ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏԵՂԱՊԱՀ ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ՎԱՐԿԱԲԵԿՈՒՄԸ

Անցնող քանի մը շաբաթներուն ընթացքին Պոլսոյ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մտահոգ հայութիւնը նոր գայթակղութեան մը դէմ յանդիման եկաւ,եւ որ պատճառ դարձաւ  որ մամուլի միջոցաւ երբեմն ծայրայեղ արտայայտութիւններ հրապարակուին:

Գերմանիոյ Պունտսդակը (Խորհրդարան) գրեթէ միաձայնութեամբ (մէկ հակառակ եւ մէկ ձեռնպահ) Յունիս 2-ին որդեգրած էր Հայոց  Ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ դատապարտութեան բանաձեւ մը, որ ի տարբերութիւն այլ երկիրներու նոյնանման բանաձեւերու որդեգրումին, կու գար Թուրքիոյ երկարամեայ սերտ դաշնակից եւ գործընկեր երկրի մը կողմէ, հակառակ այն իրողութեան, որ Գերմանիոյ փոքրամասնութիւններու խոշորագոյնը հանդիսացող մօտ երեք միլիոն Թուրքեր ունին 11 անդամներ Պունտսդակի մէջ:  Սա արդէն ցոյց կուտայ թէ արտասահման ապրող Թուրքերու մէջ կը բազմանայ  Ցեղասպանութեան մասին արդար մօտեցում ունեցողներու թիւը:

Այս պատկերը անկիւնադարձային հանգրուան մը կը հաստատէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան միջազգային ճանաչումի ընթացքին մէջ: Արագօրէն կը սկսին փլիլ վերապահութեան պատուարները, մինչ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի նման թերթ մը կը հաստատէ՝ «Այո’, Ցեղասպանութիւն էր»: Անտարակոյս՝ ամէն հայ արդար գոհունակութեամբ կը լեցուի ի տես հարիւր տարիներու արդարութեան մեր պահանջներու յուսատու զարգացման:

Բայց ոչ Արամ Արք. Աթէշեան: Մօտ երկու շաբաթ առաջ ան կը հրատարակէ գրութիւն մը իր «Ֆէյս Պուք»ի վրան եւ կը կարդայ զայն հայ նահատակներու ոգեկոչման արարողութեան մը ընթացքին: Աթէշեան Սրբազան կ’ըսէ թէ Հայ համայնքը խորապէս կը ցաւի Պունտսդակի առած որոշումին համար, եւ  կը նկատէ զայն որպէս կայսերապաշտ երկիրներու կողմէ հայերուն Առաջին Աշխարհամարտի ողբերգական տառապանքը օգտագործելով նուաստացնելու Թուրքիան եւ Թուրք ժողովուրդը:

Աթէշեան Սրբազանի այս նամակը անմիջապէս թէ’ տեղական, թէ’ Սփիւռքեան եւ թէ’ Հայաստանի շրջանակներէ բուռն քննադատութիւններու տեղի տուած է: Պոլսոյ «Ակօս» թերթը առաջին հերթին ծանր մեղադրանքներով կը մերժէ Սրբազանի իրաւունքը՝ խօսելու բոլոր թրքահայութեան անունով եւ թէ բոլորովին համաձայն չէ ու ընդունելի չի համարեր Աթէշեան Սրբազանի նամակը: Մայր Աթոռէն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան բանբերին կողմէ զուսպ հակադարձութեամբ մը Աթէշեան Սրբազանը կը մեղադրուի Հայ Սրբադասուած Նահատակներու յիշատակը անարգող արտայայտութիւններ տարածելու յանցանքով: Հայաստանէն քաղաքական ու պետական շրջանակներէ բուռն քննադատութիւններ արտայայտուած են պահանջելով որ Աթէշեան Սրբազանի մօտակայ Հայաստան այցելութիւնը ջնջուի ու արգիլուի անոր մուտքը Հայաստան: Հայաստանի այլ ծայրայեղական տարրեր կոչ կ’ուղղեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, կարգազուրկ ընելու Աթէշեան Սրբազանը:

Հարց կը ծագի թէ ինչո՞ւ Աթէշեան Սրբազան յանկարծ այսպիսի անշրջահայեաց  նամակ մը  հրատարակած է: Արդեօ՞ք իր վրայ ճնշում բանեցուած է պետական շրջանակներէ, թէ պարզապէս ինք փորձած է Նախագահ Էրտողանի եւ պետական այրերուն սիրելի եւ ընդունուած դէմք մը ըլլալ՝ պատրիարքական ընտրութիւններու որպէս նախապատրաստութիւն: Կարելի չէ՞ր որ ամբողջովին շրջանցէր այս տագնապը, լռութեամբ անցնելով այդ պահանջին վրայէն: Արդեօ՞ք այս նամակը գրելու գաղափարը միայն Աթէշեան Սրբազանի անձնական նախաձեռնութեամբ էր, թէ պարտադրուած էր պետական կամ այլ  շրջանակներու կողմէ: Արցախի Առաջնորդ Պարգեւ Սրբազան այն կարծիքէն է որ ճնշում բանեցուած է իր վրայ: Եթէ այս վերջինն է իրականութիւնը, Աթէշեան Սրբազան պիտի չկարենա՞ր դիւանագիտական ընդունելի կերպով մը ելք մը գտնել: Վերջապէս, իր նախորդներն ալ պետութեան ճնշումներու տակ եղած են եւ կարողացած են պատուով դուրս գալ բազմաթիւ փորձանքներէ, ինչպէս՝ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան, Զաւէն Պատրիարք Տէր Եղիաեան , Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան, Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեան եւ ուրիշներ :

Ինչ ալ ըլլան տեղապահ Արամ Արք. Աթէշեանի այս տխուր նամակի պատճառները, իր ընտրութիւնը որպէս Պոլսոյ յաջորդ Պատրիարք խոշոր հարցականի մը վերածուած կը թուի ըլլալ

Տոքթ. Յ. Արզումանեան