Ճշմարիտ իրականութիւն է, որ հայրերը սիրոյ եւ զոհողութեան զգացումները ներքնապէս կ’ապրին եւ ոչ արտաքնապէս: Սակայն, ով կարող է երկնքի շողացող աստղերուն վարագոյր քաշել:
Հայր առանց մօր գոյութիւն չ’ունենար, ո’չ ալ մայր առանց հօր:
Մայր բառը հայերէն լեզուի մէջ եղած է՝ բարձրագոյն տիտղոս, սկզբնապատճառ, կեդրոն, որմէ ծնունդ կ’առնէ ամէն ինչ: Իսկ հայր բառը՝ հինէն եկող գերդաստանի յաւերժութեան կենդանի ու պայծառ պատկեր, փարոս, առաջնորդ:
Իսկ Ընտանիքի մէջ ծնունդ առած զաւակը, կը ներկայացնէ ոչ միայն խորհրդաւոր դրամագլուխ… այլ խանդալից ապագայ, ապա պապիկը՝ անցնող սերունդը:
Մէկը նորը՝ փոփոխութիւնը, իսկ միւսը հինը՝ պահպանողականը:
Մէկը՝ ապագայի յառաջացեալ գիտութիւնը, իսկ Միւսը՝ անցեալի փորձառութիւնը եւ իմաստութիւնը: Մէկը՝ երազները, իսկ միւսը յիշատակները:
Ո՞րն է լաւը, հինը թէ նորը, ոչ թէ անցեալը կամ ապագան: Փորձառութիւնը, թէ անփորձ երիտասարդութիւնը:
Այո’, երիտասարդութիւնը մեր կեանքի ամենաթանկագին հարստութիւնն է եւ կարելի չէ զայն անպէտ տեղը վատնել:
Եթէ նոր սերունդը կ’ուզէ պահել իր երիտասարդութիւնը, թող ջանայ յաւերժացնել իր մտային երիտասարդութիւնը, քայլ պահելով գիտութեան առաջընթացի հետ: Մանաւանդ՝ պարտի լաւագոյններէն ըլլալ իր իսկ ընտրած նիւթին մէջ, քանի ժամանակի սլաքը ետ չի դառնար:
Մեր նախորդները մեզի փոխանցած են մեծ մտքեր, անոնք մեր սպասարկութեան տակ դրած են իրենց փորձառութիւնները ու մտածումները եւ այդ ամէնը մեր օգտին համար:
Արդ՝ Պապիկին պատգամն է նոր սերունդին, մի’ արհամարհէք հինը, պատկանելով հանդերձ նորին: Գիտցէք նորոգուիլ նորին հետ, միաժամանակ, օգտուելով անցեալի փորձառութեան արդիւնաբերած իմաստութենէն:
Եթէ գիտութիւնը լուսաւորութեան ճամբան է, իմաստութիւնն ալ փրկութեան ուղին է:
Եթէ ժամանակը, գիտական յառաջդիմութիւններն ու տնտեսական յեղաշրջումները, հետզհետէ փոփոխութեան կ’ենթարկեն մեր փառքերը, մեր ապրելակերպն ու մտածելակերպը, սակայն կան արժէքներ կեանքի մէջ, որոնք հիմնական են եւ չեն կորսնցներ իրենց այժմէականութիւնը: Իսկ եթէ կորսուին զանոնք, կեանքն ալ շատ բան կը կորսնցնէ իր իմաստէն, մարդկութիւնը՝ իր նպատակէն, աշխարհը՝ իր հրապոյրէն: Ինչպէս՝ ընտանեկան սրբութիւնները, Ազգային ժառանգութիւնները, Մարդկային բարոյական արժէքները, Հաւատարմութիւնը ընդհանրապէս, Ուղղամտութիւնը՝ մտածումներու, եւ մայրենի՝ հայոց լեզուն:
Ասոնք բոլորն ալ անժամանցելի առաքինութիւններ եւ պարտաւորութիւններ են, եւ ո’չ ենթակայ մաշեցումի՝ ժամանակի բերած փոփոխութիւններուն:
Իրականութիւնը ճանչնալը՝ միայն մտքին պաշտօնն է եւ ո’չ սրտին կամ կամքին:
Սիրտն ու կամքը կոյր ոյժեր են, միտքն է միայն անոնց առաջնորդը:
Ուստի, իմաստութեան եւ իմանալիքներու քանակն ու սահմանը անհուն է, իսկ անհունին տիրապետել եւ վախճանին հասնիլը անկարելի:
Եկէք գործենք այնպէս, որ մեր պապերուն մեզի փոխանցածը արժեւորած ըլլանք եւ մարդիկ զայն ընդունին որպէս ընդհանրական օրէնք: