Անցեալ շաբաթ առաւօտեան աշխարհը արթնցաւ Ատրպէյճանի կողմէ փոքրիկ Արցախի վրայ լայնածաւալ յարձակման մասին տարածուած լուրով:
Այս յարձակումը անակնկալ չէր… Տարիներու ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը որդեգրած է վատ սովորութիւն` ռազմական յարձակումներ ձեռնարկել Հայաստանի եւ Արցախի դէմ միջազգային խաղաղ բանակցութիւններու կամ գագաթնաժողովներու իրականացման օրերուն:
Այս երկարատեւ հակամարտութեան նոյնիսկ պատահական դիտորդը կրնար կռահել, որ Ատրպէյճանը կրկին յարձակումի պիտի ձեռնարկէ անցեալ շաբաթավերջին նախագահ Օպամայի կողմէ կազմակերպուած Միջուկային անվտանգութեան հարցերով գագաթնաժողովին ժամանակ, որուն կը մասնակցէին 50 պետութիւններու ղեկավարներ, ներառեալ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները: Որոշ դիտորդներ զարմացած էին ատրպէյճանական լայնածաւալ յարձակումէն` հրասայլերու, ուղղաթիռներու, հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու մասնակցութեամբ: Իրականութեան մէջ, այս յարձակման տարողութիւնը պէտք չէ անակնկալ ըլլար, հաշուի առնելով վերջին տարիներուն Ատրպէյճանի կողմէ աւելի յառաջադէմ զէնքերով յարձակումներու զարգացումը: Խաղաղ բանակցութիւններու կամ միջազգային համաժողովներու ժամանակ ռազմական յարձակումներ սկսելու Ալիեւի չարամիտ սովորութիւնը կ՝արտացոլէ անոր յամառ ջանքերը` Արցախեան հակամարտութիւնը ամէն գնով օրակարգի վրայ պահելու համար:
Անկասկած, հետզհետէ կ՝աճի Ալիեւի հիասթափութիւնը իր անզօրութենէն, որ չի կրնար պարտադրել հայերուն զիջելու Արցախի տարածքները` հակառակ անոր, որ Ատրպէյճանի միլիառաւոր տոլարներու ժամանակակից զէնք ձեռք բերած է: Ալիեւը նաեւ յուսահատած է, որ չէ կրցած իր երկրի հսկայական քարիւղային ու կազային պաշարները օգտագործել իբրեւ լծակ` աշխարհի ղեկավարներու վրայ ճնշում գործադրելու, որպէսզի ստանայ անոնց աջակցութիւնը Արցախեան հակամարտութեան մէջ: Իբրեւ հետեւանք, Պաքուի բռնակալը մսխած է իր երկրի հսկայական հարստութիւնը օտարերկրեայ պաշտօնեաները կաշառելու եւ սուղ, բայց ապարդիւն զէնքեր գնելու համար:
Բացի այդ, իբրեւ Ատրպէյճանի նախագահական գերդաստանի հայր եւ որդի, Ալիեւները աւելի քան 20 տարի շարունակ կը սպառնային յարձակիլ եւ «ազատագրել Ղարաբաղի գրաւեալ տարածքները»: Քանի որ անոնց դատարկ խոստումները երկար ժամանակ չէին իրականանար, շատ քիչ ատրպէյճանցիներ լրջօրէն կ՝ընդունէին իրենց նախագահի յոխորտանքները: Հետեւաբար, Ալիեւը ճարահատ, պէտք է դիմէր բոլոր հնարաւոր միջոցներուն, անկախ անոնց անխոհեմութենէն, որպէսզի փրկէր իր պատիւը երկրէն ներս եւ դուրս…:
Կարեւոր է հասկնալ Ալիեւի յարձակման վարքագիծի ժամանակի ընտրութիւնն ու շարժառիթը, որպէսզի այլ երկիրներ չմեղադրուին այդ յարձակումները հրահրելու համար` ուշադրութիւնը շեղելով միակ մեղաւոր կողմէն` Ատրպէյճանէն… : Սակայն կան այլ երկիրներ, որոնք ունին իրենց մեղքի բաժինը. անոնցմէ առաջինը Էրտողանի Թուրքիան է` Ատրպէյճանի ռազմական արկածախնդրութիւններուն իր անմիջական մասնակցութեամբ եւ աջակցութեամբ: Մինսկի խումբի միջնորդները (Ֆրանսա, Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ) նոյնպէս մեղաւոր են` ատրպէյճանական նախորդ յարձակումներու ժամանակ լուռ մնալով եւ ամէն անգամ, Հայաստանի ու Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակման ժամանակ երկու կողմերն ալ մեղադրելով: Միջազգային հանրութիւնը իր ամօթալի լռութեամբ եւ երկդիմի բառախաղերով հերթական անգամ զոհը ու դահիճը հաւասարեցնելով, կը քաջալերէ ռազմատենչ Ալիեւը…:
Վերջին յարձակման ժամանակ արձանագրուած յատկապէս զարհուրելի դրուագ մը հաստատեց բոլոր անոնց մտահոգութիւնը, որոնք տարիներ շարունակ կը զգուշացնէին արցախահայութեան սպառնացող ցեղասպանութեան մասին: Շաբաթավերջին, երբ ատրպէյճանցի զինուորները ժամանակաւորապէս գրաւեցին Արցախի սահմանին վրայ գտնուող Թալիշ գիւղը, անոնք ոչ միայն գնդակահարած էին տարէց հայ զոյգը, այլեւ բարբարոսաբար կտրած էին անոնց ականջները իբրեւ յուշանուէր… Ըստ միջազգային օրէնքի` նման վայրագութիւնը առնուազն պատերազմի յանցագործութիւն է: Պարզապէս պատկերացուցէք, թէ այս դաժան ատրպէյճանցի զինուորները ինչ պիտի ընէին հայ ազգաբնակչութեան, եթէ նուաճէին ամբողջ Արցախը. հսկայածաւալ արիւնահեղութիւն պիտի ըլլար՝ երկրորդ Հայոց Ցեղասպանութիւն…:
Ատրպէյճանական այս վերջին խոշոր յարձակումէն ետք պէտք է ընել երեք խիստ հետեւութիւններ.
1) Արցախի հայերը երբեք չեն կրնար ապրիլ Ատրպէյճանի բռնապետական տիրապետութեան տակ, անկախաբար, թէ Իլհամ Ալիեւը քանի անգամ կը սպառնայ կամ կը յարձակի:
2) Հայերը պէտք է ոչ միայն արժանի հակահարուած տան ատրպէյճանական ուժերուն, այլեւ այնպիսի վիթխարի վնաս հասցնեն, որ Ալիեւի մտքով այլեւս չանցնի այլ յարձակում գործել: Արցախը պաշտպանելու համար արդէն հազարաւոր կամաւորներ մեկնած են ամբողջ Հայաստանէն: Ատրպէյճանը քաջատեղեակ է, որ իր միլիառաւոր տոլարներ արժող քարիւղի հանքերն ու խողովակաշարերը դիւրութեամբ կրնան հասանելի ըլլալ Հայաստանի հեռահար հրթիռներուն համար…:
3) Ժամանակն է Արցախը յայտարարել Հայաստանի Հանրապետութեան անբաժանելի մաս: Ապրիլ 4-ին Երեւանի մէջ նախագահ Սարգսեան յայտնեց օտարերկրեայ դեսպաններուն, որ ռազմական գործողութիւններու շարունակման եւ սրման պարագային Հայաստանը «պիտի ճանչնայ Ղարաբաղի անկախութիւնը»:
Արցախի խիզախ ժողովուրդին անհրաժեշտ է մեր բոլորի բարոյական, քաղաքական եւ նիւթական աջակցութիւնը: Կլենտէյլի «Հայաստան Արցախ հիմնադրամ»ը երախտագիտութեամբ կ՝ընդունի ձեր նուիրատւութիւնները, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ առաքել միլիոնաւոր տոլարներու խիստ անհրաժեշտ դեղորայք եւ այլ բժշկական միջոցներ, որոնք արդէն հաւաքուած են Հիմնադրամին կողմէ: Կը խնդրեմ ուղարկել ձեր նուիրատւութիւնները հետեւեալ հասցէով. Armenia Artsakh Fund, 1101 N. Pacific Ave., #204, Glendale, CA 91202: Ելեկտրական փոսթ. sassoun@pacbell.net, հեռ. 818-241-8900: