Հայկական ընդհանուր օրակարգին մէջ գերակշռող կը շարունակէ մնալ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման օրակարգը։ Օրակարգը, որ անշուշտ չունի տեղական կամ տեղայնական բնոյթ, այլ շրջանային եւ միջազգային յայտնի «խաղացողներ»ու մեծ թելադրանքին հետեւանքն է։
Խնդիր է անշուշտ եւ շատ մեծ խնդիր, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ինչպէս այլ օրակարգերու պարագային, այս ծանրակշիռ օրակարգին առընթեր ալ ընդհանրապէս կը գործեն խիստ գաղտնի քայլերով եւ առանց խօսելու, ոչ իսկ իրենց «դաշնակից» համարուող քաղաքական ուժերուն հետ։
Նման բարդ օրակարգ մը, որ ունի պատմական ծանր անցեալ, բարդագոյն հարցադրումներ ու նաեւ այն կը պարունակէ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ապագային հետ կապուած շեշտադրումներ հարկ է անշուշտ, որ արժանի դառնայ մեծ քննարկումներու։
Ինչպէս վերեւն ալ գրեցի, հարկ է անշուշտ կրկնելու գնով ըսել, որ ստեղծուած գործընթացը, ոչ թէ Թուրքիոյ, այլ յատկապէս Ռուսաստանի եւ մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջ կը քշուի, սակայն կարեւոր է հասկնալ, որ նման զարգացումներու պարագային Հայաստանն ու հայութիւնը պարտաւոր են ունենալ միասնական տեսակէտ ու կեցուածք, բան մը որ այս պարագային չունին։
Ամէն պարագայի աւելի յստակ եւ առարկայական պատկեր մը տալու նպատակով «ԱՊԱԳԱՅ»ի ընթերցողներուն համար քաղեցի երկու կարճ հատուածներ, որոնք ընթերցողիս առիթ պիտի տան իմանալու, թէ ինչպիսի իրավիճակ կը տիրէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանային գիւղերուն եւ բնակավայրերուն մէջ։
Առնուելիք որոշումները հարկաւ թէ պիտի ունենան քաղաքական բնոյթ ու չի բացառուիր նաեւ, որ այս գործընթացներուն առիթ տուող կողմերը «մէկ գիշերուան մէջ» հրաժարին այս օրակարգէն ու նաեւ յետս կոչեն այս նախաձեռնութիւնը, որն անշուշտ իր մէջ մեծ ռիսքեր կը պարունակէ։
Խնդիրը այս չէ, խնդիրն այն է, որ Հայաստանը կ’անցնի շատ ծանր փուլէ, բաւականին անուժ, միջազգային առումով վարկազուրկ , եւ տեղի ունեցող կամ ունենալիք զարգացումներուն վրայ ազդելու որեւէ լծակէ զրկուած վիճակով մը։
Կարծիք թրքական կողմէն
Ֆրանսական AFP լրատուական գործակալութիւնը օրերս ուշագրաւ հրապարակումով մը անդրադարձ կատարեց Հայաստան-Թուրքիա սահմանային շրջաններուն մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին։ Գործակալութիւնը, որ կը համարուի միջազգային հեղինակութիւնը ունեցող ծանրակշիռ լրատուական վերլուծական աղբիւր մը այս նիւթը շօշափեց նկատելէ ետք, ոչ միայն Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ փոխանակուած դրական շեշտադրումները, այլ նաեւ հաշուի առնելով, որ միջազգային հանրութիւնը եւս դրական ընկալումներ ունի տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերեալ։
Եւ այսպէս լրագրողը մասնաւորապէս կը պատմէ, թէ «Հայաստանին հետ սահմանը չհասած, թրքական կողմը գտնուող շոգեկառքի վերջին կայանը, որ երեք տասնամեակ փակ եղած է արիւնալի թշնամանքի պատմութեան պատճառով, լքուած է թռչուններուն եւ թափառող շուներուն։ Սակայն հազուագիւտ յոյսի շող մը կը փայլի ձիւնապատ լեռներուն վրայ, որոնք կը բարձրանան Թուրքիոյ հիւսիսարեւելեան ծայրամասը:
14 Յունուարին Մոսկուայի մէջ երկար տարիներէ ետք առաջին ուղիղ շփումները տեղի ունեցան երկու երկիրներու ներկայացուցիչներուն միջեւ։
Թրքական սահմանամերձ քաղաքի՝ Աքեաքայի առեւտրականներու միութեան տնօրէն՝ Էնկին Եըլտըրըմ կ’ըսէ թէ «1993 թուականին սահմանը փակուեցաւ եւ մեր շրջանը դարձաւ երկրին կոյր գօտին, բոլոր կողմերէն փակ: Սահմանը մեր միակ պատուհանն է դէպի աշխարհ»։
Տեղացիները այժմ Աքեաքայի սեւ պազալտէ կառուցուած երկաթուղային կայարանը կ’անուանեն «կարօտի կայարան»՝ առ ի յիշողութիւն այն օրերուն, երբ շոգեկառքերը կը շարժէին երկու ուղղութիւններով՝ զբօսաշրջութիւն ու առեւտուր բերելով գեղատեսիլ շրջանին:
«1991-ին մարդիկ կը հաւաքուէին սահմանի երկու կողմերը, որպէսզի հանդիպէին»,- կը յիշէ տեղացի պատմաբան՝ Վետաթ Աքչաեօզ:
Եըլտըրըմ նաեւ կ’ըսէ, որ տեղւոյն բնակիչները ուշադիր կը հետեւին դիւանագիտական քայլերուն։ «Մեր կառավարութիւնը կողմ է սահմանի բացման, եւ կը կարծեմ, որ հայերը նոյնպէս: Մենք հայերուն հետ խնդիր չունինք, եւ անոնք ալ մեզի հետ խնդիր չունին»։ Այս հեռաւոր շրջանի խանութպանները կը յիշեն այն ժամանակները, երբ հայերը կը հատէին սահմանը եւ կը գնէին ու կը տանէին իրենց ապրանքները: «Մենք աշխոյժ գործ կ’ընէինք հայերուն հետ: Խորհրդային ժամանակներուն հայերը մորթիներով ու ինքնաեռներով կու գային եւ մեր ապրանքներով՝ կը վերադառնային… Շուտով կը վերադառնանք այդ ժամանակներուն:»,- յուսալով կ’ըսէ Հիւսէյն Քանիք, որ պանիրի տեսականիի խանութի սեփականատէր է մօտիկ Կարս նահանգին մէջ:
Իսկ 19-րդ դարու իր հիւրանոցին դիմաց կանգնած, ուր ժամանակին ցարական Ռուսաստանի վերնախաւը կը մնար, Ղաֆար Տեմիր նոյնպէս խաղաղութեան վրայ խաղադրոյք կը կատարէ՝ ըսելով, որ ներկայ վիճակը իմաստ չունի։ «Մենք ճանապարհ ունինք, երկաթուղագիծ, բայց հայերուն հետ կապ չկայ»:
Տեղական «Ղարաբաղ» հիւրանոցը կը յիշեցնէ ռազմական գործողութիւններու մասին, որոնք կը սպառնան խաղաղութիւնը, սակայն Աքչաեօզ կը նախընտրէ մատնանշել, որ տարածաշրջանը բազմամշակոյթ է, եւ այստեղ, բացի թուրքերէն ու հայերէն, կան վրացիներ, ատրպէյճանցիներ, քիւրտեր ու այլ փոքրամասնութիւններ եւ բոլորին համար ալ եկած է խաղաղ ապրելու ժամանակը:
Այստեղ քիչեր կը սիրեն խօսիլ լարուածութեան առանցքային պահուան մասին՝ 1915-1916 թուականներուն, երբ աւելի քան մէկ միլիոն հայեր սպաննուած են օսմանցի թուրքերու կողմէ: Անգարան կը հրաժարի ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, փոխարէնը կը յայտարարէ, որ ե՛ւ թուրք իսլամները, ե՛ւ քրիստոնեայ հայերը զոհուած են Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ։ Կարսի ու Աքեաքայի միջեւ ճանապարհին կանգնած յուշարձանը նուիրուած է բացառապէս «թուրք զոհերու» յիշատակին։ Իսկ Հայաստանի կառավարութիւնը առաջարկած է բանակցութիւններուն մէջ շրջանցել Ցեղասպանութեան հարցը։
«Մեզի սորվեցուցած են թշնամաբար վերաբերուիլ հայերուն։ Կարսի մէջ «հայ» բառը օգտագործուած է որպէս վիրաւորանք: Թերեւս ծայրայեղական ինչ որ տարրեր կան, բայց մեր ժողովուրդներու միջեւ թշնամութիւն չկայ»,- կ’ըսէ Կարսի նախկին քաղաքապետ՝ Նայիֆ Ալիպեյօղլուն, որ Հայաստանի հետ մերձեցման տեւական կողմնակից եղած է, յատկապէս 2008-ի վերջին փորձէն յետոյ։ Իսկ անոր եղբայրը՝ Ալիճան, որ տեղական Serhat TV հեռուստաընկերութեան հիմնադիրն է, կ’ըսէ,- «Մենք նման ենք իրարու, մենք կը ծիծաղինք եւ կու լանք միեւնոյն բանի համար: Համոզուած եմ, որ սահմանի բացման ժամկէտը արդէն նշանակուած է»:
Կարծիք Հայաստանի սահմանային հատուածէն
Ի դէպ տեղի ունեցող զարգացումներուն զուգահեռ նոյնպիսի ուշագրաւ նիւթ մը պատրաստած է «Ազատութիւն» ռատիօկայանը։
Կայանի լրագրող Սաթենիկ Կաղզուանցեան, որ կ՚ապրի Գիւմրիի մէջ հարցազրոյց մը կատարած է սահմանային Պայանտուր եւ Երազգաւոր գիւղերու բնակիչներուն հետ փորձելով ներկայացնել այդ տեղանքներուն մէջ տիրող տրամադրութիւնները։
Ան մասնաւորապէս կը գրէ՝
«Հայ-թրքական սահմանին գտնուող Պայանտուր գիւղին մէջ ուշի-ուշով կը հետեւին երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու հնարաւոր կարգաւորման գործընթացին։ Կողմ են, որ սահմանը բացուի, կը կարծեն, որ գիւղերը պիտի շահին։ «Եթէ բացուի մեզի համար շատ լաւ կ’ըլլայ: Առաջ բաց էր, բոլոր ապրանքները Գիւմրի կը բերուէին, ամէն ինչ աժան էր », – ըսաւ պայանտուրցիներէն մէկը: Գիւղացիները հայ-թրքական կարգաւորման կողմ են, բայց նաեւ կը յիշեն երկու երկիրներու պատմական բարդ յարաբերութիւնները ու կ’ըսեն, որ ամէն պարագային զգուշաւորութիւն պէտք է. «Քարը ճէպդ (գրպանդ Խմբ. Ս. Ա.) պահէ, բայց հարեւանութիւն ըրէ»: Երեւանն ու Անգարան օրերս յայտարարեցին, թէ պատրաստ են յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած յստակ քայլեր ձեռնարկել եւ երկուստեք յատուկ ներկայացուցիչներ կը նշանակեն։ Այս զարգացումներէն քաջատեղեակ սահմանամերձ Երազգաւորսին մէջ եւս դէմ չեն, որ ճանապարհները բացուին: Գրիգոր Գրիգորեանի պապերը Մուշէն գաղթած են, եթէ սահմանը բացուի՝ նախնիներուն գիւղ կ’երթայ։ Բայց թերահաւատ է, արդեօք արդէն երեք տասնամեակ փակ սահմանը կը բացո՞ւի: «Եթէ բացուի, մեր նախնիները գաղթած են Արեւմտեան Հայաստանի Մուշ գաւառէն, կրնանք մենք ազատ երթալ-գալ, հանգիստ, առանց որեւէ խոչընդոտի, լաւ կ’ըլլայ: Բայց ես կը կարծեմ, որ թուրքերը կը համաձայնին, յետոյ չեն կատարեր իրենց խոստումները», – կը կասկածի կ Գրիգորեան: Երազգաւորսցի Գրիգորեան համոզուած է, որ հարեւանի հետ հարեւանութիւն պէտք է ընել, անկախ թէ ան լաւ է, կամ վատ. – « Սահմաններու բացուիլը ձեռնտու է մեզի համար, ուշ թէ շուտ թուրքերը մեր հարեւաններն են, անկախ այն բանէն լաւ հարեւաններ են, թէ վատ հարեւան են, բայց հարեւանութիւն պէտք է ընենք»: 70-ամեայ Պարգեւ Գասպարեան կը յիշէ, թէ երբ գիւղը Ախուրեանի ջրամբարի կառուցման պատճառով դեռ չէր տեղափոխուած, աւելի մօտ կ’ապրէին թուրքերուն: Ղարախան գետը կը բաժնէր հայ-թրքական սահմանը, կողք-կողքի կ’աշխատէին, բայց շատ չէին շփուիր։ Հին գիւղը երկաթուղագիծին մօտ եղած է, հետեւած են, թէ ինչ կը բերեն ու կը տանին դեռ խորհրդային տարիներէն: «Կու գային կը կանգնէին գիծին վրայ, կը տեսնէինք, նաեւ անասունները բարձած կը բերէին, մէկը միւսի «խաթր»ին դպչող չկար: Մաքսատուն կար, այնտեղ կը ստուգէին ու կը թողէին, կը ստուգէին այս կողմը ու կը ձգէին», – կ՚ըսէ Գասպարեան: Հայ-թրքական սահմանի գիւղերուն մէջ այժմ կը սպասեն քաղաքական գործիչներու որոշումներուն. առայժմ հարեւաններու մասին կը յիշեցնէ միայն փշալարի այն կողմ գտնուող թրքական գիւղի մզկիթէն լսուող նամազի ձայնը, երազգաւորսցիներու համար սա սովորական է, իսկ հիւրերը կը զարմանան»։
Սագօ Արեան