Հայ-ատրպէյճանական միջպետական սահմաններու հիմնախնդիրը

Մաս Ա. նախաանկախութեան շրջան

Ամբողջ եւրոպական մշակոյթը ինքնիրեն կը համարէ անթիք յունական եւ հռոմէական քաղաքակրթութիւններուն ժառանգորդը, չհասկնալով, որ երկուքն ալ կը սերին հին հայկական քաղաքակրթութենէն։

Հենրի Շլիման

 

Դպրոցէն, այնուհետեւ համալսարանէն ներս ուսանած տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրը կը նշուէր 1920-ի Նոյեմբեր 29-ին, իսկ 1991-ի վերանկախութենէն յետոյ՝ 1918-ի Մայիս 28-ին: Պատմագիտութիւն ուսումնասիրելուս ընթացքին այս հարցին վերաբերեալ հանդիպեցայ որոշ տարակարծութիւններու, սակայն անոնք նեղ մասնագիտական հարցեր են: Այսօր պաշտօնապէս ընդունուած է Մայիս 28-ը։ Անկախութիւնը մեծագոյն արժէք է, որը մեր օրերուն վտանգուած է եւ զայն պահպանելու համար անհրաժեշտ է ներդնել բոլոր հնարաւորութիւններն ու միջոցները:

 

Իւրաքանչիւր պետութեան կարեւոր բնութագրիչներէն է զայն հարեւան երկիրներէն զատող սահմաններուն առկայութիւնը: Իսկ այսօր, այլ հիմնախնդիրներուն զուգահեռ, մեր թշնամիները ոտնձգութիւններ կը կատարեն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն նկատմամբ: 44-օրեայ պատերազմին քանի մը թշնամաբար տրամադրուած երկիրներու (Թուրքիա, Փաքիստան, Իսրայէլ) օգնութեամբ Հայաստանին յաղթած Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, չբաւարարուելով հսկայածաւալ տարածքներու եւ այլ արժէքներու նուաճումով, այժմ ալ պատմութիւն հնարելով ու արհեստածին այլ պատրուակներ վկայակոչելով՝ յաւակնութիւններ կը յայտնեն Հայաստանի տարածքներուն նկատմամբ: Խնդիրը կարգաւորելու համար ստեղծուած են սահմանազատման եւ սահմանագծման երկկողմ յանձնախումբեր, որոնց հանդիպումներուն ընթացքին ազերիները յաճախ կը ներկայացնեն անհեթեթութեան հասնող առաջարկ-պահանջներ: Թերթային յօդուածի թոյլատրելի սահմաններուն մէջ փորձենք հակիրճ ներկայացնել հիմնախնդիրն ու անոր արմատները:

 

Սկսինք այս կէտէն, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարածքային վէճերն ու միմեանց նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւնները սկիզբ առած են 1918-էն: Մայիս 26-ին Անդրկովկասեան Դեմոկրատիկ Դաշնային Հանրապետութիւնը փլուզուեցաւ եւ յաջորդաբար հռչակուեցան Վրաստանի (Մայիս 26-ին), Ատրպէյճանի (Մայիս 27-ին) եւ Հայաստանի (Մայիս 28-ին) հանրապետութիւնները: Ի դէպ, Անդրկովկասեան նորանկախ հանրապետութիւններուն միջեւ ազգամիջեան յարաբերութիւնները մշտապէս լարուած էին, սուր բնոյթ կը կրէին եւ քայլ-քայլ ալ
պատերազմներու կը վերածուէին: Գլխաւոր խնդիրը եւ բարդութիւնը կապուած էր սահմանային հարցերուն հետ: Ըստ Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի պատմական քարտէզներու մասնագէտ Ռուբէն Գալչեանի, այդ շրջանի քարտէզները կը վկայեն, որ դեռեւս այդ ժամանակներուն Ատրպէյճանը յաւակնոտ ծրագիրներ ունէր եւ կը յայտարարէր, որ իրեն կը պատկանին Ղարաբաղը (Արցախ), Զանգեզուրը (Սիւնիք), ինչպէս նաեւ Քելբաջարի (Քարվաճառ) եւ Լաչինի (Բերձոր) շրջանները: Ոչ միայն կը յայտարարէր, այլեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի անկախութիւններու հռչակումէն յետոյ բազմիցս փորձեր կը ձեռնարկէր Լեռնային Ղարաբաղը, Նախիջեւանը եւ Զանգեզուրը, ուր հիմնականօրէն կ‘ապրէին հայերը, գրաւելու, որ 1920-ին յաջողեցաւ, երբ սկսաւ Անդրկովկասի խորհրդայնացման գործընթացը:

 

Մոսկուան՝ միջնորդ 1920-30-ական թուականներուն եւ այսօր

Նոյն տարուայ ամռանն այդ խնդիրը կարգաւորելու նպատակով Անդրկովկասեան երեք հանրապետութիւններու պատուիրակութիւնները հրաւիրուեցան տարածաշրջանին մէջ գերիշխող դիրք ունեցող Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք Կ. Պոլիս, ուր սահմաններու հարցով պէտք է խորհրդաժողով կայանար: Նկատենք, որ 1918-ի Մայիս-Հոկտեմբեր շրջանին մէկ կողմէն Քառեակ Միութիւնը, որուն մաս էր Օսմանեան կայսրութիւնը, միւս կողմէն՝ նորանկախ Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ատրպէյճանը, դաշնակիցներ էին:

 

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանդր Խատիսեան այդ մասին յուշագրած է, որ երբ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը բացաւ Ելիզաւէթփոլի մէջ (պատմական Գանձակ, այսօր՝ Գիանջա, որ մինչեւ Պաքու տեղափոխուելը, 1918-ի Յունիս-Սեպտեմբեր հատուածին մէջ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքն էր) գծուած քարտէզը, պարզուեցաւ, որ հայկական գաւառներու մեծ մասը պէտք է Ատրպէյճանի մաս կազմէին: Նոյն կերպ, երբ հայկական պատուիրակութիւնը սեղանին կը փռէ Թիֆլիսի մէջ (Հայաստանի կառավարութիւնը դեռ չէր ժամանած Երեւան) գծած քարտէզը, ատրպէյճանցիները կը տեսնեն, որ հայերը կը յաւակնին Ելիզաւէթփոլի նահանգի մեծ մասին: Ընդհանուր առմամբ, Կ. Պոլսոյ խորհրդաժողովը սահմանային որեւէ հարց չլուծեց: Որոշ ժամանակ անց սակայն, այն բանէն յետոյ, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը իրեն պարտուած ճանչցաւ Առաջին աշխարհամարտին եւ զօրքերը դուրս բերաւ հայկական գաւառներէն, 10 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան վրայ հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1918-ի աշնան ընդարձակուեցաւ: 1919-ի գարնան ու ամրան բրիտանացիներու զինական եւ անմիջական օգնութեամբ Հայաստանին միացան նաեւ Կարսն ու Նախիջեւանը: Սակայն Հայաստանը Կարսը կրցաւ պահել մինչեւ 1920-ի Հոկտեմբեր, իսկ Նախիջեւանը՝ ընդամէնը երկու ամիս:

Նորաստեղծ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հանրապետութիւնները երկար կեանք չունեցան: Անկախութենէն ընդամէնը երկու տարի անց անոնք ալ խորհրդայնացան։  Խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն յետոյ Ատրպէյճանի ժամանակաւոր յեղափոխական կոմիտէն (այդ ժամանակ հիմնական պոլշեւիկեան ղեկավար մարմինը) յայտարարեց, որ «վիճայարոյց տարածքները», այն է՝ Ղարաբաղը, Զանգեզուրը եւ Նախիջեւանը, Հայաստանի անբաժանելի մաս կը կազմեն, քանի որ հիմնականօրէն բնակեցուած են հայերով: Այդ որոշումը հրապարակուեցաւ Մոսկուայի, Պաքուի եւ Երեւանի թերթերուն մէջ եւ վերահաստատուեցաւ Իոսիֆ Սթալինի կողմէն՝ 1921ի Յուլիսին Պաքու կատարած այցի ժամանակ: Սակայն մէկ օր անց Սթալինի ուղղակի միջամտութեամբ որոշումը վերանայուեցաւ. Ղարաբաղը ընդգրկուեցաւ Խորհրդային Ատրպէյճանի կազմին մէջ եւ միայն անոր մէկ մասին վրայ ստեղծուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը:

 

Նախիջեւանը (որ Ռուսական Կայսրութեան օրօք մտած էր Երեւանի (Էրիվանի գաւառի մէջ) նոյնպէս բռնակցուեցաւ Ատրպէյճանին՝ ստանալով ինքնավար հանրապետութեան կարգավիճակ:

 

1919թ. Փարիզի խաղաղութեան խորհրդաժողովին մէջ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ներկայացուցին քարտէզներ, որոնց միմեանց հանդէպ տարածքային պահանջներն ու յաւակնութիւնները պահպանուած էին: Ինչպէս Կ. Պոլսոյ մէջ, այնպէս ալ Փարիզի մէջ Վրաստանը տարածքային հաւակնութիւններ  ներկայացուցած էր ե՛ւ Ատրպէյճանին, ե՛ւ Հայաստանին ճիշդ այնպէս, ինչպէս Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ներկայացուցած էին Վրաստանին: Ատրպէյճանի ներկայացուցած քարտէզին մէջ Ատրպէյճանը յաւակնած էր Զանգեզուրին, Նախիջեւանին, Կարսին, Տաւուշին, Սեւանի արեւելեան ափին եւ այլ տարածքներու, որոնց գրեթէ նոյնութեամբ իր բոցաշունչ ելոյթներուն մէջ այսօր կը կրկնէ Ալիեւը: Ի դէպ, Հայաստանի տարածքային յաւակնութիւնները եւս բաւականին մեծ էին եւ ինչպէս 1919-ին, այնպէս ալ 1920-ին, չէին համապատասխաներ այն ներուժին, որ իրականութեան մէջ կը ներկայացնէր Հայաստանը:
Անհանդուրժողական այդ մթնոլորտին մէջ, ինչպէս 1918-1920 թթ., այնպէս ալ հետագային, հայերն ու ատրպէյճանցիները այդպէս ալ չցանկացին առանց երրորդ կողմի միմեանց հետ նստիլ եւ որոշել երկու հանրապետութիւններուն սահմանները:

 

Սկիզբը միջնորդը Օսմանեան կայսրութիւնն էր, հետագային՝ Եւրոպան ու Ամերիկան: Հետագային Այսրկովկասի խորհրդայնացման արդիւնքով (առաջինը խորհրդայնացած Ատրպէյճանը Կարմիր բանակի աջակցութեամբ Հայաստանէն պահանջեց Ղարաբաղէն եւ Զանգեզուրէն դուրս բերել զօրքերը: Այնուհետեւ Ատրպէյճանը պահանջներ ներկայացուց նաեւ Շարուր-Դարալակեազի գաւառներու նկատմամբ՝ Նախիջեւանի, Օրտուպատի եւ Ճուլֆայի հետ միասին) վճռական դարձաւ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի դերակատարութիւնը: Նոյեմբեր 29-ին խորհրդային կարգեր հաստատուեցան նաեւ Հայաստանի մէջ եւ թուաց, թէ հարեւան հանրապետութիւնների նուաճողական նկրտումները Հայաստանի հանդէպ կը նուազին: Սակայն խորհրդային կարգերու հաստատումէն յետոյ երեք հանրապետութիւններուն սահմանային տարաձայնութիւնները  չպակսեցան, այլ ընդհակառակը՝ աւելցան: Պարզապէս, նախորդ տարիներուն համեմատ, խորհրդային ղեկավարները զանոնք խաղաղ ճանապարհներով կը փորձէին լուծել։ Խորհրդային Ռուսաստանի այդ «խաղաղասիրութեան» արդիւնքով 1921-ի Մարտի 16-ին կնքած Մոսկուայի պայմանագիրով Նախիջեւանի մարզը եւ Շարուրը յանձնուեցաւ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանը նոր սահման  ստացաւ Ատրպէյճանի հետ: Ըստ հայ-ատրպէյճանական յանձնաժողովի որոշման այդ սահմանը կը սկսէր Ուրմիա գիւղէն ու Արազտայեան (Երասխ) կայարանէն:

 

1922 թ. Մարտի 12-ին կը ձեւաւորուի Անդրկովկասի Դաշնային Հանրապետութիւնը, որու  կազմի մէջ կը մտնեն երեք հանրապետութիւնները: Անոնց սահմաններու գծագրմամբ կը զբաղուէր 1924 թ. Յունուարի 30-ին յատուկ ստեղծուած յանձնաժողովը, որը կը կրէր «Հողային եւ  անտառային վէճերը լուծող յանձնաժողով» անուանումը: 1930 թ. Սեպտեմբերի 22-ին այն կը լուծարուի, քանի որ սահմանային-տարածքային խնդիրները միշտ ալ կ’ուղեկցէին միմեանց հետ բախումներով: Յանձնաժողովի պարտականութիւնները կը սկսի կատարել Անդրդաշնութեան հողագործութեան ժողկոմիտեն:

 

1923-ին Ատրպէյճան առաջ քաշեց Կարմիր Քուրտիստանի ծրագիրը, որուն համաձայն կը ստեղծուէր չէզոք շրջան մը, որ ֆիզիկապէս կը տարանջատէր Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը եւ կը մեղմէր անոնց միջեւ առկայ լարուածութիւնը: Այդ ծրագիրը կը նախատեսէր Քարվաճառի (Քելբաջար), Լաչինի (Բերձոր) եւ Խորհրդային Հայաստանի հարաւային որոշ շրջաններու յանձնում Խորհրդային Ատրպէյճանին՝ որպէս Կարմիր Քուրտիստանի տարածքներ: Ըստ էութեան, թէեւ այդ կը նշանակէր  Ղարաբաղը քիւրտերով շրջապատել, Խորհրդային Հայաստանի պաշտօնեաները չդիմադրեցին այդ առաջարկին: Եւ քանի որ այդ տարիներուն Ատրպէյճանի մէջ կ’ապրէր 30-35 հազար քիւրտ, այդ պատճառաբանութեամբ ալ 1928-1930 թուականներուն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հազար քառակուսի քիլոմեթրէն աւելի ռազմավարական կարեւորութեան տարածքներ յանձնուեցան Ատրպէյճանին: Այդպիսով, 1920-ականներու վերջը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեւաւորուած սահմանը շատ տարբեր էր անորմէ, որ գծուած էր երկու հանրապետութիւններու խորհրդայնացման ժամանակ՝ 1920-ին, երբ անոնց միջեւ սահմանային խնդիրներ ծագած էին հիմնականօրէն Դիլիջան եւ Ղազախ, Մեղրիի եւ Ջեպրայիլ գաւառներու, Շամշատինի եւ ատրպէյճանական Գետաբեկի շրջաններուն վարչատնտեսական սահմանագիծերուն վրայ:

 

Հարկ է ընդգծել, որ Խորհրդային Հայաստանի ղեկավար գործիչները՝ ի տարբերութիւն իրենց ատրպէյճանցի գործընկերներուն, այնքան ալ հետեւողական չեն եղած սահմանային հարցերուն նկատմամբ, որուն հետեւանքով Հայաստանը 1922-1936 թուականներուն կորսնցուցած է իր տարածքներուն մէկ մասը եւ սեղմուած 29800 քառ. քմ-ի սահմաններուն մէջ: Նկատենք, որ երբ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը արդէն խորհրդայնացած ու մաս կազմած էին Խորհրդային Միութեան, սահմաններուն հարցը կը լուծէր Մոսկուան, որուն մասնակցութեամբ նաեւ տեղի կ’ունենար երկու հանրապետութիւններուն միջեւ հողային փոխանակումները, որոնք բազմաթիւ էին եւ որոնց հետեւանքով Խորհրդային Հայաստանի տարածքը 30,948 քառակուսի քիլոմեթրէն դարձած էր 29,743, այսինքն՝ շուրջ 1,2 հազար քառակուսի քիլոմեթրով նուազ։  Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տարածքային փոխանակումներ խորհրդային տարիներուն եղած են բազմիցս, յատկապէս 1922-1936 թուականներուն, երբ հարեւան երեք հանրապետութիւնները Անդրֆետերացիա միասնական անուան տակ՝ Թիֆլիս մայրաքաղաքով, մաս կը կազմէին ԽՍՀՄ-ին:

 

Ներկայացնենք մի քանի փոխանակումներ:

 

Մեղրիի շրջանի թաթաբնակ (հետագային ատրպէյճանական դարձած) Նիւվատի, այսօր՝ Նռնաձոր գիւղը միայն 1928-ին միացուած է Խորհրդային Հայաստանին, իսկ մինչ այդ եղած է Խորհրդային Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Նախիջեւանի քանի մը սահմանային հայկական գիւղեր միացուած են Վայքի՝ նախկին Ազիզպեքովի շրջանին:

 

Արծուաշէնը 1927-ին միջերկիր չէր Ատրպէյճանի ներսը, այլ կը պատկանէր անոր Գետաբեկի շրջանին, իսկ Վարդենիսի եւ Ջերմուկի միջեւ գտնուող Ալ լճերը Հայաստանի կազմին մէջ էին, այլ ոչ Քելբաջարի:

 

Ինչպէս կը վկայեն քարտէզագիրները, 1927-ին հրատարակուած քարտէզին մէջ, որ պահուած է Մոսկուայի Ռուսական պետական գրադարանին մէջ, յստակ նկատելի է, որ հայ- ատրպէյճանական հողային փոխանակումներու վերջնարդիւնքով Հայաստանը աւելի կորսնցուցած է, քան շահած:

 

Ամենաակնառու կորուստը Լաչինի շրջանին մէջ էր: Խորհրդային Հայաստանն ու Ատրպէյճանի կազմին մէջ 1923-ին ձեւաւորուած Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը (ԼՂԻՄ) ընդհանուր սահման ունեցած են սակայն տարիներու ընթացքին այն վերացուած է: 1992-ին Մայիսի կէսերուն, երբ բացուեցաւ Լաչինի մարդասիրական միջանցքը, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ցամաքային հեռաւորութիւնն արդէն հասած էր 7 քիլոմեթրի:

 

1936-ին Խորհրդային Միութեան նոր սահմանադրութեամբ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնները առանցին-առանցին մտած են ԽՍՀՄ-ի կազմին մէջ: Երեք հանրապետութիւններուն սահմանները վերջնականապէս հաստատուած է ԽՍՀՄ երկրաբանութեան եւ քարտիսագրութեան կոմիտէներու կողմէն:

 

Նկատենք, որ ՌԴ-ի կոմունիստական վերնախաւը, ինչպէս միւս բոլոր կարեւոր դէպքերուն մէջ, այնպէս ալ այսրկովկասեան երեք հանրապետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանային հարցերը՝ որպէս կանոն, կը լուծուէր կուսակցական վերնախաւի կամայական որոշումներով եւ մեծ մասամբ ի վնաս Հայաստանի: Իսկ անհամաձայնութիւններն ու դժգոհութիւնները «կը պարուրուէին» համաշխարհայինի եւ ժողովուրդներու յաւերժ բարեկամութեան կապանք- շղարշով:

 

Մեր օրերուն նոյնպէս հիմնախնդիրին լուծման լուծումներ կը փորձէ գտնել դեռեւս տարածաշրջանին մէջ վճռական ձայնի իրաւունքը պահպանող Ռուսաստանի Դաշնութիւնը:

 

Շարունակութիւնը` «Յետխորհրդային շրջան» յաջորդիւ