Հարաւային Կովկասը Ռուս-Ուքրանական պատերազմէն ետք Անգամ մը եւս Ռուսաստանի կարեւոր ներկայութեան մասին

Յատուկ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթին

 

Մինչ ընդդիմադիր ճակատի բողոքի գործողութիւնները կը շարունակուին օրերս դարձեալ հանրային հետաքրքրութեան առանցք կը կազմէ հայ-ատրպէյճանեան բանակցութիւններու նոր ձեւաչափը, որուն առաջին «ծիծեռնակ»ներուն մենք ականատես կրնանք ըլլալ մինչեւ այս ամսուան աւարտը։

Ուշագրաւ է նաեւ, որ հակառակ անոր, որ Ալիեւ կը շարունակէ իր յետ-պատերազմեան գոռոզագին ոճով կատարուած յայտարարութիւնները, բայց եւ այնպէս զգալիօրէն նուազած է եւ գրեթէ զէռօ կէտի մը հասած սահմանային լարման դրութիւնը, որ ամիս մը առաջ տարբեր «օճախներ»ու մէջ երեւելի աճ արձանագրած էր։

Ի դէպ քիչ է թիւը այն վերլուծողներուն, որոնց կարծիքով ալ Ատրպէյճան միտումնաւոր կերպով սկսաւ լարումներ ստեղծել, ոչ թէ Հայաստանի հետ սահմանին, այլ «վերադարձաւ» դէպի Արցախեան ճակատ եւ ինչպէս բոլորս ալ նկատեցինք որոշ գործողութիւններ իրականացուց Արցախեան Բառուխ շրջանին ուղղութեամբ։ Տխուրն ու մտահոգիչն այն է, որ այդ գործողութիւնները, որոնք տարբեր ժամանակամիջոցներու ընթացքին նոյնպէս գործի դրուեցան Հայաստանեան կարգ մը բնակավայրերու մէջ հայկական կողմէ մնացին անպատասխան եւ այդ առումով ալ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց «անգործութիւն»ը վերագրեցին, ոչ թէ բանակի հարցերը լուծելու միտուած իրենց ունեցած թերացումներուն, այլ «խաղաղասիրութեան» եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն իրականացնելու եւ խաղաղ աշխարհ մը կերտելու իրենց «չքնաղ» քաղաքականութեան մէջ։

Խնդիրն այն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները մինչեւ այս պահը տակաւին չեն համոզուած, որ ցանկացած խաղաղութիւն, կամ նոյնիսկ խաղաղութեան ձեռքբերում կ’ըլլայ միայն ուժեղի դիրքերով եւ հակառակ պարագային «խաղաղասէր»ի մօտեցումները կը նմանին անխնայ եղող հակառակորդ բան մը մուրալուն։

Անշուշտ շատ շատեր այս մօտեցումը, կամ ըսենք շիտակ եւ ուղղուած մէջքով հարցերը լուծումի մը տանելու մօտեցումը այս փուլին կը համարեն նոր պատերազմ մը հրահրելու փորձեր, սակայն իրականութիւնը այդպէս չէ։

Ամէն պարագայի տակ, այս բոլորին առընթեր հիմնական մեխը կամ գործի ընդհանուր սահմանումը կը շարունակէ մնալ Մոսկուայի ձեռքը։ Ներկայիս Մոսկուան է միայն, որ կարող է Պաքուի հեռահար ախորժակներուն կամ նոյնիսկ ծրագիրներու ուղղութեամբ զսպիչ գործողութիւններ իրականացնել, նաեւ այն պատճառով, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստան իր քայլերը կը կատարէ Անգարայի հետ համագործակցութիւն մը ապահոված ըլլալով, այդպիսով ալ տարածաշրջանէն քիչ մը հեռու տանելով Եւրոպական եւ յատկապէս ամերիկեան ցանկացած տիպի հետաքրքրութիւն կամ որոշակի գործողութիւններ իրականացնելու հաւանականութիւն։ Այստեղ կը ծագի հարց, ինչքան երկար կրնայ տեւել Ռուսաստանի մեր տարածքին մէջ առկայ լաւան սառեցնելու միտուած քաղաքական եւ ապահովական որոշումը, կամ արդեօք Ռուսաստան, որ բաւականին խոր կերպով մխրճուած է Ուքրանիոյ մէջ ընթացող պատերազմին, ստիպուած պիտի ըլլա՞յ վերադասաւորութեան ենթարկել Հարաւային Կովկասի եւ յատկապէս Արցախի մէջ իր ուժական ներկայութիւնը։

Չափազանց կարեւոր է դրուած շեշտադրումը, որովհետեւ մենք որպէս ժողովուրդ, եւ որպէս Հայաստան տարբեր փուլերու մեծ հարուածներու եւ մեծ վնասներու ընդառաջ եղած ենք այն ժամանակներուն, երբ Ռուսական իշխանութիւնները ստիպուած եղած են իրենց հարցերը լուծելու նպատակով, ձեւով մը աչք փակել, կամ նոյնիսկ հեռանալ մեր տարածքէն։

Այս առումով անշուշտ որոշ յուսադրիչ կէտերու կարելի է հանդիպիլ, այն իմաստով, որ պարզ տրամաբանութեան հաշիւ մը, պարզունակ մօտեցում մը նոյնիսկ մեզի կը տանի այն տեսակէտին, որ եթէ Ռուսաստանի երէկուայ ներկայութեան «նշաձող»ը Հարաւային Կովկասի տարածքն էր, ապա այն այսօր Մերձաւոր Արեւելքի սրտին վրայ գտնուող Սուրիան է, ուր կ’ընթանան բաւականին մեծ գործընթացներ, որոնց համար ալ Ռուսաստան դեռ պատրաստ է կատարելու մեծ պարտաւորութիւններ, ու չի բացառուիր, որ այդ պարտաւորութիւնները իրականացուին նոյնիսկ մեծագոյն զոհողութիւններով։

Ամէն պարագայի տակ Ուքրանիոյ մէջ ծաւալող դէպքերը, որոնց առաջին շրջանին տեսակ մը մեծ մտավախութիւններ կը շրջէին Հայաստանի մէջ, այսօր փարատած են, այն իմաստով, որ Մոսկուա շատ հաւասարակշռուած քայլերով իր ծրագիրը առաջ տանելէ բացի ունի բաւարար ներուժ եւ կամք պահելու իր ներկայութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ։

Ահա այս ընդհանուր պատկերին մէջ է, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան խօսակցութիւններ կրնան սկսիլ եւ այդ խօսակցութիւններու հիմքը պիտի ըլլայ երկու հակառակորդ երկիրներու միջեւ սահմանազատման խնդիրը, որուն համար ալ ինչպէս վերը նշեցի յառաջիկայ օրերուն կրնան կարեւոր հանդիպումներ ընթացք առնել։

Ի հարկէ խճճուած ու բարդ օրակարգ է Հայաստանի առջեւ դրուած օրակարգը, մանաւանդ որ ինչ-ինչ հանգամանքներու պատճառով Ատրպէյճանի մօտ երեւելի են շտապողականութեան մը ընդհանուր առանցքները, բայց եւ այնպէս տարածքային ամբողջականութեան, գերիներու, եւ կամ աւելի նօսր օրակարգերու ՝ ճանապարհներու կարգաւորման տեսակէտէն կայ դրական իրադրութիւն մը, որուն հիմնական հովանաւորը դարձեալ Ռուսաստանն է։

Հարաւային Կովկասը եւ նոր կազմուող աշխարհը

Պաշտօնական Երեւան, որ պարտաւորուած է այս բանակցութիւններու մէջ «լողալ» պէտք է լաւապէս հասկնայ, որ ներկայ փուլին բնաւ ալ ժամանակը չէ երկարատեւ խաղաղութեան մը համաձայնագիր կնքել Ատրպէյճանի հետ, եւ պէտք է ընէ ամէն բան պարզապէս ժամանակ շահելու եւ այդ ժամանակէ լաւագոյնս օգտուելու համար։

Երբ ժամանակ շահելու դրուածքին մասին կը խօսինք պէտք է անպայմանօրէն հաշուի նստինք Ուքրանիոյ զարգացումներուն, այս պատերազմի հանգուցալուծման ընտրանքներուն եւ անկէ ետք ալ «նոր աշխարհ»ի մը ընթացակարգը տեսնելուն ու նաեւ նոր իրադրութիւնները ամբողջապէս մարսելու ու նաեւ նոր խաղացողներուն ձեռք երկարելու միտումներուն մէջ։

Նոր աշխարհ, այսինքն իր կամքը պարտադրած Ռուսաստան, անոր ձեռք երկարող տնտեսական եւ ռազմական մեծ ուժ համարուող Չինաստան ու մարդկային անծայրածիր ներուժ ունեցող եւ հայ ժողովուրդի բարեկամ համարուող Հնդկաստան։

Այս առանցքն է, որ կրնայ ճոռ տեսակի Հարաւային Կովկասի մը առանցքը հանդիսանալ ու այդ առանցքի սրտին մէջ պիտի անշեղ օրէն երեւայ պաշտօնական Երեւանի դերը, որուն միւս ձեռքն ալ նետուած պէտք է ըլլայ դէպի Իրան։

Բարդ է ընդհանուր պատկերը, սակայն այն նաեւ կապուած է, թէ ինչպիսի ներքին լարումով եւ ինչպիսի ներքին ուժով ու կամեցողութեամբ Հայաստանի մը դէմ յանդիմանը պիտի ըլլանք, որովհետեւ միջազգային նոր խաղերուն մէջ լաւապէս «լողալ»ու համար Հայաստանը կարիք ունի նախ եւ առաջ ներքին դիմադրողականութեան։

Արեւմուտքէն որոշ ձայներ

Վերջին ամիսներուն տարբեր առումներով մենք նկատեցինք Արեւմուտքէն եկած որոշ ձայներ, որոնք ինչ որ առումներով «ներքին-ապահովութիւն» մը կու տային Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն։

Այդ առումով ալ ամէնէն աւելի ազդեցիկ պէտք է համարել Միացեալ Նահանգներու Պետ. Քարտուղար Էնթընի Պլինքընի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները, երբ առաջին անգամ ըլլալով ամերիկացի բարձրաստիճան գործիչ մը «յականէ անուանէ» կը դատապարտէր Պաքուի վարքը ու նաեւ յիշեցման կարգով կը խօսէր հայ ռազմագերիներու ազատ արձակուելու կարեւորութեան մասին։

Տակաւին եւ ըստ ոչ պաշտօնական աղբիւրներու Միացեալ Նահանգներ բարձրագոյն մակարդակով վստահեցումներ տուած են Հայաստանին, որ ներկայ փուլին ոչ Ատրպէյճան, ոչ ալ Թուրքիա կրնան ռազմական որեւէ մակարդակի գործողութիւններ իրականացնել Հայաստանի դէմ։

Ճիշդ է որ նման յայտարարութիւններ, որոշ կասկածներու դուռ կը բանան, այն իմաստով, որ մեր մտքերուն մէջ լաւապէս քանդակուած է այն պարագան, երբ ԱՄՆ իր ողջ ներուժով եւ համակարգով «հանդիսադես»ի դիրքերով միայն հետեւեցաւ Արցախի մէջ եղած աղէտալի պատերազմին ու այդ աղէտի ընդհանուր հոլովոյթին, բայց եւ այնպէս աւելի քան յստակ է, որ ԱՄՆ-ի այսօրուան վարչակարգը կը տարբերի մօտիկ անցեալի վարչակարգի ընկալումներէն։

Թէ մինչեւ ուր կրնայ հասնիլ ԱՄՆ-ի կողմէ նետուած այս պարանը ցարդ յստակ չէ, բայց եւ այնպէս աւելի քան հասկնալի է, որ Միացեալ Նահանգներ, ոչ միայն դժգոհ է Ռուսաստանի հետ իր ունեցող ճակատումին ընթացքին Անգարայի կեցուածքներէն ու գործողութիւններէն, այլ նաեւ լաւապէս կ՚ըմբռնէ, որ Արցախի պատերազմին մէջ Թուրքիոյ ունեցած դերը եղաւ աղէտաբեր դեր մը շրջանին մէջ ու այդ ժխտական դերին շնորհիւ Անգարա կարողացաւ նոր մակարդակի մը տանիլ Մոսկուայի հետ իր ունեցած համագործակցութիւնը։

Այս բոլորին մէջ կայ նաեւ յստակ եւ աւելի քան ընդգծուած մօտեցում մը, ըստ որուն Միացեալ Նահանգներու համար, ոչ մէկ ատեն եւ ոչ մէկ առիթով «տանելի» պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասի մէջ տեսնել առողջ մակարդակ ունեցող գործակցութիւն մը, որուն մէջ եղող բոլոր կողմերը պիտի կարողանան օգուտներ ստանալ, առանց իր ներկայութեան եւ առանց ԱՄՆ-ի շահերը առաջ քաշելուն։

Այս առումով չի բացառուիր անշուշտ, որ ԱՄՆ օգտագործէ Թուրքիոյ ՆԱԹՕ-ի անդամ ըլլալու հանգամանքը, կամ նոյնիսկ գործի լծէ Իրանի հետ բանակցութիւններու օրակարգը եւ այդ երկու «միաւորներ»ը աշխատցնէ իր առաջնային շահերը կամ ներկայութիւնը «պարտադրելու» համար։

Այստեղ եւս պիտի նկատենք, որ վերը նշուած երկու հիմնական գործօնները մեծ հաշուով աշխատող գործօններ չեն (մինչեւ այս պահը, վաղուան մասին դեռ վաղ է խօսիլը), բացի եթէ տեղի ունենան մեծ եւ յաճախ բեկում առաջ բերող զարգացումներ, միայն այն տարբերութեամբ, որ եւ Իրանի եւ Թուրքիոյ համար «բրակմաթիզմ»ի եւ «Ռէալ փոլիթիք» ընելու մօտեցումներ մեծապէս կը տարբերին ամերիկեան մօտեցումներէն, հետեւաբար համագործակցութիւն մը աճեցնելու փոխարէն Միացեալ Նահանգներու համար աւելի տենչալի պիտի ըլլայ նոր «բոցավառ» տագնապներ հրահրելը, կամ ալ յոռեգոյն պարագային այս իրավիճակին կայուն-շարունակութիւն ապահովելը։

Բաց աստի բաց օրակարգ պիտի շարունակէ մնալ, որ արդեօք այսքան խճճուած վիճակներուն մէջ, Հայաստան գէթ այս անգամ խօսքէն անդին երթալով եւ գործ մը ձեռնարկելու կամքով պիտի կարողանայ ինչ որ դրական միաւորներ ստանալ Միացեալ Նահանգներէն, ալ չենք ըսեր աջակցութիւն, որ առնուազն վերջին չորս տարիներուն ընթացքին յատկանշուեցաւ անորոշութեամբ մը, որուն մէջ անկեղծ բարեկամութեան բոլոր հիմքերը խախտեցան։

Ամէն պարագայի տակ, յստակ է արդէն, որ Հարաւային Կովկասի, հետեւաբար նաեւ Արցախեան հիմնախնդրին վերաբերեալ իրական զարգացումները մենք պիտի տեսնենք միայն ու միայն Ուքրանիոյ տագնապի աւարտին, որ հակառակ ուշանալուն, սարերու ետին չէ։

Յոյսով ըլլանք։

Սագօ Արեան