Հակառակ Խորհրդային տարիներուն Հայաստանը մեծապէս գնահատած է Կոմիտասը. Շահան Արծրունի

Պոլսոյ «ԺԱՄԱՆԱԿ»   օրաթերթի հարցազրոյցը՝  աշխարհահռչակ    դաշնակահար ՝ Շահան Արծրունիին  հետ

 

Հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունի այս տարի եւս Հայաստանի զանազան շրջաններուն եւ Արցախի մէջ իրականացուց ուղեւորութիւն մը եւ վարպետութեան դասեր տուաւ։ Նախկին պոլսահայ, ամերիկաբնակ արուեստագէտի պարագային արդէն աւանդական դարձած են բարենպատակ ծրագրերն ու բարեսիրական համերգները։ Շահան Արծրունի 2017 թուականէն ի վեր կը կատարէ նման շրջագայութիւններ։ Սա երրորդ տարին էր, որ իրեն կը սպասէին Հայաստանի զանազան մարզերու եւ Արցախի երաժշտական դպրոցները։ Այս տարի Արծրունին յունիսի 1-ին ձեռնարկեց այդ վարպետութեան դասերուն, որոնք եզրափակուեցան յունիսի 20-ին։ Այս ընթացքին ան երաժշտական կատարումներով հանդէս եկաւ Հայաստանի գաւառներու կարեւոր բնակավայրերուն մէջ։ Այդ վարպետութեան դասերուն ընթացքին երաժշտական լաւագոյն ընդունակութիւնները դրսեւորած սաներուն մասնակցութեամբ Արծրունի կալա-համերգ մը տուաւ Երեւանի մէջ։ Աշակերտներուն համար մեծ պատիւ էր ելոյթ ունենալ Արծրունիի նման անուանի արուեստագէտի մը հետ։ Իսկ Շահան Արծրունի ուրախ եւ հպարտ է իր սաներով։

«Այս համերգաշարերը նպատակ ունի քաջալերելու Հայաստանի եւ Արցախի երաժշտական դպրոցներու շնորհալի սաները։ Ես փափաք ունիմ երիտասարդ սերունդին փոխանցել իմ գիտելիքներն ու վարպետութիւնը՝ անոնց համար զարգանալու նոր հնարաւորութիւն ընձեռելով», ըսաւ Արծրունի եզրափակիչ համերգին ժամանակ ու միեւնոյն ատեն ներկաներուն պատմեց հայ մեծ երաժիշտներու կեանքին մասին, խօսեցաւ երաժշտութիւն ստեղծագործելու եւ զայն մատուցելու արուեստին շուրջ։ Համերգի յայտագրին մաս կազմեցին հայ եւ օտար յայտնի հեղինակներու գործեր։ Արծրունի եզրափակիչ համերգի մասնակից իւրաքանչիւր սանին յանձնեց պատուոյգիր մը։

Ձեռնարկի աւարտին, Հայ օգնութեան ֆոնտը Շահան Արծրունիին յանձնեց յուշանուէր մը՝ տարիներէ ի վեր պատանի երաժիշտներու նկատմամբ ցուցաբերուած աջակցութեան համար։ Ի երախտագիտութիւն երկար տարիներու համագործակցութեան եւ աջակցութեան՝ անուանի դաշնակահարին յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ համերգի հիւրընկալ Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին կողմէ։

Երեւանի այս եզրափակիչ համերգէն վերջ Արծրունիի սաները հրաժեշտ տուին իրեն՝ կրկին հանդիպելու մաղթանքով։

 

****

 

Պոլսահայ եւ ամերիկաբնակ աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունի, ամէն անգամ Հայաստան գալով, կ՚ապացուցէ, որ թէեւ նշանաւոր բեմերու վրայ ելոյթ կ՚ունենայ, սակայն իր սիրտը կապուած կը մնայ հայութեան, Հայաստանին եւ իր ծննդավայր Պոլսոյ: Պոլսոյ մէջ ստացած արուեստի, երաժշտութեան եւ հայկական աւանդութիւնները, արեւմտեան երաժշտական բարձրագոյն կրթութեան եւ իր արուեստագէտի փորձառութեան հետ միասին ան մեծ փափաք ունի լիուլի վերադարձնել… Եւ այդ մէկը, արդէն իսկ երկրորդ անգամ ըլլալով, կ՚ընէ հայաստանեան եւ արցախեան շրջագայութիւններով, որոնց ընթացքին վարպետութեան դասեր կը կազմակերպէ շուրջ չորս տասնեակի հասնող պատանիներու համար…

Շահան Արծրունի կ՚ըսէ, որ այս այցերը օգտակար են ինչպէս երաժշտութիւն ուսանող աշակերտներուն, այնպէս ալ՝ իրեն համար: Յիրաւի, երաժիշտը Հայաստանի զանազան քաղաքներու եւ Արցախի մէջ գրեթէ մէկ ամիս տեւող այդ շրջագայութիւններէն կը վերադառնայ առոյգ, թարմացած եւ պարտքը կատարածի հաճելի զգացողութեամբ: Առաջին անգամ ան նման շրջագայութիւն մը ունեցած է 2017-ի մայիսին:

Այս անգամ յունիսի 1-22 թուականներու միջեւ կատարած շրջագայութեան մաս կազմեցին Հայաստանի եօթ քաղաքներ եւ Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտը: Երաժշտական դպրոցներուն մէջ արդէն տեղեակ էին եւ կը սպասէին Նիւ Եորքէն ժամանած երաժիշտին, որ ջանք չի խնայեր հետաքրքրական պատմութիւններ պատմելու երաժշտութեան, արուեստի, հայ երգահաններու մասին, եւ սեփական օրինակով ի ցոյց դնելու կատարողական արուեստի վարպետութիւնը: Այդ մտերմիկ հանդիպումները իրականութեան մէջ երաժշտութեան, արուեստի փիլիսոփայութիւնն է, որ կը կրեն, եւ Շահան Արծրունի ձեւով մը նաեւ կը վերածուի երաժիշտ-իմաստասէրի:

Ան նաեւ փափաք ունի շատ աւելի մօտէն ծանօթանալու Երեւանէն հարիւրաւոր քիլօմեթր հեռու բնակող հայ մարդուն, անոր կեանքին, առօրեային, ապրումներուն եւ ապրած միջավայրին: Ամէն անգամ կը վերադառնայ բառ մը սորված, նոր ուտելիքի մը համը ճաշակած, բայց քիչ չեն նաեւ անոր մտահոգութիւնները, ինչ որ կ՚ուզէ սրտցաւօրէն բաժնել:

Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը ունեցայ Շահան Արծրունիին հետ, որ աւելի մանրամասնօրէն պատմեց այս այցելութեան մասին:

 

-Առաջին շրջագայութեան արդիւնքները բաւարար գնահատելո՞վ է, որ այսպիսի երկրորդ ձեռնարկում մը կատարեցիք:

-Այո, առաջին շրջագայութիւնս ինծի ձեւով մը հոգեկան բաւարարութիւն տուաւ եւ ուզեցի ատիկա շարունակել. թէ՛ ես օգտուեցայ նոր փորձառութիւններ ունենալով եւ թէ ուզեցի նոր տղոց հանդիպիլ եւ անոնց ծանօթացնել երաժշտութեան հանդէպ իմ մտածելակերպս:

Այցելեցի Դիլիջան եւ Կապան, ուր նախորդ այցերուս չէի գացած: Այս շրջապտոյտին ընթացքին քանի մը իսկապէս բացառիկ, միջազգային մակարդակի տաղանդով երիտասարդներու հանդիպեցայ: Կապանի մէջ, օրինակ, հանդիպեցայ քլարինէթ նուագող տաղանդաւոր երեխայի մը, որ երաժշտական հասունութիւն ունէր. ես շատ պիտի ուզէի, որ ան իսկապէս շարունակէր իր ուսումը: Ատոր պէս հանդիպեցայ արուեստի ոգիով լեցուն այլ տղոց:

 

-Քաջալերեցիք, որ շարունակեն իրենց երաժշտական ուսումը:

-Երկու ժայռի միջեւ մնացած եմ այս հարցին մէջ… Չեմ գիտեր, թէ պէտք է քաջալերե՞լ այս տղաքը, թէ՞… Այսօր արուեստը, իմ գիտցած արուեստը, ժամանակավրէպ է: Ես շատ լաւ կը հասկնամ, որ այսօր՝ ներկայ կացութեան մէջ, անկարելի է արուեստով ապրուստ ապահովել: Սակայն, գիտեմ նաեւ եւ մեծապէս կը գնահատեմ մեր մշակոյթին կարեւորութիւնը: Արդեօք այդ տեսակ տաղանդները չքաջալերելով ճիշդ կ՚ընե՞նք, մեր մշակոյթին ուժը կը կորսնցնե՞նք, թէ՝ պէտք է աւելի գործնական ըլլանք եւ պարզապէս մշակենք այս երիտասարդներուն միտքերը իրենց պատանութեան տարիներուն ընթացքին եւ իրենց մտածելակերպը զարգացնենք ու ծանօթացնենք մեր անցեալի մշակոյթին:

Ի վերջոյ, մշակոյթը մի միայն երաժշտութիւնը կամ նկարչութիւնը չէ: Արուեստը՝ լայն իմաստով, իրենց ուղեղը կարգի կը դնէ, կեանքը տարբեր ձեւով դիտելու կարելիութիւնը կը ստեղծէ: Ես այն համոզումը ունիմ, որ եթէ տուփ մը գոյութիւն ունի եւ լուծում մը փնտռենք, եթէ այդ տուփին մէջ կանգնած ենք եւ լուծումը կը փնտռենք՝ մէկ բան է, եթէ մեզի շնորհուած է այդ կարողութիւնը, որով մենք կրնանք դուրս ցատկել այդ տուփէն եւ դուրսէն նայիլ այդ հարցին, այն ատեն մեր լուծումը բոլորովին տարբեր կրնայ ըլլալ:

Իրապէս, դժուար հարց է, ես ալ բոլորովին համոզուած չեմ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել, բայց ես կ՚ուզեմ քաջալերել:

 

-Նաեւ դասական երաժշտութիւնը անմահ է, եւ այդ պատճառո՞վ ալ թերեւս պէտք է քաջալերել…

-Այո, Արեւմուտքի համար այդպէս է, սակայն երբ երթաս Չինաստան, իրենց արուեստը բոլորովին տարբեր պատմութիւն մը ունի. անոնք ալ հինգ հազար տարի դիմացեր են իրենց մշակոյթով եւ չի նշանակեր, թէ Արեւմուտքի արուեստը աւելի բարձր մակարդակ մը ունի. չկայ նման հասկացողութիւն: Արուեստը արուեստ է: Արուեստը պարզապէս քիչ առաջ նկարագրած տուփիս պատմութիւնն է: Այդ տուփէն դուրս ցատկելով տուփին նայիլն է, ոչ թէ տուփին մէջէն տուփին նայիլը: Ամէն մարդ, ամէն ազգ իր ձեւը ունի իր տուփը դիտելու, նայելու, որոշում տալու զանազան նիւթերու մասին, ատիկա է, որ պէտք է քաջալերել: Ատիկա կարելի է ընել զանազան ձեւերով: Ես, օրինակի համար, չեմ կրնար հասկնալ շատ մը դիւրութիւններ, զորս համակարգիչը կ՚ընծայէ, սակայն թերեւս այս երիտասարդները ինձմէ հարիւր անգամ աւելի կը հասկնան համակարգիչը եւ գիտեն, թէ ինչպէս կը գործէ: Թերեւս արհեստագիտութեան միջոցաւ կրնան ձեւ մը որդեգրել իրենց մշակոյթը զարգացնելու:

Ես մանուկներու, պատանիներու հետ այդքան չեմ հաղորդակցած, սակայն նկատեցի, ուրիշներն ալ ըսին, որ իրենց հետ հաղորդակցելու դիւրութիւնը ունիմ եւ կրնամ իրենց պէս ըլլալ եւ իրենց լեզուով խօսիլ, հակառակ անոր որ արտայայտուած արեւմտահայերէնս կրնայ այնքան ալ հասկնալի չըլլալ, բայց միշտ ձեւերը կան բացատրուելու, հասկցուելու:

 

-Դաշնակահար մը ըլլալով, դուք միայն դաշնամուր նուագող երեխաներուն հետ դասընթացքներ չունեցաք: Այդ մէկը ինչպէ՞ս ընդունուեցաւ:

-Ես աւելի փափաք յայտնած էի, որ մասնակցողները ըլլան ժողովրդական նուագարաններ նուագողներ՝ քանոն, շուի, տհոլ, ինչպէս նաեւ ջութակ, շեփոր, քլարինէթ եւ դաշնամուր: Երաժշտութեան մօտենալն էր նպատակս. ես, անշուշտ, քլարինէթ նուագել չեմ գիտեր եւ չեմ կրնար անոնց նուագածը սրբագրել, սակայն կարելի է երաժշտութեան մօտենալու, մատուցելու ձեւերուն մասին խօսիլ, ինչ որ կրնայ օգտակար ըլլալ: Ես նշմարեցի եւ ատոր մասին ալ երաժշտական դպրոցներու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն հետ խօսեցայ, որպէսզի այս երիտասարդները անծանօթ են մեր մշակոյթին: Ես պիտի նախընտրէի, որ իրենք Շոփէնի, Մոցարթի կամ կարգ մը ռուս հեղինակներու գործերու կողքին կատարէին նաեւ մասնաւորաբար հայ երգահաններու գործեր: Այս երաժշտական դպրոցներուն մէջ խորհրդային ժամանակներու ուսուցման աւանդոյթները եւ այն ժամանակ ընտրուած հեղինակներու ստեղծագործութիւնները տակաւին առկայ են: Նոյնիսկ իրենց ուսուցանելու ձեւը այդպէս է. ես կարգ մը առաւելութիւններ կը գտնեմ խորհրդային մօտեցումին մէջ. ինչպէս՝ կարգապահութիւնը եւ այլն, բայց կայ նաեւ պակաս մը եւ փափաքս, ջանքս այն է, որ ես արեւմտեան երաժշտութեան իմ մօտեցումով այդ պակասը լրացնեմ: Իմ մեկնաբանութիւնն ալ, բնականաբար, տարբեր էր. եթէ գործ մը տարբեր ձեւով պիտի չմեկնաբանես, ապա ո՞րն է նպատակը:

 

-Դուք այս շրջագայութիւնը կ՚իրականացնէք Հայ օգնութեան ֆոնտին (ՀՕՖ) աջակցութեամբ: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այդ կառոյցին դերը:

 

-Իրենց ըրածը շատ կարեւոր գործ մըն է, ես հաւատացող մըն եմ այս կառոյցի գործունէութեան: Կազմակերպչական առումով, զանազան ուղղութիւններով շատ անթերի աշխատանք կը տանին՝ կրթականէ մինչեւ ուրիշ շատ ասպարէզներ: Մարզերուն մէջ կեանքը աջակցութեան կարիք ունի եւ ՀՕՖ-ը, իսկապէս շատ գործ կը տեսնէ մարզերուն մէջ:

 

-Դասընթացքներէն զատ, ի՞նչ մտածումներով վերադարձաք մարզերէն. ի՞նչ տեսաք:

-Մարզեր երթալու ճամբուն վրայ կան մեծ պաստառներ, որոնք հայ մեծերը կը ներկայացնեն՝ «Մեծ հայեր» վերտառութեամբ, վստահ ամէն մարդ տեսած է զանոնք: Շատ հետաքրքրուած եմ գիտնալու, թէ ո՞վ կ՚ընտրէ այդ անձերը, քանի որ ես այդ պաստառներուն վրայ տեսայ միայն գրողներու եւ դերասաններու նկարներ. արուեստի միւս մարզերը անտեսուած են, առաւելաբար՝ անտեսուած է սփիւռքը, մինչդեռ սփիւռքը, վերջին տարիներուն, շատ մեծ ներդրում ունեցած է այսօրուան Հայաստանի կեանքէն ներս: Այդ պաստառներուն վրայ ես նկարիչի անուն չտեսայ, երաժիշտներու անուններ ալ շատ քիչ են՝ Կոմիտաս, Խաչատուրեան եւ Սայաթ Նովա տեսայ միայն: Չուխաճեան, Լիմոնճեան եւ նման այլ անուններ, որոնցմով հայ երաժշտութեան այս կամ այն պատմութիւնը սկսած է՝ ինչո՞ւ չըլլան հայ մեծերու շարքին: Եթէ այս ասպարէզին, այս անուններու ընտրութեան մէջ պատասխանատու անձ մը կայ, ես պատրաստ եմ, անոր հետ քննարկելու այս հարցը, գիտնալու, թէ ի՞նչ սկզբունքով կը կատարեն այդ ընտրութիւնը:

 

-Դուք անցեալ տարուան հայաստանեան քաղաքական մեծ փոփոխութենէն ետք առաջին անգամ Հայաստան եկաք. ինչպէ՞ս ընդունեցիք անցեալ տարի տեղի ունեցածը:

-Մենք շատ ոգեւորուած էինք տեղի ունեցածով. գիտէինք, թէ ինչ կ՚անցնի-կը դառնայ. գիտենք նաեւ, որ այդ զեղծումները, որոնց պատճառով յեղափոխութիւնը սկսաւ, ամէն տեղ ալ գոյութիւն ունին՝ Ամերիկա, աշխարհի բոլոր երկիրներն ալ կան: Բայց եթէ Ամերիկայի տնտեսութիւնը մեծ է եւ հնարաւոր է ատիկա շատ դիւրութեամբ կլլել եւ շատ չազդուիլ տնտեսական առումով, ապա Հայաստանի պէս փոքր երկրի մը փոքր տնտեսութեան մէջ այդ մէկը հնարաւոր չէ ընել: Ես Հայաստանի յեղափոխութեան հետեւանքով, իշխանութեան եկած պաշտօնեաներուն՝ մարզպետներ եւ այլն, հանդիպեցայ մարզերուն մէջ, կան շատ սրտցաւ մարդիկ անոնց մէջ. կը զգաս, որ հայրենասէր են, իրենց մարզերու կեանքով մտահոգ. յուսանք այդ տեսակ են նաեւ միւսները: Հարցը, որ զիս եւ բազմաթիւ սփիւռքահայեր կը մտահոգէ, փորձառութիւնն է. երանի թէ ներկայ կառավարութեան մէջ ներգրաւուէին միջազգային փորձառութիւն ունեցող մարդիկ, ինչպէս՝ Զօհրապ Մնացականեանը: Հայաստանը, ունենալով մեծ սփիւռք մը եւ սփիւռքը շատ հետաքրքրուած ըլլալով Հայաստանով, պէտք է ունենայ ներկայացուցիչ մը, որ կարենայ Հայաստանի եւ սփիւռքի կապը զօրաւոր պահել: Այն, որ դուրսէն նշանակեցին սփիւռքի գրասենեակի ղեկավարը, ատիկա արդէն առաւելութիւն է:

 

-Ձեր, իբրեւ երաժիշտի, այս տարուան ծրագիրներուն մէջ ի՞նչ նորութիւններ կան:

-Այս տարի կը լրանայ Կոմիտասի 150-ամեակը եւ այդ առիթով հպարտութիւն ունիմ յայտարարելու, որ Հայաստանի կառավարութեան եւ ՄԱԿ-էն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեանի ջանքերով պիտի կազմակերպեմ եւ 11 դեկտեմբերին ՄԱԿ-ի սրահէն ներս՝ Նիւ Եորք, պիտի նշուի Կոմիտասի 150-ամեակը: Նախատեսած եմ, որ Կոմիտաս մեկնաբանող եւ միջազգային համբաւ ունեցող հայ եւ օտար երաժիշտներ, խումբեր ելոյթ ունենան այդ համերգին:

Այս գաղափարս մէկ անգամէն յառաջացաւ, եւ երբ առաջարկեցի Մհեր Մարգարեանին, ի պատիւ իրեն, ինքը կրցաւ իրականացնել:

 

Ուրիշ հպարտութիւն մըն ալ ապրեցայ այս օրերուս, երբ գիտցայ, որ Մովսէս Աբէլեան կարեւոր պաշտօնի կոչուած է ՄԱԿ-է ներս:

 

-Իսկ Կոմիտասի 150-ամեակի ձեռնարկները աշխարհի տարածքին եւ Հայաստանի մէջ, ինչպէ՞ս կը գնահատէք:

-Յուսամ, որ լաւ կը կազմակերպուին, որովհետեւ 100-ամեակը շատ լաւ տօնուած է եւ ես այն համոզումն ունիմ, որ 100-ամեակին առթիւ Հայաստանը իրապէս գնահատեց Կոմիտասը: Ի վերջոյ, այդ տարիները խորհրդային տարիներ էին, եւ Կոմիտասի կղերական ըլլալը չխանգարեց, որ 1969-ին գնահատուի Կոմիտասը։ Այդ ժամանակ էր, երբ հայաստանցիները ամբողջութեամբ ճանչցան ու գնահատեցին, եւ Ռոպէր Աթթարեանի պէս մարդիկ էին, որ այն ժամանակ ահագին գործ իրականացուցին: 1969-ին ես հազիւ հինգ տարուան ԱՄՆ փոխադրուած էի եւ Նիւ Եորքի մէջ խումբ մը քով քովի եկաւ եւ ձայնագրեց Կոմիտասի գործերուն երկու ձայնապնակը՝ LP-ն, որ մինչեւ հիմա գոյութիւն ունի եւ որ այդ օրերու ամենայաջող եւ ամենածանօթ երաժիշտները կը կատարեն: Նիւ Եորքի առաջնորդարանը ատիկա ձայնասկաւառակի՝ «Սի. Տի.»ի վերածեց: Այնպէս որ 100-ամեակը ինծի համար շատ մեծ դէպք մը եղած է, իսկ 150-ամեակը ա՛լ աւելին պիտի ըլլայ, մանաւանդ, որ ՄԱԿ-ի մէջ պիտի տօնուի՝ միջազգային մակարդակով:

 

-Պոլսոյ մէջ բան մը նախատեսա՞ծ էք Կոմիտասի 150-ամեակին առթիւ:

-Պոլիսէն, այո հրաւիրած են: Հոն ալ կ՚ուզեն բան կը կազմակերպել, բայց ամսաթիւի հարց կայ: Հոն կ՚ուզեն կազմակերպել Կոմիտասի ծննդեան օրը՝ հին կամ նոր թուականով: Բայց այդ թուականները ինծի շատ յարմար չեն: 11 հոկտեմբերին ֆրանսական հիւպատոսարանը Կոմիտասի 150-ամեակը պիտի տօնէ եւ ես հանդէս պիտի գամ մենահամերգով: Ֆրանսական հիւպատոսարանի կողմէ այս ձեռնարկը շատ կարեւոր է, որովհետեւ ի վերջոյ Կոմիտաս երկար ժամանակ Ֆրանսա ապրած է եւ իր առաջին միջազգային համերգն ալ 1906-ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է. ուստի ֆրանսացիներուն կողմէ շատ կարեւոր է այս արժեւորումը: Բայց իր ծննդեան օրէն սկսեալ՝ ամբողջ մէկ տարի կոմիտասական է եւ յուսամ, որ տարուան ընթացքին Պոլիս, այդ առիթով, այց մը կ՚ունենամ:

 

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 «ԺԱՄԱՆԱԿ»

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2019