«Հայկական համայնքը միշտ ալ վայելած է Կիպրոսի կառավարութիւններուն ամբողջական նեցուկը». Կիպրոսի Խորհրդարանի հայ անդամ՝ Վարգէս Մահտեսեան

 «Կիպրական հարց», հայկական համայնքի հիմնախնդիրներ եւ «Մելգոնեան վարժարան»ի ճակատագիր։ Մեր հարցերուն կը պատասխանէ Կիպրոսի Խորհրդարանին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ Վարդգէս Մահտեսեան

Նախ թոյլ տուէք յայտնել երախտագիտութիւնս սոյն հարցազրոյցի կարելիութեան, ու զիս Խորհրդարանի յարկին տակ ընդունելու համար։ Պրն. Մահտեսեան ինչ պէտք է հասկնալ, երբ ըսենք « Կիպրական հարց», ինչ են Ձեր մօտեցումները։

Այս ժամանակներուն «Կիպրական հարց»ը դժբախտաբար սառած վիճակի մէջ է։ Պատճառը շատ պարզ է։ Թրքական կողմը, որ բոլորովին Թուրքիայէն կախեալ է, այսինքն հիմակուան կառավարութենէն՝ Էրտողանէն, ոչ մէկ զիջում պատրաստ է ընելու, այլ ընդհակառակը՝ ամէն անգամ, որ սեղանին շուրջ կը նստի, յաւելեալ հարցեր մէջտեղ կը բերէ։ Վերջին երկու տարիէ մեզի կը խօսին Կիպրոսը երկու երկրի վերածելու մասին, այսինքն՝ “partition”։ Երեւակայեցէք, թէ Կիպրոսի նման փոքր կղզի մը ինչպէս կրնայ ասիկա ընդունիլ, մանաւանդ, որ Եւրոպայի Խորհուրդին մաս կը կազմէ 2004-էն ի վեր։ Իրենց այս առաջարկը մոլեռանդ ձեւով կը փորձեն պարտադրել։ Այս մեզի համար անընդունելի է, քանի որ վտանգները շատ են։ Եթէ այդպիսի բան ըլլայ, գրաւեալ բաժինին մէջ անոնց թիւը հիմա մօտ հինգ հարիւր հազար է, եկող քսան տարուան մէջ կրնայ հասնիլ քանի մը միլիոնի։ Այսօր առկայ իրավիճակը, եթէ այս հունով շարունակուի, տարուէ տարի մեր կացութիւնը շատ աւելի պիտի բարդացնէ։ Այս պահուն շատ մեծ թիւով պարսիկներ, ուքրանացիներ, ռուսներ, իսրայէլացիներ եկած են միւս կողմը կալուածներ գնած եւ այդտեղ սկսած են ապրիլ։ Միւս կողմը քիչ մը “Micky Mouse State” մըն է։ Դրամի լուացում ալ կայ։ Ոչ ոք կը հարցնէ, թէ դրամը ուրկէ եկած է, ինչպէս եկած է։ Թրքաց կողմի հասոյթը երեք բաժանում ունի։ Առաջին՝ ունին շատ մեծ թիւով, շատ չնչին տարեթոշակով, չակերտեալ համալսարաններ։ Աշակերտութեան մեծամասնութիւնը Պանկլատէշէն, Ափրիկէէն, Փաքիստանէն, Ատրպէյճանէն են։ Աւարտին անոնց ձեռքը կու տան տիտղոս մը, վկայական մը, որպէսզի երբ այս աշակերտները իրենց երկիրը վերադառնան ըսեն, թէ Կիպրոսէն վկայական ստացած են։ Միւս կողմէ շատ մեծ «Պիզնէս» է իրենց համար «Քազինօ»ներու պարագան։ Քսան-քսանհինգ հատ չափազանց արդիական «Քազինօ» կայ, որոնք կրնան մրցակցիլ «Լաս Վէկաս»ին հետ։ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած են «Քազինօ»ները, հետեւաբար Թուրքիայէն շատեր կու գան այդտեղ հանգստանալու եւ «Քազինօ»ներ երթալու համար։ Այս բոլորը դրամի լուացում է։ Երրորդը՝ «Քապարէ»ներն են։ Ուրեմն իրենց հասոյթը այս երեք աղբիւրներէ կու գայ։ Կարեւոր բանը, որ պէտք է գիտնանք գրաւեալ գօտիին համար, որ ոչ մէկը կը հարցնէ, թէ գումարը ուրկէ բերած ես։ Այսինքն մէկը կրնայ հազարաւոր կանխիկ գումարով երթալ եւ կալուած գնել։

Դուք ի պաշտօնէ Կիպրոսի հայկական համայնքին ներկայացուցիչն էք։ Այսօր համայնքին մարտահրաւէրները ի՞նչ են։

Առաջին հերթին պէտք է ըսեմ, որ ես եւ ամբողջ կիպրահայ գաղութը մենք զմեզ բախտաւոր կը նկատենք, որ քաղաքացիներն են Կիպրոսի հանրապետութեան։

Ոչ միայն այս կառավարութիւնը, այլեւ Կիպրոսի բոլոր կառավարութիւնները թիկունք կանգնած են մեզի եւ ամէն ձեւով օգնած, ըլլայ մեր եկեղեցիներուն, պարախումբերուն, թատրոններուն եւ դպրոցներուն։ Բան մը, որ անհաւատալի է արտասահմանի մէջ։ Մենք ունինք «Նարեկ» վարժարանները՝ Նիկոսիոյ, Լիմասոլի եւ Լառնաքայի մէջ եւ մեր տարեկան պիւտճէն մօտ 1.3 միլիոն եւրօ է։ Այս ամբողջ գումարը կառավարութիւնը կը հոգայ։ Ուրիշ ոչ մէկ երկրի մէջ այսպիսի դրութիւն մը գոյութիւն ունի։ Մեր եկեղեցւոյ տարեկան ընթացիկ ծախսերուն համար կառավարութիւնը յիսուն հազար եւրօ կը հայթայթէ։ Անկէ դուրս, կառավարութիւնը կը հոգայ նաեւ մեր կղերականներուն ամսականները։ Եւ այս պայմաններուն տակ, դժբախտաբար մենք չկրցանք Մելգոնեան վարժարանը պահել։ Շատ դիւրութեամբ կարելի էր Մելգոնեանը պահել, եւ ես այս հարցով շատ առաջարկներ ունէի եւ ՀԲԸՄ-ի նախկին նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեանին ալ նամակներ գրած եմ, բայց դժբախտաբար արձագանգ չեմ ստացած։

 

Դուք կո՞ղմ էք, որ Մելգոնեանը վերաբացուի։

Այո՛, անշուշտ, բայց որոշ նախապայմաններով։ Նախ էական է,որ վարժարանը կուսակցական յարում չունենայ։ Պէտք է ըլլայ զուտ, կրթական հաստատութիւն, քանի որ փաստուած է, որ մենք այդ հանդուրժողականութիւնը կամ այդ հասունութիւնը չունինք մեր տարբերութիւնները ընդունելու։ Դժբախտաբար այդ կուսակցական մօտեցումը Մելգոնեանէն ներս ներածուեցաւ եւ տուժողը եղաւ դպրոցը։2006-ին երբ Խորհրդարանի անդամ ընտրուեցայ, առաջին փորձս եղաւ Մելգոնեանի հարուստ մատենադարանը փրկելը։ Կիպրոսի պետական համալսարանի ռեկտորին հետ խօսեցայ, որպէսզի այդ գիրքերը ժամանակաւորապէս համալսարան փոխադրուին, մինչեւ որ այլ լուծում մը մէջտեղ գայ ։ Ասիկա առաջարկ մըն էր, որ բերի եւ կը հաւատամ, որ այս մէկը կրնար դուռը բանալ հայկական ամպիոնի մը. այն իմաստով, որ Մելգոնեանը վերաբացուէր բոլորովին այլ ձեւաչափով եւ գործէր, որպէս հայագիտական ամպիոն։ Ներկայ հանրապետութեան նախագահը իր առաջադրութեան արշաւին ատեն ըսաւ, որ հայկական ամպիոնի մը ստեղծումը պիտի իրականացնէ։ Եթէ գրադարանի գիրքերը հոն փոխադրուէին, հայկական բաժին մը ըլլար, այս մէկը շատ պիտի օգնէր մեզի հասնելու այդ նպատակին։ Այն ատեն եւս նամակ մը ուղարկեցի Տիար Պերճ Սեդրակեանին, ան պատասխանեց ըսելով, որ գաղափարս շատ առողջ գաղափար է, բայց այս պահուն իրենք պատրաստ չեն այս մէկը իրականացնելու։ Գիտէք, որ գիրքերը եթէ որոշ ձեւով չպահպանուին, ժամանակ մը ետք փոշիէն, խոնաւութենէն կը փճանան։ Ըսեմ նաեւ, որ շատ արժէքաւոր գիրքեր այդտեղէն կորսուած են։ Ասկէ տասնչորս-տասնհինգ տարի առաջ պաշտօնական այցով Պոլիս կը գտնուէի։ Հոն «Քաբալը չարշը» շուկան որ ունին, ուր շատ հայեր կան, սեղան մը տեսայ, որուն վրան հայկական գիրքեր կուտակուած էին։ Անոնցմէ մէկ-երկու հատը վերցուցի բացի եւ մէջը տեսայ Մելգոնեան վարժարանի կնիքը։ Այդ գիրքերը հոն դրուած կը ծախուէին։ Մելգոնեանի վերաբացման առաջարկս այն էր, որ եթէ ֆինանսական տեսակէտով ձեռնտու չէ բանալը, կրնանք մենք դռները բանալ յոյն կիպրացիներուն առջեւ։ Ընդհանուր դասերը աշակերտութիւնը միասին կրնան ընել, իսկ յատուկ՝ հայագիտական դասընթացքները հայ աշակերտութեան համար կ՚ըլլան։ Ասիկա ելք մըն է ֆինանսական հարցը լուծելու համար։ Այլ ծրագիր մը ունիմ, որ կ՚ուզեմ եկող տարիներուն իրականացնել՝ հայկական թանգարանի մը ստեղծումն է։ Ինչպէս գիտենք, մենք մեծ պատմութիւն ունինք, եւ երկար դարերէ ի վեր հայութիւնը ներկայութիւն ունի Կիպրոսի մէջ։ Առաջարկս է Մելգոնեանի տնօրէնին տունը թանգարանի վերածել։ Ասոր կողքին ԹՈՒՄՕ- ի (արդի արհեստագիտութեան), կեդրոն մը բացուի։ Իսկ անոր կողքին լողարան մը կառուցուի եւ ամրան դռները բանանք մեր Սփիւռքի երիտասարդութեան առջեւ։ Այսպէս աշխարհի տարբեր երկիրներէ հայ երիտասարդութիւնը քով-քովի կը բերենք, անոնց համար ծրագիրներ մշակելով։ Այս ծրագիրս պատրաստեցի ու դարձեալ ՀԲԸՄ-ին դիմեցի։ Եթէ մենք այսպիսի քայլ մը առնէինք, կրնայինք նիւթական կարեւոր աջակցութիւն մըն ալ կառավարութենէն ստանալ, քանի որ 2002 թուականէն ետք, Կիպրոսի մէջ Արեւմտահայերէնը պահպանեալ լեզու հռչակուած է։

Պրն. Մահտեսեան, ինչո՞ւ Բարեգործականը այսպէս խուլ կը ձեւանայ։ Նոր նախագահը արդեօք որոշ փոփոխութիւն կը բերէ՞.յոյսեր կա՞ն։

Յոյսով եմ։ Ես իմ փորձերս պիտի շարունակեմ եւ կը փափաքին մօտ ապագային տեսակցութիւն մըն ալ ունենալ ՀԲԸՄ-ի նորընտիր նախագահ Տիար Սէմ Սիմոնեանին հետ ։ Բարեգործականի Կեդրոնական Վարչութեան համար շատ մեծ վէրք մըն է Մելգոնեանի փակումը եւ չեն ուզեր որեւէ ձեւով մօտենալ եւ այդ ցաւը մէջտեղ բերել։ Ես պետական համալսարանին հետ խօսած էի, որ անոնք ստանձնեն դպրոցին կառավարումը՝ management-ը։ Անոնք շատ սիրով պատրաստ էին այս գործը կատարելու։ Նշեմ, որ մեր պետական համալսարանը աշխարհի բարձրագոյն 300 համալսարաններու շարքին է։ Իսկ հայերէնի առնչութեամբ եթէ մենք կը փափաքէինք մասնագիտութիւն մը առաջադրել, ես խօսեցայ նաեւ Հայկազեան համալսարանի հետ եւ սիրայօժար ձեւով ընդառաջեցին։ Այս ծրագիրներու իրագործման համար միակ բանը, որ պէտք ունինք Բարեգործականի հաւանութիւնն է, որ մինչեւ օրս չենք ստացած։ Մօտ ապագային փորձ մը պիտի կատարեմ, յուսամ ընդունելութիւն կը գտնեմ։

 

Հայութիւնը, ինչպէս Սփիւռքի տարբեր երկիրներու, նոյնպէս ալ Կիպրոսի մէջ տարբեր խաւերու, եւ տարբեր գաղափարական հանրոյթներու ամբողջութիւն մըն է։ Այս առումով ինծի համար հետաքրքրական է իմանալ, որ առկայ բազմազանութիւնը եւ կարծիքներու տարբերութիւնը երբեւէ խնդիրներ կամ դժուարութիւններ ստեղծած է ձեզի համար։

Այն օրէն,որ ընտրուեցայ Կիպրոսի խորհրդարանէն ներս, հայկական համայնքի ներկայացուցիչի պաշտօնին, դուռս միշտ բաց եղաւ ոեւէ հայու առջեւ, ոեւէ հարցի առնչութեամբ եւ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար եղայ  մեր համայնքի բոլոր անդամներուն ու յատկապէս անոնց, որ կը դիմեն մեր գրասենեակը։ Իբրեւ համայնք մենք բախտաւոր կը զգանք, որ Կիպրոսի մէջ այսպիսի կառավարութիւններ ունեցած ենք, որ մեզի հարիւր տոկոս տէր եւ նեցուկ կանգնած են։ Ծանօթ է, որ Կիպրոսը եղաւ առաջին եւրոպական երկիրը, եւ երկրորդ համաշխարհային երկիրը, որ Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցաւ եւ 2015-ին ալ քրէականացուց Ցեղասպանութեան ժխտումը։

 

Սագօ Արեան