Հայ երգն ու երաժշտութիւնը հին դարերէն ի վեր մեր ազգային արուեստի անբաժան մասնիկը եղած է, որուն միջոցաւ դրսեւորուած են կեանքի ընկերային ու կենցաղային երեւոյթները, ուր դարերու ընթացքին փոփոխման ենթարկուելով զարգացած ու կատարելագործուած են…:
1940-ի վերջաւորութեան եւ 1950-ի սկիզբներուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ Մեծն Բրիտանիայէն առաջացած է «Pop–Էստրադային» ոճը, միաձուլելով տարբեր երաժշտական ոճեր՝ ճազը (jazz), սուինկը (swing), պլուզը (blues), եւ գաւառականը (country): Սա ինքնին Էստրադային երաժշտութիւն ստեղծագործելու եւ կամ մշակելու դասական տեսութիւնն (théorie) է:
1956-ին Հայաստանի Էստրադային նուագախումբը, արդէն իսկ, յառաջդիմութիւն ձեռք բերած էր, որուն երգացանկը երբեք չէ զիջած միջազգային չափանիշէն, նոյնիսկ գերազանցած իր բարձրաճաշակ առումով:
60-ական թուականներուն Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներէն ներս տուեալ արուեստի ոճը սկսած էր ներթափանցել թէկուզ սիրողական խումբերով սակայն միշտ ալ խանդավառութիւն ստեղծելով գաղութի ընկերային միջոցառումերուն:
Բնական երեւոյթ է, արտագաղթի ժամանակ, ժողովուրդը իր հետ կը տանի նաեւ աւանդութիւններն ու մշակոյթը: Այսպէս եղաւ նաեւ հայ երգն ու երաժշտութիւնը. սակայն ժամանակի ընթացքին որոշ աւանդութիւններու կողքին աղաւաղուեցան նաեւ մեր ժամանակակից երգերը:
Խնճոյքներու ընթացքին թմբուկներն ու կիթառի աղմուկն է որ լսելի կը դառնայ իսկ երգիչն ալ ստիպուած լսափողի (microphone) ձայնաստիճանը կը բարձրացնէ: Գալով «երգերու բառերուն» կարելի չէ յստակացնել, թէ արեւմտահայերէն են կամ արեւելահայերէն. մէկ խօսքով անորակ ու անյանգաւոր բանաստեղծութիւններ, որոնց վրայ յարմարցուած են ձայնանիշերու կոյտեր էստրադային անուան տակ:
Հայ երգը իր ազգային դէմքը պէտք չէ կորսնցնէ արեւելեան ռնգային մուղամները կապկելով ու նոր ոճեր ստեղծելով:
Խօսելով «նոր ոճեր»ու մասին՝ ըստ երեւոյթին տուեալ խումբերը սկսած են նաեւ հայ երգին ներմուծել «ծանր մետաղական» (heavy metal) տեսակները (genre), որոնք սկիզբ առած են 1960-ի վերջաւորութեան ու 1970-ի սկզբնաւորութեան, ունենալով իրենց ուրոյն երաժշտական ոճերը, որոնք դժուար են զանազանել իրարմէ բացի մի քանի յատկանիշներով՝ գործիքաւորման, արագութեան (tempo), կառոյցի, ձայնային (vocale) ոճի, բառերու, կիթառ նուագելաոճի եւ թմկահարման զանազան ոճի առումներով, որը ժամանակակից իւրայատուկ ոճ մըն է իր տեսակին մէջ:
Անհասկնալի է թէ ինչու եւ թէ ինչ նպատակով է որ որոշ սիրողական խումբեր արդիական յիշեալ ոճերով կը փորձեն հայկական երաժշտութիւնը ներկայացնել:
Հայաստանի հարեւան Ատրպէյճանը, տարիներէ ի վեր մեր աշուղական, ժողովրդական, դասական երգերն ու երաժշտութիւնը իւրացնելով լկտիաբար կու գայ յայտարարելու թէ մենք ենք իրենցմէ առած (այս մասին յարմար առիթով ու փաստերով պիտի անդրադառնանք): Ուստի զգօն ըլլանք ու պահպանենք մեր ազգային երգն ու երաժշտութիւնը, այլ ոչ թէ աղաւաղելով ներկայացնենք հանրութեան որպէս մերը եւ ինչու չէ՝ կարելի է էստրադայինի դասական ոճով եւ կանոններով՝ աշուղական, ժողովրդական երգերը վերամշակել ու ներկայացնել առանց տուրք տալու «մօտայիկ» (նորաձեւ) ոճերուն. նման մշակումներ եօթանասունական թուականներուն Հայաստանի երգահանները կատարած են անարատ պահելով տուեալ երգերու բարձրորակ արժէքը:
Շատ բան կորսնցուցինք յուսամ մեր երգերն ալ չենք կորսնցներ…: