Հայոց Ցեղասպանութեան դրդապատճառը փանթուրանիզմն էր, ոչ թէ իսլամական կրօնքը

Յարութ Սասունեան

Վերջերս Մայքըլ Պըրընպաումի, Ռիչըրտ Լիպովիցի եւ Մարսիա Սաչս Լիթըլի խմբագրութեամբ հրատարակուած «Յիշելով ապագայի համար. Հայաստան, Աուշուից եւ անոնց սահմաններէն դուրս» գիրքը գիտական հաւաքածոյ մըն է զեկոյցներու, որոնք ներկայացուած էին Լոս Անճելըսի Ամերիկեան հրէական համալսարանին մէջ, 2014 թուականի Մարտ 8-11 տեղի ունեցած համաժողովի ժամանակ:

Փրոֆ. Ռիչըրտ  Ռուպինշտէյն, իր «Հայոց Ցեղասպանութիւնը իբրեւ –ճիհատ» զեկոյցին մէջ, հայերու զանգուածային սպանութիւնները կը վերագրէ քրիստոնեաներու դէմ իսլամական մոլեռանդութեան: Սա յաճախ թիւրըմբռնուած թեմա է նոյնիսկ հայերու կողմէ, որոնք հպարտութեամբ կը յայտարարեն, որ իրենք առաջին ազգն են, որ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունած են 301 թուականին: Այս թիւրըմբռնումի հիման վրայ ստեղծուած է ամբողջ բանահիւսութիւն մը, որ հայերը նահատակուած են իրենց հաւատքին համար եւ կրօնափոխութիւնը մերժելու պատճառով: Հաշուի առնելով ներկայ հակա իսլամական մոլուցքը Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ այլուր, որոշ մարդիկ կ’ապակողմնորոշուին այս սխալ պնդումներով:

Փրոֆ. Ռուպինշտէյն իր ելոյթը կը սկսի սխալ հիմնաւորումով, երբ կը նկարագէ զարհուրելի տեսարան մը Հոլիվուտի մէջ 1919 թուականին նկարահանուած «Յօշոտուած Հայաստան» համր ֆիլմէն, ուր կը ցուցադրուի փայտէ խաչերուն գամուած քանի մը մերկ հայ կիներ: Համարելով, որ «թուրքերը» մտադիր էին նման սարսափելի տեսարաններով որոշակի հակահայկական եւ հակաքրիստոնէական ուղերձ յղելու, փրոֆ. Ռուպինշտէյն սխալմամբ կը պնդէ, որ այդ ֆիլմը «չէր կրնար նկարահանուիլ առանց թրքական իշխանութիւններու ներգրաւման եւ համաձայնութեան»:

Պրոֆ. Ռուպինշտէյն Հայոց Ցեղասպանութեան կրօնական շարժառիթի իր ենթադրութիւնները կը հիմնաւորէ այն հանգամանքով, որ «Օսմանեան կայսրութիւնը կը կառավարուէր իբրեւ կրօնապետական (թէոքրատական) պետութիւն, որուն գլխուն կանգնած էր Սուլթանը` միաժամանակ իբրեւ պետութեան եւ սուննի մահմետականներու ղեկավար` խալիֆա, իբրեւ այդպիսին` Մարգարէի իրաւայաջորդ եւ իսլամութեան բարձրագոյն պաշտպան»:

Փրոֆէսորը կը պնդէ Հայոց Ցեղասպանութեան կրօնական պատճառական գործօնի վրայ` նոյնիսկ յայտնի ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանէն մէջբերում ընելէ ետք, որ կը հակասէ ինք իրեն: Ըստ Տատրեանի` «Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն» կամ «Իթթիհատ» կոմիտէի անդամները, որոնք իշխանութեան եկան 1908 թուականին եւ կազմակերպեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, «իսլամական սկզբունքներու» հետեւորդներ չեն եղած…. Մինչդեռ «Իթթիհատ»-ը կը շարունակէր պետութիւնը ղեկավարել հիմնականօրէն իբրեւ կրօնապետութիւն, անոր առաջնորդները անձամբ աթէիստներ եւ ագնոստիկներ էին»: Դժուար է հաւատալ, որ բարեպաշտ մահմետականը կրնար սպաննել ոեւէ մարդ արարած, չխօսելով արդէն միլիոնաւոր մարդոց մասին…

Դոկտ. Ռուպինշտէյն կ՛ընդգծէ իսլամութեան գլխաւոր դերը թուրքերու կողմէ հայերու զանգուածային ջարդերուն մէջ, թէեւ ան կ՛ընդունի, որ «[Ռոնալտ] Սունին եւ այլ մասնագէտներ պնդած են, որ արիւնայեղ միատարրութեան հիմնական դրդապատճառը եղած է ազգայնականութիւնը, եւ կասկած չկայ, որ մեծ դեր խաղցած արմատական ազգայնականութիւնը»: Ռուպինշտէյն կ՛անտեսէ փանթրքական ազգայնականութեան հարցը, պնդելով, որ ««էթնիկ զտումներու» ծրագիրներու համար ամենակարեւոր շարժառիթը եղած է կրօնական եւ, յատկապէս իսլամութեան որոշ հայեցակէտերու անփոփոխ բնութեան հետեւանքով»:

Ցոյց տալու համար, որ թուրք ղեկավարներու նախագիծերուն մէջ հիմնական որոշիչ գործօնը եղած է կրօնքը, փրոֆ. Ռուպինշտէյն կ՛ըսէ. «1914 թուականի Նոյեմբեր 2-ին, Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմ յայտարարեց Անտանտի երկիրներուն դէմ` Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ անոնց դաշնակիցներուն: Նոյեմբեր 13-ին, օսմանեան սուլթանը, իբրեւ խալիֆա, հանդէս եկաւ ճիհատի կոչով: Յաջորդ օրը, Մուսթաֆա Հայրի բէյը, շէյխ-ուլ-իսլամը, եւ Օսմանեան աշխարհի մէջ իբրեւ սուննի կրօնական իշխանութեան առաջնորդ, պաշտօնական (եւ հրահրիչ) ճիհատ յայտարարեց «ընդդէմ անհաւատներուն եւ իսլամութեան թշնամիներուն»: Ամբողջ իսլամական աշխարհի մզկիթներուն մէջ նաեւ արաբերէնով բաժանուեցան Ճիհատի գրքոյկները, որոնք կը պարունակէին գործողութիւններու մանրամասն ծրագիր «անհաւատներու» սպանութեան եւ բնաջնջման համար, բացառութեամբ Գերմանիոյ` պատերազմի ժամանակ կայսրութեան դաշնակցի քաղաքացիներուն: Մահուան ջոկատները եւ անոնց ղեկավարները «ոգեւորուած էին ճիհատի գաղափարախօսութեամբ եւ եւրոպական ազգայնականութեան ազդեցութիւնը կրող փանթուրքիզմով»: Թէեւ ճիհատի գործնական ազդեցութիւնը զանգուածներու վրայ սահմանափակ էր` «անիկա աւելի ուշ դիւրացուց հայ ժողովուրդի դէմ կառավարութեան իրականացուցած ցեղասպանութեան ծրագիրը»:

Փրոֆ. Ռուպինշտէյն չ՛ըմբռներ այն տեսակէտը, որ կրօնական մոլուցքը աւելի շուտ կը շահարկուէր մոլեռանդ թուրք խուժանի կիրքերը բորբոքելու համար` զանոնք հրահրելով հայերու դէմ, քան կը հանդիսանար Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառ:

Կրօնքի փոխարէն, հայերու ոչնչացման առաջնային դրդապատճառ եղած է անոնց վերացումը իբրեւ թրքացման արգելակ եւ խոչընդոտ` մինչեւ Կեդրոնական Ասիա հասնող փանթուրանական կայսրութեան հաստատման թուրք ղեկավարներու մեծ ծրագիրին: Հակառակ մահմետական ըլլալուն` նաեւ բազմաթիւ քիւրտեր սպաննուած են միայն այն պարզ պատճառով, որ անոնք թուրք չէին…

Քրիստոնեայ հայերը երբեք խնդիր չեն ունեցած բարեպաշտ մահմետականներու եւ անոնց դաւանանքին հետ: Ի դէպ, Հայոց Ցեղասպանութեան բազմաթիւ վերապրածներ ապաստան գտած են մահմետականներու մօտ` Եգիպտոսի, Իրանի, Իրաքի, Յորդանանի, Լիբանանի, Պաղեստինի եւ Սուրիոյ մէջ: Հայերը լաւ կը յիշեն Մեքքայի Շարիֆ ալ-Հուսէյն իպն Ալին, որ 1917-ին հրաման արձակեց, պարտաւորեցնելով մահմետականները պաշտպանելու ցեղասպանութեան հայ վերապրածները այնպէս, ինչպէս կը պաշտպանեն իրենց սեփական ընտանիքները:

Օսմանեան կայսրութեան մէջ երիտթուրքերու կողմէ հայերու բնաջնջման ծրագիրին շարժառիթը աւելի շուտ ոչ թէ փանիսլամական մոլուցքն էր, այլ փանթրքական մոլեռանդ ազգայնականութիւնը…