ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՀԻՆԳ ԳԼՈՒԽԳՈՐԾՈՑՆԵՐԸ

Ֆրանսացի պատմաբան, Սորպոն Համալսարանի արուեստի պատմութեան փրոֆէսոր՝ Շարլ Տիլ (1859-1944) կազմած է հայկական ճարտարապետական արուեստի ՀԻՆԳ ԳԼՈՒԽԳՈՐԾՈՑՆԵՐՈՒ շարք մը, որ ուղղակիօրէն անցած է ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԳԱՆՁԱՐԱՆ։

Ըստ փրոֆէսոր Տիլի, հայկական ճարտարապետական արուեստի հինգ գլուխգործոցներն են՝

1- Արցախի Գանձասարի Վանքը 1216թ.

2- Անիի Մայր Տաճարը 1001թ.

3- Հաղպատի Վանքը 966թ.

4- Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցին 915թ.

5- Հռիփսիմէի Եկեղեցին 618թ.

“Արեւ”-ի նախորդ երկու թիւերուն մէջ յաջորդաբար Գանձասարի Վանքն ու Անիի Մայր Տաճարը ներկայացնելէն ետք, կը շարունակենք Հաղպատի Վանքով։

☆☆☆

ՀԱՂՊԱՏԻ ՎԱՆՔԸ

 

Հաղպատի Վանքը Միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր եւ մշակութային խոշոր կեդրոն, վանքային համալիր է, որ կը գտնուի Հայաստանի Լոռիի Մարզի Հաղպատ գիւղի Հարաւ-արեւելեան բարձրադիր մասը։

 

▪︎ Ինչու՞ վանքը «Հաղպատ» կոչուած է

 

Վանքին անուանումին հետ կապուած բազմաթիւ առասպելներ կան, որոնցմէ մէկուն համաձայն, Սանահինի իշխաններէն մէկը  ճանչցուած վարպետ մը կը հրաւիրէ վանք կառուցելու համար։ Վարպետը իր որդիին հետ կուգայ։
Աշխատանքի ընթացքին, վէճ մը կը յառաջանայ հօր եւ տղուն միջեւ։ Ենթավարպետներէն մէկը տղուն կողմը կը բռնէ։ Այսպէս, հօր հետ կռուած տղան աշխատանքը կը ձգէ եւ կը հեռանայ։ Ճանապարհին, ուրիշ իշխան մը կը վարձէ անոնց՝ իր վանքը կառուցելու պատուէրով։ Երբ որդիին բարձրացուցած պատերը տեսանելի կը դառնան Սանահինէն, աշխատաւորները այդ մասին կը հաղորդեն ծեր վարպետին։ Ան կ’որոշէ իր տղուն շինարարութիւնը այցելել, կը մօտենայ  կիսաշէն վանքի պատին եւ երկար կը զննէ զայն։ Բոլորը լուռ կը սպասեն ծեր վարպետի գնահատականին։ Վերջապէս, ան շարուած պատը զարնելով կ’ըսէ. «Ախ պատ…»:

Այսպէս, հայր եւ որդի գրկախառնուելով կը հաշտուին, իսկ վանքին անունը կը մնայ՝ «Հաղպատ»…

Հաղպատի Վանական Համալիրին մէջ կը գտնուին.

 

▪︎ Ս. Նշան Եկեղեցին

Հաղպատի վանական համալիրին մէջ
Վանքի առաջին՝ Սուրբ Նշան եկեղեցին հիմնադրած են Աշոտ Գ. թագաւորն ու անոր կինը Խոսրովանոյշը, իրենց որդիներուն՝ Քիւրիքէին եւ Սմբատին արեւշատութեան համար, 966 թուականին։

Հիմնադիր վանահայրը եղած է Սիմէոնը, որ ղեկավարած է եկեղեցւոյ շինարարութիւնը եւ (աւարտին հասցուցած՝  991 թուականին։

Հայ միջնադարեան ճարտարապետութեան  բացառիկ արժէքաւոր նմուշներէն է Սուրբ Նշան եկեղեցին ու յատկապէս անոր գաւիթը (1210-1225), որ կառուցուած է եկեղեցւոյ արեւմտեան կողմը։

Ուղղանկիւն յատակագիծով ընդարձակ դահլիճը ծածկուած է երկու զոյգ, իրար հետ խաչուող կամարներով, որոնք արեւելեան կողմը կը հենին եկեղեցիին արեւմտեան պատին կից որմնասիւներուն, իսկ արեւմտեան կողմը՝ առանձին կանգնած սիւներուն:

Չորս կամարներով ստեղծուած կենդոնական քառակուսին ակ ծածկուած է անոնց վրահ յենուած խաչուող կամարներու նոր, առաւել փոքր համակարգով՝ ստեղծելով բարդ, սակայն տրամաբանական ու գեղարուեստօրէն հարուստ տարածական կառուցողական յօրինուածք։

▪︎ Սուրբ Գրիգոր Եկեղեցին

Փոքր չափեր ունի նաեւ Սուրբ Գրիգոր եկեղեցին (1125), որ ներքուստ խաչաձեւ արտաքուստ ուղղանկիւն յատակագիծով, թաղածածկ եւ երկլանջ տանիքով կառոյց է՝ տեղադրուած Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ գաւիթին կից, Հարաւային կողմը:

▪︎ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին

Համալիրի երրորդ փոքր՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին (13-րդ դար), կը գտնուի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ գաւիթին Հիւսիսային կողմը, նախկին սրահ-դամբարանի պահպանուած մասէն 2 մ հեռաւորութեամբ:

Ներքուստ խաչաձեւ, կեդրոնակազմ գմբեթաւոր կառոյց է, որուն հիւսիսային եւ հարաւային խաչաթեւերու խորութիւնն այնքան փոքր է, որ յատակագիծին անոնք ընդգրկվել են եկեղեցւոյ պարզ ուղղանկիւնին եզրագիծին մէջ:

Արեւմտեան ճակատի առանցքով տեղադրուած շքամուտքը քանդակազարդ շրջանակով յարդարուած է: Եկեղեցին կը կոչուի նաեւ Խաթունաշէն, կառուցողի՝ Տեսումեանց Հասան իշխանի դուստր՝ Խաթունի անունով:

▪︎Գրատունը

Վանքին գրատունը (11-րդ դար) քառակուսի պարզ յատակագիծով սրահ է, սկզբնապէս ծածկուած եղած է փայտեայ սիւներու կառուցուածքով, որ Վերակառուցման ժամանակ փոխարինուած է քարաշէն խաչուող կամարներու համակարգով, որ կը յենի պատերուն կից յաւելուած որմնասիւներուն վրայ: Ծածկի կեդրոնական քառակուսին պսակուած է ութանիստ վրանաձեւ երդիկաւոր գմբեթով: Սրահի որմնակամարներով ջլատուած պատերը նաեւ որմնախորշեր ունին, որոնք գրապահարանի դեր կատարած են: Միակ մուտքը արեւմտեան կողմէն է եւ կը բացուի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ եւ «Համազասպի Ժամատան» միջանկեալ տարածքին։

▪︎ Համազասպի Ժամատունը

Համազասպի Ժամատունը կառուցած է  Համազասպ Անեցի վանահայրը, 1257 թուականին։

կը գտնուի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ Հիւսիսային կողմը, մօտ 8 մ. հեռաւորութեամբ:

Կառոյցը իր քառակուսի յատակագիծով, կեդրոնակազմ չորս հզօր սիւներու վրայ յենուած կամարածածկ եւ երդիկաւոր գաւիթներէն է։

▪︎Զանգակատունը

Հաղպատի Վանքի գրատան Հիւսիս արեւելեան կողմը, մօտ 5 մ. հեռաւորութեամբ կանգնած է 25 մ. բարձրութիւն ունեցող զանգակատունը, որ նմանատիպ լաւագոյն օրինակներէն է: Անոր երկհարկ հիմնական զանգուածը կ’աւարտի սիւնազարդ զանգաշտարակով:

Առաջին յարկի յատակագիծին եզրագիծը հաւասարաթեւ խաչ է, երկրորդ յարկինը, զայն ներգծող քառակուսի հատուած անկիւններով:

Այս համադրութեան շնորհիւ արտաքին անկիւններուն մէջ ստեղծուած են ուղղաձիգ խորշեր, որոնք շքամուտքի ու լուսամուտերու կամարազարդ բացուածքներու շրջակալներու, ճակտոններու քիւերու եւ հովահարաձեւ վեղարով զանգաշտարակի հետ կառոյցին հաղորդած են թեթեւութիւն եւ վերասլաց համաչափութիւն: Պատի միջին բարձրութեան վրայ գտնուող շարքերէն մէկը, որ չընդհատուիր բացուածքներով, ամբողջ պարագիծով կառուցուած է որպէս հակաերկրաշարժային հոծ գօտի, ուր քարերը միմեանց ագուցուած են ձգման ուժերուն դիմակայող ատամնաձեւ ելուստներով:

Յարկերը միմեանց հետ ներքին քարէ աստիճաններով կապուած են: Առաջին յարկին մէջ կան երկու, իսկ երկրորդին՝ չորս մատուռ-աղօթարաններ՝ որուն պատճառով վիմագիրերուն մէջ այս կառոյցը նաեւ եկեղեցի անուանուած է։

▪︎Սեղանատունը

Հայ միջնադարեան աշխարհիկ կառոյցներու մէջ բացառիկ տեղ կը գրաւէ Սեղանատունը (1220-ական թուականներ), որ կառուցուած է վանքի պարսպապատ տարածքի Հիւսիսային եզրին:

Արեւելք-արեւմուտք երկայնական առանցքով ուղղանկիւն ընդարձակ սրահ է։

▪︎Վանքի Աղբիւրը

Եկեղեցի Կուսանաց Անապատ (Տիրամօր Եկեղեցի) Պարսպապատ տարածքէն դուրս՝ մօտ 100 մ. արեւելք, կը գտնուի վանքի աղբիւրը (1258):

Ներսը՝ Հիւսիսային պատի երկայնքով, տեղադրուած են իրար հետ կապուած վեց տաշտակներ, որոնց միջով կը հոսի ջուրը: Նոյն ուղղութեամբ աւելի հեռու՝ բարձունքի վրայ կը գտնուի է Եկեղեցի Կուսանաց Անապատ (Տիրամոր Եկեղեցի) (13-րդ դար), որ ներքուստ խաչաձեւ, արտաքուստ ուղղանկիւն փոքր կեդրոնագմբեթ կառոյց է։

▪︎Հաղպատի Վանքին Յուշարձանները

Հաղպատի վանական համալիրին տարածքին եւ շրջակայքին պահպանուած են բազմաթիւ յուշարձաններ, որոնցմէ առաւել եւս նշանաւոր է բարձրարուեստ պատկերաքանդակներով հարուստ «Ամենափրկիչ»  խաչքարը, որ տեղադրուած է Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ Հիւսիսային կողմի սրահին ներսը:

Յիշարժան են նաեւ Ուքանանց իշխանական տոհմի երեք խաչքար-դամբարանները՝ վանքի Հիւսիս արեւմտեան պարսիպին մօտ:

Հաղպատի վանական համալիրին մէջ վաւերագրուած եւ վերծանած են մօտ 260 վիմագիր արձանագրութիւն, որոնց ժամանակագրութիւնը կ’ընդգրկէ 10-18-րդ դարերը: Անոնք արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը պարունակեն՝ պատմական իրադարձութիւններու, թագաւորական եւ իշխանական տուներու, հոգեւոր եւ մշակութային գործիչներու, տնտեսական կեանքի եւ վանքին շինարարական գործունէութեան մասին:

Պէտք է նշենք որ՝

11-13-րդ դարերը վանքին համար եղած են կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի մեծ վերելքի ժամանակաշրջան: Այդտեղ ուսանած, ստեղծագործած եւ դասաւանդած են ժամանակի բազմաթիւ նշանաւոր հոգեւորական գիտնականներ. ուսուցչապետ Յովհաննէս Իմաստասէր Սարկաւագը,  պատմիչներ Երեմիա Անձրեւիկը եւ Սամուէլ Անեցին, մատենագիր Վարդան Հաղպատեցին, անոր աշակերտ, ուսուցչապետ Դաւիթ Քոբայրեցին, մատենագիր Մխիթար Քոբայրեցին, պատմիչ, մատենագիր, աշխարհագրագէտ եւ փիլիսոփա Վարդան Արեւելցին:

Հաղպատի մէջ ծաղկուած, ընդօրինակուած են բազմաթիւ ձեռագրեր, որոնք օգտագործուած են նաեւ միջնադարեան Հայաստանի գիտաուսումնական այլ կեդրոններուն մէջ:

Առաւել նշանաւոր է «Հաղպատի Աւետարանը», որ մանրանկարչական արուեստի լաւագոյն նմուշներէն մէկն է:

Հաղպատի Վանքին վերջին վանահայրը եղած է Սերովբէ Եպս. Արարատեանը. ան յիշատակուած է 1873 թուականին Դեբեդ գետի վրայ քարէ կամուրջին կառուցման առնչութեամբ։

Խորհրդային Իշխանութեան տարիներուն վանքը պահպանուած է որպէս պատմամշակութային յուշարձան. պարբերաբար կատարուած են ամրակայման, վերականգնման եւ տարածքի բարեկարգման աշխատանքներ, տարբեր ճարտարապետներու ձեռամբ։

1989 թուականին,  Խորհրդային Հայաստանի  կառավարութեան որոշումով, վանքը վերադարձած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տնօրինութեան։

Վերջապէս, պիտի նշենք որ Հաղպատի Վանքը,
հայկական ճարտարապետական յուշարձաններէն
առաջինն է, որ ընդգրկուած է ԵՈՒՆէՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին մէջ, 1996 -ին:

Սեւան Սեմէրճեան