Մաս Բ. Յետխորհրդային շրջան
Կացութիւնը այդ վիճակին մէջ անփոփոխ մնաց շուրջ երեսուն տարի: 1988-ին Արցախը Հայաստանին վերամիաւորելու համար սկսած Ղարաբաղեան շարժումը աստիճանաբար վերաձեւաւորուեցաւ անկախութեան համար պայքարի: Իսկ երբ այդ շարժումը դուրս եկաւ Այսրկովկասէն եւ «վարակեց» ու անկախութեան համար ոտքի հանեց ԽՍՀՄ-ի կազմին մէջ գտնուող միւս ժողովուրդները, աշխարհի ամենահզօր կայսրութիւններէն ԽՍՀՄ-ը փլուզուեցաւ: Անկախութիւն ստացած Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խորհրդային տարիներուն արհեստականօրէն եւ անյաջող անթեղուած սահմանային կրակը կրկին բորբոքեցաւ: 1991-1994 թուականներուն տեղի ունեցաւ հայ- ատրպէյճանական պատերազմ, որ ժամանակաւոր եւ մասամբ ճշմարտացի լուծում տուաւ սահմանային հիմնախնդիրին: Ատրպէյճանցիները զաւթեցին Արծուաշէնը, իսկ Հայաստանի տարածքէն ներս յայտնուած «ատրպէյճանական երկու տարածքները» ինքնաբերաբար վերադարձան իրենց տիրոջ: Ատրպէյճանցիներու ապօրինի վերահսկողութենէն դուրս բերուեցան միջպետական (Հայաստան- Վրաստան, Հայաստան-Իրան) եւ միջմարզային (Երեւան- Սիւնիք-Տաւուշ մարզեր) կարեւոր ճանապարհները:
Միջազգային տարբեր ձեւաչափերով այդ տարիներուն տարատեսակ հանդիպումներ, քննարկումներ կ’ընթանային, որոնց հիմնամասը դարձեալ սահմանային տարակարծութիւններն էին: Ցաւալի միջադէպեր ալ կ’ըլլային, որոնք երբեմն անմեղ զոհերու պատճառ կը դառնային: Ատրպէյճանական կողմը՝ մոռնալով որ Ատրպէյճան արհեստածին պետութիւնը առաջին անգամ հիմնադրուած է ընդամէնը 1918 թուականին, պատմութիւն հնարելով, ամէն անգամ կը փորձէր քաղաքակիրթ աշխարհը համոզել այնպիսի անհնարին իրողութիւններով, որոնց համաձայն իրենք են տարածաշրջանի միակ բնիկները, որ հայերը եկուորներ են եւ ապօրինաբար գրաւած են իրենց վաթան-հայրենիքը, որ հայկական հոգեւոր, մշակութային հազարամեայ յուշարձաններն իրենց նախնի աղուաններու հետքերն են պատմութեան եւ ժամանակի մէջ, ուստի «հարկաւոր է վերականգնել պատմական անարդարութիւնը», եւ նման այլ անհեթեթութիւններ:
Միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ տարաբնոյթ ձեւախեղումներուն զուգընթաց եւ միաժամանակ օգտագործելով նաւթա- կազա-խաւիարային հնարաւորութիւններն ու հսկայական նիւթական միջոցները, Ատրպէյճանը այդ տարիներու ընթացքին նաեւ հետեւողականօրէն կը զինուէր նորագոյն զինատեսակներով, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕ-ական նորովի մեթոտներով կը մարզէր ու կը կատարելագործէր իր զինուած ուժերը եւ կը սպասէր յարմար առիթի: Առիթը չուշացաւ: Աննախադէպ աշխուժացած Թուրքիան ոչ միայն անթաքոյց զօրավիգ եղաւ Ատրպէյճանին, այլեւ անոր մէջ ներգրաւեց Փաքիստանէն, Սուրիայէն ու այլ երկիրներէն մեծ թիւով վարձկաններ։ Այդպիսի աննպաստ վիճակի մէջ յայտնուած եւ ըստ էութեան բոլորովին մինակ մնացած Հայաստանի բանակը թէեւ հերոսութեան փայլուն օրինակներ ցոյց տուաւ սակայն ուժերու խիստ անհաւասարութեան եւ Հայաստանի իշխանութիւններու ապաշնորհ ղեկավարութեան հետեւանքով 2020-ի 44-օրեայ պատերազմը աւարտեցաւ Ատրպէյճանի յաղթանակով։
Պատերազմի հետեւանքով ոչ միայն մեծաքանակ զոհեր, խեղուածներ ու տարածքային լուրջ կորուստներ ունեցանք, այլեւ երկու հանրապետութիւններուն միջեւ խորհրդային շրջանի սահմանները Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս- Քարվաճառ (Քելբաջար), Սիւնիքի մարզի Գորիս- Կապան-Մեղրի-Բերձոր (Լաչին)-Ղուպաթլու (Որոտանի)-Ջրականի (Ճեպրայիլ) հատուածներուն մէջ վերականգնուեցան: Իսկ Հայաստան-Ատրպէյճան միւս հատուածներուն մէջ թէեւ սահմանագիծին վրայ եւ սահմանազատում չեղաւ, սակայն անոնք ընդհանուր առմամբ լռելեայն ընդունուած են: Խօսքը ՀՀ-Նախիջեւան, ինչպէս նաեւ Տաւուշի մարզ- Ղազախ- Աղստաֆա-Թովուզ, Գեղարքունիքի Ճամբարակ- Գետաբեկ-Դաշքեսան, Վարդենիս-Դաշքեսան հատուածներուն մասին է: Այսինքն՝ 2020-ի 44-օրեայ Արցախեան երկրորդ պատերազմէն յետոյ երկու երկիրներու սահմաններուն վրայ ստեղծուեցաւ այնպիսի իրավիճակ մը, ինչպէս եղած էր մօտ 100 տարի առաջ: Առաջնորդուելով իրենց հնարած աղբիւրներով՝ ատրպէյճանցիները հողային նոր պահանջներ կը ներկայացնեն: Աւելին, 44-օրեայ պատերազմին մէջ յաղթանակ տանելէն եւ յատկապէս Շուշին գրաւելէն յետոյ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ախորժակը աւելի ու աւելի կը մեծնայ: Ասոր անմիջական արդիւնքը եղան եւս քանի մը մեծ ու փոքր բախումներ, որոնց պատճառով ազերիները տիրացան շարք մը ռազմավարական կարեւոր դիրքերու։ Անոնք այսօր ալ կը շարունակեն ճնշում գործադրել հիմնականօրէն զիջողական դիրքորոշում որդեգրած Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ:
Միջազգային ասպարէզէն ներս կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող երկիրներու յորդորներով, հայերուն համար այսպիսի դժուարագոյն իրավիճակին մէջ փոխվարչապետներու ղեկավարութեամբ ձեւաւորուեցան սահմանազատման եւ սահմանագծման հայ- ատրպէյճանական յանձնաժողովներ, որոնք պարբերաբար հանդիպելով կը քննարկեն հիմնախնդիրը: ՀՀ յանձնաժողովի նախագահ փոխվարչապետի խօսքով սահմանագծման եւ սահմանազատման աշխատանքներու մեկնարկը կ’իրականացուի Մոսկուայի մասնակցութեամբ եւ, որ բանակցութիւններու հիմքը պիտի դրուին ինչպէս «1928-29 թուականներու քարտէզները», այնպէս ալ այլ փաստաթուղթեր, որոնցմէ մէկն ալ 1975-ի քարտէզն է, որուն մասին օրերս յայտարարեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը: Փաստօրէն միջազգային բոլոր դերակատարներն արհամարհելով եւ պարբերաբար խաբելով, Ատրպէյճանը կը շարունակէ սողալով առաջ շարժիլ եւ կարեւոր բնագիծեր գրաւել ոչ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն ներսը:
Անդրադառնալով սահմանային հիմնախնդիրին՝ վերջերս «Վալտայ» միջազգային ակումբին մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նշեց, որ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը կրնան լուծել սահմանազատման հարցը խորհրդային շրջանի քարտէզներու հիման վրայ, սակայն այդ գործընթացը փոխզիջումներ կը պահանջէ: Մէկ այլ առիթով ալ աւելցուց, որ «Այժմ ամենակարեւորը սահմանի իրավիճակին կարգաւորումն է: Եւ այստեղ, իհարկէ, ոչինչ կարելի է ընել առանց Ռուսիոյ մասնակցութեան: Այստեղ մեզի, թերեւս, ոչ ոք պէտք է՝ բացառութեամբ երկու կողմերուն եւ Ռուսիոյ: Ինչո՞ւ. շատ պարզ, այո՜, քանի որ ռուսական բանակի գլխաւոր շտապին մէջ կան քարտէզներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ սահմանը ինչպէս անցած է միութենական հանրապետութիւններուն միջեւ` խորհրդային տարիներուն»,- ապա շարունակեց. «Կան բաներ, որոնք կը պահանջեն նաեւ փոխզիջումներ. տեղ մը բան մը հարթեցնել, տեղ մը` փոխանակել այնպէս, որ պարզ ըլլայ, թէ այդպէս ձեռնտու է երկու կողմերուն»: Ամբողջ գործընթացի հիմնական նպատակը ան կը համարէ «անվտանգային իրավիճակին ստեղծումը եւ ապագային դրական յարաբերութիւններուն կառուցումը»: Իսկ մէկ այլ առիթով Ռուսիոյ նախագահը ուղղակի յայտնած է. «Միամիտ հայերը մինչեւ այժմ չհասկցան, որ Պրիւքսէլի եւ Ուաշինկթընի հանդիպումները փոշի են աչքերուն առջեւ։ Ամէն ինչ վերջնականօրէն կ’որոշուի Մոսկուայի մէջ: Մենք անկեղծ չենք հասկնար, ալ ինչ պէտք է տեղի ունենայ, որ ժողովուրդին մեծ մասը հասուննայ…»:
1935-ին տպագրուած քարտէզին մէջ արձանագրուած է, որ Հայաստանի տարածքը նուազած եւ կազմած է 29,8 հազար քառակուսի քիլոմեթր: 1927-1935 թուականներուն ընկած եօթ-ութ տարիներուն Հայաստանի մէջ յայտնուած են ատրպէյճանական միջերկիրները՝ Քիարքին (1932-ին կ’անուանուէր Ճաֆարլու), այսօր՝ Տիգրանաշէն, ինչպէս նաեւ Պաղանիս, Այրում, Աշաղը, Աքսիպարա, Եոխարը, Խեյրիմլի, Սոֆուլու, Պարխուտարլու, Կըզըլ Հաճիլի գիւղերը Նոյեմբերեանի եւ Իջեւանի շրջաններուն մէջ: Այնինչ, 1932ին Երեւանի մէջ հրատարակուած քարտէզին մէջ, Խորհրդային Հայաստանի մէջ չկան ատրպէյճանական միջերկիրներ՝ կղզեակներ, իսկ Արծուաշէն գիւղը Պաշքէօյ-Պաշքենտ անունով, որ միջերկիր էր Խորհրդային Ատրպէյճանի կազմին մէջ, ուղղակի կը պատկանէր Խորհրդային Ատրպէյճանի Գետաբեկ շրջանին: Այն հետագային դարձաւ Արծուաշէն եւ մաս կազմեց Խորհրդային Հայաստանի Քրասնոսելսքի շրջանին՝ մնալով միջերկիր: Ատրպէյճանական զինուժը 1992-ի Օգոստոսին գրաւեց այն: Ի դէպ, 1932-ին քարտէզը ուշագրաւ է անով, որ Վրաստանի Քուեմօ Քարթլիի երկրամասի հայկական եւ հայաբնակ Բերդաձոր, Չանախչի եւ Աղքիորփի գիւղերը կը պատկանին Խորհրդային Հայաստանի Ալավերտի շրջանին: Իսկ այսօր այդ գիւղերը կը գտնուին հայ-վրացական ճիշդ սահմանագլխուն՝ Վրաստանի կազմում:
Սահմանային հիմնախնդիրները այսօր ալ խիստ արդիական են, քանի որ մէկ կողմէն հեշտ յաղթանակէն շլացած Ատրպէյճանի պահանջները երթալով կը մեծնան, իսկ հայկական վարչախումբը իր խաղաղութիւն մուրալու «մարտավարութեամբ» աւելի կը նպաստէ անոր: Իւրաքանչիւր կողմ կը վկայակոչէ իրեն ձեռնտու որեւէ քարտէզ, սակայն նկատենք, որ քարտէզները սուրբ գիրքեր չեն: Ատոնք նոյնպէս, ինչպէս պատմութիւնը, կը սիրեն կեղծուիլ եւ փոփոխուիլ՝ պայմանաւորուած նաեւ անով, թէ որ քաղաքին եւ հանրապետութեան մէջ գծուած են անոնք եւ հրատարակուած: Այնպէս որ, յուսանք, որ հետագայ զարգացումներու ընթացքին կը գերակշռէ իրականութեան սթափ գիտակցումը եւ հիմնախնդիրը կ’ունենայ արդարացի լուծումներ:
ՎԵՐՋ