Հակիրճ Խորհրդածութիւններ

ՆԵՐՍԷՍ Ե. ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հակիրճ Խորհրդածութիւններ

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆԻ

«ՄԵԾ ԵՐԱԶԻ ՃԱՄԲՈՒՆ ՈՒՂԵՒՈՐՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ»

Բ. ՀԱՏՈՐ

 

Ընթերցողը սոսկ հպանցիկ ակնարկով մը իսկ կը ներգրաւուի գեղատիպ այս հատորին խիստ շահեկան բովանդակութեամբ:

Արդարեւ «Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները եւ Համապարփակ Պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» Բ. Հատորով, հեղինակ Յակոբ Վարդիվառեան ոչ միայն յաջողած է համադրել մեր ժողովուրդին ճակատագիրը սահմանող իրադարձութիւնները Մեծ Եղեռնի նախորդ տասնամեակներուն, այլ մանաւանդ ներբողել յեղափոխական-մտաւորական եւ հրապարակագիր տիտաններու դերակատարութիւնները ի փառս Հայ ժողովուրդի ազատագրական աննկուն պայքարին:

Առաւել եւս խորանալով եւ ըմբոշխնելով այս գիրքին ընթերցումը՝ մեր երեւակայութեան մէջ կը քանդակուին երկու աշխարհներ. առաջինը՝ Պոլիս, Արեւմտահայաստանի մեր գաւառներն ու աւանները եւ կովկասեան գաղութները ուր հայութիւնը ազատագրական իր պայքարի, լրագրութեան, մշակոյթի եւ կրթական կեանքի զարթօնքը կ’ապրէր. իսկ երկրորդը՝ ամերիկահայ կեանքը, ծնունդն ու հասունութիւնը, բարգաւաճումն ու կատարած տպաւորիչ նուաճումները՝ Հայ կեանքի քաղաքական եւ ընկերային բնագաւառներէն ներս:

Այս երկու աշխարհները որոնք աշխարհագրական օրէն հեռու են իրարմէ, հեղինակին շնորհաւորելի ճիգով կը կամրջուին, երբ ազգային ազատագրական պայքարի մեր հերոսները որոնք պարտադրաբար կամ պարագայական բերումով Միացեալ Նահանգներ եկած եւ հաստատուած էին, իրենց ներդրումը բերած են ամերիկահայ գաղութին կազմաւորման:

Յակոբ Վարդիվառեանի հեղինակած այս գիրքը՝ անտարակոյս հաւատքի գործ է. աւելին՝ գաղափարական հաստատ համոզումներու արգասիքը:

Թէեւ ապագայ սերունդներու պատմագէտներուն կը մնայ առարկայականօրէն արժեւորել այս գիրքը, սակայն այսօրուան պատմութեան ուսանողին համար մեծապէս շահեկան նիւթի հարուստ շտեմարան մըն է: Ահաւասիկ հոս կը կայանայ հատորին այժմէականութիւնն ու կարեւորութիւնը:

Հետեւեալ խորհրդածութեամբ կ’եզրակացնենք մեր յօդուածը.

Այս գիրքը բացայայտ ապացոյցն է այն իրողութեան, թէ այս կուսակցութեան (ՌԱԿ) ուժը, վարկը, հեղինակութիւնն ու պատմական իր առաքելութիւնը՝ գերիվեր կը մնայ միջ-կուսակցական խլրտումներէ եւ անձնական անփառունակ փառասիրութիւններէ:

Նիւ Եորք