Ի՞նչ զարգացումներու ականատեսը պիտի դառնանք առաջիկայ ամիսներուն ու ամենակարեւորը արդեօք Հայաստանը դարձեալ վտանգի տակ է՞։ Այս հարցումը ամէնէն շատ լսելի սկսաւ դառնալ վերջին շաբաթներուն, մանաւանդ որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ ոչ միայն «կարծր դիրքերէ» խօսիլ, այլ ամէնօրեայ դրութեամբ նոր պահանջներ դնել Հայաստանի կառավարութեան առջեւ։ Միւս կողմէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ անշեղ կերպով կը շարունակէ հասանելի խաղաղութեան մը մասին խօսիլ, ըստ երեւոյթին ունի որոշակի վստահեցումներ, որ Ալիեւ պիտի չհատէ «կարմիր գիծեր»ը ու նոր փորձութիւն մը պիտի չբերէ հայոց գլխուն։
Հայաստանի իշխանութիւններուն համեմատաբար «հանգիստ» վիճակը անշուշտ կապ ունի Հայաստանի սահմաններէն ոչ շատ հեռու տեղի ունեցող բուռն զարգացումներուն ու պատերազմներուն հետ, որ միեւնոյն ժամանակ կերպով մըն ալ խլած են արար աշխարհի ուշադրութիւնը։
Խօսելով ներքին օրակարգին մասին, արդէն բացայայտ է, որ Բագրատ Սրբազանի առաջնորդած շարժումը կամաց-կամաց մտած է «սառեցման» փուլ մը պահելով հանդերձ այն հասարակութիւնը, ովքեր մինչեւ այս պահը մեծ հաւատք ունին, որ փողոցային պայքարը հնարաւորութիւն պիտի տայ, որ տեղի ունենայ իշխանափոխութիւն։
Իրականութիւն է անշուշտ, որ ընդդիմութիւնը եւս ունի խորքային բարդութիւններ եւ այդ հարցերը կապ ունին հին-նոր Քոչարեան-Սարգսեան պայքարի մը հունտերուն հետ, որ ոչ մէկ ատեն չեն մեռած, այլ վերարտադրուած են ու հանրութեան ներկայացած ամենատարբեր ձեւաչափերով։
Այստեղ հարկ է նշել նաեւ, որ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին եւս, որ բաւական մեծ վերապահութիւններ ունի Փաշինեանի իշխանութեան հանդէպ, ձեւով մը «ետ քաշուած» է Բագրատ Սրբազանին նեցուկ ցոյց տալու մօտեցումներէն։ Ու այս կեցուածքին արգասիքը անշուշտ Փաշինեանի եւ անոր վարչախումբի կեդրոնական դէմքերուն (իր իսկ գլխաւորութեամբ) երկու շաբաթ առաջ Մայր Աթոռի կամարներուն տակ եղած պատմակերտ արարողութեանց ներկայանալն էր։
Ճիշդ է, որ Եկեղեցի-իշխանութիւն թնճուկը տակաւին չէ լուծուած, բայց ընթացք առած են որոշակի բանակցութիւններ (ըստ լրագրողական շրջանակներու), որոնց աւարտին ալ նոյն սենեակին մէջ իրար մօտ պիտի նստին վարչապետ Փաշինեանն ու Ամենայն Հայոց Հայրապետը։
Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ մեծ հաշուով քաղաքական ուժերը եկած են այն համաձայնութեան, որ ներկայ փուլը ներքին դաշինքներ ձեւաւորելու փուլ մըն է, որուն աւարտի առաջին ծաղիկները երեւելի պիտի դառնան յառաջիկայ տարուան գարնան ու բոլորը մէկ պատրաստուին 2026 թուականի ընտրութիւներուն։
Ամէն պարագայի տակ աւելի յստակ պատկերացում մը ունենալու համար, կապուած Հայաստանի ներ-քաղաքական իրադրութիւններուն, օրերս հեռավար կապով զրուցեցի՝
ԱՊՐԻ-Արմենիա վերլուծական կեդրոնի աւագ գիտաշխատող, հայրենի վերլուծաբան՝ Բենիամին Պօղոսեանին հետ։
Ստորեւ մեր զրոյցի սղագրութիւնը
– Պրն. Պօղոսեան, դէպի Եւրոպա «օրինական» թեքում մը ապահովելու համար հանրաքուէ իրականացնելու առիթները մե՞ծ են այսօր։
Կը կարծեմ, որ առաջիկային, առնուազն մինչեւ 2024 թուականի աւարտը, Եւրոպական համարկման թեմայով հանրաքուէ իրականացնելու առիթները այդքան ալ մեծ չեն: Կառավարութիւնը կը հասկնայ, որ այդ հանրաքուէն որեւէ իրաւական նշանակութիւն ունենալ չի կրնար, միեւնոյն ժամանակ, այն կրնայ ա՛լ աւելի մեծցնել Ռուսիոյ կասկածները կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան իրական նպատակներուն վերաբերեալ, ինչ որ յաւելեալ լարուածութիւն կրնայ առաջացնել հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ: Իմ գնահատմամբ, քանի դեռ ռուս-ուքրանական պատերազմի, իսկ աւելի մեծ հաշուով, Ռուսիա–Արեւմուտք հակամարտութեան վերջնարդիւնքը յստակ չէ, կառավարութիւնը չի ցանկար ա՛լ աւելի սրել յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ: Կը կարծեմ, կառավարութեան մօտ կայ հետեւեալ մտահոգութիւնը, ի՞նչ տեղի կ’ունենայ, եթէ Հայաստան «այրէ» բոլոր կամուրջները Ռուսիոյ հետ, իսկ որոշ ժամանակ անց Ռուսիան եւ Արեւմուտքը յետխորհրդային տարածաշրջանի անվտանգային համակարգի վերաբերեալ յանգին որոշակի պայմանաւորուածութիւններու, որոնք Ռուսիոյ հնարաւորութիւն տան շարունակել էական դեր խաղալ երկրագունդի այս հատուածին մէջ:
Նման զարգացման պարագային ով կրնայ երաշխաւորել Հայաստանի իշխանութիւներու անվտանգութիւնը, կամ ով կրնայ բացառել, որ Ռուսիա չի ձեռնարկէ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան ուղղուած քայլեր ձեռնարկելու: Միեւնոյն ժամանակ արդէն 2025 թուականին կամ 2026–ի առաջին կիսուն, Հայաստանի մէջ սպասուող խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին, իշխանութիւնը կրնայ աջակցիլ հանրաքուէի իրականացման՝ եւրոպական համարկման հարցը դարձնելով իր նախընտրական ծրագրի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնը: Այն չի պարունակեր յստակ ժամկէտներ, սակայն կրնայ հաստատել Հայաստանի ցանկութիւնը ինչ որ ժամանակ ստանալու Եւրոպական Միութեան անդամութեան թեկնածուի կարգավիճակ: Նման զարգացում աւելի հաւանական կ’ըլլայ այն պարագային, երբ ծանր զիջումներու գնով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման քաղաքականութիւնը որեւէ արդիւնք չտայ, եւ կառավարութիւնը կարիք ունենայ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ նոր գաղափարներ ներկայացնելու:
– Կարծիք կայ, որ եւրոպամէտ ուժերը, որոշակի հաշուով կը համարուին իշխանութեան վստահելի ուժեր, կամ «գրպանային ընդդիմութիւն»։ Ճի՞շդ է այդ վարկածը։
Դժուար է հաստատ գնահատական տալ այդ պնդման: Ամէն պարագային, կարելի է հաստատել, որ գործող կառավարութեան եւ առկայ խորհրդարանական ընդդիմութեան պայմաններուն տակ, արեւմտամէտ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը հակուած է աջակցելու գործող կառավարութեան՝ գտնելով, որ չնայած իր բոլոր թերութիւններուն, այն աւելի նախընտրելի է այն ուժերէն, որոնք Հայաստանի մէջ իշխանութեան էին մինչեւ 2018 թուական:
Այս պարունակին մէջ արեւմտամէտ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան հիմնական դժգոհութիւնը կառավարութենէն Ռուսիայէն հեռանալու աւելի գործուն քայլեր չձեռնարկելու մէջ է, սակայն ռազմավարական առումով, քանի դեռ անոնք կը գտնեն, որ կառավարութիւնը ամէն պարագային կ’իրականացնէ Հայաստանը Ռուսիայէն աստիճանաբար հեռացնելու քաղաքականութիւն, անոնց համար կարծես թէ գործող կառավարութիւնն աւելի նախընտրելի է, քան խորհրդարանական ընդդիմութիւնը, կամ 2024 թուականին ձեւաւորուած Տաւուշը յանուն հայրենիքի շարժումը:
Հետեւաբար, չնայած ժամանակ առ ժամանակ գործող կառավարութեան հասցէին հնչող կոշտ քննադատութեան, կարելի է ենթադրել, որ իշխանափոխութեան իսկական հնարաւորութեան պարագային, այդ ուժերը կ’աջակցին կառավարութեան, քանի որ անոնց կարծիքով, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը ռուսամէտ է, եւ անոր իշխանութեան գալը կը փակէ Ռուսիայէն հեռանալու եւ դէպի Արեւմուտք շարժելու բոլոր հնարաւորութիւնները:
– Կրնա՞յ պատահիլ, որ հանրաքուէ կազմակերպել ուզող ուժերուն եւ իշխանութեան միջեւ վիհ մը առաջանայ, եւ անոնք (եւրոպամէտ-արեւմտամէտ ուժերը) հանդէս գան, որպէս փողոցի ընդդիմութիւն։
Նման զարգացման հաւանականութիւնը մեծ չէ: Կը կարծեմ, նման բան կրնայ տեղի ունենալ միայն այն պարագային, երբ արեւմտամէտ արտախոհրդարանական ընդդիմութիւնը վստահ ըլլայ, որ ունի իսկական առիթ իշխանափոխութեան հասնելու եւ նոր կառավարութիւնը ձեւաւորելու, եւ երկրորդ, երբ համարէ, որ գործող կառավարութեան՝ Ռուսիայէն հեռանալու քայլերը կը կրեն կառավարուող բնոյթ, եւ իրականութեան մէջ կառավարութիւնը կը ցանկայ պահպանել հայ-ռուսական յարաբերութիւններու մակարդակը: Ամէն պարագայի, նոյնիսկ եթէ այս սենարը իրականանայ, եւ արեւմտամէտ արտախորհրդարանական ուժերը որոշեն սկսիլ փողոցային պայքար կառավարութեան հրաժարականի պահանջով, դժուար է ըսել, թէ որքան յաջող կ’ըլլայ այդ շարժումը, եւ արդեօք անոնք կը կարողանան բաւական երկար ժամանակ տասնեակ հազարաւոր մարդոց ներկայութիւնը ապահովել փողոցը՝ կառավարութեան վրայ համապատասխան ճնշում գործադրելու նպատակով:
– Խօսելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւններու նոր ուղեծիրին մասին։ Առհասարակ դուք լաւատես է՞ք այդ առումով։ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ է Հայաստանին իրաւ նեցուկ տրամադրել։
Իմ գնահատմամբ, Միացեալ Նահանգներու հիմնական խնդիրը Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ դիրքերու թուլացումն է, եւ այդ պարունակին մէջ պէտք է դիտարկել Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու սերտացման Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը: Հասկնալի է, որ չնայած վերջին շրջանին Ռուսիա–Ատրպէյճան եւ Ռուսիա–Վրաստան յարաբերութիւններուն մէջ առկայ որոշ դրական միտումներուն, Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ ազդեցութեան ապահովման հիմնական գործիք կը շարունակէ մնալ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ ներկայութիւնը, եւ անոր նուազումը էականօրէն կը թուլցնէ Ռուսիոյ դերը Հարաւային Կովկասի մէջ:
Այդ մասին յստակ յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնական Օ՛Պրայըն վերջերս Միացեալ Նահանգներու Ծերակուտականի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կազմակերպուած հրապարակային լսումներուն: Միեւնոյն ժամանակ, քիչ հաւանական է, որ Միացեալ Նահանգներ Հայաստանին տրամադրէ անվտանգութեան իրաւական ուժ ունեցող երաշխիքներ, նման այն երախշիքներուն, որոնք Միացեալ Նահանգներ տրամադրած է օրինակ Ճափոնին կամ Հարաւային Քորէային:
– Հարց տալով ընդդիմադիր ուժերուն մասին, ու հիմնուելով այն խօսակցութեանց վրայ, ըստ որուն ընդդիմութիւնը (Բագրատ Սրբազանի առաջնորդութեամբ) օրերս դարձեալ փողոց իջած է ։ Ինչ կը խորհիք, հնարաւոր է՞ այդ մէկը։
Կը կարծեմ որ, Բագրատ Սրբազանի առաջնորդած շարժումը կը փորձէ որոշակի աշխուժութիւն ցուցաբերել, սակայն քիչ հաւանական է, որ շարժումը ունենայ նոյն ծաւալները, ինչ 2024-ի մայիսին ունեցաւ: Չեմ բացառեր, որ շարժումը այս կամ այն աշխուժութեամբ շարունակուի մինչեւ 2025-ի գարուն, որմէ յետոյ այն կրնայ կերպափոխուիլ որոշակի նախընտրական ձեւաչափի 2026-ին սպասուող խորհրդարանական ընտրութիւններու պարունակին մէջ:
Սագօ Արեան