«Հայաստանի խնդիրը, մեր ժողովուրդը չէ…» Սուրէն Սահակեան

«ԱՊԱԳԱՅ»-ի հարցերուն կը պատասխանէ «Զանգ» նախաձեռնութեան համահիմնադիր, հանրային-քաղաքական գործիչ՝ Սուրէն Սահակեան:

Հայաստանի քաղաքական կեանքը կը շարունակէ մնալ տեղքայլի մէջ։ Արդէն ամիսներէ ի վեր արմատական ընդդիմութիւնը քաշուած է հրապարակներէն ու քաղաքական կեանքի միակ աշխոյժ վայրը կը հանդիսանայ Ազգային Ժողովի մեծ դահլիճը, ուր տեղի կ’ունենան քննարկումներ։ Քննարկումներ ըսելով անշուշտ պէտք է նժարի վրայ դնել այսօրուան մեր ընդհանուր իրավիճակը եւ այդ իրավիճակէն բխող ու հասունցող ազդակները։

Իշխանութիւնը, որ շատ արագ կ’ընտելանայ ստեղծուած իրավիճակներուն այսօր արդէն համոզուած է, որ եթէ արտաքին գործօններ չըլլան անկարելի է, որ մէկը, կամ ուժ մը կարողանայ երկրին մէջ իշխանափոխութիւն իրականացնել։ Միւս կողմէ ալ խօսելով ընդդիմութեան մասին, ապա այդ պարագային ալ յստակ է, որ ընդդիմութիւնը ունի բաւականին անորոշ վիճակ մը ու իր կարգին կը սպասէ, որ առնուազն արտաքին ճակատի վրայ տեղի ունենայ կարեւոր փոփոխութիւններ, որոնց «դրական» ալիքը կամ մթնոլորտը հասնի Հայաստան եւ ատով ալ ստեղծէ գետին նոր շարժումի մը կամ շարժումներու, որոնց հիմքով ալ նոյն ընդդիմութիւնը առիթ պիտի ունենայ երթալու վճռական քայլերու։

Այս բոլորը նշելէ ետք հարկ է անշուշտ ի մտի ունենալ, որ ներքին «գաղջ» մթնոլորտին մէջ ներքին ատելութիւնը կը շարունակէ դառնալ միակ տիրական դրոյթը։

Ճզմուած կամ «զսպուած» ատելութիւնը յաճախ իր թեւերը կը տարածէ ու անոր «խայծեր»ը լսելի կը դառնան փակ սրահներու մէջ (առաւելաբար Ազգային Ժողովի սրահէն ներս), որ սակայն արագօրէն «կը սառին» ու ամէն ինչ կերթայ իր բնականոն հունով։

Ասոր զուգահեռ անշուշտ կայ, գոյութիւն ունի ներքին համատարած հարցումներու եւ վախերու մթնոլորտ մը, որուն ծայրն անշուշտ Պաքուի կողմէ մերթ ընդ մերթ հնչող հռետորաբանութիւններն են, որոնք հարցականի տակ կ’առնեն Հայաստանի անվտանգութեան մեծ պատկերը։

Ի դէպ տարբեր առիթներով եւ ակնարկելով Հայաստանի մէջ տիրող մթնոլորտին բազում գրողներ (յատկապէս սփիւռքի մէջ) բարձր աղմուկ մը ստեղծելու ճիգով խօսեցան ու անտեղի ակնարկներ ըրին այն մասին, որ այսօր մեր երկրին մէջ տիրող մթնոլորտի գլխաւոր պատասխանատուն նոյնինքն հայրենի, Հայաստանի ժողովուրդն է։ Ու այդ առումով ալ լսելի դարձան տարբեր մակարդակի մեղադրանքներ, վիրաւորանքներ,  պիտակաւորումներ եւ այլն …։ Ու նոյն այդ գրողները աւելի ուշ անդրադարձան, որ սխալը ոչ թէ Հայաստանի ժողովուրդն է, այլ իրենք … պարզ անոր համար, որ չեն կարողացած ճիշդ ներկայացնել, ճիշդ հասկնալ ու ճիշդ գնահատել ստեղծուած համայնապատկերը։

Ամէն մեղք այս իշխանութիւններուն վրայ բարդելը, ոչ միայն անշնորհակալ գործ է, այլ նաեւ աւելի մեծ ճահիճներու առաջ կը դնէ մեզ ու այսօր ստեղծուած պառակտումին, ներքին անհանդուրժողութեան ու նաեւ ատելութեան «արդիւնքներ»ն է, որ կը քաղենք բոլորս։ Ու այս բոլորէն վեր, ամէնակարեւոր տուեալն այն է, որ բոլոր անոնք, որ գործող իշխանութիւնները քննադատութեան թիրախ կը դարձնեն (ու թող դարձնեն այդ չէ խնդիրը), նոյնինքն իրենք  իրական եւ անկեղծ լուծումներ չունին, որպէսզի հաւաքաբար կարելի ըլլայ ի վերջոյ թօթափել այս դժուարին փուլը ու քալել նոր ճանապարհով մը…։

Այս բոլորին հետ մէկտեղ օրերս Հայաստանի եւ յատկապէս Երեւանի մէջ ընթացք առած է «նոր տեսակի» ընդդիմութիւն մը, որուն երիտասարդ անդամները իրենց խմբակը մկրտած է «Զանգ» անունով ու այդ մասին ալ օրերս հեռավար կապով զրոյց մը ունեցայ նախաձեռնութեան հեղինակներէն՝ Սուրէն Սահակեանին հետ։ Ստորեւ մեր զրոյցը։

 

Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք Հայաստանի ներ-քաղաքական ընդհանուր պատկերը։ Ի՞նչ են ձեր դիտարկումները։

Ընդհանրապէս, 2021 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներէն յետոյ Հայաստանի պաշտօնական-քաղաքական, կուսակցական կեանքը մահացած է։ Քաղաքական դաշտը կը փտտի եւ գարշահոտութիւն կը տարածէ։ Այդտեղ յոյս չկայ։ Պէտք է այլ ճանապարհներ գտնել հանրութեան կարծիքը օրակարգային դարձնելու համար։ Այդ նպատակով մենք ստեղծած ենք «Զանգ» նախաձեռնութիւնը, որ այսօր կը փորձէ քաղաքական օրակարգ ձեւաւորել եւ բարձրացուած հարցերու շուրջ համախմբել երկրի ապագայով մտահոգ մարդիկ։

 

Կը նշմարենք, որ արմատական ընդդիմութիւնը, որ տարբեր պահերու կարողացաւ երկրին մէջ որոշակի աշխուժութիւն ստեղծել այսօր ետ քաշուած է ու կամաց-կամաց կը դառնայ լուսանցքային: Ըստ ձեզի ի՞նչ են իսկական պատճառները։

Ինչպէս արդէն ըսի, խնդիրն առանձին կուսակցութիւններն ու խումբերը չեն, այլ՝ քաղաքական կեանքն ինքնին։ Կուսակցութիւններու համար կեանքն աւարտած է 2021 թուականի ընտրութիւններով։ Ու եթէ ժողովուրդի խանդավառ, փոփոխութիւններ ուզող ամենաաշխոյժ շերտը նոր լուծումներ չառաջարկէ, այս վիճակը շատ երկար պիտի տեւէ։ Առաջարկելու պարագային հնարաւոր է վերականգնել քաղաքական կեանքը։ Նոր միջավայրի մէջ նոր կուսակցութիւններ կը ծնին։

 

Այս «ետ քաշուել»ուն հետ կը նկատենք, որ ընդդիմութիւնը չի հրաժարիր խորհրդարանական գործունէութիւնէն, ոչ ալ մտադիր է հրաժարիլ իր մանտաթներէն։ Ինչո՞ւ։

Որովհետեւ այդ կենդանի մնալու ցանկութիւնն է։ Մտայնութիւն կայ, թէ եթէ կայ կարեւոր ամպիոն, ուրկէ դուն ելոյթ կ’ունենաս, ուրեմն կենդանի ես, կաս։ Բայց այդ անհնար է։ Ամէն նոր դրսեւորման մը հետ մենք կը տեսնենք, որ քաղաքական կեանք ըսուածն ամենեւին այն չէ, ինչ մենք կ’ուզէինք տեսնել։ Այն փոխելու հետ նոր քաղաքական միտք պէտք է։ Դուք լսա՞ծ էք որեւէ նոր միտք կուսակցութիւններէ, անոնցմէ, որոնք այսօր քաղաքական չեղած դաշտին մաս կը կազմեն։ Աւելին, քաղաքական միտքը դեռ 1990-ականներու սկիզբ վերադարձած է ։

Միւս կողմէ նկատելի է, որ կարգ մը փոքր խմբակներ կը փորձեն որոշակի աշխուժութիւն մը ցուցաբերել եւ անհնազանդութեան քայլերու դիմել. այդ մէկը երկրին մէջ եղանակ փոխելու իրական ներուժը ունի՞։

Այո, հէնց այդպէս ալ պիտի ըլլան փոփոխութիւնները։ Ապագան կը ձեւաւորեն անոնք, որոնք ամենալաւ, համոզիչ առաջարկը կ’ընեն հանրութեան։ Կը մնայ յուսալ, որ այդ առաջարկին մէջ հնարաւորինս քիչ ըլլայ ժողովրդականութիւնը, այլապէս իրական դրական փոփոխութիւններու փոխարէն կը ստանանք նոր «Նիկոլ Փաշինեան»։

 

Միւս կողմէ նկատելի է, որ հայրենի ժողովուրդին մօտ առկայ է մեծ անհոգութիւն եւ անյուսութիւն: Մեզի ո՞ւր կը տանի այս վիճակը։

Ես չեմ կարծեր, թէ խնդիրը ժողովուրդի մէջն է։ Ո՛չ։ Ժողովուրդը առաջարկին կը սպասէ, որ չկայ։ Երբ ըլլայ, կը տեսնէք, որ ժողովուրդը հնարաւորինս ամենալարուած, քաղաքականապէս պատրաստ վիճակի մէջ է։

 

Վերջին հարց. իշխանութիւնները շատ կը խօսին այն մասին, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր մը կնքելու հեռանկարը «սարերու ետեւը չէ» ։ Կա՞յ այդպիսի բան, յոյսեր կը փայփայէ՞ք։

Ոչ, նման բան պիտի չըլլայ։ Քանի դեռ Հայաստան կը գտնուի քաղաքական անկայուն վիճակի մէջ, Ատրպէյճան ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ունի իր ախորժակը «խաղաղութեան պայմանագիրով» զսպելու։ Քանի դեռ Հայաստանի վարչապետը Նիկոլ Փաշինեանն է, որ ամէն օր պատրաստ է Հայաստանի նոր իրաւունքները զսպել, Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիր պիտի չկնքէ։

 

Սագօ Արեան