Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններով ԱՄՆ տարածաշրջանէն դուրս պիտի մղէ Ռուսաստանը. Թրքագէտ՝ Յակոբ Չաքրեան

 «Ապագայ»ի հարցումներուն կը պատասխանէ թրքագէտ՝ Յակոբ Չաքրեան

 

 

 

– Պր. Չաքրեան: Դուք այն կարծիքին է՞ք, որ հայ-թրքական «յարաբերութիւններու կարգաւորման» առընթեր եղած վերջին զարգացումներուն մէջ, ինչ որ ամերիկեան մատնահետքեր  կան, ինչո՞վ  պայմանաւորուած է այդ  վարկածը։

Ամբողջ պատմութիւնը այն է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման նախաձեռնութեան հարցով Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսաստան կը մրցակցին: Ես ի հարկէ կը գտնեմ, որ այդ յարաբերութիւնները պէտք չէ բարելաւուին, որովհետեւ այդ եթէ կ’ենթադրէ սահմաններու բացում։ 1993 թուականին Թուրքիան ինք փակած է իր սահմանը, եւ առանց ջանքերու ինչպէս որ փակած է այնպէս ալ թող բանայ, սակայն առանց դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման։ Բացուած սահմանը, կարելի է յաջորդ օրը նոյն յաջողութեամբ փակել եւ ես նախապատուութիւնը կու տամ ամերիկեան նախաձեռնութեան, որովհետեւ եթէ Թուրքիա- Հայաստան սահմանները Ռուսաց նախագահ՝ Փութինի նախաձեռնութեամբ բացուին, ապա այդ պարագային պիտի բացուի «Զանգեզուրի միջանցք»ը եւ այդ մէկը խիստ վտանգաւոր է Հայաստանի համար։ Խորքին մէջ երկու միջանցքի խնդիր կայ մին 5 քլմ. լայնութեամբ, Իրանի սահմանի երկայնքով, միւսի պարագան տակաւին անորոշ է։ Երբ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն ըսաւ Մեղրիի միջանցք պիտի չըլլայ, նոր զգացի որ Մեղրիի հիւսիսով պիտի անցնէր այդ երկրորդ միջանցքը: Եթէ այդ միջանցքը բացուի Փութին Լաւրովը կ’ուղարկէ Պաքու, եւ ան Մոսկուա դեռ չվերադարձած, ինչպէս նախորդ անգամներուն եղած է, ատրպէյճանական զօրքերը կը մտնեն Զանգեզուր, եւ Ռուսաստան «կը յիշէ» որ մեր ռազմավարական դաշնակիցն է, կը բերէ մօտ 20000 զօրք, ատրպէյճանցիները դուրս կը մղէ ու այդ զօրքերը այնտեղ կը տեղակայէ, ինչպէս որ Ղարաբաղի մէջ այսպէս կոչուած արդէն գոյութիւն չունեցող հանրապետութեան հայկական հատուածը վերածուած է ռուսական զօրանոցի…։ Ռուսերը Մեղրիէն մինչեւ Իրան ինկող տարածքը կը դարձնեն զօրանոց, այդ առումով է որ դրական կ’արտայայտուիմ, որ Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութիւնը վատը չէ:

 

– Ձեր կարծիքով Թուրքիան ի՞նչ պիտի ստանայ այս հայ-թրքական կարգաւորումէն եւ արդեօք ճնշումներ կա՞ն Թուրքիոյ վրայ, եւ այդ ճնշումներուն դիմաց ան ինչ կ’ակնկալէ: Ի՞նչ կատարուեցաւ որ Թուրքիան յանկարծ «բարեացակամ» դարձաւ Հայաստանի հանդէպ:

Թուրքիոյ ցուցաբերած «բարեացակամութիւն»ը պէտք է պայմանաւորել Միացեալ Նահանգներու եւ ի մասնաւորի Պայտընի գործօնով։ Ըստ իս գործընթացը նախագահ Պայտընի «գործօն»ի բարերար ազդեցութեան հետեւանք է։

Ճիշդ է, որ Մոսկուա-Անգարա յարաբերութիւնները, ոչ բոլոր թղթածրարներուն առընթեր դրական վիճակ մը կը պարզեն, բայց ինչ կը վերաբերի հայկական խնդրին երկու կողմերը յստակօրէն «համահունչ» կը գործեն։ Այս խօսքին մեծագոյն ապացոյցը Պաքուի մէջ Էրտողանի կատարած  բոլոր առումներով մերժելի «պիտի աւարտենք երիտթուրքերու գործը» խօսքին յաջորդող Փութինի կողմէ վերջինիս հանդէպ դրական կեցուածքներն էին, որպէս «լաւագոյն ընկեր»։ Ձեր ընթերցողներուն նաեւ յիշեցնեմ, որ այդ տեսակի խօսքը իրականութեան մէջ այդ յանցագործութիւն է ընդդէմ մարդկութեան եւ ըստ ՄԱԿ-ի ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ու պատժման համաձայնագիրին։ Նոյնիսկ ցեղասպանութեան քարոզչութիւնը յանցագործութիւն է ընդդէմ մարդկութեան, եւ այստեղ ոչ թէ քարոզ կայ, այլ մտադրութիւն կայ, ընդ որում այդ մտադրութիւնն ալ ողջ աշխարհին առջեւ կը յայտարարուի։Փաստօրէն Փութին Էրտողանը հռչակելով իր լաւագոյն ընկերը, Էրտողանի գործած այդ յանցագործութեան «մասնակից»ը կը դառնայ եւ անկէ լաւ բաներ սպասել կարելի չէ։

Այլ գետնի վրայ Էրտողան կ’ուզէ սիրաշահիլ ամերիկացիները: Թուրքիոյ նախագահը աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի միջեւ կը խուսանաւէր, հիմա այդ հնարաւորութենէն արդէն իսկ զրկուած է։ Դեռ չխօսիմ S-400-ի երկրորդ խմբաքանակը ստանալու մասին, թէպէտ Թուրքիա մինչեւ հիմա իր գնած S-400 երկու համակարգերը չի կարենար տեղադրել, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ զգուշացուցած է, որ այդ համակարգերը պէտք չէ տեղակայել: Փութին որքան ալ որ ըսած է Էրտողանին համար, որ իր լաւագոյն ընկերն է, Էրտողան նախապատուութիւնը չի կրնար Ռուսաստանի տալ, կամայ թէ ակամայ պէտք է Միացեալ Նահանգներուն յարի: Ի դէպ այդ S-400-ները գնելը ինքնին սխալ էր, որովհետեւ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիր է, եւ ՆԱԹՕ-ի պաշտպանութեան համակարգը ընդհանուր է, եւ այդ ընդհանրութիւնը ապահովելու համար ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու զէնքն ալ ընդհանուր պէտք է ըլլայ։

Այս բոլորէն անդին Անգարա այսօր յ կ’օգտագործէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման թեման, որպէսզի իր առաջուայ ընդհանուր հունին տանի Անգարա-Ուաշինկթըն բաւականին վիրաւոր վիճակի մը մէջ գտնուող յարաբերութիւնները։ ԱՄՆ Պետ. Քարտուղար Պլինքընն ալ քանի մը անգամ ըսած է, որ Թուրքիան ռազմավարական դաշնակից չէ, եւ կարելի է առաւելագոյնը զայն համարել գործընկեր առանց ռազմավարականի, մինչ առաջ կը խօսուէր Թուրքիան ՝«մեր ռազմավարական դաշնակից»ը ընդհանուր խորագրով։ Թուրքիոյ մէջ ալ ներկայիս ռազմավարական դաշնակից բառը չեն օգտագործեր, այլ գործընկեր: Ես կը կարծեմ, որ Թուրքիան որպէսզի կարենայ վերականգնել իր յարաբերութիւնները ստիպուած կ’ենթարկուի եղած ճնշումներուն։ Անգարա շատ լաւ գիտէ, որ երբ վատացնէ Ամերիկայի հետ իր յարաբերութիւնները, ապա համաշխարհային դրամատունը կամ Միջազգային արժութային հիմնադրամը վարկ չեն տրամադրեր իրեն։

– Քիչ առաջ յիշեցիք թէ դուք կողմ էք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարեկարգման «ամերիկեան տարբերակ»-ին։ Բացի «Զանգեզուրի միջանցք»-ի խնդրէն, ինչ վտանգներ կան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու մէջ:

Կողմ եմ յարաբերութիւններու բարեկարգման եթէ այդ կարգաւորումը ըլլայ Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութեամբ է։ Հայաստանի հնարաւորութիւնները այնքան ալ շատ մեծ չեն որ կարողանայ դիմադրել, այլապէս մեր գլխուն նոր փորձանք մը կը բերեն:

Ինչպէս կ’ըսեն չկայ բարիք առանց չարիքի, այսինքն եթէ Թուրքիան սահմանը չփակէր, թուրք գործարարները կու գային Հայաստան, կը հեղեղուէր թրքական ապրանքներով եւ իրենց պետութիւնը վարկ կը տրամադրէր անոնց, որպէսզի Հայաստանի մէջ կարեւոր բաժնետէրեր դառնան։ Մեր գործարարները մրցակցիլ չեն կրնար անոնց հետ եւ մենք քաղաքականէն զատ կ’իյնայինք տնտեսական մեծ ծուղակի եւ կախուածութեան մէջ։ Եւ քանի որ վերաբերմունքը կը շարունակէ մնալ թշնամական, Հայաստանը կը դարձնէին կամազուրկ երկիր, եւ այդ է որ զիս կ’անհանգստացնէ:

 

– Այս թեմայի հետ կապուած, կը կարծէ՞ք որ Հայաստանի պետութիւն եւ հայկական սփիւռք երկփեղկուածութիւն ըլլայ:

Նախ պէտք է յստակ նշել, որ այս փուլին ըլլալիք ցանկացած կարգաւորման հիմքը ճանապարհներու կարգաւորման խնդիրն է ու յստակ է նաեւ, որ ի վերջոյ Հայաստան չի կրնար աշխարհէն մեկուսանալ։ Պէտք է այս խնդիրը լաւ կերպով բացատրել սփիւռքին։

 

– Այս բոլորին առընթեր, ըստ ձեզի որպէս թրքագէտ , ինչ տեսակի ժեստ պէտք է ընէ Թուրքիան, որ դուք հաւատաք որ ան իրապէս կ’ուզէ անկեղծ բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունենալ Հայաստանի հետ:

Երկու ժողովուրդներու նաեւ պետութիւններու միջեւ կայ փոխ անվստահութիւն, եւ այդ պէտք է վերացնել: Եւ մեր փոխվստահութիւնը վաստակելու համար Թուրքիան պէտք է երթայ օրինակ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ճանապարհով։ Թուրքիան Միջին Ասիա ներթափանցելու համար, որուն այնքան կը տենչայ, ամենակարճ ճանապարհը Հայաստանն է: Ժխտողականութիւնը արդէն լիարժէք սպառած է իր դիրքերը մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումէն ետք։

 

– Շատ կը խօսուի Թուրքիոյ իշխանութիւններու վատ վիճակի մը մէջ ըլլալու մասին. դուք որեւէ մեծ իրադարձութիւն կամ բողոքի ալիք կը նախատեսէք յառաջիկայ տարուան ընթացքին։

Այո, Թուրքիոյ ժողովուրդին վիճակը ի հարկէ շատ վատ է: Գործազուրկներու թիւը ահագին շատ է, ըստ պաշտօնական տուեալներու 7 միլիոնէն աւելի, իսկ ոչ պաշտօնական տուեալներով ՝ 13 միլիոնէն աւելի են, եւ ըստ ընդդիմադիրներու դեռ շատ շատ աւելի: Ֆինանսական պետական գանձարանը դատարկ է, պակասորդ ունի 64 միլիառ տոլար, այդ գումարը Քաթարէն վերցուցած է, որ փոխառնութին է եւ պարտք չէ: Չեմ գիտեր ինչ նախատեսում կրնամ ընել, որովհետեւ այնքան ատեն որ Էրտողան պիտի մնայ իր պաշտօնին, նոյնքան երկրի գլխուն նոր փորձանքներ պիտի բերէ: Քանի մը թուրք նախարարներ Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար այցելել, այն գործիչները, որոնք S-400-ի ռուսական համակարգի գնման գործարքին մասնակցած են եւ երբ Միացեալ Նահանգներ հասնին կը ձերբակալուին: Ծերակուտականը ունի բանաձեւ Էրտողանի անձնական եւ ընտանիքի անդամներու ունեցուածքը սառեցնելու մասին, եւ այդ գնդամահակի պէս Էրտողանի գլխուն վրայ կախուած է:

Ես ուղղակի կը կարծեմ, որ Պայտընի նախաձեռնութիւնը ոչ այնքան Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղուած է, որքան այս կարգաւորման գործընթացէն Ռուսաստանը դուրս մղելու նպատակ կը հետապնդէ, այսինքն դուն նախաձեռնութիւն մը ունիս եւ ես քեզմէ աւելի լաւ ու նպաստաւոր դիրքեր ունիմ հետեւաբար այդ չէզոքացնելու համար նոյն նախաձեռնութեամբ ես հանդէս կու գամ: Միացեալ Նահանգները ինչու շեշտեց, որ Վրաստան լուրջ պետութիւն է, քաղաքակիրթ պետութիւն է, եւ եթէ ինքը իր նախաձեռնութեամբ կարգաւորէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները Հայաստանի հանդէպ որոշակի պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ, այսինքն չի թողներ որ Թուրքիա ճնշումներ բանեցնէ Հայաստանի դէմ:

 

 

 Հարցազրոյցը՝  Սագօ  Արեանի