րաֆֆի լսարանական միութեան» կազմակերպած երաժշտական երեկոներէն մէկուն, ուր վարդապետը հրաւիրուած էր բանախօսելու:
Ահա թէ ինչպէս է նկարագրած բանաստեղծը սոյն երեկոն՝ «Խօսեցաւ, ու լուսազարդելու համար իր խօսքը՝ որ հայ գեղջուկ երգին եւ հայ շարականներու վրայ էր անշուշտ, մէջ ընդ մէջ երգեց նաեւ: […] Ձայնը ոչինչ ունէր արտասովոր բայց այնքան հոգի, այնքան արուեստ կար մէջը՝ որ շունչդ կը խեղդէր կոկորդիդ մէջ, միայն ականջով չէ՝ այլ բոլոր զգայարանքներովդ հետեւիլ կու տար իրեն, հրճուանք կը պարգեւէր՝ նոյնիսկ երբ տխուր էր եղանակը, էութեանդ ամենէն խորունկ եւ ազնիւ մասը կը յագեցնէր եւ կ’անօթեցնէր միանգամայն: Այդքան զօրաւոր, մաքուր եւ գիտակից յուզում՝ արուեստը երբեք չէ տուած ինծի: […] Բանախօսութենէն վերջ, հազիւ կրցայ զգացածս յայտնել Վարդապետին: […] այնուհետեւ ուրիշ քանի մը անգամ հանդիպած եմ իրեն, կարճ, պատահական հանդիպումներ, նուագահանդէսէ ետք կամ փողոցը: Վերջին անգամ պատերազմէն քանի մը ամիս առաջ էր՝ երբ Պոլիս դարձեր էի Կեսարիայէն ու պիտի մեկնէի Եդուսաղէմ: Փանոս Թէրլէմէզեանը գացի տեսնել իր տուած հասցէին՝ Բանկալթիի շիտակ ճամբուն վրայ:
Զիս դիմաւորեց Վարդապետը, ընդհատելով դաշնամուրի կամ երգեհոնի վրայ իր աշխատանքը: Թէրլէմէզեան բացակայ էր: Քառորդէ մը մեկնեցայ՝ զինքը թողելով իր գործին»:
Իսկ ատկէ վերջ, կիրակի առտու մը, 1920-ին կարծեմ, Փարիզի եկեղեցին էի եւ արարողութենէն վերջ՝ վերը Վռամշապուհ (Քիպարեան) Վրդ.-ի բնակարանը կը գտնուէինք քանի մը հոգի, երբ ըսին թէ Կոմիտաս Վարդապետը բերած են Պոլիսէն: Անոնք Մարսէյլի կառախումբէն ելած եւ ուղղակի եկեղեցի եկած էին:
Նախապէս Պոլսոյ թերթերուն մէջ կարդացեր էի հիւանդութիւնը: Ըսին թէ ափեղ-ցփեղ բաներ կը խօսէր: Ոմանք վար վազեցին: Ես՝ քաջութիւնը չունեցայ զինք այդ վիճակին մէջ տեսնելու:
Ուրիշ անգամ մը, բարեկամի մը հետ հիւանդանոց գացինք իրեն այցելութեան: Պատասխանեցին թէ բժիշկը արգիլել է: Վերադարձայ՝ գրեթէ գոհ, անձկութիւնս գրեթէ փարատած:
Յաճախ, սակայն, զինքը երազած եմ ՝ միշտ հիւանդանոցի մէջ: Ատեն-ատեն թերթերու մէջ երեւցած այցելութիւններու նկարագրութեան ազդեցութիւնը անշուշտ:
«Երբեք պիտի չկարենամ պարծենալ, թէ Վարդապետը մօտէն կը ճանչնայի, իր բարեկամն էի: Իր վրայ կը հիանայի միայն՝ անսահմանօրէն՝ ինչպէս հիացած չեմ երբեք ուրիշ Հայու մը վրայ»:
Այնուհետեւ բանաստեղծը Վարդապետին նկատմամբ իր զգացումները գրիչով թուղթին է յանձնած 1934-ին, որուն կրկին վերջին տարբերակը որ հրատարակուած է «Վահան Թէքէեանի հատընտիրները», որ ստորեւ կը ներկայացնեմ:
ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ
Դուն Ճըպո’տ մ’արդէն նուրբ, եփենաշող,
Ձայները մէկ-մէկ, ձայները խումբ խումբ
Շուրջըդ ջուրերու պէս բըխեցընող-
Եւ յանկա’րծ՝ անոնց առջեւ եղող թումբ…
Եւ Ճըպո’տ մ’ուրիշ՝ դուն ինքըդ նորէն,
Ճըպո’տ հրաշագործ զօրութեան մը ձեռք,
Ծըռող աջ ու ձախ, անցնող հայ երկրէն,
Կեցող արտերու, գիւղերու եզերք
Եւ գտնո՜ղ, ո’վ դուն, ի՜նչ քաղցր, ի՜նչ առատ՝
Գետնին տակ պահուած, հոսուն, գլգըլուն,
Հայրենի Երգին աւազա՜նն անհուն…
Շարժեցա՜ւ հողը, ժայթքեց հուր, երկաթ…
Ցամքեցա՜ն, փախա՜ն ակերն ընդերկրեայ
Եւ Ճըպոտն ընդմիշտ ճաթա՜ծ է հիմա…
Ամիսներ անց, 1935 Հոկտեմբեր 21-ին երբ Կոմիտաս առ յաւէտ հրաժեշտ կ’առնէ աշխարհիկ կեանքէն, այպէս է արտայայտուած մեծահոգի գրագէտը «Արեւ Օրաթերթի» իր խմբագրականին մէջ՝ «Զարնուեցաւ Կոմիտաս՝ միաժամանակ այն ժողովուրդին հետ, որուն բարիքին համար ծնած էր իր հանճարովը եւ բարիք պարգեւած անոր՝ իր աշխատանքովը: Երկուքն ալ զարնուա՜ծ եւ Կոմիտաս վերջնապէս հեռացա՜ծ հիմա աշխարհէն, իր գործը պիտի շարունակէ մնալ մէկը այն գերազօր ազդակներէն, որոնք կը կազդուրեն ժողովուրդները, թարմ եւ փխրուն կը պահեն անոնց հոգին եւ կ’աճեցնեն զանոնք»:
Արդեօ՞ք Թէքէեան յիշեալ խօսքերը միայն Վարդապետին էր ձօնած այլ նաեւ իր անձին, քաջածանօթ ըլլալով իր կեանքի անցած ուղիին…
Ինչպէս Կոմիտասի անունը յաւերժ անմար է հայ մշակոյթի երկրպագուներուն, նոյնքան անմար է Թէքէեանի անունը, որպէս աղբիւր ներշնչումի:
Սամուէլ Քէօշկէրեան
Մոնթրէալ, Դեկտեմբեր 31, 2022