«Միայն լաւագոյնը ընդունելի է ինծի համար»
«Գալուստ Կիւլպէնկեանի անունը եւ գործը շատ մեծ նշանակութիւն ունին Փորթուգալի մէջ: Ամէն մարդ գիտէ զինք»: Փորթուգալի մէջ գործակիցս է Թիմոթէոն, որուն հետ երկար տարիներու բարեկամութիւն եւ գործակցութիւն ունիմ: Եթէ որոշ չափով լսած է հայերու մասին, նաեւ` մեկնելով մեր բարեկամութենէն, բայց Թիմոթէոյին համար Կիւլպէնկեանը լաւագոյն հայու մը պատմութիւնն է:
Յունուար 2016-ին Լիզպոնի գեղեցիկ փողոցները կը շրջագայէինք` հասնելու համար կեդրոնական մաս եւ մեծ տարածութեան վրայ հիմնուած Կիւլպէնկեան հիմնարկ:
Փորթուգալը ունի հետաքրքրական եւ այլատեսակ պատմութիւն: Եթէ երկար տարիներ եղած է մէկ կողմէ գաղութատիրական «կայսրութիւն», միւս կողմէ` նաեւ ունեցած է ծովագնացներ եւ հետազօտողներ, որոնք միշտ ալ տքնած են աշխարհի մէջ նոր հորիզոններ գտնելու: Քսաներորդ դարուն երկիրը մտած է տիրապետութեան տակ մենատիրական, այլ խօսքով` «բռնատիրական» կառավարութեան մը, որ երկիրը առաջնորդած է աղքատութեան եւ դարձած` յետամնաց: 25 ապրիլ 1974-ին է, որ խաղաղ ու կանաչ յեղափոխութեամբ մը` «Մեխակներու յեղափոխութիւն»-ով, կրցաւ Անթոնիօ Սալազարի կառավարութիւնը տապալել եւ հիմը դնել աւելի ժողովրդավար պետութեան մը:
Թիմոթէոն վայրկեանուան մը համար կանգ առաւ «Աւիս» պանդոկին առջեւ եւ զայն ցոյց տալով` ըսաւ. «Գալուստ Կիւլպէնկեանը Փորթուգալի մէջ իր ամբողջ կեանքը անցուց այս պանդոկին մէջ»: Ան կը խօսէր աւելի քան տասը եւ երեք տարիներու մասին`1942-էն մինչեւ մահը 1955-ին:
Սկիւտար, Պոլիս ծնած Գալուստ Կիւլպէնկեան սիրեց Լիզպոնը, եւ հաւանաբար Լիզպոնը սիրելուն մէջ կար անցեալէն` իր «արմատէն» յուշեր եւ պատկանելիութեան զգացում, ինչ որ կ՛արտացոլար անոր յուշագրութիւններուն մէջ. «Լիզպոնի Թակուս գետը կը յիշեցնէր իր ծննդավայր Վոսփորը…»: Եւ այդ յուշերն ու պատկանելիութիւնը զինք մղեցին ստեղծելու իր «երազը»` «կտակը», նոյնինքն Թակուսի գետին ափերուն: Եթէ «կտակը» տուն տուաւ հիմնարկի մը` համամարդկային բնոյթի, բայց նոյնքան նաեւ հայկական հիմքով օժտուած կառոյց մըն էր, եւ հոն Կիւլպէնկեան պիտի ապրէր, ապրեցնէր եւ բազմացնէր իր «ինքնութիւնը»:
Հաստատութեան մեծ շէնքին, թանգարանին, պարտէզի մուտքին կանգնած` ուզեցի տեսնել Ուիլիըմ Սարոյեանի անուանած` «Այս իւրայատուկ ծեր մարդ»-ը եւ անոր կեանքին մէջէն տուն տուած մեծ գործը:
Գալուստ Կիւլպէնկեան սիրած է արուեստը եւ բնութիւնը: Նախընտրած է ըլլալ առանձին եւ հեռու` լուսարձակներէ: Բայց եղած է ինքնավստահ, նոյնը ներշնչած է ուրիշներու, այդ ինքնավստահութիւնը իր կեանքին մէջ ունեցած է որպէս տեսլական: «Միայն լաւագոյնը ընդունելի է ինծի համար…»: Բայց Գալուստ Կիւլպէնկեանի համար «ինծի»-ն եղած է իր անձնական կեանքէն շատ աւելի լայն եւ ընդարձակ`դուրս գալով իր «ես»-էն`բացուելու համար աշխարհին ու քաղաքակրթութեան: Վերջապէս ան եղած է «համաշխարհային» քաղաքացի` նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ ապրած եւ եղած է գործարար շատ մը երկիրներու մէջ`սկսելով քարիւղի ընկերութիւններու իր գործարքներէն եւ հասնելու համար «Պարոն հինգ առ հարիւր» պատուաբեր մակդիրին: Այդ « բացուելու» իր տրամադրուածութեան մէջ միշտ իւրայատուկ մնացած է «իր հայկականութիւնը, ինչ որ իր կեանքին եւ գործունէութեան համար ստեղծած է կայունութիւն եւ տուած` իւրայատուկ ինքնութիւն»:
Իսկ այս «իւրայատկութեան» ապացո՞յցը…: Հապա՞ հպարտութիւնը:
Աւետիս Ահարոնեան իրեն շնորհած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անցագիրը: Գալուստ Կիւլպէնկեան ճամբորդած է հայկական անցագիրով`անկախ այդ իրականութենէն, որ ան ունէր նաեւ եւրոպական քաղաքացիութիւն…:
Իր հայ ժողովուրդին ապրած Ցեղասպանութեան ողբերգութիւնը կարելի չէր աննկատ թողնուլ: Ան հաւատաց հայ ժողովուրդին վերապրելու հրամայականին, նաեւ` արաբական աշխարհին, ուր Ցեղասպանութենէն ճողոպրածները հասած ու ստեղծած են հայ գաղութներ` իբրեւ հայութեան գոյատեւման փաստ: Ան հիմնեց կրթաթոշակներ, ընծայեց բժշկական խնամք եւ իր օգնութիւնը հասաւ մինչեւ Այնճար (Լիբանան): Իր նպաստը բերաւ Այնճարի հողատարածքին գնման, որովհետեւ տեղահանուած հայուն նոր պատսպարան տեսաւ այս շրջանին մէջ:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքը մէկ այլ խօսուն եւ գործօն շարունակութիւնն է այս կտակ-իտէալին: Հոն, ուր հայեցի դաստիարակութիւնը եւ ազգային-մշակութային ինքնութեան պահպանումը հիմնական կռուաններ են հայապահպանման: Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի աշխուժ եւ գործօն առաջնորդութեամբ, հայկական բաժանմունքը այսօր նոր շունչ եւ տրամադրութիւն կը ներշնչէ հայաստանեան եւ սփիւռքեան մեր կեանքերուն:
Հանդիպումները եւ տարբեր յայտագիրները, արուեստի թանգարանի հարուստ հաւաքածոն, Կիւլպէնկեանի անուան նուագախումբին ելոյթը, պարտէզ-զբօսավայրը ու տակաւին: Սյս բոլորին մէջ մտքիս մէջ կար մէկ հարցում. «Ո՞ւր է մեծութիւնը այս հայ մարդուն». եթէ ոչ իր ապրած կեանքին ու գործունէութեան, բայց անպայմանօրէն իր… «կտակ»-ին մէջ:
«Կտակ»-ը` իր անձնական ասպարէզային կեանքի նիւթական գործարքներու հսկայական եկամուտներուն եւ հարստութեան վերաբերող: «Կտակ»-ը` իր համամարդկային ու համահայկական «արժէքներու» գիտակցութեան եւ անոնց գոյապայքարի գործընթացին:
Եթէ կայ «կտակ»-ը լիցքաւորող նիւթական ուժը, բայց նաեւ` անոր հոգին… Գալուստ Կիւլպէնկեանի մեծութիւնը կը կայանայ հոն, ուր ան նիւթականը եւ հոգին կրցաւ միաւորել եւ տանիլ զայն դէպի ապագան: Ու ան մնաց «ինքնավստահ» իր համոզումին մէջ, թէ հայը պէտք է շարունակէ ապրիլ, եւ թէ` հայուն ապրիլը ինքնամփոփ եւ ինքնիր մէջ չէ, թէ ուրիշին «բացուելու» քաղաքականութիւնը անհրաժեշտ է, բայց միշտ պահելով հիմքը` «հայկականութիւնը»: Բան մը, որուն ամուր կառչած մնաց Գալուստ Կիւլպէնկեանը:
Բայց յուշագրութիւններուն մէջ եւ իր իսկ արտայայտութեամբ կան (չ)իրականացած նպատակներ: «Երկու նպատակներ չկրցայ իրականացնել կեանքիս մէջ: Գիտական մարդը եւ երազող մը` պարտէզի մը մէջ, զոր ես մշակած եմ»:
Եթէ ան չկրցաւ իրականացնել այս երկու նպատակները իր ողջ կեանքին ընթացքին, բայց հիմնեց «կտակ»-ը` հիմնարկը…
Հոն, ուր հայը պիտի կարենայ «երազել եւ «երազ»-ին մէջէն «մշակել» իր` հայուն «պարտէզը» իմա՛ կեանքը: Իսկ հայուն կեանքին մասին երազելու համար պէտք է զգացում եւ հպարտութիւն, բայց նոյնքան նաեւ` «գիտական» միտք, որ համամարդկային իրականութեան մէջէն պիտի ստեղծէ համահայկական ենթահողը: Այն ենթահողը, որ հայուն պիտի տայ ապրելու ապահովութիւնը:
Գալուստ Կիւլպէնկեանի «կտակ»-ը իւրաքանչիւր հայուն «կտակ»-ն է, նաեւ` առաքելութիւնը, համամարդկայինի մէջէն համահայկական կեանքեր ապահովելու կռուանները: